Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Բոլորս ալ գիտենք, սփիւռքի մէջ հայկական դպրոց պահելը դիւրին գործ չէ։ Մեր պատմութեան ընթացքին առաջին անգամ չէ որ վտանգի կþենթարկուի հայկական վարժարան մը։ Բաղդատմամբ անցեալին սակայն, կարելի չէ ըսել թէ՝ դժուարութիւնները նոյն տարողութիւնը ունին։

Ժամանակի ընթացքին ամէն ինչ  կրնայ փոխուիլ, կեանքի օրէնքն է, մենք ալ կը փոխուինք. բայց անցեալը, գովասանքով կամ սուգով այսօրուայ նիւթ դարձնելը, կարեւոր է, նպատակի մը համար օգտակար ըլլայ։
Դժուար պայմաններու ընթացքին, ոչ միայն նորանոր կարիքներ ի յայտ կուգան, այլ նաեւ նոր կարելիութիւններ ու հորիզոններ։ Դժուարութիւնները քանդիչ հետեւանքներ կþունենան, երբ մարդիկ այդ պատճառաբանութեամբ իրենք զիրենք կը լքեն։ Յաջողութիւնը գործ ու բախում կþուզէ. կախարդական կամ բախտի ուժին  վստահիլը՝ պատրանք է։ Անհրաժեշտ է, որպէս հաւաքականութիւն, տէր կանգնինք մեր ճակատագրին, աշխատանքով, նուիրումով ու միասնական խիղճով։
Մեր վարժարանները արտերկրի պայմաններուն մէջ, հայապահպանման կարեւորագոյն կռուան են ու բոլորին ուշադրութեան առարկան, որպէսզի հայ մանուկներն ու պատանիները ըլլան տիպար հայեր ու քաղաքացիներ։
Որեւէ ազգային պիտի չուզէր նոր սերունդը ձգել անորոշ գոյութեան մը շուքին տակ. իսկ մեր թշնամիները շատ պիտի փափաքէին, սփիւռքի մէջ ըլլան հայեր, որոնք ոչ միայն չեն ճանչնար իրենց անցեալը, այլ նաեւ չեն կրնար ըլլալ պահապանները իրենց հոգեմտաւոր ու մշակութային հարստութեան (որպէսզի այդ ձեւով ձուլուին ու ոչնչանան)։ Մեր բոլոր ուզածը՝  գալիք սերունդները չըլլան ժառանգորդներ, այլ ըլլան իրենց նախնիներուն արժանավայել յաջորդները։
Խօսակցութիւնները բարեբախտաբար շատ են, բայց դժբախտաբար ժխտական։ Անշուշտ, մեր տարբերութիւններուն բազմաթիւութեամբ, մէկ պատկանելութիւն ունենալը, կրնանք չափանիշ նկատել կայտառութեան ու մարտունակութեան։
Մեր դպրոցներուն համար գործակցութիւնը ու նուիրումը մեզ իրար կապող շաղկապներէն մէկն է. մեր զանազան ու զարմանազան բարդոյթները սանձող ուժը։
Մեր միջնաբերդին հանդէպ թերութիւններ վերագրելու պահը չէ, ահազանգին կանչը պէտք է լսենք ու գործենք։ Խաղաղութեան շրջանին հանգիստ ընելն ու զրուցելը ընդունելի է, բայց պայքարի զօրակոչէն խուսափիլը, կանչին չոր ու ցամաք ոչ ըսելը կամ կարեւորութիւն չտալը, կը համապատասխանէ աժէքներու ոտնակոխումին, ինքն իր անձին հանդէպ արժեզրկումին, որովհետեւ առանց հաւաքական պատկանելիութեան, եզակին որեւէ նշանակութիւն չունի։
Հայկական դպրոցներու փակումը պատմական մղձաւանջ մըն է բոլորիս համար. որեւէ հայ պիտի չուզէր ապրիլ այդ փորձառութիւնը։
Անկախ բոլոր տեսակի համոզումներէն, մօտեցումներէն ու կարծիքներէն, մեր այս տագնապը պէտք չէ լուծէ ժամանակը։ Մենք պէտք է հետապնդենք մեր պահանջներն ու պարտաւորութիւնները։
Խօսակցութիւնները ու երկխօսութիւնները հասունցած են ի նպաստ ընելիքին։ Ամէն հայ ընտանիք ու անհատ, իր դիմագրաւած դժուարութիւններուն կողքին, հրաւիրուած է իր առաւելագոյն աջակցութիւնը բերելու վարժարաններուն օժանդակութեան։
Հայկական վարժարանները ապահով այն վայրն են, ուր պետական ուսումնական ամբողջ ծրագրի կողքին, կը դասաւանդուին նաեւ հայերէն լեզու ու պատմութիւն։ Իրենց կազմակերպուածութեամբ, գործելաձեւով, մարդկայնութեամբ ու քաղաքակրթութեամբ յատկանշուող այս կառոյցները արդիւնքն են այն մարդուժին որ պատասխանատու է այս բոլորին։ Յիշեցումի համար կþարժէ նկատի ունենալ թէ՝ չունինք թմրեցուցիչի կամ այլ վնասակար նիւթերու գործածութեան կամ կոպիտ բռնութեան երեւոյթներ։ Ինչպէս նաեւ մեր շրջանաւարտները երբ կը շարունակեն իրենց ուսումը յունական հաստատութիւններու մէջ, գնահատական խօսքեր կը լսեն մինչ այդ եղած աշխատանքին համար։
Արդարօրէն պէտք է ըսել թէ մեր ուսուցիչները, կրօնական դասն ու մամուլի պաշտօնէութիւնը նուիրեալներու այն փաղանքն է, որ կþուզէ աշխատիլ հայկական միջավայրի մէջ, կþուզէ ու կը գործադրէ հայախօսութիւնը որպէս մայրենի լեզու։ Անշուշտ, բաղձալի է այս աշխատողներուն կողքին ունենալ գործունեայ, համեստ ու հաստատակամ հայրենակիցներու ամբողջութիւն մը, որ պիտի վերահսկէ աշխատանքներուն ու օգնութեան ձեռք պիտի երկարէ որեւէ հաստատութեան որ պէտք ունի օժանդակութեան, այս պարագային վարժարաններուն։
Եկէք յիշենք մեր դպրոցական տարիները, այն ինչ որ կþուզէինք մենք մեզի համար, նոյնը ընենք մեր յաջորդներուն համար։ Մենք մեզի հայ պահելը յաղթանակ է, եթէ կարենանք մեր զաւակներն ալ հայ պահել։
Եկէք նոր սերունդին փոխանցենք պատգամ մը։
Մեր հայապահպանութեան կռուանները ճիրաններով պէտք է բռնենք եւ ոչ թէ ձեռնոցներով։ 


ՏՈՔԹ. ԽԱՉԻԿ ԿԱՐԻՆԵԱՆ