Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք,
Թող ողջ աշխարհ
Հային կարդայ նախատինք...
ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
Մեծ Եղեռնի 97ամեակին յատկացուած այս էջերը կը բանանք յարգանքի մեր տուրքը տալով ամէնէն առաջ մեծանուն նահատակներու այն լուսեղէն փաղանքին, որ առաջին թիրախը դարձաւ հայակեր գազանին, համատարած սպանդի եղերական օրերուն:
Հետագային, իրենց զանգուածային ձերբակալութեանց թուականով ալ բնորոշուեցաւ Մեծ Սուգի թուականը - 11/24 Ապրիլ 1915։ Մէկ օրէն միւսը խլուեցան անոնք իրենց ընտանեկան յարկերէն հիման վրայ այն սեւ ցանկերուն, որոնք պատրաստուած եւ ոստիկանութեան «Քըսմը Սիասի» կոչուած քաղաքական բաժանմունքին յանձնուած էին՝ զինադադարէն ետքը մէկը միւսին ետեւէն դիտապաստ գետին փռուած հայանուն մատնիչներու կողմէ։ Խլուեցան, տարուեցան եւ ա՛լ չվերադարձան իրենց սիրելիներուն մօտ։ Խժդժօրէն սպաննուեցան անոնք թրքական դժոխքի այլազան գործակիցներու կտրուկ հրամաններով եւ նախօրօք նշանակուած ոճրագործներու ձեռքով։
Պոլսոյ մտաւորականներուն մատնուած ճակատագրին ենթարկուեցան, այդ եղեռական թուականէն առաջ կամ ատկէ ետքը, նաեւ գաւառի կարկառուն դէմքերը,- գրագէտներ, հասարակական գործիչներ, եկեղեցականներ եւ շատ ուրիշներ,- որոնք նոյնպէս ինկան դահիճներու հարուածներուն տակ։
Եւ երբ ղեկավար դէմքերու ամայութիւնը տիրեց ամենուրեք, դահիճը իր ծանրագոյն հարուածը իջեցուց անպաշտպան մնացած բազմութեանց գլխուն, երկրին մէկ ծայրէն միւսը եւ իջեցուց այնպիսի անգթութեամբ մը, որուն նմանը չէր տեսնուած մինչեւ այդ թուականը աշխարհի որեւէ մէկ կէտին վրայ։
Թերթի սահմանափակութեան պատճառով շատ խտացուած վերաքաղ մը միայն կրցանք ընել այն բոլոր դժոխային անցքերուն, որոնք յանգեցան հայկական մայր զանգուածի վերջնական անճիտումին։ Ուրեմն, ահաւասիկ փոքր մէկ մասը՝ ուղիղ 97 տարիներ առաջ խժդժօրէն սպաննուած հայ ժողովուրդի առաջաւոր դէմքերուն, որոնք, մէյմէկ լուսապսակ իրենց ճակատներուն վրայ, հեռացան այս աշխարհէն, աշխա՛րհն ու իրենց ճակատագիրն անիծելէն, իբրեւ ժառանգութիւն մեզի ձգելով իրենց սուրբ յիշատակն ու անկորնչելի կտակը.
- Տէ՜րը եղէք մեր թափած արեան....:
Կենսագրական համառօտ գիծեր
1.- ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ.- Գրագէտ, բանստեղծ, հրապարակագիր, բեմբասաց, օսմանեան խորհրդարանի անդամ եւ միջազգային համբաւի տէր փաստաբան։ Մշակած գրական սեռը անմահացուց ան իր գեղեցիկ նորավէպերով, որոնք ամփոփուած են երեք գրքերու մէջ - «Խղճմտանքի Ձայներ», «Կեանքը ինչպէս որ է» եւ «Լուռ Ցաւեր»։ Աշխատակցած է հայ մամուլին եւ մասնաւորաբար գրական պարբերաթերթերուն, իր սահուն ու զմայլելի ոճով գեղեցկացած գրուածքներով։ Նահատակուեցաւ Ուրֆայէն երկու ժամ անդին, «Շէյթան տէրեսի» կոչուած ձորին մէջ, Օգոստոս 2-ին, 54 տարեկանին։
2.- ՍԻԱՄԱՆԹՕ.- Բուն անունով Ատոմ Եարճանեան, ծնած Ակն եւ աշակերտած պոլսահայ վարժարաններու մէջ։ Օսմանեան Պանքայի գրաւումէն ետք, 1896-ին, անցած է Ժընեւ, ուր զբաղած է գրականութեամբ եւ ինքնազարգացումով։ Այնտեղ ալ յայտնուած է իբրեւ իր նմանը չունեցող դիւցազներգակ բանաստեղծ, որ արագ վերելքով մը դարձաւ հայկական բանաստեղծութեան գագաթներէն մէկը։ «Հիւրրիէթ»էն ետք վերադարձաւ Պոլիս եւ նուիրուեցաւ գրական - ստեղծագործական կեանքի։
3.- ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ.- Բուն անունով Չպուքեարեան։ Իր կարգին, մէկը ժամանակակից հայկական բանաստեղծութեան գագաթներէն։ Ծնած է Սեբաստիոյ Բրգնիք գիւղը։ Ընթացաւարտ՝ Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանէն եւ Կանտի համալսարանէն (Պելճիքա)։ Պոլիս վերադառնալով, դիւանագիտական ասպարէզի համար պատրաստուած Վարուժանը նուիրուեցաւ ուսուցչական ասպարէզին։ Իբրեւ տնօրէն պաշտօնավարեց Սվազի եւ Թոքատի ազգ. վարժարաններուն եւ կաթողիկէ համայնքի Բերայի Լուսաւորչական վարժարանին մէջ։
4.- Է. ԱԿՆՈՒՆԻ.- Բուն անունով Խաչատուր Մալումեան, ծնած՝ Մեղրի։ Նշանաւոր հրապարակագիր, բեմբասաց եւ հանրային - քաղաքական գործիչ, որուն շատ բեղուն գործունէութիւնը սկսաւ Թիֆլիսի մէջ եւ ապա յաջորդաբար շարունակուեցաւ Սէն Փեթերսպուրկ, Ժընեւ, Փարիզ, Պոլիս եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Հրապարակագրական իր քաղցր ու պատկերաւոր ոճը մնաց անհասանելի եւ եզակի՝ հայկական ժամանակակից հրապարակագրութեան մէջ։ Աշխատակցած է դաշնակցական թերթերուն։ Իսկ հայրենական - յեղափոխական շունչով օծուն իր յօդուածներէն լաւագոյնները ամփոփուած են զանազան գրքոյքներու մէջ։
5.- ՌՈՒԲԷՆ ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ.- Ծնած է Խարբերդ։ Սկիզբները իրեն ասպարէզ ընտրած է ուսուցչութիւնն ու յեղափոխական կեանքը։ Ծննդավայրին եւ ապա Մանիսայի մէջ զբաղած է ուսուցչութեամբ, նուիրուելով միաժամանակ հրապարակագրութեան։ Այս մարզին մէջ յայտնուած է ան իբրեւ մէկը մեր կարողագոյն հրապարակագիրներէն։ Եղաւ ան նաեւ տաղանդաւոր գրագէտ մը, որ իր կուռ ու պատկերաւոր արձակով սքանչելի էջեր ձգեց հայոց գրականութեան։ Արտասահման ապաստանելով, 1905-էն սկսեալ հրատարակեց դաշնակցական «Ռազմիկ» թերթը Ֆիլիպէի մէջ։ «Հիւրիէթ»էն ետք վերադարձաւ Պոլիս, դարձաւ «Ազատամարտիկ»ի խմբագրապետը եւ իբրեւ այդպիսին մնաց մինչեւ թերթին հրատարակութեան վերջին օրը՝ 10/23 Ապրիլ 1915։
6.- ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՇԱՀՐԻԿԵԱՆ.- Գրչանունով՝ Ատոմ, ծնած է Շապին Գարահիսար։ Հ. Յ. Դաշնակցութեան կարկառուն դէմքերէն՝ կարող բեմբասաց, հրապարակագիր, հանրային ¬ քաղաքական գործիչ եւ փաստաբան։ Իր հրապարակագրութիւնը միշտ բնորոշուեցաւ տրամաբանական կուռ շղթայաւորումով, սուր ոճով եւ պայքարունակ խոյանքով։ Սարսափն էր ան պահպանողական - յետադիմական հոսանքներուն, մանաւանդ Պոլսոյ մէջ, ուր հաստատուած էր 1908-էն ետքը։ Մինչեւ իր վերջին շունչը մնաց ան գաղափարական պայքարի աննկուն մարդը։ Եղաւ գլխաւոր աշխատակիցներէն մէկը Պոլսոյ «Ազատամարտ»ին։
7.- ԳԱՐԵԳԻՆ ԽԱԺԱԿ.- Բուն անունով Գարեգին Չաքալեան։ Ծնած է Ալեքսանդրապոլ, այժմու Լենինականը։ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը երեք տարի յաճախելէ ետք, ուսուցչութիւն ըրած է Կովկասի մէջ։ Աւարտած է Ժընեւի համալսարանին ընկերային գիտութեանց ճիւղը, 1893-ին։ Այնուհետեւ ունեցած է թափառական կեանք մը, իբրեւ դաշնակցական գործիչ, խմբագիր կամ ուսուցիչ Աղեքսանդրիոյ, Իզմիրի, Ռուսճուքի, Պոլսոյ եւ ապա Շուշիի եւ Թիֆլիսի մէջ, ուր պաշտօնավարած է իբրեւ խմբագիր «Մշակ» օրաթերթի եւ ուսուցիչ Ներսիսեան վարժարանի։ Բանտարկուած է Կովկասի մէջ մէկուկէս տարիով եւ ապա, 1912-ին Պոլիս հասնելով, ստանձնած է Սամաթիոյ ազգ. վարժարանին տնօրէնութիւնը։ Համոզումով ընկերվարական՝ մաս կը կազմէր ան Հ. Յ. Դաշնակցութեան ձախ թեւին։ Եղաւ լաւ հռետոր եւ լաւ հրապարակագիր մը։
8.- Ա. ՎՌԱՄԵԱՆ.- Բուն անունով՝ Օննիկ Դերձակեան։ Ծնած է Պոլիս, ուրկէ, Լ. Շանթին հետ կը ղրկուի Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը։ Վկայուելէն ետք կը վերադառնայ Պոլիս։ Կը մտնէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերը 1892-ին եւ կը լծուի յեղափոխական գործունէութեան, մանաւանդ ուժանակի փոխադրութեան գործին։ Օսմանեան Պանքայի գրաւումէն ետք, 1896-ի աշնան, Պուլկարի մը անցագրով կþանցնի Ֆիլիպէ եւ ապա Ժընեւ, ուր ժամանակ մը կը վարէ «Դրօշակ»ի խմբագրութիւնը։ Այնուհետեւ կþանցնի Ամերիկա, իբրեւ «Հայրենիք»ի խմբագիր։ Կովկաս է 1907-ին եւ յաջորդ տարին, «Հիւրիէթ»էն ետք կþանցնի Վան, հասարակական գործիչի հանգամանքով։ Տարի մը ետքը կը հաստատուի Պոլիս։
9.- ԹԼԿԱՏԻՆՑԻ.- Բուն անունով Յովհաննէս Յարութիւնեան, ծնած է Խարբերդի Թլկատին գիւղը։ Նախակրթութիւնը ստանալէ ետք կը զարգանայ ինքնաշխատութեամբ եւ կը նուիրուի ուսուցչութեան, որ եղաւ իր մնայուն ասպարէզը։ Հասցուց բազմաթիւ սաներ, որոնց մէջ եւ Ռուբէն Զարդարեանը։ Ուսուցչական զբաղումներուն կողքին, նուիրուեցաւ ան նաեւ գրական կեանքին եւ դարձաւ մէկը գաւառական գրականութեան մատի վրայ համրուող տիրական դէմքերէն։ Իր սրատես ու թափանցող մտքով, այլեւ գրելու իր ճարտարութեամբ, թանկագին վաստակի տէր գրագէտ մը եղաւ ան եւ դարձաւ հեղինակը բազմաթիւ պատմուածքներու, քրոնիկներու, քերթուածներու եւ թատերագրական էջերու։ Աշխատակցած է պոլսահայ թերթերուն։
10.- ԱՐՏԱՇԷՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ.- Իր ծննդավայրին՝ Մալկարայի մէջ ինքնաշխատութեամբ ձեւաւորուած գրագէտ եւ գեղագէտ բանաստեղծ մը եղաւ ան եւ յաճախ գործածեց «Մալկարացի Կարօ» գրչանունը։ Իննսունական թուականներէն սկսեալ եւ մինչեւ իր մահը աշխատակցած է պոլսահայ թերթերուն, քերթուածներով, արձակ էջերով եւ քննադատականներով։
11.- ՄԵԼՔՈՆ ԿԻՒՐՃԵԱՆ.- Գրչանունով՝ Հրանդ։ Ծնած է Հաւաւ ¥Բալու¤։ Գրագէտ եւ բազմավաստակ ուսուցիչ։ Մանկական տարիքին գաղթած է Պոլիս եւ ուսումը ստացած է Սիւտարի Ճեմարանին եւ Ս. Խաչ վարժարանին մէջ։ Այնուհետեւ ընդգրկած է ուսուցչական ասպարէզը, դասաւանդելով հայկական դպրութիւնն ու գրաբարը, Ռոտոսթոյի եւ Պոլսոյ ազգային վարժարաններուն մէջ։ Անցած է Վառնա, 1896-ի դէպքերէն ետք եւ հոն հիմնած է Արծրունեան վարժարանը։ Ապա վերադարձած է Պոլիս։ Իբրեւ դաշնակցական ձերբակալուելով աքսորուած է Գասթէմունի, ուր մնացած է 10 տարի եւ զբաղած է ուսուցչութեամբ։
12.- ՎԱՐԴԳԷՍ.- Բուն անունով Յովհաննէս Սէրէնկիւլեան, Կարնոյ համանուն գերդաստանէն։ Ծննդավայրէն կը հեռանայ 20 տարեկանին, կþանցնի Պոլիս, կը նուիրուի ուսուցչական ասպարէզին եւ ի միջի այլոց կը վարէ նաեւ Կէտիկ Փաշայի ազգ. վարժարանին տնօրէնութիւնը։ Կը մտնէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերը 1892-ին, կը բանտարկուի եւ ապա ազատ ձգուելով, Օսմանեան Դրամատան գրաւումէն ետք, 1896-ին, կþանցնի Պուլկարիա, հոնկէ Ժընեւ եւ ապա Կովկաս։ Գաղտնօրէն կþանցնի Վան 1899-ին եւ հոն ձերբակալուելով 1903-ին, կը դատապարտուի մահուան։ Ֆրանսական միջամտութեամբ մահավճիռը կը փոխուի ցմահ բանտարկութեան։ Տաժանելի պայմաններու մէջ բանտարկուած կը մնայ զանազան քաղաքներու բանտերուն մէջ, մինչեւ «Հիւրիէթ»ի հռչակումը։ Այնուհետեւ երեսփոխան կþընտրուի իր ծննդավայրէն եւ կը հաստատուի Պոլիս։ Իբրեւ հանրային-քաղաքական անձնուէր գործիչ իր կեանքը ամբողջական նուիրում մը եղաւ իր ժողովուրդին։
13.- ԳԵՂԱՄ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ.- Ծնած է Պոլիս եւ ուսումը ստացած է Կէտիկ Փաշայի ազգ. վարժարանը, Վարդգէսի եւ Լ. Շանթի պաշտօնավարութեան շրջանին եւ անոնց շունչին տակ թրծուած է դաշնակցական երիտասարդի իր խառնուածքը։ Առաջին օրէն հակում ունեցած է լրագրական ասպարէզին համար եւ իբրեւ խմբագիր իր նախաքայլերը առած է Պոլսոյ «Սուրհանդակ»ին մէջ, Շ. Միսաքեանին հետ։ Ու դարձեալ միասին հրատարակած են «Ազդակ» գրական շաբաթաթերթը։ Իսկ «Ազատամարտ»ի հրատարակութենէն սկսեալ մինչեւ դադարումը աշխատած է այդ թերթի խմբագրական կազմին մէջ։
14.- ՌՈՒԲԷՆ ՍԵՒԱԿ.- Աւազանի անունով՝ Ռուբէն Չիլինկիրեան, ծնած Սիլիվրի։ Տեղւոյն նախակրթարանէն ետք յաճախած է Պարտիզակի Ամերիկեան Բարձրագոյն վարժարանը եւ աւարտած է Պոլսոյ Պէրպէրեանը։ Այնուհետեւ մեկնած է Լոզան, ուրկէ ստացած է իր բժշկական վկայականը եւ հոն ալ մնացած է մինչեւ 1914։ Կարծէք սեւ ճակատագրի անիմանալի մղումով է, որ այդ թուականին գնաց եւ հաստատուեցաւ Պոլիս, հազիւ տարի մը անց դառնալու համար Մեծ Եղեռնի զոհերէն մէկը։ Տաղանդաշատ գրագէտ, բանաստեղծ եւ մասնագիտացած բժիշկ, ըստ ամենայնի։ Իր քերթուածները թաթաւուն են մարդկային, հայրենասիրական եւ սիրային նուրբ զգայնութիւններով։
15.- ԵՐՈՒԱՆԴ ՍՐՄԱՔԷՇԽԱՆԼԵԱՆ.- Գրչանունով՝ Երուխան, գրական, հրապարակագրական եւ ուսուցչական շնորհներով օժտուած դէմք մը, ծնած Պոլիս ¥Խասգիւղ¤ եւ յաճախած Ներսէսեան եւ Կեդրոնական վարժարանները։ Իբրեւ գրագէտ կը յայտնուի ան «Արեւելք»ի եւ «Մասիս»ի մէջ, մասնաւորաբար ձկնորսներու կեանքէն քաղուած պատմուածքներով։ Այնուհետեւ, 1896-ի դէպքերէն ետք, կþապաստանի Վառնա, ուր կը հրատարակէ «Շարժում» եւ «Շաւիղ» թերթերը։ Եգիպտոս կը փոխադրուի 1904-ին եւ հոն կը զբաղի գրականութեամբ եւ ուսուցչութեամբ։
16.- ՏՈՔԹ. Ն. ՏԱՂԱՒԱՐԵԱՆ (Չատըրճեան).- Բժշկագիտական եւ բանասիրական տաղանդով օժտուած եւ ազգային - հասարակական կեանքին մէջ եւս գործօն դեր ունեցած դէմք մը։ Ծնած է Սեբաստիա եւ ուսումը Պոլսոյ մէջ ստանալէ ետք, Ֆրանսայի մէջ կատարելագործած է, վկայուելով նախ իբրեւ երկրագործական ճարտարագէտ եւ ապա իբրեւ բժիշկ։ Ապրած է Փարիզ եւ Գահիրէ, ուր եղած է Հայ Բարեգործական Ընդհ. Միութեան հիմնադիրներէն մէկը։
17.- ՏԻՐԱՆ ՔԷԼԷԿԵԱՆ.- Բնիկ կեսարացի եւ միջազգային տարողութեամբ օրագրող եւ հրապարակագիր։ Նախակրթութիւնը Պոլսոյ ազգ. վարժարաններուն մէջ ստանալէ ետք յաճախած է Մարսէյլի առեւտրական դպրոցն ու Փարիզի գիտութեանց կաճառը։ Ինքնաշխատութեամբ մասնագիտացած է անգլերէն, ֆրանսերէն եւ թուրքերէն լեզուներու մէջ։ Ու նետուած է լրագրական ասպարէզ։ Խմբագրած է թուրքերէն եւ հայատառ թուրքերէն թերթեր Պոլսոյ մէջ։ Անապահովութեան հետեւանքով գաղթած եւ երկար տարիներով ապրած է Եւրոպա եւ Եգիպտոս։ Աշխատակցած է անգլերէն եւ ֆրանսերէն թերթերու, իբրեւ յօդուածագիր կամ թղթակից։ Իր հրապարակագրական ասպարէզին ամէնէն նշանակալից - այլեւ վերջին- հանգրուանը եղաւ Պոլսոյ «Սապահ» օրաթերթը, որուն խմբագրապետը եղաւ՝ «Հիւրիէթ»էն Պոլիս վերադառնալէն ետք, մինչեւ իր եղերական վախճանը։
18.- ՏՈՔԹ. ԿԱՐԱՊԵՏ ՓԱՇԱՅԵԱՆ.- Ծնած է Պոլիս, Կէտիկ Փաշա։ Աւարտած է Պոլսոյ բժշկական համալսարանը եւ յաջորդաբար պաշտօնավարած է Բալու, Մալաթիա, եւ Տիվրիկ, իբրեւ քաղաքապետական բժիշկ։ Դաշնակցական՝ փոքր տարիքէն, երկու անգամ բանտարկուած, դատուած ու մահուան դատապարտուած է իր յեղափոխական գործունէութեան համար։ Առաջին անգամ ներում ստացած է՝ Սվազի դատաւորին աչքը դարմանելուն շնորհիւ, իսկ երկրորդին, Շապին Գարահիսարի մէջ, ներման արժանացած է Պոլսոյ ֆրանսական դեսպանին միջամտութեամբ։ Կþանցնի Պարսկաստան եւ 7 տարի գործօն աշխատանք կը տանի յեղափոխական - կուսակցական կեանքի մէջ։ Այնուհետեւ 3 տարի կը մնայ Աղեքսանդրիա, ուր կը հրատարակէ «Հորիզոն» թերթը, իր բացած «Կամպէթթա» անունով տպարանին մէջ։ Նորէն կþանցնի Պարսկաստան, ուր կը մնայ 6 տարի եւս, մինչեւ որ «Հիւրիէթ»էն ետք Պոլիս վերադառնալուն, օսմանեան փարլամէնթի երեսփոխան կþընտրուի Սեբաստիայէն։
19.- ՍԱՐԳԻՍ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ.- Ճանչցուած էր նաեւ Շամիլ անունով։ Այս երկու անուններն ալ, սակայն, կեղծանուններն էին բնիկ գանձակեցի եւ անունով Լեւոն Օտապաշեանին, որ հանդիսացաւ Հայ Յեղափոխութեան արժանաւոր ռազմիկներէն ու գործիչներէն մէկը, Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ եւ տարիներով գործեց Վանայ եւ Կարնոյ մէջ։ Իր յեղափոխական գործունէութեան իբրեւ վարագոյր, կը ներկայանար ան իբրեւ Վանայ ազգային վարժարաններուն շրջուն տեսուչ, պաշտօն մը, զոր ունեցած է նաեւ Կիրասոնի մէջ։
20- ԻՇԽԱՆ.- Բուն անունով Նիկողայոս Պօղոսեան, բնիկ գանձակեցի։ Աննկուն ռազմիկ եւ մտաւորական, որ կանուխէն մտած էր Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերը։ Իր արդիւնաշատ գործունէութեան գլխաւոր կեդրոնը կþըլլայ Վանը, ուր կը դառնայ ղեկավար դէմք մը։ Կը կազմակերպէ քաղաքը, Շատախը, Հայոց Ձորը, Թիմարը եւ այլ գաւառական կեդրոններ եւ յաճախ կը մասնակցի կռիւներուն։ Ուժ կուտայ կրթական գործին եւ բանալ կուտայ նոր դպրոցներ, մանաւանդ «Հիւրիէթ»էն ետք։ Կþաշխատակցի «Աշխատանք» թերթին, կը բանախօսէ, կþանդամակցի ազգային մարմիններու։
21.- ՀՐԱՉ ԹԻՐԵԱՔԵԱՆ.- Յեղափոխական խիզախ գործիչ, որ Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերը անցաւ իննսունական թուականներու կէսին, երբ գիւղատնտեսութիւն կþուսանէր Ֆրանսա, Նանսիի համալսարանը։ Հազիւ տարի մը անցած, ամենայն նուիրումով ու յանդգնութեամբ մաս կազմեց ան Բաբգէն Սիւնիի, Արմէն Գարոյի եւ իր այլ ընկերներու այն խումբին, որ 1896-ի Օգոստոս 13/23ին գրաւեց Պոլսոյ Օսմանեան Պանքան։
22- ՍԱՐԳԻՍ ՄԻՆԱՍԵԱՆ.- Հրապարակագիր, քաղաքական գործիչ եւ ուսուցիչ, իր այս երեք հանգամանքներով ուշագրաւ դէմք մը հանդիսացաւ ան իր գործած բոլոր վայրերուն մէջ: Հետեւած է քաղաքական եւ ըներկային գիտութեանց դասընթացքներու, աշխատակցելով միաժամանակ «Դրօշակ»ի:
23 - ՄԱՐԶՊԵՏ.- Բուն անունով Ղազար Ղազարեան: Որբացած՝ կը ղրկուի Պոլիս եւ ուսումը Պէզճեան վարժարանին մէջ ստանալէ ետք, կÿրեթայ Միւնիխ եւ կը վկայուի իբրեւ մասնագէտ մանկավարժ: Այնուհետեւ իբրեւ դաշնակցական գործիչ կÿանցնի նախ Ժընեւ եւ ապա Պարսկաստան, ուր, Մալխասին յաջորդելով, կը դառնայ Խոյի շրջանին մէջ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ներկայացուցիչը: Կը մեկնի Վան ու Պիթլիս, միշտ կուսակցական առաքելութեամբ: «Հիւրրիյէթ» կը հաստատուի Պոլիս եւ կը նշանակուի Եէնի Գաբուի վարժարանին տնօրէն: Պուլկարիա կը ղրկուի կազմակերպական գործով եւ 1914ին, պատերազմի հռչակման օրերուն, կը վերադառնայ Պոլիս: Հոն ալ կը ձերբակալուի ու կÿաքսորուի, բայց անկէ ետք, խորհրդաւոր պայմաններու տակ, ան ամէն տեղ կÿըլլայ, իբրեւ թուրք... հաճի: Մարդ չի կռահեր իր ինքնութիւնը: Կը դառնայ բանակին հայթայթիչ եւ իր դիրքին շնորհիւ մահէն կÿազատէ հարիւրաւոր հայեր:
23 - ԲԱՐՍԵՂ ՇԱՀՊԱԶ.- Ծնած է Պոլիս եւ մայր վարժարանին, Կեդրոնական վարժարանին եւ Գատըքէօյի Մխիթարեան վարժարանին մէջ ուսանելէ ետք, գացած է Վենետիկ եւ վկայուած է Մուրատ-Ռափայէլեանէն:
Դաշնակցութեան շարքերէն ներս մկրտուած է հոն Աւետիս Ահարոնեանի մէկ այցելութեան առթիւ: Պոլիս վերադարձէն ետք, Օրմանեան պատրիարքին դէմ գործուած մահափորձին հետեւանքով փախած է Եգիպտոս, ուր ապրած է 5 տարի, զբաղած է առեւտուրով եւ կարեւոր դեր ունեցած է տեղւոյն ազգային կեանքին մէջ, ի յայտ բերելով հանրային գործիչի իր ընդունակութիւնները: Կրակուբոց բանախօս էր եւ կարող հրապարակագիր: Իբրեւ Դաշնակցական գործիչ շրջած է Պոլիս եւ ներքին գաւառները: Գտնուած է նաեւ Պուլկարիա եւ Փարիզ, ուր յաճախած է համալսարանի իրաւաբանական ճիւը, աշխատելով միաժամանակ «Փրօ Արմենիա»ի խմբագրութեան մէջ, Մ. Վարանդեանին հետ:
25.- ՎԱՀԱՆ ՀԻՒՍԻՍԵԱՆ.- Սքանչելի դէմ մը հայ ժողովուրդի հերոսական պատմութեան մէջ: Փոքր տարիքին մտնելով Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերը, ինքզինքը նուիրած է իր շրջանի հայ երիտասարդութեան դաստիարակութեան եւ կազմակերպութեան: Իրեն գաղափարակից ընկերներու հետ իր ծննդավայրին՝ Շապին Գարահիսարի մէջ հիմնած է լսարան, թատրոն, արհեստակցական միութիւններ եւ քարոզչական ու կրթական գործերով յաճախ այցելած է շրջակայ հայաբնակ գիւղերը, դառնալով բոլորի պաշտամունքի առարկան: Դահիճները չկարենալով իր հետքը գտնել, ձերբակալած են ծերունի հայրը եւ կախած Սեբաստիոյ մէջ: 2-15 Յունիս 1915ին ծայր առած են ընդհանրումները հայկական թաղին մէջ: Վահանը անցած է գործի, ուրիշ նուիրեալներու հետ ղեկավարելով ապստամբութեան գործը:
26.- ՄԿՐՏԻՉ ԵՕԹՆԷՂԲԷՐԵԱՆ.- Հերոսական դէմք մը Հայ Յեղափոխութեան պատմութեան մէջ եւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան զինուորագրեալներէն: Անմահացաւ բազմաթիւ յանդուգն նախաձեռնութիւններով, գործեոլով Ուրֆայի, Հալէպի, Զէյթունի, Տիգրանակերտի եւ Սասունի մէջ: Եղած է յանդուգն ու ճարպիկ ահաբեկիչ: Մեծ դեր ունեցած է Ուրֆայի բնակչութեան սպառազինման մէջ եւ աներեւակայելի ու շատ վտանգաւոր հնարքներով յաջողած է ձեռք անցնել մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք:
27.- ԳԷՈՐԳ ՎԻՇԱՊԵԱՆ.- Բուն անունով Սարգիս Քէչեան: Ծնած էր Կեսարիա եւ հոն ալ ստացած էր իր ուսումը: Առեւտրական գործով Իզմիր փոխադրուելով, մտած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերը՝ դառնալով ազդու քարոզիչ: Հետապնդման ենթարկուելով 1906ին յաջողած է ապաստանիլ Եգիպտոս, իր բացակայութեան ընթացքին դատապարտուելով ցմահ տաժանակիր աշխատանքի: «Հիւրրիյէթ»էն ետք կը վերադառնայ իր ծննդավայրը, ուր կը լծուի ազգային-հասարակական գործունէութեան: Աղէտի տարին, Կեսարիոյ բոլոր երեւելի հայերուն եւ իր ընկերներուն հետ կը ձերբակալուի եւ հրէշային չարչարանքներու կ'ենթարկուի բանտին մէջ։ Կը դատուի տեղւոյն պատերազմական ատեանին առջեւ եւ իր ընկերները փրկելու մտահոգութեամբ, իր վրայ կ'առնէ իր եւ անոնց դէմ բանաձեւուած բոլոր մեղադրանքները եւ կը դատապարտուի մահուան։ Վճիռը կը գործադրուի կախաղանով։
28.- ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ՊՕՅԱՃԵԱՆ.- Յեղափոխական աննկուն ղեկավար, որ եւ եղաւ Ս. Դ. Հնչակեան կուսակցութեան առաջին հիմնադիրներէն մէկը, 1888-ին։ Ունեցաւ փոթորկոտ գործունէութիւն մը այն բոլոր տարիներուն, երբ բռնապետի թաթը բանտ կամ աքսորավայր չէր նետած զինքը։ Ինք եղաւ մէկը 1895-ի Սասնոյ ապստամբութեան ղեկավարներէն, Միհրան Տամատեանի եւ Գէորգ Չաւուշի հետ։ Այդ շրջանին ալ ձերբակալուելով ղրկուեցաւ Բաղէշի բանտը, ուր մնաց երկու տարի եւ դատապարտուեցաւ մահուան։ Օտար միջամտութեամբ մահապատիժը փոխուեցաւ ցմահ բերդարգելութեան եւ արգելափակուեցաւ ափրիկեան Թարապլուսի մէջ։
29.- ՓԱՐԱՄԱԶ.- Այլ անուամբ Մատթէոս Սարգիսեան կամ Ռոտոսթոցի Համբարձում Գրիգոր՝ Փարամազ ծնած է Ղարաբաղ եւ պատանեկան տարիքէն մտնելով Հնչակեան կուսակցութեան շարքերը, արագ վերելքով մը կը դառնայ անոր տիրական դէմքերէն մէկը։ Մեծ դեր ունեցած է Վանայ ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն եւ հայ - թաթարական ընդհարումներու շրջաններուն։ Երկար տարիներով գործած է Կովկասի մէջ եւ ղեկավարած է հնչակեան մարմինները, մեծ ժողովրդականութիւն վայելելով ամենուրեք։
30.- ՏՈՔԹ. ՊԷՆՆԷ ԹՈՐՈՍԵԱՆ.- Այլ անունով Պետրոս Մանուկեան։ Մէկ ուրիշը՝ կախաղան բարձրացուած 20 հնչակեան նահատակներէն։ Ծնած էր Հիւսէյնիկ ¥Խարբերդ¤, աւարտած էր «Եփրատ» գոլէճը 1903-ին եւ ապա վկայուած էր Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկական ճիւղէն։ Ամերիկա անցնելով՝ կատարելագործած էր իր մասնակցութիւնը եւ ապա վերադարձած էր Պոլիս, ուր ի գործ կը դնէր իր արուեստը, միաժամանակ գործօն մասնակցութիւն բերելով տեղւոյն ազգային-հասարակական կեանքին։
31.- ԳԵՂԱՄ ՎԱՆԻԿԵԱՆ.- Ծնած է Վան եւ տեղւոյն Երամեան վարժարանէն վկայուելէ ետք կ'երթայ Պոլիս եւ 1913-ին կ'աւարտէ հոն իրաւաբանական վարժարանը։ Եղաւ ան Հնչակեան կուսակցութեան նորահաս ուժերէն մէկը։
32.- ԱՐԱՄ ԱՉԸՔՊԱՇԵԱՆ.- Բնիկ արաբկիրցի։ Ծննդավայրին մէջ ուսումը ստանալէ ետք Պոլիս անցնելով, քանի մը տարի կը հետեւի իրաւաբանական վարժարանին եւ այդ շրջանին կը մտնէ Հնչակեան կուսակցութեան շարքերը։ Գումգափուի ցոյցին կազմակերպիչներէն էր , ապա անցաւ Եւրոպա, ղրկուեցաւ Փոքր Հայկի շրջանը, հայ երիտասարդութիւնը կազմակերպելու համար։