Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Հայաստանի Հանրապետութեան Ընտրական Օրէնքին հետեւումով, Ազգային Ժողովի ընտրութիւններէն մէկ շաբաթ անց, Մայիս 13-ին, Կեդրոնական Ընտրական Յաձնաժողովը հրապարակեց քուէարկութեան արդիւնքները, որոնց համաձայն իշխող Հանրապետական Կուսակցութիւնը 40 պատգամաւորներով խորհրդարանական մեծամասնութիւն կազմած է:

Անոնց վրայ հաւանաբար պէտք է աւելցնել մեծամասնական ընտրակարգով շահած թեկնածուները, որոնք մեծամասնաբար Հանրապետականի ցանկին վրայ են: Հանրապետական մենաշնորհային իշխանութիւնը այնքան ալ անկարելի չէ ըստ երեւոյթին, ինչ որ գոնէ վստահութիւն կը ներշնչէ Սերժ Սարգսեանին՝ վերընտրուելու գալ տարի:
Կոալիցիոնի անդամ միւս երկու կուսակցութիւնները, Բարգաւաճ Հայաստանն ու Օրինաց Երկիրը, այնքան ալ անհանգստանալու պատճառ չունին: Ընտրապայքարի ժամանակ պահ մը կարծես այն տպաւորութիւնը ստեղծուեցաւ, որ Բարգաւաճը կրնար լուրջ մրցակից ըլլալ եւ Հանրապետականի իշխանական մենաշնորհի հեռանկարը կոտրել: Կարգ մը դիտորդներ Բարգաւաճի անակնկալօրէն ընդդիմադրական դրսեւորումները ընտրապայքարի ժամանակ նոյնիսկ վերագրեցին Ռոպերթ Քոչարեանի հաւանական վերադարձին - կամ այդ ուղղութեամբ պատգամներ յղեցին: Վարդան Օսկանեանի ներգրաւումը Բարգաւաճի ցանկին առաջին դիրքերուն բնականաբար ամենէն աւելի տեղի տուաւ Ռոպերթ-Սերժ նորագոյն մրցակցութեան մը առկայութեան կանխատեսումներուն: Սակայն հակառակ ընտրական իր յաջողութեան եւ ընտրախաւի աճեցման, Բարգաւաճը փաստօրէն չյաջողեցաւ հակակշիռ ըլլալ Հանրապետականին: Հետեւաբար բաւական կասկածելի է թէ այն Օրէնսդիր Իշխանութեան ծիրին մէջ փափաքի ընդդիմադիր ուժի դերակատարութիւն ստանձնել: Ի վերջոյ, որքան ալ որ անհատականութիւններու հակադրութիւն ըլլայ Հանրապետական թէ Բարգաւաճ նոյն իշխող օլիկարգներու դասակարգի կուսակցութիւններ են, հետեւաբար գաղափարախօսական աշխարհահայեացքով իրարմէ չեն տարբերիր: Աւելի՛ն, միացած են օլիկարգային մեծ դրամագլուխի համակարգը պահպանելու առաջնահերթ միասնական շահի պաշտպանութեամբ, եւ այս՝ անձերէ անդին, անոնց ժամանակաւոր ղեկավարութենէն աւելի խոր յատկանիշ մըն է հայաստանեան հասարակարգին, համակարգի ինքնավերարտադրման հիմնական ազդակը: Օրինաց Երկրին մասին նոյնիսկ չÿարժեր խօսիլ. կուսակցութեան վերնախաւը իշխանակարգի պաշտօններուն պահելու անհրաժեշտ հինգ տոկոսին համար Արթուր Բաղդասարեանն ու իր համակուսակիցները հաւանաբար արդէն շնորհակալութիւն յայտնած են առ որ անկէ:
Օտար դիտորդները, իմա՛՝ Եւրոպայի Անվտանգութեան ու Համագործակցութեան Կազմակերպութեան մասնագէտները, ինչպէս անցնող իւրաքանչիւր ընտրութեան, իրենց յաւուր պատշաճի տեղեկագիրը պատրաստեցին: Յաւուր պատշաճի որոշ խախտումներու, բարելաւման կարիք ունեցող երեւոյթներու անդրադարձան, բայց ի վերջոյ իրենց օրհնութիւնը տուին: Իրականութեան մէջ, այնպէս ինչպէս ժողովրդավարութեան խաղը իրենք կը հասկնան, կամ այդպէս է Եւրոպա-Արեւմտեան փրոթոքոլը, այնքան ալ իրականութեան չհամապատասխանող տեղեկագիր մը պէտք չէ ըլլայ իրենց պատրաստածը:
Ամէն պարգայի, այդ խախտումները, ինչպէս առ հասարակ կը դիտուի, եւ ինչ որ ճիշդ է նաեւ այս ընտրութիւններուն համար, քուէներուն վերջնական արդիւնքը հարցականի տակ չեն դներ:
Եւ թերեւս այս է ընդդիմութեան գլխաւոր տկարութիւնը: Հետեւողականօրէն եօթ (Հայ Ազգային Կոնգրէս), հինգ (Ժառանգութիւն) եւ հինգ (Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն) պատգամաւորներ Ազգային Ժողով տարած ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն հայաստանեան յետ-ընտրական քաղաքական բեմահարթակը իրարու մօտ բերելու յատուկ ոչ մէկ շահագրգռութիւն կը ներկայացնէ: Անկախ իրենց գաղափարախօսական երբեմն հակադիր աշխարհահայեացքներէն, նոյնիսկ եթէ անոնք որոշեն ընդդիմութիւն ըլլալ Խորհրդարանէն ներս ազդեցութեան կարողութիւն պիտի չունենան: Իսկ եթէ պատահի, որ Բարգաւաճը յանկարծ ուզէ ընդդիմութեան դեր ստանձնել, ապա եւ անոր հետ որեւէ համագործակցութիւն գրեթէ անխուսափելիօրէն պիտի նշանակէ իրենց ինքնութեան կորուստ, քիչ մը այնպէս ինչպէս պատահեցաւ Արթուր Բաղդասարեանի հետ որ 2008-ի ընտրութիւններէն առաջ հասարակական կարծիքին յաջող կերպով ներկայացած էր որպէս բարոյական նկարագրի անձ, նոր փայլող քաղաքական աստղ, սակայն կոալիցիոն կառավարութիւն մտնելէ յետոյ գրեթէ անմիջականօրէն կորսնցուց ամէն ինքնուրոյնութիւն, եւ առ աւելի՝ ժողովրդականութիւն: Ընտրականօրէն փոքրամասնական այս երեք քաղաքական ուժերուն համար ուրեմն տրամաբանական գրեթէ միակ այլընտրանքը պիտի ըլլայ իրենց ուղին առանձին շարունակել՝ փորձելով իրենց ինքնուրոյնութեան հասարակական դրամագլուխը պահպանել ու անոր վրայ գրաւ դնելով կառուցել իրենց զարգացման ծրագիրը: Կը բաւէ դիտել տալ, որ ընտրապայքարի ժամանակ իրենց միջեւ ստեղծուած օրակարգային համագործակցութեան շարունակականութիւն կարելի չեղաւ տալ ընտրութիւններուն յաջորդ օրն իսկ երբ Կոնգրէսը որոշեց բողոքել, մինչ Ժառանգութիւնն ու Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը բաւարարուեցան յայտարարութիւններով: Կոնգրէսի բողոքելու որոշումն ալ պէտք է դիտել սովորութենէ մը ձերբազատուելու հոգեբանական դժուարութիւն. ձայներու 7,8 տոկոսը Լեւոն Տէր Պետրոսեանին թոյլ չի կրնար տալ յեղափոխութեան գունաւոր երազներ ունենալու կամ Գունաւոր Յեղափոխութիւն երազելու հանգիստ քնանալով՝ իր հետեւորդներուն ձգելով Մարտ 1-2-ի իրականութեան մղձաւանջը ապրելու պարտականութիւնը...
Ոչ եւրոպացի դիտորդները, ոչ ալ ընդդիմութիւնը տակաւին ունին այն մեխանիզմները որոնք թոյլ պիտի տան ընտրութիւններէն անդին՝ Հայաստանի, ինչպէս եւ նախկին խորհրդային որեւէ հանրապետութեան մէջ, ժողովրդավարութեան կառուցային խոցելիութիւնը բացայայտելու: Եւ խորքին մէջ, հակառակ ընտրապայքարի առթած որոշ յոյսերուն որ այս ընտրութիւնները կրնան որակական տարբերութիւն մը նշանակել հայաստանեան ժողովրդավարութեան համար, իրողութիւնը այն է որ ընտրութիւններու անցկացման երեւոյթը համահաւասարելով ժողովրդավարութեան հետ քուէարկելը, թէկուզ եւ ընտրողներու 62 տոկոսէն աւելի մասնակցութեամբ, համահաւասարած է բեմականութեան մը ուր անհրաժեշտ է հիմնականօրէն յարդարանքը որովհետեւ թատրոնը, այս պարագային՝ համակարգի վերարտադրումը, արդէն գրի առնուած է, քուէարկողները սորված են իրենց դերակատարութիւնը... Նման դիտարկում չի նպատակադրեր ընտրութիւններու արդիւնքներուն համար այպանել շարքային քաղաքացին: Անոր է, այո՛, ընտրութեան արդիւնքներու պատասխանատուութիւնը, եւ եթէ այդ արդիւնքները համակարգի վերարտադրման ժողովրդավարական օրինականութիւն տուած են ապա եւ հասարակութիւնն ու անոր անգիտակցութիւնը դատապարտելը շատ աւելի բարկութեան արտայայտութիւն է:
Ընտրողներուն կամքը ընդունելու իրողութիւնը, սակայն, չի կրնար լռեցնել, պէ՛տք չէ լռեցնէ քննադատական մտածողութիւնը, որ այս պարագային պիտի ուղղել դէպի համակարգը, որուն ոլորտին մէջ կը գործէ այս ժողովրդավարութիւնը: Այդ համակա՛րգը, երկրի հարստութեան խիստ կեդրոնացումով ստեղծուած մենաշնորհային դրամատիրութիւնը, արտադրած է «լաւագոյն ժողովրդավարութիւնը որ փողը կրնայ գնել», մէջբերելու համար ԱՄՆ-ի 2000-ի նախագահական ընտրութիւններէն յետոյ Ճորճ Պուշի ընտրութեան ուղի հարթած խախտումները բացայայտող հետազօտութիւնը ամփոփած գրքի մը խորագիրը: Այսպէս, Հայաստանի մենաշնորհային դրամատիրութեան համակարգը տարիներու ընթացքին կատարելագործած է ընտրախախտումներու ամենանուրբ թեքնիքները, որոնք, փաստօրէն, յաջողած են շրջանցել ամէն դիտորդի ուշադրութեան կիզակէտին եղող ամենաբացայայտ միջոցառումները, եւ տակաւին անբացատրելի հասարակա-հոգեբանական մեխանիզմով մը փողով չէզոքացնել քուէի ուժը:
Օրինականօրէն այս կաշառակերութիւն չէ, կոռուպցիա չէ, ոչ միայն որովհետեւ բացայայտելի փաստեր չկան որ փող կը բաժնուի, եւ նոյնիսկ երբ այդ մասին աղմուկ կը բարձրանայ դժուար կÿըլլայ փաստել որ անոնք քուէն կը պայմանաւորեն, եւ նոյնիսկ եթէ այդ պայմանաւորումը ըլլայ՝ ոչ ոք կրնայ քուէարկողին պարտադրել որ իր այլընտրանքը չըլլայ տասը կամ տասնըհինգ հազար Դրամի դիմաց տուեալ թեկնածուին ձայն տալու յանձնառութիւնը:
Այս, հետեւաբար, կը յուշէ որ հայաստանեան ժողովրդավարութիւնը դեռեւս չի կրնար յաղթահարել մեծն դրամագլուխի պայմանաւորումը, այսպէս կոչուած «փողին ուժը»: Այս իրողութիւնը այնքան ալ անակնկալ չէ եթէ միայն հասկնանք, որ Հայաստանի մէջ, ինչպէս եւ բոլոր Խորհրդային Միութեան, ժողովրդավարութիւնը չէ որ ծրագրուած պետական տնտեսութիւնը ազատականացուց, այլ՝ ազատ շուկայի «շոքային» տեղադրումը ձեւաւորեց արդէն ստեղծուած ու կայացող օլիկարգային մեծն դրամագլուխի պահանջներուն համապատասխանող իր էութեամբ հիմնականօրէն ձեւական ժողովրդավարութիւն: Աւելցնենք, որ այդ կիսատ-պռատ ժողովրդավարութիւնը շատ աւելի ձեռնտու էր, եւ կը շարունակէ ըլլալ, գլոբալ դրամագլուխի շահերուն, ի մասնաւորի՝ ֆինանսական հաստատութիւններուն, որ գլոբալ դրամատիրական դասակարգին մէջ փութաց ընդունիլ նախկին խորհրդային հանրապետութիւններուն մէջ վայրագօրէն կազմուած մէկ տոկոսանոց միլիոնատէրերը ի հեճուկս շահագործուող իննինսունինն տոկոսին:
Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւորական այս ընտրութիւններուն պարէնային ներածումներու մենաշնորհներու թէ սուփըրմարքէթներու շղթաներու տէրերը Խորհրդարան մտան իշխող կուսակցութեան օրհնութեամբ: Վառ երեւակայութիւն պէտք չէ հասկնալու համար թէ ի՛նչ բնոյթի շահեր պիտի պաշտպանեն հոն. սուփըրմարքէթի շղթայի մը տէրը եթէ խոստանայ աշխատատեղիներ ստեղծել ապա եւ այն պիտի ընէ նոր սուփըրմարքէթ մը բանալով եւ շրջանի միջին թէ փոքր մասշտապի նպարավաճառներու խանութները փակելու ստիպելով:
Այս բոլորով հանդերձ, ժողովրդավարութիւնը կրնայ յեղափոխութիւն առաջացնել: Եւ խօսքը «գունաւոր յեղափոխութիւն»ներու խեղկատակութեան չի վերաբերիր: Աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ ժողովրդային զօրաշարժներ վերջին տասնամեակին ոչ միայն զսպած են մեծն դրամագլուխի ազատ շուկայական սանձարձակումները, այլ՝ ուղի հարթած սոցիալական արդարութեան վրայ հիմնուած արմատական բարեկարգումներու եւ համակարգային փոփոխութիւններու: Նոյնինքն Եւրոպայի մէջ վերջին իրադարձութիւնները ցոյց կու տան թէ ի վերջոյ «քուէն ուժ է» հասկացողութիւնը մեծ ճշմարտութիւն է:
Բայց ժողովրդավարութեան յեղափոխական ուժի յայտնաբերումը կրնայ իրականանալ միայն երբ լուսարձակի առնուելու կը սկսի հարստութեան վերաբաշխումը եւ տնտեսական հասարակարգը կը հասկցուի սոցիալական արդարութեան բարոյականութեամբ: Որովհետեւ՝ ազատ եւ արդար ընտրութիւնները իմաստ չունին եթէ անոնց արդիւնքով շարքային քաղաքացին միայն ազատօրէն սովամահ ըլլալու, բուժուելիք հիւանդութենէ մահանալու կամ արտագաղթելու իրաւունքը պիտի ունենայ: Ժողովրդավարութիւնը կրնայ յեղափոխական ըլլալ միայն, երբ ստեղծէ այն մեխանիզմները, որով ժողովուրդը կÿորոշէ նաեւ հարստութեան արդար վերաբաշխումը:

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ