Արցախի մէջ պաշտօնապէս երեք տօն կը նշուի այս օրերուն.- Բ. Համաշխարհային պատերազմի յաղթանակի տօնը, Արցախի բանակի օրը եւ Շուշիի ազատագրման քսանամեակը, որոնք միասնաբար կը կազմեն «Յաղթանակի Եռատօն մը»:
Յատկապէս Շուշիի ազատագրութիւնը հայ ազգային-ազատագրական պայքարի վերակենդանացման խորհրդանիշն է, որ ճառագայթող յուսատու արեւ մը հանդիսացաւ Արցախի եւ համայն հայութեան համար: Փայլուն այս յաղթանակին 20ամեակը այսօր տօնելով՝ ազգովին կը մեծարենք ժամանակի ընթացքին աւելիով արմատաւորուած այն ուժն ու ինքնավստահութիւնը, որ Շուշիի ազատագրումը ներշնչեց հայութեան: Ժամանակէն վեր սլացող յաղթանակ մը, որ մեր ժողովուրդին հոգեբանութիւնը մէկ օրէն հիմնովին փոխեց, իրաւազրկումի եւ ազատազրկումի դժբախտ ճակատագրին դէմ յոյս ու եռանդ փոխանցելով մեր սերունդներուն:
Այնքա՜ն դժուար ու անհաւատալի նուաճում մը կը թուէր Շուշիի ազատագրումը, որ իրաւամբ առասպելական բնոյթ տրուեցաւ այս յաղթանակին, իսկ անոր կերտումին համար իրենց գերագոյնը զոհաբերած ազատամարտիկ զինուորները վերածուեցան անմահ հերոսներու:
Շուշիի ազատագրման 20ամեակը այսօր կը նշենք, նաեւ Ուրուկուայի արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրոյի Երեւանի մէջ, հազիւ մի քանի օր առաջ, կատարած յայտարարութեան լոյսին տակ։ Ուրուկուայի պետական գործիչը, Ծիծեռնակաբերդ այցելելով, դիտել տուած էր, թէ «ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը պէտք է Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի լուծման հարցին մէջ հիմնականը ըլլայ»: Ալմակրօ աւելցուցած էր, թէ Մ.Ա.Կ.ի կանոնագրութեամբ ամրագրուած կարեւորագոյն դրոյթներէն է ժողովուրդի մը ինքնորոշման իրաւունքը, ինչ որ նախապայման կը կազմէ Արցախի հարցի կարգաւորման մէջ:
Արցախի անկախութեան իրաւական ճանաչումը միջազգայնացած հարց է արդէն: Անիկա միջազգային հարց դարձաւ 1994ին կնքուած զինադադարով, որ բանակցային գործընթացի սկիզբը նշանակեց: Ե.Ա.Հ.Կ.ի ստանձնած պարտաւորութիւնը - փոխարինելով Մինսկի խմբակի դերակատարութիւնը, որուն կը մասնակցին երեք գերուժեր՝ Ռուսաստան, Ա.Մ.Ն. եւ Ֆրանսա - միջազգային հանգամանքի ծանրութիւնը կուտայ Արցախի հարցին, թերեւս դիւրացնելով, թերեւս ալ երկարաձգելով անոր արդար ու վերջնական լուծումը: Իսկ այն, որ յստակ է ու վերջնական, Արցախի ժողովուրդին կամքն է, որ ազատագրական պայքարի յաղթական պսակումով ի ցոյց տրուեցաւ միջազգային հանրութեան, յատկապէս Արցախը տասնամեակներ ամբողջ իր լուծին տակ պահած թշնամիին։
Խ.Ս.Հ.Մ. փլուզման տարիներուն Ատրպէյճանի կողմէ սկսած յարձակումներն ու ռմբակոծումները ցոյց տուած էին, թէ Պաքու ընտրած էր բռնի ուժի ուղին: Իսկ Արցախահայութիւնը՝ դիմելով նախ ինքնապաշտպանութեան, ապա եւ յաղթանակէն ետք՝ պետականաշինութեան, խաղաղ եւ կայուն երկիր մը կառուցելու ուղիով յառաջանալու կամքը ցուցաբերեց: Լ.Ղ.Հանրապետութիւնը, հիմնուելով իր ազատամարտիկներու պաշտպանական ջոկատներու գործունէութեան վրայ, կազմեց իր հզօր բանակը, որ դարձաւ անկախ պետութեան հիմնական երաշխաւորը: Հայ ժողովուրդի մարտունակ եւ թշնամական ամէն ոտնձգութիւն դիմագրաւելու միշտ պատրաստ վիճակին արտայայտութիւնն է երիտասարդ հայ զինուորներու բարձրամակարդակ պատրաստութիւնը, որոնք ամէն օր կը դիմադրեն զինադուլը շարունակաբար խախտող Ատրպէյճանի յարձակումներուն:
Արցախի ժողովուրդին համար դժուար օրերը ետին մնացած են: Նոր մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը՝ ուր պետականաշինութեան, շրջաններու վերաբնակեցման, տնտեսութեան զարգացման, ժողովուրդի աշխատանքի եւ ընկերային պայմաններու բարելաւման հարցերը առկայ են: Բայց անոնց մասին՝ ուրիշ առիթով:
Այսօր տօնենք նոր ժամանակներու ազգային մեր ամէնէն փայլուն յաղթանակին Օրը։