Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Երէկուան օրակարգ էր «ճանաչումէն  հատուցում»ի  հանգրուանին անցնելու պահանջքը, բայց այսօր է որ  անոր առաջին սանդխամատին ենք՝  շնորհիւ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախաձեռնած գիտաժողովին, ուր համբաւ ու կշիռ ունեցող գիտնականներու կողմէ արծարծուեցաւ մասնակի հատուցման մը հարցը:

Այն,  որ Թուրքիոյ տարածքին գտնուող հայկական եկեղեցիներն ու վանքերը պէտք է դրուին վերահսկողութեանը տակ Կիլիկիոյ Կաթո- ղիկոսութեան, որ պատմական ու բարոյական պարտաւորութիւնն ու իրաւունքը ունի անոնց տիրութեան եւ հոգատարութեան: Եթէ նաեւ  Սիսի Աթոռին կալուածային պատկանելիութիւնը հաստատող փաստաթուղթեր   կարելի եղած է փրկել-պահել, արդէն  իրաւական տեսակէտէ  իսկ անվիճելի կը դառնայ հնադարեան այդ վանքերուն ու եկեղեցիներուն սեփականատէրի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իրաւունքը:
Այս պահանջքը իր դրուածքով ու էութեամբ, իսկութեան մէջ «հատուցում» ալ չէ, այլ պարզապէս  յափշտակուած կալուածներ տիրոջ վերադարձնելու «անմեղ»  դատ մը: Նմանօրինակ դատերու արդարացիութիւնը հաստատագրուած է անջատ ու իրաւական բոլոր պետութիւններու օրինագրքերուն մէջ եւ որու դիմաց՝ ինչ-ինչ պատճառներով նոյնիսկ եթէ վերապահ կեցուածք որդեգրողներ ըլլան, բայց եւ այնպէս անոնցմէ ոչ մէկը ինքզինքին իրաւունքը պիտի կարենայ տալ վիճարկելու կամ հիմնաւորուած առարկութեամբ ընդդիմանալու ներկայացուած պահանջքին:
Որով, անժամանակ չէ այս խնդիրը անդեդեւ ու անվարան  արծարծելը ամէն պատեհ առիթի՝  կրօնական պետերու մօտ թէ համաժողովներուն, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեանց ընթացքին: Աւելորդ են մտորումները այն մասին, որ միջազգային ատեաններն ու հիմնարկները, պետական, լրագրական թէ ակադեմական շրջանակները այս հարցով զբաղեցնելը արդիւնք պիտի տա՞յ թէ ոչ, վնա՞ս պիտի պատճառէ, թէ՝ օգուտ: Միամիտ ալ պէտք չէ ըլլալ յուսալու համար, որ կþընդառաջուի պահանջքին: Բայց նաեւ կասկած ալ չունինք նպատակայարմարութեանը, որ   Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախապատրաստութեան իբրեւ առաջին «յարձակում» եւ եկեղեցիներու-վանքերու փոխանցումը իբրեւ թէ դիւրացնող միջոց ու նախաքայլ՝ եթէ ուղղակի դիմուի UNESCOին, խնդիր դնելով, որ ժամանակաւորապէս ինք ստանձնէ անոնց հոգատարութիւնը…: Աւելորդ է ըսել, որ այդ դիմումը աւելի կշիռ կը ստանայ, եթէ ապահովուի անուղղակի այլ միջամտութիւններ եւս, ինչպէս օրինակ՝ եթէ միեւնոյն հասցէին նոյնիմաստ հայց մը ներկայացուի տիտ- ղոսաւոր գիտնականներու ստորագրութիւններով:
Մինչեւ հոս ուրեմն, խօսքը «անմեղ» դատի մը մասին է, որուն թեր չեղողներն իսկ կողմնակից պիտի ըլլան…լռութեան:
Հարցը բոլորովին կը փոխուի ու տարբեր հանգամանք կը ստանայ անշուշտ, երբ միջազգային ատեաններու թէ պետական միաւորներու մօտ շեշտակի  դրուի  հողային  պահանջքը, քանի որ անիկա կը սպառնայ խախտել միջպետական բարդ   յարաբե- րութեանց, փոխկապակցուած շահերու եւ տարածաշրջանի ռազմագիտական հաւասարակշռութիւնը, ինչպէս նաեւ միջազգային համաձայնագրերով  հաստատուած ներկայ սթաթուն ու սահմաններու ընդունուած քարտէսը:
Գիտակցինք, որ աշխարհը ներկայ իրողական վիճակը (սթաթուն) ստացած է համաշխարհային երկու կործանարար պատերազմներու հետեւանքով եւ այդ սթաթուն պահպանուած է երկար տարիներու պայթունավտանգ «պաղ» պատերազմի  գնով :
Հարիւրամեակ մը առաջ, արեւելեան բարդ ու բազմերես հարցին գլխաւոր օղակներէն մէկը կը վերաբերէր Թուրքիոյ, անոր սահմանները ձեւաւորելու խնդրին: Մեր օրերու  տուեալներ ենթադրել կու տան, որ քաղաքական աշխարհին համար սահմաններու ձեւաւորումը   քարտիսագծուած է եւ ատիկա օրակարգի հարց չէ այլեւս, գէթ ներկայիս:
Ահա այս պայմաններուն մէջ, անհաւանական չէ, որ մեր կողմէ հռետորական ոճով ու լոզունգային շեշտով դրուած հողային պահանջք մը, իբրեւ քաղաքական ու ռազմավարական շատ զգայուն խնդրի, յանկարծակիի բերէ եւ մտահոգութիւն կամ «վախ» պատճառէ այն շրջանակներուն, որոնք իրենց քաղաքական թէ ակադեմական կշիռով ու հանգամանքով միշտ զօրակցած են մեզի եւ գործնապէս նպաստած, որպէս զի ցեղասպանութիւնը ճանաչումի արժանանայ միջազգային ատեաններէ, զանազան երկիրներու ազգաժողովներէ, խորհրդարաններէ: Անհաւանական չէ նաեւ, որ մեր այդ պահանջքը մեզմէ ընդմիշտ հեռացնէ անոնցմէ շատեր: Այդ շրջանակները բարեկամ դարձնելու եւ անոնց նեցուկը ապահովելու համար պէտք եղաւ տարիներու տիտանեան ճիգ ու համահայկական զօրաշարժ՝ յատկապէս սփիւռքէն: Տիտանեան այդ ճիգին շնորհիւն էր, որ նուաճուեցաւ «ճանաչում»ի հանգրուանը: Նաեւ, իմ համոզումով, նոյն արդիւնքով էր, որ միջազգայնօրէն հովանա- ւորուեցաւ Հայաստան-Թուրքիա տխրահռչակ արձանագրութիւններուն  արարը  (աքթը), եւ ատիկա՝ զանգուածային լրատուական միջոցներու լուսարձակներու դիմաց դիտումնաւոր կերպով ողջունուեցաւ ու ծափահարուեցաւ իբրեւ «լուծումը» հայ-թուրք կնճիռին, հակառակ այն իրողութեան, որ անոնք փաստօրէն Հայաստան-Թուրքիա  կնիքը ունին եւ ոչ թէ՝  հայ-թուրք…:
Բացառուած չէ տակաւին, որ մեր  հողային պահանջքին  դիմաց, օգտուելով Հայաստանի պետական-քաղաքական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու յայտնի -  անյայտ «տկարութիւններէն» եւ սայթաքումներէն, պարտադրուի անոնց յայտարարութիւն, թէ՝ «Հայաստան հողային պահանջք չունի Թուրքիայէն »… (Յիշենք նախագահ Ռ.Քոչարեանի նախընթացը, թուրք լրագրողի մը ուղղած հարցումին  իր տուած այդիմաստ  պատասխանը ):
Ի՞նչ ընել ուրեմն: Կ'առաջարկուի առ այժմ արծարծելէ հրաժարի՞լ հողայինը կամ հատուցման խնդիրը:
Ոչ անշուշտ: Դանդաղկոտութիւնը ժամանակի կորուստ է եւ կը վնասէ մեզի: Որքան ժամանակը անցնի, այնքան վտանգ կը սպառնայ, որ նորահաս սերունդներու մօտ  տկարանայ «յիշողութիւնը» եւ պայքարունակութեան ջիղը:
Այժմ եւ միշտ կառչած պիտի մնանք մանաւանդ «Միացեալ»ին, որ  համահայկական տեսլական է ու մեծագոյն նպատակ: Միաժամանակ՝ ազգային  արժանաւորութեան խնդիր է եւ ազգի ապագային երաշխիքը: Թոյլ պիտի չտանք երբեք, որ ժամանակը ընկճէ մեզ եւ գրաւումը իրաւունք դառնայ Թուրքիոյ համար:
Ինչ կը վերաբերի հատուցման խնդրին, պիտի ընդունինք, որ մեզի համար իսկ յստակ չէ տակաւին, թէ ինչ կը հասկնանք «հատուցում» ըսելով: Հրապարակագրութեանց մէջ կամ բեմերէն յաճախ կը թուարկենք մեր կրած ահաւոր վնասները, բայց չենք գիտեր, թէ անոնց դիմաց ինչ է մեր ուզածը: Պահանջքին պէս անորոշ է նաեւ պահանջողին հասցէն…կ’ըսենք՝  հայ ժողովո՜ւրդը, որ ընդհանրական ու անդէմ իմացում մըն է: Պետական կամ կուսակցական մակարդակներու վրայ նոյնիսկ օրակարգի հարց չէ դարձած ասիկա:
Դժուար չէ անդրադառնալ, որ մեր կրած մարդկային, մշակութային ու կալուածային անչափելի կորուստները երեւակայելի որեւէ ձեւով ու տարողութեամբ չի հատուցուիր, բայց եւ այնպէս քանի որ պահանջքը կայ, պահանջողը պարտաւոր է լոզունգայինէն անդին՝ հատուցման  պատկերացումը ու- նենալու:
Ամբողջ խնդիրն այն է, որ հողային պահանջքին համար անհրաժեշտ է նախ Թուրքիոյ յենարանները տկարացնել եւ մեր թիկունքը ամրացնել:
Այս իմաստով, մեր գլխաւոր ապաւէնը Սեւրն է, իսկ Թուրքիոյ համար՝ Սեւրը չէզոքացնող Լոզանի դաշնագիրը: Բայց Լոզանը չունի հայկական ստորագրութիւն, ինչ որ  իրաւունք կու տայ  հայկական կողմին՝ սահմանային բաց հաշիւի հարց յարուցելու որեւէ ժամանակ:
Ահա թէ ինչու Սեւրէն անմիջապէս վերջ եւ Լոզանէն առաջ, Թուրքիան իր ամբողջ հմայքն ու խարդաւանանքը ի գործ դրաւ Մոսկուայի մօտ եւ յաջողեցաւ իր սահմանները ամրագրել Կարսի դաշնագրով: Ծանօթ է, որ իր անկախութիւնը կորսնցուցած  անազատ Հայաստանին պարտադրուեցաւ, որ  ստորագրութիւնը դնէ  հայավնաս այդ դաշնագրին տակ:
Հողային մեր պահանջքին դիմաց՝ իբրեւ գլխաւոր յենարանի Թուրքիան իր թիկունքին ունի Կարսի դաշնագիրը եւ անոր նորացուածը՝ մերժելի արձանագրութիւնները, որոնք թէեւ սառած կը թուին ըլլալ, բայց անոնց վերաջերմանալու հաւանականութիւնը բացառուած չէ: Ասոնք կը կազմեն աքիլլէսեան մեր կռունկը, մեզ կը դնեն տկար դիրքի վրայ…: Եթէ չըլլար Կարսի դաշնագիրը, հաւանաբար բռնազբօսիկ արդարացումով  պատճառաբանուէր, որ փախադարձաբար իրարու սահմանները յարգելու-ճանչնալու բաժինը Հայաստան-Թուրքիա  արձանագրութեանց մէջ, պարզ ու ընթացիկ արարողակարգային-բրոթոքոլային ընդունուած «կաղապար» մըն է, որ կը դրուի երկկողմ համաձայնագրեր ստորագրելու կամ միջազգային ատեաններու (ՄԱԿ, Եւրոպական Խորհուրդ, եւայլն) մաս կազմելու համար: Սակայն այնքան ատեն որ Կարսի Դաշնագիրը չեղեալ չէ յայտարարուած, այդ արձանագրութիւնները անկախ  ու ինքնիշխան Հայաստանի կողմէ ստորագրուած, պիտի նկատուին… Կարսի պաշտօնականացումը:
Արամ Ա. Կաթողիկոս զգոյշ քայլով մը որեւէ նախաձեռնութիւն առնելէ առաջ կազմակերպեց գիտաժողով եւ ատով ամրացուց իր թիկունքը, միաժամանակ ազդանշանը տուաւ յաջորդ հանգրուանի սկիզբին:
Միեւնոյն զգուշաւորութիւնը աւելիով անհրաժեշտ է, երբ հատուցման ու հողային պահանջքով պիտի յաւակնինք ներկայանալ միջազգային ատեաններուն եւ առանձին պետութիւններուն:
Եղեռնի  100-ամեակը առիթ է, որ պետական հովանաւորութեամբ եւ կաթողիկոսներու մասնակցութեամբ կազմուած   100-ամեակի Համահայկական Կեդրոնական  Յանձնաժողովը իր ուշադրութիւնը  կեդրոնացնէ նաեւ  այս երկու կարեւոր հարցերուն վրայ եւ իբրեւ առանցքային ու անյետաձգելի  խնդիրներու, նախապատրաստական իր աշխատանքներու յայտագրին մէջ ներառնէ.
ա.- Համաշխարհային համբաւի տէր փորձագէտներու մասնակցութեամբ միջազգային գիտաժողովի մը կազմակերպումը, Կարսի դաշնագրին անվաւերականութիւնը հռչակելու, եւ նպատակայարմարութեան պարագային, ի հարկին նաեւ ի լուր աշխարհին յայտարարելու համար,
բ.- Նախ՝ տարածաշրջանային բաժանումներով անջատաբար, ապա համահայկական տարողութեամբ ազգային-ներկայացուցչական խորհրդաժողովներու կազմակերպումը, որպէսզի փորձ մը կատարուի՝ որոշ չափով յստակացնելու կամ առնուազն պատկերացում մը կազմելու համար հատուցման եզրերու ու ձեւաչափի ընդունելի տարազի մը մասին:
Կ'ակնկալուի, որ պետութեան եւ երկու կաթողիկոսներու հովանիին տակ եղեռնի 100-ամեակի ի- րագործումները աւելի ծանր կշռեն, քան շրջագծի մը մէջ ամեակէ- ամեակ կրկնուող ոգեկոչական ծէսերը:    


Միհրան Քիւրտօղլեան