Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Կիրակի 18 Մարտ 2012-ը դրոշմուած պէտք է մնայ Յունահայ գաղութի մեր բոլոր զաւակներուն   էութեան մէջ, որովհետեւ անիկա դարձաւ հիմքն ու թթխմորը դպրոցներուն համար կազմակերպուած «Ֆոնեթոն»ին։

Արդարեւ տիրող պայմաններուն մէջ, անտեսելով ամէն տեսակի «վախ»երն ու կասկածամտութիւնները,  ծրագրեցինք,  կազմակերպեցինք եւ հասանք արդիւնքի մը, որ հաւանաբար ոմանց համար բաւարար չէ եւ կամ ճիշդ հակառակը։ Ամենայնդէպս անձնապէս պիտի ուզէի յայտարարել թէ ՅԱՋՈՂԵՑԱՆՔ...
Այո՛, յաջողեցանք սիրելի հայրենակիցներ։
Մեր այս փորձառութիւնը պատգամներ ունի փոխանցելիք բոլորիս։ Երբ ահազանգը հնչեցուցինք մեր գաղութին մէջ, եկեղեցւոյ խորաններէն, բեմերէն, դպրոցներէն, մանաւանդ տագնապն ու վտանգը տեսնող, կարդացող ու ապրող ազգայիններու, մտաւորականներու թէ համեստ ծառայողներու կողմէ, Յունահայոց Թեմի բոլոր զաւակները համախմբուեցան, ծրագրեցին, աշխատեցան եւ իրօք արդիւնք տուին։
Վարձքը կատար բոլորին անխտիր։ Նախ այն կամաւոր 120է աւելի երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն, քիչ մը աւելի երէց եւ երիտասարդ սերունդին, Յունահայ կառոյցներուն եւ մարմիններուն, Շրջանային Վարչութեանց թէ միութեանց անդամներուն, որոնք զգալով վտանգը ոչինչ խնայեցին զայն յաղթահարելու համար։
Այդպէս ալ պիտի ըլլար եւ պէտք էր ու պէտք է ըլլար ու ըլլայ։ Քանի որ վտանգուած էր մեր վարժարաններուն ապագան։ Իսկ երբ վարժարանի գոյութիւնը վտանգուած է կը նշանակէ որ վտանգուած է ամբողջ գաղութը։
Մեր հայկական բերդն է որ պաշտպանութեան կարօտը ունէր։ Մեր լինելութեան երաշխիքը, մեր ապագայի կռուանը, որուն օգնութեան հասանք բոլորս պատանի թէ երիտասարդ, կրտսեր թէ տարեց, աշակերտ թէ շրջանաւարտ, ծնողք թէ ազգային եւ շարքը բոլորին։ Այլ խօսքով ամբողջ գաղութը Յունաստանի բոլոր տարածքներէն հիւսիսէն-հարաւ, արեւելքէն-արեւմուտք, բոլորս ալ նոյն նշանաբանով «Փրկենք Մեր Դպրոցները»....
Սիրելի հայորդիներ, պէտք է անդրադառնանք թէ ամէն բանէ առաջ բոլորս ալ Մենք մեզ օգնեցինք։ Մենք պաշտպանեցինք մեր ընտանիքները ուծացումէ։ Փրկեցինք մեր զաւակները օտարացումէ եւ ձուլումէ։ Վերջապէս, թէկուզ ոմանց համար չափազանցուած թուի, բայց պէտք է արտայայտել եւ ըսել ճշմարտութիւնը. Փրկեցինք գաղութը...
Այո՛, Յունահայ գաղութի փրկութեան գործն էր, որ տարինք բոլորս  այդ անմոռանալի օրը։ Տարեց թէ երիտասարդ, մտաւորական թէ գործարար, ուսուցիչ թէ շինարար, պաշտօնեայ թէ թոշակառու, աշխարհական թէ հոգեւորական, հանգամանաւոր թէ պարզ անհատ, որոնք տուին անսակարկ, որոնք նուիրուեցան գործին եւ անկարելին կարելի դարձուցին։
Այո՛, յաջողութիւնը գրաւականն է մեր գաղութի կենսունակութեան։ Այս գաղութը անգամ մը եւս փաստեց, որ տագնապ յաղթահարել գիտէ, որ գիտէ բոլորուիլ ազգային կառոյցներուն շուրջ եւ տալ ու նուիրաբերել այն ինչ որ կը պահանջուի իրմէ, քաջ գիտնալով որ «խենդերն են գտնում հնար»...
Մենք նաեւ բարոյական յաղթանակ տարինք նիւթականին կողքին։ Աւելի քան 120 երիտասարդներու ներկայութիւնը այդ օր, այդտեղ, մեծագոյն երաշխիքն ու գրաւականն է մեր բարոյական յաղթանակին ու մանաւանդ մեր Երթին։ Մենք ամուր ու հաստատ ենք որովհետեւ համախմբուիլ, կազմակերպուիլ եւ առաջադրուած արդիւնքին հասնիլ գիտենք։
Մեր բոլորին վարձքը կատար անխտիր։ Անուններ հաւանաբար մոռցուին սակայն հաւաքական աշխատանքին մէջ «երբեք» անհատներ չկան այլ կայ խումբը, միասնականութիւնը։ Այդ օր Յունահայ գաղութն էր իր բոլոր խաւերով, որուն համար կ՛ըսենք վարձքդ կատար եւ Շնորհա- կալութիւն Բոլորիդ։ Յաջողեցա՞նք, փրկեցի՞նք մեր դպրոցները եւ սեւ ամպերը հեռացուցի՞նք մեր գաղութի երկնակամարէն... Պատասխանը միշտ պիտի ըլլայ եւ պէտք է տանք ամէնքս մեր ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ, մեր ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԵԱՄԲ ու մեր ԸՆԾԱՅԱԲԵՐՈՒՄՈՎ...
Քանի մը շաբաթէն Մեր Տիրոջ Յարութիւնը պիտի դիմաւորենք։ Եկէք միասնաբար անկարելին կարելի ընելով, փորձենք հարթել հարցերը եւ յարութեան օրը, իրողապէս վերացուցած ըլլանք առ յաւէտ դպրոցներու եւ մեր գաղութի վրայէն սեւ ամպերը...
«Ֆոնեթոն»ը՝ դրամահաւաքը կանգ չէ առած եւ պէտք չէ առնէ, որովհետեւ մեր վարժարանները բոլորիս անսակարկ օժանդակութեան պէտք ունին...

Յիշենք միշտ։ Մենք ամուր ենք մեր լեռներուն պէս...


Խորէն Եպս. Տողրամաճեան
Առաջնորդ Յունահայոց