Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Յունիս 26, 2011-ին, Հոլանտայի Ալմելոյի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի հերոսական աքթի 90-ամեակի նուիրուած ձեռնարկ մը, կազմակերպութեամբ Հոլանտայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Հոլանտայի ՀՅԴ Գարեգին Նժդեհ երիտասարդական միութեան։


Օրուան պատգամը փոխանցելու համար Գերմանիայէն յատկապէս հրաւիրուած էր Պերլինի Ազատ համալսարանի դասախօս, ուսումնասիրող դոկտոր Թեսա Հոֆման։ Ներկայ էր նաեւ Հոլանտայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ Ձիւնիկ Աղաճանեան։
Ձեռնարկին բացումը կատարեց ընկ. Մինաս Արսէնեան, Հոլանտայի ՀՅԴ Արամ Մանուկեան կոմիտէութեան ներկայացուցիչ։ Ընկերը հակիրճ անդրադարձ մը կատարեց Սողոմոն Թեհլիրեանին մասին, անոր կենսագրականը տալով ու ներկայացնելով առաքինի ու համեստ Դաշնակցական զինուոր-կամաւորը։
Ապա՝ բեմ բարձրացաւ Հոլանտայի մէջ ՀՀ դեսպան Ձիւնիկ Աղաճանեան, որ բարձր գնահատեց սոյն ձեռնարկի կազմակերպիչներն ու կարեւորութիւնը եւ յատկապէս Թեսա Հոֆմանի ներկայութիւնը, ըսելով՝ «մի մարդ, ով առաջամարտիկ է Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու դատապարտման հարցում եւ, դարձնելով այն իր կեանքի գործն, անվերապահ նուիրումով է այն իրականացնում: Դրա համար իմ խորին երախտագիտութիւնն եմ ուզում յայտնել տկն. Հոֆմանին», ու շարունակելով ըսաւ՝ «Թեհլիրեանի կրակոցը ոչ այլ ինչ էր, քան անպատժելիութիւնը կանխելուն ուղղուած գործողութիւն, ինչն ապացուցեց նաեւ գերմանական դատարանի վճիռը, որով նա ազատ արձակուեց: Այսօր ստեղծուած են միջազգային տրիբունալներ, գործում է Միջազգային քրէական դատարանը մարդկութեան դէմ գործած յանցագործութիւնների հեղինակներին դատաստանի առաջ կանգնեցնելու համար»։
Հրաւիրուելով բեմ, Թեսա Հոֆման - անգլերէնով ու միաժամանակ հոլանտերէն թարգմանութեամբ - ներկայացուց Թեհլիրեանի արարքը, ներկայացուց ցեղասպանութեանց իրաւաբանական եզրը եւ զանոնք դատապարտելու ձեւերը։ Հոֆման կեդրոնացաւ երկու հիմնական կէտերու վրայ՝ ա) Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին հետապնդման Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական դիրքաւորման անհրաժեշտութեան, ըսելով թէ՝ օրինական առումով, պետութիւնն է, որ պէտք է ցեղասպանութեան նման հարցեր հետապնդէ, եւ բ) թէ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը պէտք է բարձրացուի ու հետապնդուի միջազգային, գերպետական դատարաններու կողմէ, օրինակի համար՝ Միջազգային քրէական դատարանին կողմէ։
Յաջորդեցին հարց ու պատասխան եւ հոլանտահայ գաղութը մեկնեցաւ վերանո-րոգուած ու հպարտանքի զգացումով։

Հոլանտայի Հայ Դատի յանձնախումբ
Հոլանտայի ՀՅԴ Գարեգին Նժդեհ երիտասարդական միութիւն