Կ. Սասունի (1919)
Լինել չլինելու օրեր էին:
Հայութիւնը կ'ապրէր իր վերջին՝ բայց ամենաեղերական ճգնաժամը:
Արեւմտահայութեան մեծ մասը կոտորուած, հայրենի օճախները քարուքանդ, յուսալքումը ընդհանուր, ու ահա իրարու ետեւէ կ'իյնային Սարըղամիշ, Կարս, Ալեքսանտրոփոլ, այսպիսով վերջին հարուածն ալ տալով մնացորդ հայութեան կորովին:
Եւ ահա, Մայիս 28ին Վէհիպ փաշան վերջնագիր տուաւ Անդրկովկասի կառավարութեան՝ պահանջելով Ախալցիա, Ախալքալաք, Ալէքսանտրոփոլի շրջանն ամբողջ, Սուրմալուն, Նախիջեւանը եւ Էջմիածինը, վերջնագիր մը, որուն նպատակն էր բաժան բաժան ընել Անդրկովկասի ազգութիւնները եւ մէկիկ մէկիկ ջախջախել զանոնք:
Մայիս 27-ին, վրաց Ազգ. Խորհուրդը հռչակեց Վրաստանի անկախութիւնը:
Ատրպէյճանցիները արդէն իրենց անկախութիւնը յայտարարած էին վերջնագիրը տրուելուն պէս, Պաթումի մէջ:
Հայերը, այսպէս, մինակ կը մնային ամբողջ Կովկասի մէջ, դէմ դէմի տաճկական հորդաներուն: Մայիս 27-ի, 28-ի, 29-ի օրերը հայկական ղեկավար շրջանակներու ամէնէն տառապագին օրերը պիտի մնան:
Մեծ վտանգին դէմ միս մինակ:
Հայոց Ազգային Խորհուրդը կը տեսնէր որ իր հարեւանները մէկիկ մէկիկ կը դաւեն իրեն, ու զինքը առանձին կը թողուն ահաւոր վտանգին դիմաց:
1918 Մայիս 29-ի գիշերը զարհուրելի գիշեր մը եղաւ հայութեան համար: Հայոց Ազգային Խորհուրդը հոն, Թիֆլիսի մէջ, հայուն ճակատագիրը պիտի վճռէր:
Ու վճռեց: Ան, ահաւոր մղձաւանջներու եւ փոթորիկներու այդ պահուն, որոշեց ինքզինք յայտարարել ազգային միակ գերագոյն իշխանութիւն եւ օռկան հայկական խնդիրներու լուծման համար:
Հայաստանի Հանրապետութեան հիմն էր որ կը դրուէր:
Բայց մինչդէռ մեր ղեկավարները վտանգի ծանրութեան տակ ճնշուած ու իրերու հարկադրանքէն ստիպուած՝ Թիֆլիսի մէջ Ազգային գերագոյն իշխանութեան հիմը կը դնէին, անդին Արագածի ստորոտը, Սարդարապատի առջեւ եւ Ղարաքիլիսէի լեռներուն վրայ տեղի կ'ունենային երկու պատմական ճակատամարտեր:
Թուրքերը թաթարներու օգնութեամբ մտած էին արդէն Բորչալու, ու Հայաստանը արտաքին բոլոր յարաբերութիւններէ կտրուած էր: Թիֆլիսի մէջ գտնուող հայ ղեկավարները ամբողջովին անտեղեակ երկրի անցուդարձին եւ ահ ու սարսափի մատնուած, անզօր կը զգային թուրքերու արագ խուժումը դիմագրաւելու, մինչդէռ Երեւանի մէջ, հայութիւնը հաւաքուած ցնցում մը կ'ունենար: Ու ահա, կեանքի ու մահուան այդ ռոպէին՝ հրապարակ կուգան Արամը՝ ընդհանուր ժողովրդի կամքով դիկտատոր ընտրուած, զօրավար Սիլիկեանը զինւորական ղեկավար, վտանգաւոր օրերուն միշտ կուրծք տուող Դրօն ու իրեն հետ, զօր. Փիրումեանը: Ու քսանչորս ժամուան ընթացքին, կը բազմապատկըւի հայկական բանակը, ու կը յառաջանայ դէպի Սարդարապատ:
Յեղափոխութեան, ինքնապաշտպանութեան ընդվզումը կը խօսի բոլորին մէջ, ու բոլորը պահ մը կը գտնեն իրենց կորսնցուցած արիութիւնը ու կը մեկնին մեռնելու կամ յաղթելու համար:
Թուրք բանակները քաջալերուած մինչ այդ իրենց տարած յաղթանակներէն, մոլեգնած թալանի, սպանութեան եւ բռնաբարութեան կիրքերով, չլացած Պաքուի եւ Երեւանի հարստութիւններէն, կատաղի յարձակումներու սկսած էին երկու թեւով, Ալեքսանտրափոլէն եւ Ախալքալաքէն դէպի Ղարաքիլիսէ: Այդ սեղմ օղակին մէջ կ"ուզէին խեղդել մնացող հայութիւնն ալ:
Դանակը ոսկորին հասած էր...:
Ու տեղի ունեցաւ առաջին ճակատամարտը:
Զօրավար Սիլիկեանի, Դրօի եւ զօրավար Փիւրումեանի ղեկավարութեամբ, մեր զօրքերը Սարդարապատի առջեւ, Անիի աւերակներուն վրայ, չորս օրուայ բախտորոշ գօտեմարտի մը բռնուեցան թրքական գերակշիռ ուժերու հետ: Արիւնալի եւ օրհասական կռիւը իր հերոսական եւ յաղթական դրուագներով ժամը ժամին կը հաղորդըւէր զօր. Նազարբէկեանին՝ ընդ. հրամանատարին, որ Ղարաքիլիսէի ճակատը կը գտնուէր: Այս ծերունին, -որ ժամանակ մը թուրք բանակներուն սարսափն էր եւ երկաթեայ զօրավարի անունը վտակած եւ այժմ լքուած կը տեսնէր իր բանակի քայքայումը-, ոգեւորւեցաւ Սարդարապատի ուժեղ ընդդիմութենէն, զինքը շրջապատող գործիչներու հետ մտաւ կազմալոյծ զօրքին մէջ, վերակազմելու համար իր բանակը: Յաջորդ օրը, Տիլիջանի եւ Ղարաքիլիսէի շրջանին մէջ ոգեւորութիւնը իր գագաթնակէտին կը հասնէր: Սարդարապատի ճակատամարտին մէջ մերինները յաղթած էին, հազար ութ հարիւր զոհերու գինով: Իսկ թուրքերը երեք հազար դիակ թողելով՝ սկսած էին նահանջել դէպի Ալեքսնատրափոլ: Թշնամին կը հալածուէր կրկնակոխ Սարդարապատի քաջարի բանակին կողմէ , երբ Ղարաքիլիսէի առջեւ սկսաւ երկրորդ արիւնահեղ ճակատամարտը, իրերաջինջ ահռելի բախու մը, որու նմանը թերեւս տեսած չէր կովկասեան ճակակը այս 5 տարուայ պատերազմի ընթացքին:
Բոլորը իրենց զէնքով եւ պաշարով վերադարձան շրջպատելու հրամանատար Նազարբեկեանը, շատերը ժամանակ չունեցան մնաս բարով ըսելու իրենց կիներուն-մայրերուն, ուրիշները լծուած սայլի վրայէն միայն իրենց հրացանը վերցուցին, ճանապարհի վրայ ձգելով իրենց սայլը. ծերերը իրենց ուրախութենէն կուլային ու քանի մը ժամւան մէջ կը դասաւորուէր եօթը հազարնոց մահուան բանակը, ոգեւորութեան հեղեղէն քշուած՝ Ղարաքիլիսէի բարձունքներուն վրայ օրհասական կատաղի կռիւը մղելու տաճկական տասը հազարնոց բանակին դէմ:
Եւ 29 Մայիսին երբ Ազգ. Խորհուրդը հայերու անկախութիւնը կը հռչակէր եւ մեր պատուիրակները Պաթումի մէջ Խալիլ պէյի եւ Վէհիպ փաշայի «տրամադրութիւնները կը շօշափէին, անդին մոլեգին կռուի մէջ հազարաւոր դիակներ կ'իյնային. երկինքն ու գետին զէնքի շաչիւնէն կը դղրդային. եւ ամէն վայրկեան Վէհիպ փաշան կը սպասէր իր բանակի յաղթութեան լուրին, որ կ'ուշանար: Հինգօրեայ անընդհատ ճակատամարտը կը վերջանար զարհուրելի ողբերգութիւնով մը: Երկու բանակներն ալ անհաշտ տեղն ու տեղը կը խորտակուէին, թուրքերը ձգելով վեց հազար դիակ, իսկ հայերը չորս հազարէ աւելի, ու մնացորդները ողբերգութեան արհաւիրքէն քշուած՝ լռութեան եւ ամայութեան կը մատնէին երէկուան ահեղագոռ ռազմադաշտը: Ղարաքիլիսէն շաբաթ մը ամբողջ մնաց անտէր... Միայն արծիւները սաւառնեցան անթաղ դիակներուն վրայ:
Վէհիպ փաշան կծկում մը ունեցաւ կեղծ ժպիտը դէմքին՝ հայ պատուիրակաները շնորհաւորեց մեր մարտիկներուն քաջագործութեան համար...
Եւ ստորագրուեցաւ Պաթումի հաշտութեան պայմանագիրը:
Ու այսպէս, արեան հեղեղներու, թընդանօթներու բոմբիւնին, հերոսներու դիակոյտին եւ վիրաւորներու հանդիւններուն մէջէն բարձրացաւ հայկական Եռագոյնը՝ Երեւանի բարձունքին վրայ, միշտ տխրութեամբ դիտելով Մասիսը, որ դեռ այն ժամանակ թշնամիին ձեռքն էր...