Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Նախագահ Պարաք Օպաման գերազանցեց ինքզինք՝ ուրացման հաւասարող անգիտութիւն ցուցաբերելով մարդկութեան դէմ գործուած մեծագոյն ոճիրներէն՝ Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ:


Արդարեւ, Երկուշաբթի օր, Ողջակիզման զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող թանգարանին մէջ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին նախագահ Օպամա ոսկէ առիթը փախցուց վերականգնելու իր վարկը եւ ձերբազատելու խոս- տըմնադրոյժի անբաղձալի պիտակէն՝ զլանալով իր ճառին մէջ յիշատակել Հայկական Ցեղասպանութեան եղելութիւնը:
Ցեղասպանութիւնները եւ մարդկութեան դէմ գործուած նախճիրները դատապարտելու, անոնց կրկնութեան դէմ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը յայտարարելու նախագահ Օպամայի խօսքերը արգահատելի կը հնչեն, երբ Հայկական Ցեղասպանութեան փաստը անտեսելով եւ այդ անմարդկային ոճիրը իր անունով կոչելէ խուսափելով՝ աշխարհի ամէնէն հզօր պետութեան ղեկավարը բոլոր ցեղասպանամէտ իշխանաւորներուն առջեւ, յանուն քաղաքական  նպատակայարմարութեան՝ ամէն ինչ թոյլատրելի նկատելու պատգամն է որ կը փոխանցէ:
Նախագահ Օպամա իր այս վարքագիծով պարզապէս կը շարունակէ իր նախորդներուն քաղաքականութիւնը, որ հիմնուած է առեւտուրի ու շահադիտական հաշուարկներու վրայ, որոնք ոչ բարոյական են եւ յաճախ՝ ո՛չ ալ շահաւէտ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան տեսակէտէն: Աշխարհի գերհզօր պետութեան ղեկավարին կողմէ մանր հաշ-ւարկներով ղեկավարուիլը  երբե՛ք չի կրնար յարգանք ու ազդեցութիւն ապահովել դաշնակից երկիրներու մօտ, որոնք հաւանաբար, արդէն իսկ խորաչափած են այս երկրի անբովանդակ  դիւանագիտութիւնը եւ իրենց օգտին առաւելագոյնս կը չարաշահեն զայն:
Կ՛ուզենք նախագահ Օպամային վստահեցնել, թէ իր այս վարքագիծը մերժելի է համայն ամերիկահայութեան կողմէ, որ այս տարի Նոյեմբերին, քուէատուփին մօտենալու ժամանակ, պիտի յիշէ եւ ըստ այնմ՝ պիտի ճշդէ իր քուէն: