Print
Category: Յօդուածագրութիւն

ՄԵծ Եղեռնի սպանդէն կը փրկուին հազարաւոր հայեր, ապաստանելով քիւրտերու, լազերու, արաբներու, նոյնիսկ թուրք ընտանիքներու մօտ եւ կամ թաքնուելով լեռներու ու անտառներու մէջ։

Ջարդերէն անոնց կրած սարսափը, հարազատներու եւ ընտանեկան բոյնի կորուստին պատճառած կսկիծը, մանաւանդ իսլամանալու հեռանկարը այդ դժբախտ հայերու կեանքը կը վերածեն ամենօրեայ մղձաւանջի։ Կենդանի այդ մարտիրոսներէն ոմանք կ'ազատին ռուս բանակի յառաջապահ հայ կամաւորներու կողմէ։
Միւսներու ճակատագրով առաջին հետաքրքրուողները կ'ըլլան հայ ազատագրական պայքարի նուիրեալները - Սեբաստացի Մուրատ, Սեպուհ, Կայծակ Առաքել, Կիւմիշխանեցի Աւօ, Սմբատ ու իրենց զինակից ընկերները։
1916-ի կէսերուն Թիֆլիսի հայ թերթերը կը հրատարակեն Մուրատի ստորագրութիւնը կրող «Մէկ հայ, մէկ ոսկի» կոչը։ Հայ կազմակերպութիւններուն ու հասարակութեան ուղղուած սրտառուչ հրաւէր մըն էր այդ կոչը, որ կþառաջարկէր ստեղծել ֆոնտ մը, յատկացնելու համար յիշեալ դժբախտ հայերու փրկութեան նպատակին։
Ծրագիրը գործի վերածելու համար կը նշանակուի յատուկ յանձնախումբ՝ գլխաւորութեամբ Ստեփան Ծաղիկեանի եւ Գրիգոր Ամիրեանի։ Կը կազմուին «Որոնող» խումբեր։ Ազգային Բիւրոն յատուկ պիւտճէ կը յատկացնէ այս նպատակին համար։ Մուրատի «Կոչ»ին կþընդառաջէ Տայքի (Խոտորջուր) հայրենակցական միութիւնը՝ նուիրելով 55000 ռուբլի։ Շուտով նուիրահաւաքման շարժումը կը դառնայ համազգային եւ Կովկասէն մինչեւ Ամերիկա, հայ հաստատութիւններ կը գոյացնեն շօշափելի գումարներ։

Կը սկսի «Ժողվըտուք»ը։ Երզնկայէն մինչեւ Համշէն, մինչեւ Տերսիմ, Կամախ, Սասուն, Պուլանըխ ու Վասպուրական, անձ գլուխ մէկ ոսկեդրամի փոխարէն, քիւրտեր ու լազեր հազարաւոր հայեր կը յանձնեն «Որոնող» խումբերու ներկայացուցիչներուն։
Այս նախախնամական գործին իրենք նիւթական ու բարոյական նպաստը կը բերեն ռուս բանակի հայազգի զօրավարներ Թովմաս Նազարբէկեան ու Մովսէս Սիլիկեան։ Այս շարժումին օրինակով հայափրկութեան գործը կը շարունակուի մինչեւ 1930-ական թուականները՝ Սուրիական անապատներուն մէջ, Միջագէտքի արաբներու քովէն փրկելով բազմաթիւ հայեր։
Ոմանց կարծիքով «Մէկ հայ, մէկ ոսկի» ձեռնարկի շնորհիւ քսանէն-քսանհինգ հազար հայեր կը փրկուին։ Այս գործին մէջ յիշատակութեան արժանի են Հալէպի Ահարոն պատուելին ու իր որբանոցը։