ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- «Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը կը յայտարարէ, որ արդէն իսկ հնարաւոր դարձած է «Ասպարէզ»ի լրատուութեան հետեւիլ iPhone-ի միջոցաւ, եւ բոլոր անոնք, որոնք կ՛օգտագործեն այդ սարքը, կրնան արդէն բեռնաւորել գործածութեան ծրագիրը Apple Store-էն:
«Ասպարէզ», շարունակելով իր մէկդարեայ աւանդոյթը՝ կը ներկայանայ իր ընթերցողներուն ժամանակակից արհեստագիտութեան ընձեռած հնարաւորութիւններով, որոնց շնորհիւ, այս թերթը կրցած է գրաւել թէ՛ տեղական հայ համայնքին եւ թէ սփիւռքահայ ու հայրենի ընթերցողներու լայն շրջանակի մը ուշադրութիւնը:
«Ասպարէզ»ի այս նոր ծրագիրով, iPhone-ը օգտագործողները, բացի լուրերէն եւ վերլուծական յօդուածներէն, կրնան հասու ըլլալ նաեւ «Հորիզոն»ի յայտագիրներուն:
«Ասպարէզ»ը հայկական լրատուական աշխարհին ամէնէն ընդգրկուն աղբիւրներէն մէկը դարձած է շնորհիւ այն իրողութեան, որ խմբագրութիւնը լայնօրէն կ՛օգտագործէ հասարակական համացանցի բոլոր տրամադրելի հնարաւորութիւնները, որոնց շարքին՝ Facebook-ն ու Twitter-ը: «Ասպարէզ» ընթերցողներուն կը հասնի այդ ցանցերով եւ հնարաւոր կը դարձնէ ընթերցողին՝ նոյն միջոցի օգտագործմամբ՝ իր ստացած տեղեկութեանց բաժնեկից դարձնել ընկերն ու բարեկամը:
iPhone-ի ծրագիրի կիրարկումը հնարաւոր դարձաւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան աջակցութեան շնորհիւ: Արդարեւ, ՀԵԴի կեդրոնական վարչութիւնը, երբ իմացաւ, որ «Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը կ՛աշխատի կիրարկելի դարձնել iPhone-ի ծրագիրը, անմիջապէս ձեռք մեկնեց ու հանգանակային ձեռնարկ մը կազմակերպելով՝ հասոյթը ամբողջութեամբ տրամադրեց այս գործին: Շնորհակալութի՛ւն Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կեդրոնական վարչութեան:
Յատուկ շնորհակալութիւն նաեւ այս ծրագիրի կիրարկման արհեստագիտական կողմը կարգաւորող Ճորճ Բալուլեանին, որ դիւրացուց մեր աշխատանքը եւ երաշխաւորեց անոր սահուն ընթացքը:
Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ մեր սիրելի Ալէնին (Եկիկեան)՝ «Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժինի խմբագիրի նախկին օգնականին, որ այս ծրագիրի գլխաւոր մղիչ ուժն էր: Այլ աշխատանքի անցնելով հանդերձ՝ Ալէն ամէն ինչ ըրաւ, որ այս ծրագիրը իրականացուի:
Արհեստագիտութեան զարգացումներուն հետ քայլ պահելու աշխատանքները այստեղ անշուշտ կանգ չեն կրնար առնել: «Ասպարէզ» արդէն իսկ կ՛աշխատի, որ մատչելի ըլլայ բոլոր տեսակի հեռախօսային սարքերուն, ինչպէս նաեւ համակարգչային նորագոյն կազմածներուն, ինչպիսիք են՝ iPad-երը: