«Հացի, օդի եւ ջուրի նման, հպարտութեան պէտք ունինք»։
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ
Նուրիձա Մաթոսեան մանկութիւնը անցուցած է Կիպրոս: Ուսանած է Անգլիա եւ Պետֆորտ համալսարանէն վկայուած է փիլիսոփայութեան մէջ: Նաեւ հետեւած եւ մասնագիտացած է երաժշտութեան եւ թատրոնի մէջ:
Ներկայիս կ'աշխատակցի «Պի.Պի.Սի.»-ի տեղեկատուութեան ցանցին եւ կը թղթակցի միջազգային թերթերու, ինչպէս՝ «Տը կարտիըն» եւ «Ինտիփենտընթ փոսթ»՝ ստորագրելով գեղարուեստական բնոյթի զանազան յօդուած-վերլուծումներ: Սակայն, ինչ որ ուշադրութիւնս գրաւեց իր պատրաաստած «Հրանդ Տինք. Երկու ազգութեան սիրտը» քառասուն վայրկեաննոց կարճ ֆիլմն է: Նուրիձա Մաթոսեան արժանացած է միջազգային մրցանակներու իր այս ֆիլմին պատրաստութեան համար:
Նուրիձան կը զրուցէ Հրանդ Տինքի հետ. ան կը խօսի եւ Տինքը կը պատմէ: Նուրիձա Մաթոսեան կրցած է դուրս բերել Տինքին՝ «Հասարակ մարդուն» ներաշխարհը, մանկութենէն սկսելով, եւ հոգեմտաւոր աշխարհը՝ հայեցակէտը, ինքնութեան պրպտումները, հայ-թուրք յարաբերութիւնները, քրիստոնէական ու հոգեւոր արժէքները...: Եւ այս կարճ ֆիլմին մէջէն Նուրիձա Մաթոսեան յաջողած է բացայայտել Տինքին «սիրտը» եւ այդ սրտին տրոփիւն տուող «հպարտութիւնը», որ չդադրեցաւ տրոփելէ՝ նոյնիսկ իր մահէն ետք:
«Հայը համազօր է հայհոյանքի այս երկրին մէջ», կը խօսի Տինք: «Թուրք ժողովուրդը ոչ միայն չի գիտեր Ցեղասպանութեան մասին, բայց նաեւ կը հաւատայ, թէ հայը թուրքն է որ սպաննած է», կ'ըսէ ան: «Ուրեմն այս ժողովուրդը (իմա՝ թուրքը) պէտք է սորվի իրականութիւնը», կ'եզրակացնէ ան:
Եւ այս «իրականութիւնը» սորվեցնելը Տինքին կեանքը տարաւ մինչեւ կատարելութիւն, որ վերջացաւ անարգ սպանութեամբ: Տինքի կեանքը եղաւ համակ աշխատանք եւ նուիրում այս «իրականութեան» համար, եւ անոր համար ո՛չ մէկ ճիգ խնայեց ան:
Նուրիձա կը շարունակէ. «Ի՞նչը կը կապէ քեզ այս երկրին»: Տինքի հաստատ պատասխանը. «Իմ երկիրս է...: Իմ արմատներս հոս են: Եթէ պիտի փլեն՝ մենք նորէն պիտի շինենք...»: Եւ արմատները, նոյնինքն արմատերուն կապուած հողը, շատ բան կ'աւելցնեն Տինքի հպարտութեան վրայ:
Բայց Նուրիձա կը շարունակէ «անհանգստացնել» Տինքը. «Հոս մէկ հատ հայ չեմ տեսներ ես...»: Հոս ի յայտ կու գան Տինքին պայծառատեսութիւնը եւ յստակատեսութիւնը: Հպարտութիւնը կը խթանէ զինք, որպէսզի ան աներկիւղ պատասխանէ՝ «Ես կը տեսնեմ. տեսի՞լք թէ իրականութիւն՝ կը տեսնեմ»: Եւ Տինքը կը տեսնէ՝ քանի ունի հպարտութիւնը իր «պապերուն»: «Իմ պապերուս երկիրն է այս...»:
Նուրիձա Մաթոսեան Տինքին կ'ընկերակցի մինչեւ վերջ: Կը սկսի տեսնել Տինք մարդը եւ անոր մէջ մտահոգութիւնը, որ շաղախուած է վախով: Մահուան սպառնալիքներ ստացած է, եւ այս անպայմանօրէն կը մտահոգէ՝ չէ՞...: Մարդկային ո՞ր էակը պիտի չունենայ նոյն զգացումները: Հետեւելով ֆիլմին ու նայելով
Տինքի աչքերուն եւ նայուածքին՝ Մաթոսեան կը սկսի տեսնել անոր ներաշխարհին անորոշութիւնները: Տինք սակայն գիտէ թէ ինչպէ՛ս պիտի յաղթահարէ այդ ներաշխարհը: Հայ Աւետարանական Պատանեկան Տան մէջ սորված է, թէ «Տէրը իմ հովիւս է, բանի մը կարօտը պիտի չունենամ»: «Զիս խոտաւէտ արօտներու մէջ կը պառկեցնէ, հանդարտ ջուրերու քով ինծի կ'առաջնորդէ (Սաղմոս 23)։
Մաթոսեանի հետ կþապրիս Տինքի «հանդարտութիւնը», որ զինք կը պահէ զգաստ՝ շարունակելու համար իր երթը «իրականութեան» պայքարին համար։ «Պատմութեան մէջ մէկ դարը մէկ նախադասութեամբ կ'անցնի», կը շարունակէ Տինք։ Ուրեմն, կայ աշխատանքին ու գործին անհրաժեշտութիւնը։ Եւ հոս՝ Տինք դէմ առ դէմ կու գայ իր կեանքի «ճակատագրին» եւ իր «հպարտութիւնը» կապած անոր կ'ըսէ. «Եթէ ես երթամ, անշուք չեմ երթար», որովհետեւ ան գիտէ, թէ Հրանդ Տինք «ինչ գործեր ըրած է»։
Տինքի «հպարտութիւնն» է այս, հողին ու արմատին ինքնագիտակցութիւնը, որ զինք կը մղէ Ցեղասպանութեան եւ պահանջատիրութեան «իրականութեան» համար ամբողջ կեանք մը նուիրելու։ Կեանք մը՝ որ ձգտեցաւ կատարելութեան եւ այդ կատարելութիւնը զինք տարաւ նահատակութեան։
Տինք կարողացած էր «գուշակել», թէ «անշուք պիտի չերթար» եւ թէ՝ «ինչ գործեր ըրած էր», որովհետեւ Պոլսոյ Թաքսիմի հրապարակը մինչեւ այսօր կ'արձագանգէ՝ «Բոլորս հայ ենք, բոլորս Հրանդ Տինք ենք...»։ Ու տակաւին, Տինքի հպարտութիւնը խթանեց գաղտնի մնացած, պահուըտած եւ կորսուած շատ մը հայեր, որպէսզի վերագտնեն նաեւ իրենց «հպարտութիւնը»։
Եթէ կը գտնուինք Ցեղասպանութեան յիշատակութեան հարիւրամեակի սեմին, այս պիտի նշանակէր, թէ պիտի հաւատանք Տինքի պէս «ինչ գործեր ընելու» անհրաժեշտութեան։ Իսկ այս գործերը կրնան իրականանալ, եթէ մեր մէջ ամրապնդենք «հայուն հպարտութիւնը»։ Այս այն հպարտութիւնն է, որով մեր նախահայրերը չզիջեցան ու չսակարկեցին ո՛չ ազգային ինքնութիւն եւ ոչ ալ քրիստոնէական հաւատք։
Այս այն հպարտութիւնն է, որ մեր նախահայրերը մղեց, որ Տէր Զօրի դժոխքէն դուրս գան կենդանի ապրող իրականութիւն։ «Այս ապրող իրականութիւնը հիւղաւանները եւ թիթեղապատ տնակները վերածեց կազմակերպուած սփիւռքի։ Հայուն հպարտութիւնը գերակայութեան եւ գերադասութեան համար չէ, եւ ոչ ալ դիմացինը արհամարհելու եւ ստորնացնելու մէջ։ Այս այն հպարտութիւնն է, որ պիտի մղէ մեզ՝ հայրենիք եւ սփիւռք տէր կանգնելու մեր ազգային արժէքներուն, քաջ գիտնալով որ այս արժէքները շատ բան տուած են համաշխարհային քաղաքակրթութեան։ Եւ այս նոյն հպարտութիւնն է, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ պահանջատիրութեան գործընթացը պիտի վերածէ զգաստութեան կեանք մը, ուր նուիրումի եւ զոհողութեան տրամադրութիւնները պիտի դառնան տեսլական։
«Հրանդ Տինք. երկու ազգութեան սիրտը»։ Եթէ թուրքին սրտին վրայ կայ Ցեղասպանութեան ծանրաբեռնուածութիւնը, եւ անպայմանօրէ՛ն կայ, նոյնիսկ երբ կը դրժէ այդ իրականութիւնը, հայուն սրտին մէջ կայ պահանջատիրութեան հպարտութիւնը։ Եւ այս հպարտ սիրտով Հրանդ Տինք կրցաւ «ճեղքել» թուրքին սիրտը։
Հայը այսօր պէտք ունի «հացի, օդի եւ ջուրի»։ Բայց նաեւ պէտք ունի «հպարտութեան»։ Հայուն հպարտութիւնն է այս, որ պէտք է վերականգնել հարիւրամեակի նախօրեակին, եւ այս հպարտութիւնն է, որ հայը պիտի խթանէ, որպէսզի «շատ գործեր ընէ...»։
ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ