Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Կիւմրիի այսօրուայ վիճակը, 1988ի կործանարար երկրաշարժէն 24 տարի ետք՝ հակասական տպաւորութիւններ եւ զգացումներ կը ստեղծէ: Պարզ աչքով կ’երեւի թէ քաղաքը միշտ «վիրաւոր» է, եւ այդ տխրալի է: Երկրաշարժի բոլոր աւերները չէն վերականգնուած. շատ են թէ մասամբ նորոգուած հին շէնքերը, թէ ալ կիսաւարտ նորերը: Մայթերը եւ փողոցները հիմնական նորոգութեան կը կարօտին, զբօսավայրերը եւ հանրային պարտէզները՝ խնամքի:

Երաժշտանոցի շէնքը,
ուր տեղի ունեցաւ «Վերածնունդ» փառատօնը

Կան յարաբերաբար լաւ վիճակի մէջ գտնուող «ովասիսներ» - օրինակի համար՝ «Վարդանանց» եւ «Անկախութեան» հրապարակները՝ զիրենք շրջապատող շէնքերով, Սուրբ Աստուածածին (Եօթը Վէրք) եւ Սուրբ Նշան եկեղեցիները, Վարդան Աճէմեանի անուան թատրոնը, զինք շրջապատող լայն եւ գեղեցիկ պարտէզով եւ արձաններով: Բայց ասոնք բացառութիւններն են:
Իսկ հին քաղաքի սքանչելի շէնքերէն շատեր՝ անցեալի իսկական գոհարներ, իրենց տուֆէ՝ նուրբ քանդակներով, իրենց փայտէ՝ փորագրուած դռներով եւ պատշգամներով, կարծես լքուած են իրենց կիսաւեր վիճակին: Ոմանք՝ ճիշդ է՝ լիովին վերականգնուած են: Ուրիշներ՝ նորոգուած են այնչափ՝ որ կարենան բանիլ (օրինակի համար՝ Գուսան Շերամի անուան երաժշտական վարժարանի գեղեցիկ եւ պատկառելի շէնքը):
Բայց այս հակասական տպաւորութիւնները կը ցնդին այդ գիշեր, երբ երեկոյեան ժամը 7.00էն քիչ առաջ կը հասնիմ Վ, Աճէմեանի անուան թատրոնը, որուն համերգասրահին մէջ «Վերածընունդ» մրցոյթ-փառատօնի բացումը պիտի կայանայ: Ժամադրուած եմ Յակոբին հետ ժամը 7.00ին՝ սրահէն ներս:


Կը բարձրանամ թատրոնի աստիճաններէն որ մուտքին մօտենամ, բայց կը նշմարեմ որ դռները դեռ փակ են: Պահակ մը ինծի նշան կ’ընէ որ ուղղուիմ շէնքին ետեւի մասը, ուր կողմնակի դուռէ մը ներս կը մտնեմ: Հոն է որ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամէ մը կ’իմանամ որ մուտքը հրաւիրատոմսով է, բայց երբ կ’ըսեմ թէ Յակոբ Գոլանեանի հիւրն եմ, ինձ իսկոյն սրահէն ներս կը հրաւիրէ:
Երբ Յակոբը սրահէն ներս չեմ գտներ, իրեն կը զանգահարեմ: Կը պնդէ որ շուտով բարձրանամ համերգասրահի ընդունելութեան սենեակը: Հոն է որ առաջին անգամ կը լսեմ յոյն երաժիշտներու նուագախումբը: Ընդունելութեան սենեակը լեցուն է հասարակութեամբ եւ պաշտօնական հիւրերով, որոնք զիրար կ’ողջունեն, իսկ սենեակին մէկ կողմը նստած՝ 12 կիթառահարներէ բաղկացած նուագախումբը (հոս նշենք թէ նախատեսուած 14էն 2ը չէին կրցած գալ անձնական պատճառներով)՝ իր երաժշտական ողջոյնով՝ հիւրերուն «բարի գալուստ» կը մաղթէ:

Ռուսթավելի փողոցի վրայ
երկրաշարժի զոհերուն նուիրուած յուշակոթողը


Յակոբին դէմքը գոհունակութեան եւ հպարտութեան մարմնացումն է: Կ’ուղղուինք դէպի նուագախումբը, ուր արդէն շատ ներկաներ հաւաքուած՝ ուշադրութեամբ կը լսեն կատարումը՝ որ իսկապէս վայելուչ եւ գեղեցիկ է: Մինչ այդ՝ սենեակին մէկ այլ կողմը՝ հեռուստատեսութեան թղթակիցներ, իրենց նկարահան գործակիցներով, հարցազրոյց կը վարեն: Ներկաներու աչքերը կը փայլին ջերմ ու խանդավառ ժպիտներով. մթնոլորտը տօնական է:
Կարելի՞ է կասկածիլ խանդավառութեան եւ գոհունակութեան անկեղծութեան մասին: Այս պահը կը ներկայացնէ գագաթնակէտը ո՛չ միայն 2012ին՝ այլ տարիներու ընթացքին տարուած՝ ժրաջան եւ ստեղծագործ աշխատանքի: Կազմակերպիչները, ինչպէս եւ հանրութիւնը, արդարօրէն արժանի են հպարտ զգալու:
Իսկ գալով իմ հակասական տպաւորութիւններուս, այս պահուս արդէն մոռցած եմ դուրսի կոտըրտուած մայթերը եւ կարկտան փողոցները: Ատոր համար կը բաւէ զգալ ժողովուրդին՝ ստեղծագործելով վերապրելու եւ «վերածնուելու» ծարաւը, իր պայքարելու եւ դիմադրելու կամքը եւ իր անարատ արժանապատուութիւնը:
Ճիշդ է որ քաղաքին շինարարական՝ (նիւթական - ֆիզիքական) կարիքները հսկայ են, բայց երբ անհրաժեշտ միջոցները բացայայտօրէն անբաւարար են քաղաքը վերականգնելու, քաղաքացին ի՞նչ պէտք է ընէ՝ ձեռնաթա՞փ մնայ, անկարութեա՞ն մատնուի, կրաւորական կեցուա՞ծք որդեգրէ՝ սպասելով որ երկինքէն մանանա՞յ տեղայ:
Այդ չի թուիր ըլլալ Կիւմրեցի (եւ ինչո՞ւ չէ՝ յաճախ հայաստանցի) ժողովուրդի հակազդեցութիւնը: Կարծես իր բնութեան խորթ է այդ: Աւելի ճշգրիտ պիտի ըլլար զայն բնութագրել «հոսանքին դէմ լողալ» արտայայտութեամբ: Բայց ի՞նչն է այն հրամայականը՝ որը կը թուի ժողովուրդին «պարտադրել» այդ վերաբերմունքը (կրկնե՞մ Յակոբին մասին գրածներըս)՝ արուեստագէտի բնա՞զդ, բնածին լաւատեսութի՞ւն, կոյր հաւա՞տք, կամքի ուժեղ դրսեւորո՞ւմ, յանդգնութի՞ւն, յամառութի՞ւն: Գուցէ այս բոլորը միասին՝ մշակոյթ-աւանդութիւն կաղապարին մէջ:
Բնածի՞ն է թէ մշակուած: Ի՞նչ է տարբերութիւնը՝ երբ այդ վերաբերմունք-հակազդեցութիւնը կու գայ դարերու խորքէն, երբ անոր արմատները կորսուած են պատմութեան մէջ, եւ աւանդութեամբ փոխանցուած սերունդէ սերունդ: Այսպէս՝ մշակոյթը կը վերածուի բնազդի, եւ բնազդը կը դառնայ մշակոյթի կարեւոր բաղադրիչ-կերտիչը: Այս ըսուածները կրնան վերացական, մտային կառոյցներ թուիլ, եթէ մեր աչքերով չտեսնենք եւ չզգանք թէ ինչպէս արուեստի՝ այս պարագային երաժշտութեան հանդէպ գոյութիւն ունեցող յարգանքը, սէրը եւ խոր կարիքը՝ նոյնիսկ եւ մանաւանդ փոքրիկներու մօտ՝ շնչառութեան նման բնական երեւոյթի մը վերածուած է:
Բայց անցնինք բուն ձեռնարկին եւ ծանօթանանք անոր զանազան կողմերուն:

Կիւմրիի «Վերածնունդ Միջազգային Չորրորդ Մրցոյթ-Փառատօն»ը

Ապրիլ 10ի պաշտօնական բացումին յաջորդող չորս օրերու ընթացքին, Ապրիլ 11էն 14, տեղի ունեցան մրցոյթները, որոնց կը մասնակցէին Հայաստանէն եւ արտասահմանէն զանազան տարիքի երաժիշտ-կատարողներ:
Ձեռնարկը գնահատանքի արժանի շատ կողմեր ունի, որոնցմէ ամէն մէկը՝ իր ոլորտին մէջ՝ նպաստեց ձեռնարկի յաջողութեանը: Նշենք անոնցմէ ամէնակարեւորները.
- նախորդ տարիներու մրցոյթ-փառատօները եւ անոնց ընձեռած փորձառութիւնն ու վարկը՝ որոնք ճամբայ բացին այս տարուայ աւելի յանդուգն նախաձեռնութեան.
- այս տարուայ մրցոյթ-փառատօնը ինքը, իր մանրամասներով.
- Հայաստանի զանազան մարզերէն, Արցախէն եւ արտասահմանեան երկիրներէ ժամանած մրցակիցները.
- Մրցոյթ-փառատօնի կազմակերպիչ յանձնախումբը եւ իր հետ գործակցող անհատները եւ հիմնարկները.
- Կոմիտասի անուան Պետական Երաժշտանոցի՝ Կիւմրիի մասնաճիւղի՝ տնօրէնութիւնը, դասատու եւ վարչական անձնակազմով.
- Գեղարուեստական դատական կազմը՝ բաղկացած շուրջ 70 արհեստավարժ կատարող վարպետներէ՝ Հայաստանէն եւ արտերկրէն.
- Բարեգործական հիմնարկները եւ առեւտրական ընկերութիւնները որոնք նիւթապէս օժանդակեցին ձեռնարկին.
- Կիւմրի քաղաքի թատերական, համերգային եւ դպրոցական հիմնարկները, իրենց կազմակերպական եւ նիւթական (ֆիզիքական) ենթակառոյցներով.
- Կիւմրիէն եւ Հայաստանի այլ վայրերէ եկած երաժշտասէր հանրութիւնը՝ իր յարգանքի եւ գնահատանքի արտայայտութիւններով.
- Կիւմրիի քաղաքացիները՝ մրցոյթ-փառատօնի մասնակիցներու հանդէպ իրենց ցուցաբերած համակրանքով, հիւրասիրութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ.
- եւ վերջապէս՝ Կիւմրի քաղաքը ինքը՝ Հայաստանի մշակութային մայրաքաղաքը՝ իր անցեալով եւ ներկայով, իր հանրածանօթ մշակութային աւանդութեամբ եւ իր հայ մշակոյթին տուած ստեղծագործ զաւակներով:
Վերեւի ցանկի ներկայացումը հաշուետուական նպատակ չի հետապնդեր: Ցանկը կը պարզէ նախ ձեռնարկին պատկառելի տարողութիւնը: Ապա՝ իրագործման (եւ յաջողութեան) անհրաժեշտ գործնական ազդակները՝ մարդկային ուժերու լարումը եւ համադրումը, նիւթական միջոցներու ձեռքբերումը եւ ծրագրուած օգտագործումը, եւ այդ ամբողջութեան կազմակերպումը եւ ղեկավարումը: Այդ բոլորին իրականացումը, քաղաքի մը մէջ որ դժբախտաբար կը շարունակէ կրել 1988ի աղէտի վէրքերը, ինքնին տպաւորիչ է եւ մեր հիացմունքին արժանի:
Բայց նիւթական գետնի վրայ այդ գործնական յաջողութիւնները իրենց ետին կը թաքցնեն աննիւթ արժէքներ՝ հոգեկան գործօններ, մարդկային հրամայականներ, որոնց մասին նախորդ բաժնին մէջ խօսեցանք: Ուրեմն այս ցանկը պարզապէս կը փորձէ հիմնաւորել այդ մտքերը, ցոյց տալով ինչպէս վերացական, աննիւթ արժէքներ՝ նիւթ կը ստեղծեն եւ կ’իրագործուին: Առանց այդ աննիւթ արժէքներու ընձեռած մշակութային-աւանդական հողին, դժուար է երեւակայել թէ նման ձեռնարկ մը իրականանար:

Կիւմրիի «Վերածնունդ» մրցոյթ-փառատօներու շարքի ծնունդը եւ ընթացքը

Կիւմրիի «Վերածնունդ» երաժշտական մրցոյթ-փառատօներու շարքը սկսած է 2007 թուականին, իր անդրանիկ՝ հանրապետական ձեռնարկով: Ան յղացքը եւ նախաձեռնութիւնն էր Կոմիտասի անուան Պետական Երաժշտանոցի՝ Կիւմրիի մասնաճիւղի տնօրէն եւ ուսուցչապետ (փրոֆեսօր)՝ տիկին Կարինէ Ավդալեանի:
Առաջին «միջազգային» մրցոյթ-փառատօնը տեղի ունեցած է 2009ին, եւ իր յաջողութեամբ՝ իր շուրջ ստեղծուած ուշադրութեան եւ համակրանքի պատճառով՝ կրկնուած է 2010ին եւ 2011ին, միշտ աւելի լայն երաժշտական ծրագրով եւ մրցակիցներու ու երկիրներու աճող մասնակցութեամբ:
Առաջին մրցոյթ-փառատօնը որուն Յակոբ Գոլանեանը մասնակցած է 2011ինն էր, իբր դատական կազմի անդամ եւ Յունաստանի միակ ներկայացուցիչը: Այդ տարի մրցոյթին մասնակցած էին 1200 մրցակիցներ, 22 երկիրներէ:

Տուեալներ 2012ի մրցոյթ-փառատօնէն

Մրցակիցներու ընդհանուր թիւը՝ ըստ կարզմակերպիչներուն, այս տարի կը գերազանցէր 1600ը, որոնք, բացի Հայաստանէն ու Արցախէն, կու գային 26 այլ երկիրներէ, ինչպէս՝ Վրաստանը, Իրանը, Ռուսիան, Ղազախստանը, Էսդոնիան, Ուքրանիան, Լադվիան եւ Յունաստանը:

Մարզպետարանի շէնքը


Հայաստանի գրեթէ բոլոր մարզերը ներկայ էին, թէեւ Հայաստանցի մրցակիցներու մեծ մասը, հասկնալի պատճառներով, Շիրակի եւ Երեւանի մարզերէն կու գային: Իսկ Արցախը իր ներկայութիւնը զգալի կը դարցնէր իր մօտաւորապէս 25 մասնակիցներով:
Մրցակիցներու տարիքը 8էն 35ի միչեւ կը տարուբերէր, ուր ամենափոքրերը եւ պատանիները (8էն մինչեւ 16 տարեկան), բնականաբար, Հայաստանէն ու Արցախէն էին, իսկ արտերկրացի մրցակիցները՝ սովորաբար աւելի մեծ տարիքի պատանիներ եւ չափահաս երաժիշտներ: Անշուշտ Հայաստանէն ալ կային չափահաս մասնակիցներ: Տարիքի առումով, մրցակիցները բաժնուած էին չորս տարիքային խումբերու:
Մրցոյթ կատարուեցաւ ութը երաժշտական մասնագիտութիւններու մէջ, որոնք էին՝ դաշնամուրը, լարային գործիքները (ջութակ, կիթառ), փողային գործիքները, ժողովրդական գործիքները (մեծամասնութեամբ՝ հայկական), սենեակայիննուագախումբերը, դասական (արեւմտեան) երգեցողութիւն, ժողովրդական երգեցողութիւն (հայ ազգագրական եւ գուսանական-աշուղական) եւ էստրատային-ճազային նուագ-երգեցողութիւն:

Մրցոյթի յունական մասնակցութիւնը

Յունական մասնակցութիւնը կը բաղկանար դատական կազմի չորս անդամներէ (Յակոբէն զատ՝ երեք եւս յոյն արհեստավարժ երաժիշտներէ, որոնց մասնակցութիւնը Յակոբը՝ իրեն յատուկ ձեւով՝ քաջալերած եւ ապահոված էր), եւ 12 կիթառահարներէ, որոնք մրցոյթին մասնակցեցան նախ իբր նուագախումբ, ապա՝ իրենցմէ երեքը՝ իբր մենակատարներ: Այստեղ նշենք թէ

Յոյն արուեստագէտներէ բաղկացած նուագախումբը

որպէսզի նուագախումբի անդամներու թիւը ամբողջանայ (12էն 14ի հասնի), Յակոբը կարողացաւ ապահովել երկու հայաստանցի կիթառահարներու մասնակցութիւնը: Անոնք էին՝ Լիլիդ Մարտիեանը (որ անցեալ Փետրուարին համերգ տուած էր Աթէնքի Նաքաս համերգասրահին մէջ) եւ Լինա Հայրապետեանը (իրանահայ կիթառահար մը՝ որ տասը տարիէ ի վեր Երեւան կ’ապրի):
Նուագախումբերու մրցոյթին՝ յունական կիթառի նուագախումբը երկրորդ դիրքը ապահովեց, իսկ կիթառի մենակատարներու՝ տարիքով ամենամեծերու խումբին մէջ՝ յոյն երկու մենակատարներ (Էվանկէլոս Նիքոլայիտիս եւ Եորղոս Թոսիգեան) առաջին դիրքի համար հաւասարութիւն արձանագրեցին:
Յունական նուագախումբին Կիւմրիի վերջին ելոյթը Կիրակի իրիկուն էր, մեր Կիւմրի կեցութեան վերջին երեկոն: Համերգը տեղի ունեցաւ Կոմիտասի անուան Պետական Երաժշտնոցի համերգասրահէն ներս: Սրահը լեցուն էր եւ հասարակութիւնը խանդավառ: Համերգէն ետք Կիւմրիի հեռուստատեսութեան ընկերութենէն թղթակից մը, իր նկարահան գործակիցներով, նախ Յակոբին հետ, եւ յետոյ նուագախումբի երեք անդամներու հետ հարցազրոյցներ կատարեց:

Մրցոյթի հայկական մասնակցութիւնը

Մրցոյթի՝ աւելի ճիշդ՝ բազմաթիւ մրցոյթներու յայտագիր-ժամանակացոյցը անհաւատալիօրէն խճողուած էր: Պէտք է երեւակայել որ օրական 400 երաժիշտներ ելոյթ պիտի ունենային Կիւմրի քաղաքի մէջ տարածուած 8 տարբեր երաժշտական վարժարաններու համերգասրահներու մէջ: Այսինքն՝ միջին հաշուով՝ օրական 50 ելոյթ ամէն մէկ համերգասրահէ ներս: Անկարելի պիտի ըլլար մասնագիտութիւններէն ամէն մէկուն ժամանակ հատկացնել:
Պիտի ուզէի ամէն տեղ ըլլալ, բայց հնարաւոր չէր: Ստիպողաբար, չորս օրերուն ընթացքին, ուշադրութիւնս կեդրոնացուցի երեք մասնագիտութիւններու վրայ՝ լարային գործիքներուն (որ մեր յոյն հիւրերը լսեմ), ժողովրդական գործիքներու եւ ժողովրդական երգեցողութեան, որ վայելեմ մեր ազգային երաժշտութիւնը՝ մեր երիտասարդ սերունդի կատարողութեամբ:
Կ’ուզեմ շեշտել որ այս տարի առաջինն էր որ վերջին երկու տեսակները՝ ժողովրդականները՝ ընդգրկուած էին մրցոյթներու շարքին մէջ, եւ ըստ երեւոյթին, պահանջը շատ մէծ էր: Ութը տեսակներէն՝ ժողովրդական գործիքներու մրցոյթը մասնակիցներու ամենամեծ քանակը կը ներկայացնէր՝ աւելի քան 260 մասնակից:
Կարողացայ ներկայ գտնուիլ ժողովրդական երգեցողութեան մրցոյթին միայն մէկ անգամ, իսկ ժողովրդական գործիքներու մրցոյթին՝ երկու: Տպաւորութիւնները շատ են, բայց ամէն մէկէն արձանագրեմ մէկական պարագայ:
Ժողովրդական երգեցողութեան մրցոյթին բեմ բարձրացաւ սեւ մազերով, 18 տարեկանի շուրջ, Երեւանցի նիհար աղջիկ մը, 3 անդամներէ բաղկացած ժողովրդային նուագախումբով: Թաւշային՝ այրած ձայնով սկսաւ երգել Գուսան Շահենէն հիանալի քնարական երգ մը՝ «Թուխ Մազերուդ» (երգ մը որ ուրիշ անգամ չէի լսած): Երգչուհիին ձայնին նուրբ՝ զուտ ազգային՝ ելեւէջները կարծէս ներկաները կախարդած ըլլային. համատարած լռութիւն կը տիրէր:
Երգը վերջացաւ, բայց պահ մը լռութիւնը երկարեցաւ, եւ ... ծափահարութիւններու յանկարծակի պոռթկում եւ բացագանչութիւններ: Այդ պահուն, դատական կազմի վարիչը (կ’ ենթադրեմ) ոտքի կանգնեցաւ, դէմքը շրջեց դէպի ներկաները, եւ խիստ հայեացքով եւ բառերը հատիկ-հատիկ շեշտելով, ըսաւ՝ «կը խնդրենք չծափահարէ՛ք. Էստեղ համերգ չէ՛, էստեղ մրցո՛յթ է»:
Գալով ժողովրդական գործիքներու մրցոյթին, առտուայ առաջին ելոյթն էր: Բեմ բարցրացան տասնեակ մը փոքրիկներ եւ պատանի-պարմանուհիներ, 8 տարեկանէն 14 տարեկան, բոլորը Երեւանէն: Շվին կը նուագէր 8 տարեկան՝ նիհար աղջնակ մը, երկու տուտուգները՝ 10 տարեկանի շուրջ երկու տղաք, քամանչան՝ 12 տարեկան պատանի մը, նմանապէս տհոլը, ուտը կը նուագէր 12 տարեկան պարմանուհի մը, իսկ նուագախումբին «զարդերը»՝ չորս քանոն նուագող աղջիկները, 12էն 14 տարեկան էին:
Նուագարանները լարելու եւ ներդաշնակելու փորձերէն ետք՝ սկսաւ նուագը: Ի՛նչ ինքնավստահութիւն, կատարողական ի՛նչ հասուն համադրում, մեղեդիի եւ շարժումներու ի՛նչ ներդաշնակութիւն: Նուագեցին աշուղական երգեր, ժողովրդական երգեր եւ պարեղանակներ: Կատարեա՛լ: Բառերը աղքատ են ...

Վերադարձ՝ Երեւանէն

Երկուշաբթի՝ 16 Ապրիլի առաւօտուն, յոյն հիւրերու նուագախումբէն 9 հոգի (միւսները արդէն նախապէս մէկնած էին Կիւմրիի օդակայանէն), առաւել Յակոբը եւ ես, մշակոյթի նախարարութեան կողմէ տրամադրուած «վան»ով, մեկնեցանք դէպի Երեւան:
Յոյն հիւրերը, նոյնպէս մշակոյթի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, երեք գիշեր հիւրասիրուեցան բնագիտութեան համալսարանի հանրակացարանին մէջ, Երեւանի Յաղթանակի Այգիին մօտ: Երեւանի շատ մը «տեսարժան» վայրերը այցելեցին, Գասգատէն՝ Օբէրա, Հանրապետութիւն հրապարակէն՝ Աբովեան փողոց, Ծիծեռնակաբերդէն Գարեգին Նժդեհ հրապարակ:
Այդ վերջին վայրին մօտ, Բագրատունեանց պողոտայի վրայ՝ Արմէն Տիգրանեանի անուան երաժշտական վարժարանի համերգասրահին մէջ, նուագախումբը իր վերջին համերգը տուաւ Երեւանի 25 երաժշտական վարժարաններու աշակերտներուն համար: Այդգան խանդավառ հանդիսականներ ուրիշ պայմաններու տակ կարելի չէր ճարել: Չէմ գիտեր ով՝ որուն աւելի տպաւորէց՝ նուագախումբը աշակերտներուն՝ թէ աշակերտները նուագախումբի անդամներուն:

***

Յակոբը յաճախ կը կրկնէր, իրեն յատուկ «արեւմտա-արեւելահայերէնով՝ «Շատ կ’ուզենամ որ Վերածնունդ փառատօնը յաջողուի: Գիտե՞ս ինչքա՛ն կարեւոր է Կիւմրիի համար»:
Եւ ես ալ՝ իմ կողմէս՝ աւելցնեմ՝ «Յակոբ ջան, ցաւդ տանեմ ... վարձքդ կատա՛ր»:

(Բ. մաս եւ վերջ)

ՀՐԱՅՐ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ