Print
Category: Յօդուածագրութիւն

14 Յունիսին «Ալիք»ի 80-ամեակին առիթով «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ, գործադիր յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, կազմակերպուած էր ձեռնարկ:
Գործադիր յանձնախումբին անունով բացման խօսքով հանդէս եկաւ թերթի խմբագրակազմի երկարամեայ աշխատակից եւ միաժամանակ գործադիր յանձնախումբի անդամ Բեսի Յովհաննիսեան:


ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վիգէն Բաղումեան խօսք առնելով‘ նշեց, որ անցնող 120 տարիներու ընթացքին ՀՅ Դաշնակցութիւնը խմբագրած եւ հրատարակած է աւելի քան 200 պարբերականներ եւ այդ հրատարակութիւններէն քանի մը հատը 80 կամ աւելի տարեկան են, որոնց շարքին, «Ալիք»ը, որ նաեւ յուշարար է, որ ամբողջ 80 տարիներ ընդհանուր հետաքրքրութիւններով եւ համայնքային լուրերով ու գաղափարներով լեցուն յօդուածներու կողքին, կարեւորութեամբ ներկայացուցած է համահայկականը‘ հայրենիքէն մինչեւ սփիւռքեան հա- մայնքներ:
«Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչ Գեւիկ Մկրտիչեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ «Ալիք»ի սերունդներ  դաստիարակող առաքելութեան:
Թերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան ներկայացուց ամփոփ տեղեկութիւններ‘ թերթին տարած աշխատանքներուն մասին:
Թերթի արտօնատէր, ճարտ. Ալպեր Աճեմեան, որ յատուկ այս առիթով եկած էր Հայաստանէն, յուզմունքով խօսեցաւ «Ալիք»ի առաքելութեան եւ ունեցած դերակատարութեան  մասին:
Խօսք առին նաեւ «Ալիք»ի երիցագոյն աշխատակիցներէն դոկտ. Օննիկ Սահակեան, որ նոյնպէս այս յատուկ առիթով եկած էր Հայաստանէն, ազգային-հասարակական գործիչներ‘ Թաթուլ Օհանեան, Նոէլ Մինասեան, Ճորճիկ Աղազարեան եւ ՀՅԴ 120-ամեայ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի խմբագիր դոկտ. Կարէն Խանլարեան, որոնք եւս շեշտեցին թերթին ունեցած առաքելութիւնը եւ դերակատարութիւնը:
Եզրափակիչ խօսքեր արտասանեցին Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան եւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեան:
Բաբգէն եպս. Չարեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ «Ալիք»ը 80 տարիներ շարունակ մտաւ ամէն տուն‘ իբրեւ առօրեայ հաց, եւ այնտեղ սերունդներ ճաշակեցին այդ հացէն, ըմբոշխնեցին, եւ «Ալիք»ը այդ սերունդներուն փոխանցեց դաստիարակութիւն, հայեցի կրթութիւն, ներշնչեց սէր‘ գիր ու գրականութեան եւ հայրենիքի նկատմամբ:
Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւս համոզմունք յայտնեց, որ լրատուամիջոցներէն  իւրաքանչիւրը իր ինքնուրոյն դերը, բուրմունքը եւ տեղը ունի եւ պէտք է ունենայ ժողովուրդի կեանքին մէջ: Ան շեշտեց, որ թերթը, մամուլը, ժողովուրդին շունչն են, եւ այդ շունչը երբեք հնարաւոր չէ անտեսել եւ ժողովուրդը միշտ կարօտով պէտք է սպասէ իր գրաւոր մամուլին, եւ երբ թերթը կը յաջողի այդ շունչը փոխանցել, կը նշանակէ, որ լաւագոյն ամեակի տօնակատարութեան երեւոյթը այդ է:
Սեպուհ արք. Սարգիսեան նաեւ նշեց, որ անհրաժեշտութիւն է կեանքի կոչել «Ալիք»ի 80-ամեակի ֆոնտ եւ որպէս պերճախօս մեկնարկ ֆոնտի հիմնադրման՝  սրբազան հայրը 1 միլիոն թուման նուիրեց «Ալիք»ի ֆոնտին:

80-ամեակի ձեռնարկներուն առընթեր «Ալիք» պատմական նիւթեր կը հրատարակէ, թեհրանահայութեան անցեալի հանգրուաններէ:  (Լուսանկարը 1959ին, Նոր Ջուղայի մէջ)