Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Երեքշաբթի, 27 Մարտ, 2012
«Զուարթնոց» օդակայանը կը հասնինք առաւօտեան ժամը 5։00-ին ինչպէս նախատեսուած էր։ Վարշավայի մէջ, ուր անցուցինք ամբողջ օր մը, մեզի փոխանցեցին, որ նախանցեալ Կիրակիէն սկսեալ է որ Եւրոպայի մէջ անցած են ամառնային ժամերու։

Հակառակ անոր որ երեք տարբեր օդանաւեր կը հասնին նոյն ժամուն, կէս ժամէն արդէն մեր ճամպրուկները առած դուրսն ենք, բայց զարմանալիօրէն մեզի դիմաւորողները հոն չեն։ Դրան առջեւ կայնած թաքսիի վարորդները մէկ մէկ կը մօտենան մեզի եւ կ'ուզեն իմանալ որ իրենց սպասարկութեան պէտք ունի՞նք։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք եւ կþըսենք որ մեզի դիմաւորողներ պիտի ըլլան։ Յանկարծ կը մտածեմ, որ թերեւս ժամերու փոփոխութեան զոհն ենք։ Անոնցմէ մէկուն կը հարցնենք, որ ժամը քանի՞ն է, եւ կ'իմանանք որ տակաւին 4:30 է։ «Ամառնային ժամերու չէ՞ք անցել», կը հարցնեմ։ «Ոչ, ասացին, որ այս տարի ժամերը չենք փոխելու», կը պատասխանէ։ «Ամբողջ աշխարհը փոխել է, մենք չե՞նք փոխում», կը հարցնեմ։ «Ռուսաստանն էլ չի փոխում», կը պատասխանէ։ Արդէն պարզ է։ Մեզի դիմաւորողները կէս ժամէն պիտի հասնին։ Ըստ մեր տոմսին, ժամը հինգին պիտի գային օդակայան։ Շուտով կ'անդրադառնանք, որ այլ ուղեւորներ եւս մեզի նման կը սպասեն զիրենք դիմաւորողներուն։
Եղանակը մեր ակնկալածէն մեղմ է։ Թեթեւ վերարկուով դուրսը նստիլը հաճելի է։ «Մեր գարունը մի ամիսով ուշ է», կ'ըսեն վարորդները, որոնց հետ տաք խօսակցութեան բռնուած է Մարգարը։ Նկատելով, որ Թորոնթոյի մէջ ալ գարունը երկու ամիսով կանուխ եկած էր, տաք եղանակէն կու գանք ձմեռնային եղանակ:
Երբ կ'իմանան, որ Ուշի կը բնակինք, այլեւս մեզի համար յանկերգ դարձած բնորոշումները կը լսենք։ «Ամէն մարդ թողնում գնում է, դուք էլ էնտեղից էստե՞ղ էք գալիս», հարց կու տան։ «Հեռուի սուրբը աւելի զօրաւոր է», կը պատասխանէ Մարգարը։ «Ժողովրդական իմաստութեան չի կարելի դէմ գնալ, ուր հաց հոն կաց», կ'ըսէ անոնցմէ մէկը։ «Նոյն ժողովրդական իմաստութիւնը կþըսէ, որ տանդ մէջ տէր, ուրիշի մօտ ծառայ», ներս կը մտնեմ ես այս խօսակցութենէն։ «Էդ ժողովրդական իմաստութիւն չի, էդ Սուրբ գրքից է, էստեղ Աստուծոյ չեն հաւատում, բայց ես հաւատում եմ», կþըսէ ան խաչակնքելով։
Ժամը ճիշդ հինգին կը հասնին Վալդերն ու Սարոն։ Ներողութիւն կը խնդրեն, որ կէս ժամ սպասած ենք իրենց։ Կը բացատրենք, որ սպասողներու ամբողջ շարան մը կար մեզի հետ, եւ յանցանքը իրենցը չէ։
Ճամբայ կ'ելլենք դէպի Ուշի։ Տակաւին մութ է եւ կարելի չէ շատ բան տեսնել, բայց երբ տուն կը հասնինք, կը տեսնենք, որ մեր այգիին անկիւնները ձիւն կայ։ Տան ետեւի կողմն ալ տակաւին ձիւն կայ։ «Ծմակ է», կ'ըսեն անոնք։ Ծմակ բառը ծանօթ կը թուի, բայց վստահ չեմ որ ճիշդ ի՞նչ ըսել կþուզեն։ Ստիպուած եմ դիմելու բառարանիս։ «Արեւ չտեսած տեղ, լեռներու անարեւ լանջը կամ կողը», կը կարդամ։
Ծառերը տակաւին կը քնանան, ոչ մէկ փթիթ կայ անոնց վրայ։ Անցեալ տարիներուն, այս ժամանակ, բոլորովին ծաղկած կ'ըլլային, մանաւանդ սալորենին ու ծիրանի ծառը:
Կը նստինք խոհանոցին մէջ։ Գեղեցիկը մեզի պարենաւորած է կաթով, պանիրով, մածունով, ձուով եւ հացով։ Կաղամբով «պասուց տոլմա» եւ «պլինչիկ» ալ բերած է։ Այս վերջինը «crepe»-ի նման տապկուած եւ միսով լցոնուած ճաշ մըն է որուն անունը հաւանաբար «պլլել», արմատէն կու գայ:
Մեր ժամանումը պէտք է օղիով նշել, հոգ չէ թէ առաւօտեան ժամը վեցն է տակաւին, բայց Մարգարը սովորական օղի չի յաջողիր գտնել։ Գրեթէ երկու տարի առաջ նուէր եկած հսկայ օղիի շիշը կը բերէ սեղան։ Կը նստինք զրուցելու։ Հակառակ որ մեր հեռաձայնային խօսակցութիւններու ժամանակ «Ամէն ինչ լաւ է», կը լսենք, հոս տեղւոյն վրայ կը պարզուին իրականութիւնները։ Հարեւաններ՝ Հրաչիկն ու Վաչիկը, ինչպէս նաեւ Հրաչիկի տղան՝ Յովիկը Սոչի գացած են աշխատանքի համար։ Յաջորդ ողիմպիական խաղերը հոն տեղի պիտի ունենան եւ շինարարական աշխատանք կայ։ Հարեւան Արտաշը երկու ամիս է անգործ է եւ կը պատրաստուի ինք ալ երթալու։ Հարեւան Գոհարը, որ սիրուն, յիսունը նոր անց կին մըն է, ուղեղային արիւնախռում ունեցած է եւ աջ կողմը բոլորովին թուլցած։ Կը պատմեն նաեւ գրող Արշակի կնոջ Իրայի մահուան մասին, որմէ տեղեակ էինք:
Լաւ լուրերու կարգին են, Սարոյի երեխաներուն առողջութիւնը, Արմանի համալսարանական քննութիւններու մասնակցութիւնը, Վալդերի տան առաջին յարկի նորոգութիւնը, եւայլն: Կը խօսինք նաեւ մեր գիւղին մէջ նախընտրական գրասենեակներու բացման մասին, որպէս պատրաստութիւն Մայիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն։ Արդէն գոյութիւն ունին Հանրապետական, Բարգաւաճ եւ Օրինաց երկիր կուսակցութիւններու գրասենեակները։ Վալդերը կը վարէ Բարգաւաճ Հայաստանի գրասենեակը։ Մեր գիւղապետը դաշնակցական է, ուստի կþըսեն անոնք, անպաշտօն կերպով, իր գրասենեակը Դաշնակցութեան նախընտրական գրասենեակն է։
Սարոն պէտք է ժամը ութին Աշտարակի իր շինանիւթի խանութը բանայ եւ միայն այն ատեն անոնք հրաժեշտ կ'առնեն եւ մենք կը մտնենք անկողին։
Վերադարձի առաջին ժամերուն իսկ յայտնի կ'ըլլայ, որ երկրին մէջ կը տիրէ յոռի տրամադրութիւն մը։ Այս տրամադրութիւնը պատճառ կ'ըլլայ, որ հակառակ մեր յոգնած վիճակին, դժուարութեամբ քնանանք:
Կէսօրէն ետք ժամը երեքին Մարգարը կ'արթնցնէ զիս։ Գիտենք, որ շուտով պիտի սկսին այցելութիւնները։ Օրհնաբեր ցնցուղը կը կազդուրէ մեզի։ Նախ կը հասնին երեխաները, որոնց կը յանձնեմ ոչ միայն իմ բերած նուէրներս, այլ նաեւ Թորոնթոյէն զանազան բարեկամներու եւ ազգականներու ղրկած նուէրները։ Ուրախ են։ Անոնք քանի մը փունջ ձնծաղիկ բերած են ինծի, հաւաքուած մօտակայ դաշտերէն։ Աւելի ուշ կ'այցելեն մեծերը։ Տրամադրութիւնները լաւ են։ Անոնք ուրախ են, որ վերադարձանք։ Նոյնքան ուրախ ենք մենք։

Չորեքշաբթի, 28 Մարտ, 2012
Առաւօտեան ժամը 1:30-ին արթուն ենք։ Ժամանակի փոփոխութեան վարժուիլը քանի մը օր կþառնէ։ Տակաւին համացանցը միացուած չէ։ Ձմրան բուքը արբանեակային ալեհաւաքը խախտած ըլլալ կը թուի, ուրեմն կարելի չէ հեռատեսիլ դիտել։ Մարգարը եւ ես մեր առաւօտեան սուրճը այսքան կանուխ խմելէ ետք կը ջանանք զբաղում մը գտնել։ Մարգարը կþանցնի ընթերցանութեան, ես ալ կը լծուիմ այս տողերը գրելու: Առաւօտեան ժամը վեցին դարձեալ կը մտնենք անկողին: Մթնշաղին տեսանելի է արդէն բոլորովին ձիւնածածկ Արարատը։
Առաւօտուն Վալդերը կու գայ կատակելով, որ Գանատայի ցուրտը մեր հետ բերած ենք։ Եղանակը թէեւ արեւոտ է, բայց ցուրտ է։ Կը վստահեցնեմ իրեն, որ այս անգամ միայն ամառնային տաքուկ եղանակ կրնայինք բերել, սակայն չյաջողեցանք:
Մարգարին առաջին հերթին դպրոց կþայցելէ։ Ուրբաթ օր, Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի երկրորդական վարժարանի տասներորդ դասարանի աշակերտները, որոնք Հայաստան կը գտնուին այս օրերուն, Ուշի պիտի այցելեն։ Կþերթայ դասաւորելու այցելութեան ժամանակացոյցը եւ իմանալու թէ ինչ ձեւով պիտի ընդունին զանոնք։ Մեր ժամանումը այնպէս դասաւորեցինք, որ կարենանք այս հանդիպումը յաջողցնել:
Դպրոցէն վերադարձին Մարգարը հանդիպած է մեր գիւղի սափրիչ Գնելի մօտ, մազերը կտրել տալու։ Այս սափրիչի խանութը (տեղական ըսելաձեւով վարսավիրանոցը) կը գտնուի գիւղի հրապարակին վրայ։ Վարսավիրանոցը նաեւ հաւաքավայրն է գիւղի տղամարդոց։ Մարգարը կը պատմէ, որ խօսակցութեան առանձքը ընտրութիւններն են։ Ոմանք դիմած են իր «հեղինակաւոր» կարծիքին։ Ուրիշներ երանի տուած են Լենին պապիկեան օրերուն։ Մէկը ինքզինքը «դաշնակ» յայտարարած է, հաւանաբար թիւր գալու համար Մարգարին, որուն ի պատասխան Մարգարը անողորմ կերպով յայտարարած է, «Ընկեր ջան, դաշնակցական ըլլալը դիւրին գործ չէ, ան կը պահանջէ ամբողջական նուիրում եւ զոհողութիւն։ Խօսքով դաշնակ չի կարելի դառնալ»։ Մարգարը չէր յաջողած ստուգել որ այս խօսքերէն վերջ տիրող լռութիւնը ընկալումի ճի՞գ էր թէ անհասկացողութեան արդիւնք:
Ցուրտ օրը շուտով կը տաքնայ։ Արեւը կը շողայ։ Երբ Աշտարակ կ'երթանք, գնումներու համար, եղանակը գարնանային է։ Մեզ շրջապատող լեռները սակայն, Արան, Արագածը, Արարատն ու Հայկական Պար լեռնաշղթան, ինչպէս նաեւ Բիւրականի բլուրները, բոլորովին ձիւնածածկ են:
Վերադարձին մեր գիւղի հրապարակը կը գտնենք բազմամարդ։ Տակաւին այգիները ձիւնոտ եւ ցեխոտ են եւ կարելի չէ այգիին մէջ աշխատիլ։ Ուրեմն արեւի ջերմութիւնը զանոնք հանած է տունէն դուրս, հաւաքուելու հրապարակին մէջ եւ շաղակրատելու:
Կրնայինք յետմիջօրէն այգիին մէջ անցնել ծաղկանոցները մաքրելու համար, սակայն փոխարէնը անկողին կը մտնենք։ Արեւը այդ ժամուն կը շողայ մեր անկողինին վրայ եւ արեւադարձային ջերմութիւն մը կը սփռէ։
Երանելի խոր քուն մը կը քաշենք։

Հինգշաբթի, 29 Մարտ, 2012
Առաւօտուն թեթեւ մը կը ձիւնէ։ Ծրագրած ենք Երեւան երթալ։ Մարգարին եղբօրը աղջիկը՝ Անին, Երեւան կը գտնուի, Գանատայի ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան որպէս ներկայացուցիչ, համահայկական ժողովի մը մասնակցելու։ Ան քանի մը օրէն Թորոնթօ պիտի վերադառնայ, ուստի կ'աճապարենք հանդիպելու իրեն եւ Ուշի բերելու։ Առիթէն օգտուելով, կ'ուզենք քանի մը ծրար իրենց հասցէատէրերուն յանձնել, սակայն մեր աճապարանքին մէջ զանոնք Ուշի կը մոռնանք:
Եղանակը ամպամած է եւ քաղաքը տխուր կþերեւի մեզի։ Անին, սակայն, լաւ տրամադրութեան մէջ է։ Ժողովը անցած է յաջող։ Երէկ Վանաձոր գացած է, Գանատայի ՀՅԴ ԳԵՄ-ի կազմակերպած ճամբարի պայմաններուն ծանօթանալու։ Իր տպաւորութիւնները դրական են։ Կը խորհի, որ վեց տարի առաջ իր վերջին այցելութենէն ի վեր փոփոխութիւնները դրական են։ Հեռաձայնած ենք գրող Արշակին, որ միանայ մեզի։ Գիտէինք, որ վերջերս կորսնցուց իր յիսունէ աւելի տարիներու կողակիցը, սակայն չէինք գիտեր, որ այսօր անոր մահուան քառասունքն է։ Նոր վերադարձած է գերեզմանոցէն։ Կը պատմէ որ ծաղիկներու կողքին նարինջներ տարած է եւ շարած, կնոջ գերեզմանին վրայ։ Զինք բլորովին նիհարցած եւ ընկճուած կը գտնենք։ Յառաջացած տարիքին, կնոջ խնամքը ամբողջութեամբ ինք վերցուցած էր եւ յստակօրէն թերացած ինքզինքին խնամք տանելու մէջ։
Չորսով կ'երթանք Այնթապ ճաշարանը։ Ճաշերը համեղ են եւ զրոյցը ջերմ։ Արշակին տուն կը հասցնենք, յորդորելով որ լրջօրէն մտածէ Ուշի գալու մասին: Մեր տան հարեւանութեամբ իր Ուշիի բնակարանը ջեռուցում չունի, ուստի կը համոզենք զինք որ մինչեւ եղանակին տաքնալը մեզի մնայ:
Անիին հետ կը հասնինք Ուշի։ Շուտով կը հասնին «մեր» երեխաները, կը ծանօթանան իրեն եւ կը տանին պտոյտի:
Առիթէն օգտուելով կ'անցնիմ խոհանոց, վաղուան հիւրերուս համար նախուտեստներ եւ թխուածքներ պատրաստելու։
Երեկոյեան կ'ունենանք հիւրեր, որոնք եկած են Անիին ծանօթանալու։ Մեր հարազատները միշտ ալ կ'արժանանան մեր համագիւղացիներու ջերմ ընդունելութեան։
Ուշ ատեն միայն կը յաջողինք առաւօտուն եփած ապուրս ուտելու։

Ուրբաթ, 30 Մարտ, 2012
Այսօր կանուխ կ'արթննանք, որովհետեւ կը պատրաստուինք Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամենօրեայ վարժարանի տասներորդ դասարանի աշակերտները հիւրասիրելու Ուշիի մէջ։ Անին միայն այսօր մեզի հետ է, ուստի նախաճաշէն ետք հապճեպ պտոյտ մը կը կազմակերպենք Աշտարակի տեսարժան վայրերը ցոյց տալու իրեն եւ քանի մը գնումներէ ետք կը վերադառնանք տուն։ Ճիշդ կէսօրին Մարգարը եւ Անին կ'երթան դպրոց, ուր ժամադրուած են Թորոնթոյի մեր աշակերտներուն հետ։
Երեքին, զիրենք կ'ակնկալեմ ճաշի։ Իրօք ճիշդ ժամուն կը հասնին բաւական խանդավառ։ Արդէն հասած են նաեւ մեր երեխաները։ Ըստ երեւոյթին հանդիպումը անցած է յաջող։ Մարգարը կը պատմէ, որ բաժանումը եղած է դժուար։ Երեխաները դահլիճին մէջ հաւաքուած արտասանութեան եւ երգի յայտագիր մը իրականացուցած են, ապա միասին պարած։ Յետոյ մարզասրահին մէջ կողովագնդակ խաղացած։ Այցելու աշակերտները նուէրներ յանձնած են իրենց դասարանցի ուշեցի աշակերտներուն։ «Ով որ կ'ըսէ թէ մենք տարբեր ժողովուրդներ ենք, սփիւռքահայերս եւ հայաստանաբնակ հայերը, պէտք է ներկայ ըլլար եւ տեսնէր մեծ քաղաքէն եկած աշակերտներուն եւ Ուշի գիւղի աշակերտներուն մտերմութիւնը», կը յայտարարէ Մարգար ուրախութեամբ։
Երեխաները «սոված» են, այսինքն անօթի։ Շուտով կը նստին սեղան։ «Մեր» երեխաները անմիջապէս պտոյտի կը տանին այցելուները։ Կը վերադառնան խանդավառ։ Մարգարը արտասանական եւ երգի հաւաք մը կը կազմակերպէ, որուն կը մասնակցին բոլորը։ Ապա Արմանը կը վարէ պարերգներու բաժինը եւ երաեխաները հաճոյքով կը սկսին հայկական պարեր պարել։
Ժամանակն է վերադառնալու Երեւան, բայց մեր այցելուները չեն ուզեր երթալ։ «Վաղն ալ հոս գանք», կ'ըսեն անոնք իրենց պատասխանատուներուն։ «Մնացէք, տեղ ունինք», կ'ըսենք մենք։ Հեռաձայնի թիւեր կը փոխանակեն, կը նկարուին եւ կը շարունակեն դանդաղիլ բակին մէջ, յետաձգելով մեկնումի պահը։
Մարգարը եւ ես ուրախ ենք, որ քանի մը շաբաթ կանուխ վերադարձանք Ուշի իրենց այս այցելութիւնը յաջողցնելու համար։ Կը զգանք որ այս օրը յիշատակելի օր մը եղաւ բոլորին համար։

ԷԼԻԶ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ