Print
Category: Յօդուածագրութիւն

«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝

ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը  հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:

---------------------------------------------------------------------------


Խօսելու խնդիր


(
Ա.)

Խմբագրի կեանքիս շատ կարեւոր ապրումներէն մէկը եղաւ բեմերէ ելոյթ  ունենալը, ուստի պարտաւոր եմ խօսիլ այդ մասին ալ։
Բնաւ գաղափար չունիմ թէ սա վերջին քսան տարիներու ընթացքին քանի՞ անգամ բեմ բարձրացայ ու բարձրախօսը ձեռքս առի ժողովուրդին խօսք ուղղելու համար։ Անշուշտ բնաւ գաղափարը չունիմ նաեւ թէ այս քսան վերջին տարիներու ընթացքին քանի՞ հոգի իմ սա կամ նա խօսքը լսեց։ Միայն կրնամ ենթադրել որ այս երկու թիւերը շատ բարձր են, բոլոր ենթադրութիւններէս աւելի բարձր, որովհետեւ երբեք չպատահեցաւ որ խօսիմ սրահի մը մէջ կամ հաւաքականութեան մը դիմաց, ուր աւելի քան 200 հոգի չկար։ Եւ թէ ասիկա՝ ընդհանրապէս տարբեր միջավայրերու մէջ, տարբեր մարդոց դիմաց։
Երբ խօսելու խնդիր արծարծուի, համարձակօրէն պիտի ըսեմ որ այսքան երկար տարիներու ընթացքին իմ խօսածները բնաւ պարապի գացած չեն, որովհետեւ միշտ ալ տեսած եմ որ այդ հարիւրաւոր ունկնդրիները լարուած ուշադրութեամբ ունկնդրած են իմ խօսքերը։ Ես խօսելու ընթացքին խօսքիս զուգահեռ կերպով կը քննեմ այս կէտն ալ։ Ունկնդիրները մտիկ կþընե՞ն, անոնց աչքերը ուշադրութեամբ գամուա՞ծ են իմ շրթներուս, չե՞ն յօրանջեր, ձգող ու սրահէն դուրս ելլողներ կա՞ն։ Ոչ։ Գոհունակութեամբ տեսած եմ որ իմ ունկնդիրները ուշադրութեամբ հետեւած են խօսքերուս եւ գոհ մնացած են այդ ունկնդրութենէն։ Ասիկա բարեբախտութիւն է, որովհետեւ ինծի համար ոչինչ այնքան աղիտալի ու անիմաստ է որքան խօսիլը սրահի մը մէջ ուր մարդիկ բնաւ մտիկ չեն ըներ ու իրարու հետ կը խօսակցին աղմկալի կերպով։ Աստուած գիտէ որ սրտի սեղմումով տեսած եմ շատ անգամ որ սրահի մը մէջ խեղճ երգիչ մը երգ մը կþերգէ մինչ հոն գտնուողները իրարու հետ կը խօսին ու մտիկ չեն ըներ։ Թէեւ այստեղ մխիթարական բան մը կայ։ Այդ երգիչը գոնէ կþերգէ դրամի համար, այսինքն ան աղմկալից սրահի մը մէջ երգելու յօժարած է հացի դրամի համար։ Այս տեսակէտով, թերեւս անոր բնաւ ալ հոգը չէ թէ իր երգը կ'ունկնդրուի՞ թէ ոչ, զինքը ծափահարող կա՞յ թէ ոչ։ Բայց եւ այնպէս ան ալ անշուշտ պիտի ուզէր որ մարդիկ զինքը լսէին ուշադրութեամբ։ Աստուած գիտէ որ այսպիսի պարագաներու դիմաց՝ ես միշտ երգիչը ծափահարած եմ ամէն երգէ վերջ, որպէսզի շուրջիններս ալ ինծի հետեւին ու գոնէ ծափահարութեամբ ողջունեն այն երգիչը զոր մտիկ չեն ըրած։ Այս երգիչն ալ մարդ է վերջապէս եւ բոլոր մարդոց նման, անոր համար ալ միայն դրամը չէ՛ որ կարեւոր է, մարդոց ուշադրութիւնն ու գնահատանքն ալ կարեւոր է։
Մինչդեռ ես ու իմ նմաններս դրամի համար չէ՛ որ բեմ կ'ելլենք ու ժողովուրդին կը խօսինք։ Եթէ երբեք տեսնէի թէ ունկնդիրները անուշադիր են ու զիս մտիկ չեն ըներ, ուս պիտի չթօթուէի, «Կþուզեն մտիկ ընեն, կþուզեն մտիկ չնեն, հոգս չէ», պիտի չըսէի, որովհետեւ եթէ զիս բեմի վրայ խօսելու կը հրաւիրէին, բնականաբար պիտի ուզէի որ ամէն մարդ լսէր թէ ինչ պիտի ըսէի։ Իմ ըսելիքը որքա՛ն կարեւոր էր, այդ չէ որ ծանր կը կշռէր ինծի համար։ Ես եւ ունկնդիրը որքա՞ն կը հաղորդուէինք իրարու հետ, որքա՞ն իրարու կը մօտենայինք, այդ էր որ ծանր կը կշռէր։
Բարեբախտաբար մինչեւ այսօր բնաւ յուսախաբ չեմ եղած, ամէնէն աղմկալից սրահին մէջ իսկ երբ առաջին նախադասութիւնը արտասանած եմ, յանկարծ լռութիւն հաստատուած է եւ տեսած եմ որ ներկաները սկսած են մտիկ ընել։ Ասիկա Աստուծոյ շնորհած բախտաւորութիւններէն մէկն է եւ եթէ գոնէ սա վերջին քսան տարիներու ընթացքին այսքան բազմաթիւ անգամներ եւ այսքան բազմաթիւ մարդոց կրցած եմ խօսիլ, ատիկա կը պարտիմ այդ բախտաւորութեան։ Անգամ մը միայն եթէ տեսած ըլլայի որ ունկնդիրները ձանձրոյթ կ'արտայայտեն, մտիկ չեն ըներ եւ ուրիշ տեղ կը նային, անկէ վերջ անգամ մըն ալ երբեք բեմ ելած չէի ըլլար։ Բերանս կը գոցէի ու միայն գրիչ կը գործածէի։ Բայց այդպէս չէ եղած։ Ամէն անգամ որ բեմէն իջած եմ, ունկնդիրներէս շատեր մօտեցած են ու ըսած են որ հաճոյքով ունկնդրած են, թէ զիս մտիկ ընելը հաճոյք է իրենց համար, ցաւ զգացած են որ քիչ մը աւելի երկար չեմ խօսած, եւայլն։ Ոմանք ալ ջանացած են բացատրել թէ իմ խօսքին մէջ ի՞նչն է որ պատճառ կը դառնայ որ ունկնդիրները լարուած ուշադրութեամբ հետեւին ինծի։ Արծարծուած նի՞ւթը, խօսելու ոճի հասկնալիութի՞ւնը, անսայթաք ու սահուն լեզուի մը գործածութի՞ւնը, բառերու վրայ դրուած շեշտե՞րը, երբեմն գործածուած սրամտութիւններն ու ծիծաղաշարժ նախադասութիւննե՞րը։ Թերեւս ասոնց բոլորն ալ քով քովի գալով կը ստեղծէին այն նպաստաւոր մթնոլորտը, ուր ես ու իմ ունկնդիրները կը միանայինք իրարու։
Ամէն անգամ որ բեմի վրայ ելոյթ մը ունենամ ու զգամ որ ելոյթը լաւ անցաւ, թէ ունկնդիրները հաճոյքով մտիկ ըրին ու ջերմօրէն ծափահարեցին, անպայման կը մտածեմ որ ես գրող մըն եմ եւ սա սրահին մէջ զիս ունկնդրող մարդոց կէսէն աւելին հաւանաբար բնաւ չի կարդար զիս, իմ հրատարակած թերթիս ուշադրութեամբ չի հետեւիր ամէն իրիկուն, իմ քանի մը տասնեակ գիրքերէս մէկ հատին երեսն անգամ չէ տեսած, բայց հակառակ ատոր հիմա խանդավառութեամբ մտիկ ըրաւ ու ջերմօրէն շնորհաւորեց զիս։ Եւ այն ատեն ես ինծի հարց կուտամ թէ մարդոց խօսք հասկցնելու, մարդոց հետ հաղորդուելու ձեւը խօսի՞լն է, փոխանակ գրելու, ես խօսելով աւելի՞ մեծ յաջողութիւն պիտի արձանագրէի, քան թէ գրելով։ Եւ թէ ինչո՞ւ ուրեմն զիս բեմ կը հրաւիրէին որպէս գրող, այլ ո՛չ թէ որպէս խօսող։

(Շարունակելի)


Ռ. Հատտէճեան 
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» -
(Յուշատետր - 71)