Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Մէկ քաղաք՝ բազմաթիւ անուններ

Գյումրի՞ թէ Կիւմրի՝ արեւմտահայերէնով, կամ Կիւմայրի՝ մեզի ծանօթ իր հնագոյն անուանումով, եւ  տակաւին՝ 1837 թուականին՝ Ալեքսանդրապոլ՝ ի պատիւ Նիկողայոս ցարի տիկնոջ՝ ցարուհի Ալեքսանտրային, կամ ինչո՞ւ չէ՝ Լենինական, Հայաստանի սովետականացումէն եւ  Լենինի մահէն ետք, 1924 թուականին: Եւ ի վերջոյ՝ Հայաստանի անկախացումէն ետք՝ կրկին Կիւմրի:


Իրենց քաղաքի անուանափոխութիւններուն Կիւմրեցիները կը հակազդեն իրենց  յատուկ երգիծական ոճով: Կիւմրեցի մը պատմեց թէ սովետական շրջանին որոշ Կիւմրեցիներ կը մերժէին իրենց քաղաքը Լենինական կոչել, նախընտրելով կրճատ տարբերակ մը՝ Լէնական, ըսելով թէ քաղաքնին  «լէն» (այսինքն՝ «լայն») է  եւ հիւրընկալ, ինչպէս իրենց սրտերը:
Այսօր Կիւմրին Շիրակի մարզի մայրաքաղաքն է, եւ  կը նկատուի Հայաստանի մշակութային մայրաքաղաքը: Ան կը  գտնուի Երեւանէն 120-130 ք.մ. հիւսիս-արեւմուտք՝ Հայաստան-Թուրքիա ներկայ սահմանէն մօտաւորապէս 13 ք.մ. դէպի արեւելք: Բնակչութեան թուաքանակի տեսանկիւնէն` ըստ 2008ի մարդահամարի տուեալներուն (168.918  բնակիչ)՝ այն Հայաստանի երկրորդ քաղաքն է:
 Քաղաքին՝ մանաւանդ 19րդ  եւ 20րդ դարերու անցեալին մասին՝ շատ նիւթ կայ պատմելիք, բայց որ կարելի չէ ամփոփել օրաթերթի մը սիւնակին մէջ:  Բայց միքանի դրուագներ կ’արժէ արձանագրել:

Կիւմրիի անցեալը

Կիւմրիի բնակչութիւնը կը սկսի աճիլ եւ  քաղաքը՝ զարգանալ 19րդ դարուն, երբ՝ 1804 թուականին` Կիւմրին եւ  իր շրջակայքը կը մտնեն ռուսական կայսրութեան կազմին մէջ, իբր արդիւնք ռուս-պարսկական պատերազմին (1804-1813): Այս իրադարձութեան` եւ  մանաւանդ անոր յաջորդող տարիներուն՝ շրջանին մէջ տիրող խրովութիւններու եւ  անապահովութեան պատճառով (1929ի ռուս-թրքական պատերազմը)  մօտ 3000 հայ ընտանիքներ կու գան Էրզրումէն, Կարսէն եւ  Պայազիտէն՝ բնակութիւն հաստատելու Կիւմրիի մէջ եւ  իր շրջակայքը:
Այս պատմական դէպքերու բերումով, Կիւմրիի եւ շրջանի խօսակցական լեզուն՝ իր որոշ կառոյցներով  եւ  արտայայտութիններով՝ նմանութիւններ ունի արեւմտահայերէնի հետ: Տեղացիներէն ոմանք յստակօրէն կը գիտակցին այս նմանութիւններուն  եւ  հպարտութեամբ կը շեշտեն զանոնք: Նոյն պատճարով՝ շատեր գիտակից են իրենց արեւմտահայ արմատներուն  եւ  շահաքրքրուած կը զգան Արեւմտահայաստանով:
Ալեքսանդրապոլը 1899ին կ’օժտուի  երկաթուղիով, երբ Թիֆլիս-Ալեքսանդրապոլ երկաթուղին կը կառուցուի, որը շուտով կը հասնի մինչեւ Երեւան, եւ 1906ին՝ մինչեւ Ճուլֆա: Բայց արդէն  19րդ դարու կէսէն սկսեալ քաղաքը   կ’ապրի վերելք՝ քաղաքաշինութեան, ճարտարապետութեան  եւ  յարակից արհեստներու, փոքր արդիւնաբերութեան,  եւ առեւտրական մարզերու մէջ:
Քաղաքը կը ճանչցուի  եւ  կը գնահատուի իր ինքնուրոյն «անդր-կովկասեան» ճարտարապետական ոճին համար, կը համարուի՝ Թիֆլիսէն  եւ  Պաքուէն ետք՝ երրորդ մշակութային եւ  առեւտրական կեդրոն  եւ իր շինարար-վարպետներու համբաւը կը տարածուի ամբողջ շրջանի մէջ:
Վերեւ նշուած զարգացումներու զուգահեռ, աճ կ’արձանագրէ տնտեսութիւնը, կը բարձրանայ քաղաքի  եւ բնակչութեան կենսամակարդակը  եւ կը ծաղկին ընկերային կեանքը, կրթութիւնը,  արուեստներն ու մշակոյթը: Բայց միթէ՞ այդ մշակոյթն ու արուեստները ինքնաբերաբար կը «ծաղկին»:

Ժողովուրդ եւ  Մշակոյթ - «Ժողովուրդը մեծագոյն  ստեղծագործն է ...»

Կոմիտաս Վարդապետը ըսած է որ երաժշտութեան մեծագոյն ստեղծագործը՝ ժողովուրդն է: Այս հաստատումը ընդհանրացնելով կրնանք ըսել թէ 19-20րդ դարերու Ալեքսանդրապոլ-Կիւմրին մշակութային՝ ներառեալ երաժշտական եւ  ստեղծագործութեան աշխատանոց մըն էր, ուր ժողովուրդը իր աշխոյժ մասնակցութիւնը կը բերէր մանաւանդ երաժշտական մշակոյթի ստեղծման ու տարածման մէջ:
Բայց որպէսզի Կոմիտաս Վարդապետի հաստատումը աւելի լայն եւ վաւերական իմաստ ստանայ, կրնանք զայն ամբողջացնել, ըսելով թէ մինչ ժողովուրդն է որ մշակոյթ կը ստեղծէ, մշակոյթն ալ ժողովուրդի մը ստեղծագործ յատկանիշները կը կազմէ  եւ  կ’ամրապնդէ, այլ խօսքով՝ մշակոյթն ալ իր կարգին ժողովուրդ կը կերտէ: Ուրեմն ժողովուրդ-մշակոյթ կապը փոխադարձ է՝ զանազան ձեւերով:
Նախ՝ անոնք զիրար կը սնուցանեն, այսինքն՝ առանց մէկուն՝ միւսը չի կրնար գոյատեւել, կամ նոյնիսկ գոյութիւն ունենալ: Վերոյիշեալ ժամանակաշրջանի ընկերային հենքը, աւանդական կենցաղային սովորոյթները եւ  տոհմիկ կապերը կենսական գործօններն էին մշակութային արժէքներու, գիտելիքներու եւ  կարողութիւններու փոխանցման համար:
Երկրորդ՝ ինչպէս ծնողք մը հոգատար է իր զաւակին հանդէպ, այնպէս ալ ժողովուրդ մը կը հոգայ եւ կը ճանչնայ իր հարազատ՝ իրմէ ծնած՝ ստեղծագործ զաւակները, որովհետեւ անոնք կ’արտայայտեն իր խորին զգացումները:
Երրորդ՝ մէկը միւսին ցոլացումն է. կ’ըսուի թէ ժողովուրդ մը ճանչնալու համար պէտք է ճանչնալ իր մշակոյթը:
Վերադառնալով Ալեքսանդրապոլ- Կիւմրիի 19-20րդ դարերու մշակութային միջավայրին,  եւ նկատի ունենալով նախապէս ըսուածները, ան (միջավայրը) պարարտ հող ստեղծած էր որ «ծաղկին» այդ ժամանակաշրջանի ճանչցուած  եւ  սիրուած մշակութային գործիչները:

Կիւմրիի ստեղծագործ զաւակները

Որո՞նք էին անոնք: Մեծամասնութիւնը մինչեւ այսօր մեզի ալ ծանօթ անուններ են:
Աւետիք Իսահակեան, Յովհաննէս Շիրազ, Արմէն Տիգրանեան («Անուշ» օփերա), Խաչատուր Աւետիսեան, Գուսան Շերամ (Գրիգոր Տալեան), Շարա Տալեան (երգիչ), Գէորգի Ի. Կուրճիեւ  (խորհըրդապաշտ փիլիսոփայ  եւ ուսուցիչ), Սերկէյ Մերքուրով (քանդակագործ՝ Գ. Ի. Կուրճիեւի զարմիկ), Գարեգին Լեւոնեան (բանասէր եւ արուեստագէտ՝ աշուղ Ճիվանիի որդին), Լեւոն Մկրտչեան (շարժապատկերի բեմադրիչ), Արտաւազդ Փելեշեան (շարժապատկերի բեմադրիչ-տեսաբան), Մհեր (Ֆրունզիկ) Մկրտչեան (դերասան), Մկրտիչ Մելգոնեան (Փոլոզ Մուկուչ - երգիծաբան):
Ժամանակակից արուեստագէտներէն կարելի է նշել Արթուր  եւ Արարատ Սարգսեաններ (գեղանկարիչ եղբայրներ), Բամբիռ (ժամանակակից երաժշտութեան նուիրուած նուագախումբ՝ ուժեղ հայկական ոգիով), Տիգրան Համասեան (հայկական երանգներով յօրինուած՝ Ճազ ոճով երաժշտութեան դաշնակահար):
Վերջապէս, անցեալի ստեղծագործներէն պէտք է յիշել գուսանական արուեստի երկու հսկաներ, աշուղ Ճիվանին եւ գուսան Շահէնը, որոնք՝ թէեւ Ալեքսան- դրապոլ-Կիւմրիի ծնունդ չէին, բայց իրենց ստեղծագործ կեանքի ամենաարդիւնաբեր շրջանը ապրեցան այդ  քաղաքի եւ  միջավայրի պարարտ հողին մէջ:
Մանաւանդ «հիներու» պարագային, Կիւմրեցիները՝ մինչեւ այսօր՝ ակնածանքի հասնող սիրով,  յարգաքով եւ  հպարտութեամբ կը յիշեն իրենց այդ հարազատ զաւակները:
Ահա Կիւմրի քաղաքի հարուստ անցեալը: Աւելի անդին պիտի փորձենք նկարագրել իր ներկան:

Ինչպէս պատահեցաւ Կիւմրի առաջին այցելութիւնս

Կիւմրիի ներկային անցնելէ առաջ՝ փակագիծ մը:
Վերջին տարիներուն դէպի Հայաստան ճամբորդութիւններս սկսելէս ի վեր,  միշտ կը փափաքէի հիւսիսային Հայաստանն ալ տեսնել, ներառեալ Կիւմրին: Բայց՝ առ ի սովորութիւն՝ կը նա- խընտրէի ուսումնասիրել այցելելիք վայրերս: Իմ այս՝ առաջին այցելութիւնս այդպէս չեղաւ. մեկնելէ առաջ պատկերացում չունէի թէ ինծի ինչ կը սպասէր: Բայց վերջապէս  որոշեցի՝ աւելի ճիշդ՝ համոզուեցայ երթալ՝ շնորհիւ մէկ անձի՝ Յակոբ Գոլանեանին:
Չեմ սիրեր չափազանցուած խօսքերը՝ եւ այդ պատճառով հակիրճ պիտի  ըլլամ Յակոբին մասին ըսելիքներուս մէջ: Պարզութիւնն ու համեստութիւնն են որ կը յատկանշեն այս տաղանդաւոր եւ  անսպասելի կարողութիւններով օժտուած կիթառահար «վարպետը», մեր յունահայ գաղութի «հարազատ» զաւակը:
Դասատու՝ վարպետութեան մակարդակի հասած իր երիտասարդ աշա- կերտներուն, համբերատար մանկավարժ (կը բաւէ իր դասերէն մէկուն հե-տեւիլ «Զաւարեան» դպրոցէն ներս), կիթառի ուսուցման գիրքերու հեղինակ, Աթէնքի պետական երաժշտանոցի  եւ  Նաքաս հիմնարկի երաժշտանոցի կիթառի բաժիններու տնօրէն, իր կողմէ դաշնաւորուած՝ հայկական ժողովրդական եղանակներու ձայնապնակներու հեղինակ,  եւ ցանկը կ’երկարի...
Բայց կ’ենթադրեմ որ իր սրտին ամենամօտիկ գործունէութիւնը՝ Հայաստանի երաժշտական շրջանակներու հետ իր ունեցած գործակցութիւններն են, գործակցութիւններ՝ որոնք սկսած են  1989ին: Եւ այդ գործակցութիւններէն մէկուն ծիրէն ներս կը գտնուէր իր առաջարկը, որ իր հետ Կիւմրի երթամ:
Երբ Մարտի սկիզբը իմացաւ որ Ապրիլին՝ Զատկուայ դպրոցական դադարին՝ միտք ունիմ Երեւան երթալու, անմիջապէս ըսաւ «ուրեմն մեր հետ Կիւմրի կու գաս»: Հարցումներուս պատասխանելով յայտնեց, թէ Ապրիլ 10էն 15 Կիւմրիի մէջ ծրագրուած է դասական երա-ժըշտութեան զանազան գործիքներու մրցոյթ-փառատօն մը՝ երիտասարդ երաժիշտներու համար, թէ ինքը հրաւիրուած է դատական կազմին մաս կազմելու եւ  թէ կը ծրագրէ Նաքաս երաժըշտանոցի իր աշակերտներէն կազմուած կիթառի նուագախումբ մը իր հետ տանիլ, որ մասնակցին մրցոյթին:
Իբր պատասխան այն հարցումիս թէ քանի՞ հոգիէ պիտի բաղկանար նուագախումբը, ըսաւ տակաւին չէ որոշած, եւ  թէ՝ երբ շուտով փորձերու սկսին՝ այդ հարցն ալ կը յստականայ, բայց  կը նախատեսէր 14էն 17 հոգի: Այս թիւը՝ որ յաջորդ 2-3 շաբաթներու ընթացքին՝           մինչ  փորձերը կը յառաջանային՝ կը տարուբերուէր այդ երկու սահմաններու միջեւ, վերջապէս յանգեցաւ 14ի:
Երբ իրեն դիտել տուի, որ 14 յոյն երիտասարդներ, որոնք հայերէն չէին գիտեր,  եւ  որոնց կենցաղային փորձը կրնար սահմանափակ ըլլալ՝ մինչեւ  Կիւմրի փոխադրելը,  եւ  հոն «պահելը» վեց օր ու գիշեր, հեշտ կրնայ չըլլալ, իր սովորաբար հանդարտ դէմքը քիչ մը մթնցաւ եւ մտահոգ ձայնով ըսաւ «եթէ ճամբորդութիւնը կամ մրցոյթը ձախո- ղի՝ ինծի պիտի մեղադրեն...», բայց անցողակի ամպը շուտով անհետացաւ, եւ մեծ ժպիտով մը ըսաւ «ամէն բան շատ լաւ պիտի ըլլայ, շատ պիտի սիրեն...»: Ես ալ ժպտացի...
Ինչպէ՞ս բնութագրել վերեւի կեցուածքը: Արուեստագէտի բնա՞զդ, բնածին լաւատեսութի՞ւն, կոյր հաւա՞տք, կամքի ուժեղ դրսեւորո՞ւմ, յանդգնութի՞ւն, յամառութի՞ւն ... Այդ պահուն պատասխան  չփնտռեցի:
Բայց մի քանի շաբաթ ետք, երբ Կիւմրի կը գտնուէի եւ  կը հետեւէի տեղացի պատասխանատուներու հարցեր դիմագրաւելու հանդարտ  եւ քաղաքակիրթ վարմունքին, անհաւատալիօրէն բարի կամեցողութեան ու համբերութեան, եւ  անսպասելի պահուն միշտ լուծում մը «ճարելու» տաղանդին (քիչ մը «քարէն ջուր հանելու» նման երեւոյթ մը), յիշեցի Յակոբին այդ օրուայ հակազդեցութիւնը:

Երեւան-Կիւմրի  ճանապարհը  եւ  Կիւմրիի հետ առաջին «հանդիպումս»

Յակոբը եւ իր յոյն երիտասարդներու նուագախումբը (բացառութեամբ մէկ երիտասարդի՝ Եորղոս Թոսիգեանին՝ որուն մեծ հայրը հայ եղած է, բայց որ ինքը հայերէն չէ սորված) Երեքշաբթի, Ապրիլ 10ի  վաղ առաւօտուն՝ Մոսկուայի ճամբով Կիւմրի հասած էին: Իսկ ես, արդէն նախորդ Ուրբաթ օրը, Աթէնքէն Երեւան ժամանած էի:
Երեքշաբթի, 10 Ապրիլի առաւօտուն ես եւս ճամբայ կ’ելլեմ դէպի Կիւմրի, Երեւանցի ծանօթ վարորդի մը հետ: Երեւան-Կիւմրի մայր ճանապարհը կը կտրենք մօտ երկու ժամէն: Երեւանի հիւսիսային արուարձանները մեր  ետին ձգելով, կը մտնենք Արագածոտնի մարզ  եւ Աշտարակէն կը թեքուինք արեւմուտք: Թալին հասնելով, կ’ուղղուինք հիւսիս՝ դէպի Շիրակի մարզ, կ’անցնինք Մաստարան, եւ Լանջիկ գիւղի մօտակայքը՝ կը մտնենք Շիրակ:
Արագածոտնի ճանապարհի երկայնքին՝ ծիրանենիները արդէն զարդարուած էին իրենց սպիտակ ծաղիկներով, եւ  շուրջի դաշտերու խոտերը՝ կանաչ ծիլեր արձակած: Բայց երբ Շիրակի Մարալիկ գիւղաքաղաքը կ’անցնինք եւ կը սկսինք բարձրանալ, օդը զգալիօրէն կը ցրտէ: Ծարերը հազուադէպ են, եւ սարահարթերու խոտը՝  դեղնորակ:
Աւելի վեր՝ ձիւնը տեղ-տեղ ճամբուն եզերքի դաշտերը  եւ  բլրակներու լանջերը կը ծածկէ, բայց ուր որ ձիւնը հալած է, ձնծաղիկներ արդէն կ’երեւին: Քանի Կիւմրիին կը մօտենանք, ուր տարածքները աւելի հարթ են, հերկուած հողաշերտեր կը տեսնուին, իրենց հարուստ՝ սեւ հողով: Պահ մը կը կարծեմ «հոռովել»ի պատառիկ մը լսել, բայց լսողական խաղ էր...
Կը մտնենք Կիւմրիի հարաւային  արուարձանները, ուր աչքի կը զարնէ  ճանապարհի ձախին երկարող Երեւան-Կիւմրի-Թիֆլիս երկաթուղին: Նախ կը նշմարեմ դէպի ձախ (արեւմուտք) ուղղուած ցուցատախտակ մը՝ երկաթուղիի կողքին՝ ուր նշանակուած  է «Կարս» անունը: Հարցումիս՝ վարորդը կը պատասխանէ կտրուկ «փա՛կ է»ով մը: Քիչ ետք կ’անցնինք «Ախուրեան» կայարանը, ուրկէ ճամբորդներ կրնան ուղղուիլ դէպի Երեւան կամ Թիֆլիս, բայց ո՛չ դէպի Կարս:
Կը հասնինք լայն եւ  խճողուած խաչմերուկ մը, որուն ձախ թեւը կ’անցնի երկաթուղիին համար կառուցուած կամուրջին տակէն: Վարորդը ձախ կը թեքուի, կ’անցնի կամուրջին տակէն եւ զգուշութեամբ կը մտնէ անցորդներու եւ ինքնաշարժներու բազմութեան մէջ, փորձելով խոյս տալ թէ անոնցմէ եւ թէ ալ փողոցի փոսերէն:
Մտած ենք Կիւմրիի կեդրոնական շուկայի մայր փողոցը: Շուկան, կէսօրուայ այս ժամուն, բնականաբար կ’եռայ, շուկաներու յատուկ եռուզեռով: Խրախուսիչ երեւոյթ:
Վարորդը կանգ կ’առնէ յաջորդ խաչմերուկի լոյսերուն եւ  տեղացի վարորդի մը կը հարցնէ թէ ուր կը գտնուի «Յաղթանակի» փողոցը, իմ իջեւանելիք պան- դոկին հասցէն: Ան ցոյց կու տայ մօտակայ՝ դէպի աջ մտնող փողոցը: Լայն  փողոց մըն է, երկու ասֆալթապատ ուղի- ներով, որոնց միջեւ կ’երկարի զբօսայգի մը: Փողոցի մուտքին մեզ կը դիմաւորէ Զօրավար Անդրանիկի արձանը՝ իր նժոյգին վրայ, եւ իր կողքին՝ Գէորգ Չաւուշի, Դրօյի, Գարեգին Նժդեհի, Նիկոլ Դումանի եւ  Սողոմոն Թեհլիրեանի կիսանդրիները:
Կը հասնինք պանդոկ՝ միայարկ եւ տարածուն՝ ճերմակ  շէնք մը, ծառերով եւ բոյսերով շրջապատուած: Ներսը հանդարտ, մաքուր եւ պարզ է, ճաշակաւոր ոճով զարդարուած ու կահաւորուած: Ընդունելութեան պատասխանատու պաշտօնեան՝ սիրալիր եւ հիւրընկալ՝ շուտով զիս կ’առաջնորդէ սենեակս:
Քիչ ետք, պաշտօնեայէն ուղղութիւններ ստանալով, դուրս կ’ելլեմ եւ կը քալեմ մինչեւ մօտը գտնուող «Վարդանանց» (նախապէս «Ազատութեան») հրապարակը, ուր կը ճաշեմ «Սլովենական» ճաշարանի մը մէջ: Դուրս գալով՝ պզտիկ պտոյտ մը կը կատարեմ՝ հրապարակին շուրջը գտնուող փողոցները չափելով: Օդը ցրտած է, կծու քամի մը կը փչէ եւ փողոցները կը դատարկուին: Ես ալ  շուտով պանդոկ կը վերադառնամ՝ Կիւմրիի հետ առաջին կարճ «հանդիպումէս» ետք:


(Շարունակութիւնը՝ վաղուան թիւով)

ՀՐԱՅՐ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ