Print
Category: Յօդուածագրութիւն

 Ի սկզբանէ յունահայութեան յատկանիշը եղած է  ազգայինին ու գաղութի կառոյց-   ներուն ամրօրէն կառչած մնալու իր հեռահայեաց… «յամառութիւնը»:
Հակառակ իր փոքր թիւին, հաստատած է  մեծ ու հոծ գաղութի մը բոլո՜ր-բոլո՜ր գործօնները, ինչպէս՝ կրթական, կրօնաեկեղեցական, մարզական-սկաուտական, բարեսիրական, մշակութային, լրագրական թէ ակմբային:


Հակառակ նաեւ նոր ժամանակներու արժեթափման տարատեսակ հոսանքներուն ու տնտեսական դժուարութիւններուն, ան տակաւին  կը պահէ այդ գործօնները մինչեւ այսօր, «յամառօրէն»:
Այդ գործօններու պահպանումը հեշտ չէ եղած անցեալին, դիւրին չէ նաեւ այսօր, որովհետեւ անիկա հայ մարդէն անպայմանօրէն կը պահանջէր երկու առաքինութիւններ.- Կամաւոր ծառայութիւնն ու  դրամական յատկացում կատարելու պատրաստակամութիւնը:
Այս երկու առաքինութիւններու շնորհիւն է, որ ստեղծուած ու պահպանուած են սփիւռքահայ գաղութներու բոլո՜ր կառոյցները անխտիր, բոլոր վայրերու եւ բոլոր ժամանակներու մէջ:
Առաջին օրէն իսկ սփիւռքի հայկական  հաստատութիւնները ունեցած են երկու  հոմանիշներ.- կամաւոր աշխատանքի տրամադրուածութիւն եւ պիւտճէական դժուարութիւններ:
Կը բաւէ որ աչք մը նետէք մեր կառոյցներու պատասխանատու մարդոց կարեւոր թէ աննշան աշխատանքին վրայ, որպէսզի հաստատէք անոնց կամաւոր ծառայութիւնը: Փորձեցէք նաեւ հասկնալ այդ մարդոց անձկութիւնը եւ պիտի պարզէք անխուսափելին՝ նիւթականի դժուարութիւնները, որոնք միշտ ալ հարթուած են շնորհիւ ազգայիններու դրամական մեծ ու փոքր նուէրներուն:
Եւ այս երկու պահանջներու ընդառաջումին մէջ մրցանիշ ունի յունահայութիւնը:
Հայութեամբ հոծ երկիրներու մէջ ակմբային կեանքը հետզհետէ կը խամրէր, մինչ Գոքինիոյ մէջ արդիական ու նախանձ շարժող կառոյցով «Զաւարեան»ը գործածութեան կը դրուէր,
Աւելի քան տասնապատիկ աւելի հնարաւորութիւններ ընձեռող շրջաններու մէջ օրաթերթեր կը փակուէին, մինչ «Ազատ Օր»ին համար յարմարաւէտ խմբագրատուն կը տրամադրուէր,
Հայաշատ գաղութներու մէջ կարգ մը վարժարաններ հոգեվարքի դժբախտ գալարումներ կ’ապրէին, նոյնիսկ կը փակուէին ընդմիշտ, մինչ հոս  միջնակարգի հիմնարկէքը կը կատարուէր:
Կը յիշեմ.  հիմնարկէքի լուրը երբ տարածուեցաւ, Ֆրանսայէն հանրածանօթ մտաւորական ու հրապարակագիր Յակոբ Պալեան այդ առիթով յօդուած մը ստորագրեց, որով յունահայութենէն օրինակուելու հրաւէր կ’ուղղէր եւ զուգահեռը կը կատարէր 10-15 հազար հաշուող մեր գաղութի  իրագործումին եւ  350-400 hազարի հասնող ֆրանսահայ գաղութին, ուր այդ օրերուն հարուստ աւանդութիւն ունեցող հայկական վարժարան մը իր դռները կը փակէր:
Նախապէս ալ արդէն, ասկէ շուրջ երեսուն տարիներ առաջ, մեր նախակրթարաններուն պիւտճէն հաւասարակշռելու խնդիրը երբ սկսած էր  տագնապալի դառնալ, գտնուեցան պատասխանատուներ, որոնք «յամառօրէն» հետապնդեցին  «անկարելի» կարծուածը իրականացնել: Տարիներու յարատեւութեամբ եւ չընկրկելով մերժումներու դիմաց՝ չյոգնեցան ափ առնելէ նախարարատունէ-նախարարատուն, որպէսզի պետական օրէնքով  ամրապնդեն հայակրթութեան շարունակականութիւնը: Իբրեւ առաջին ու մեծ քայլ, անոնք ի վերջոյ կրցան նախ՝ յոյն, ապա նաեւ հայ ուսուցիչներու վճարումները  ապահովել պետութենէն:
Սփիւռքեան գաղութներու իրականութեան մէջ նախընթացն ու յետընթացը չունեցող իրագործում մը, շնորհիւ յունահայ ազգայիններու «յամառութեան»:
Այսօր սակայն, ծանօթ պատճառով պետութիւնը կը դժուարանայ ճշդապահ ըլլալ իր վճարումներուն մէջ կամ մասամբ կը կատարէ իր պարտաւորութիւնները, որու համար ալ՝  Ազգ. Վարչութեան հեռախօսային դրամահաւաքի նախաձեռնութիւնը:
Քանի մը օրեր առաջ, բարեկամ ընթերցող մը կարդացած ըլլալով առաջնորդին կոչն ու անոր վերաբերող գրութիւններս, դիտել տուաւ, որ պէտք է իրատես ըլլալ, պէտք չէ անգիտանալ, որ տնտեսական ճգնաժամի մէջն ենք,  երկրին հեռանկարը անորոշ է:  Չհետապնդենք անկարելին…
Ահա պատասխանս յարգելի ընթերցող բարեկամիս.
Անգիտակ չենք կացութեան: Կը գիտակցինք սակայն, որ մեր վարժարանները նոյնպէս ճգնաժամի մէջ են: Երկրին անորոշ հեռանկարին մէջ՝ գօտեպնդիչ է, որ  յստակ ու որոշ է  առաջնորդ սրբազանին ու Ազգ.Վարչութեան կոչին ոգին, եւ՝ նպատակը: Անշուշտ յստակութիւնը աւելի անբողջական պիտի ըլլար, եթէ նոյնպէս ու որոշակի յայտարարուէր  նաեւ հեռախօսային դրամահաւաքին թիրախը, գաղափար մը  տրուէր  2012 տարեշրջանի պիւտճէական կարիքի մասին, որպէսզի նուիրատու ազգայիններ կշռէին կացութիւնը եւ ըստ այնմ տրամադրուէին:
Յամենայնդէպս, թող հանգիստ զգայ ընթերցող բարեկամս, երբեք անկարելին չի հետապնդուիր: Պարզապէս կը սպասուի, որ ես ու դուն  կատարենք մեր կարելին, տանք որքան որ կրնանք կամ կը կամենանք: Կը յուսացուի, որ իմ ու քու կողքիդ  նոյն ոգիով պիտի առաջնորդուի նաեւ երրորդ  ազգայինը.   եւ այն ատեն վստահ եղիր, որ մենք բոլորս, երեքով միասնաբար անպայման կը հասնինք  քու «անկարելի»  կարծածիդ: Միջին հաշուով, ամբողջ Յունաստանի տարածքին, բացի աւելի մեծ կամ աւելի փոքր գումարներէ, հազար նուիրատու եթէ 100, 150,կամ 200 եւրոյով մասնակցի դրամահաւաքին, արդէն իսկ  թեթեւացում բերած կ’ըլլայ ազգային պիւտճէին եւ դժուարութիւնը որոշ չափով կը յաղթահարուի…
Առաջնորդարանը կը դիմէ մեր աջակցութեան՝ ի խնդիր հայակրթութեան: Օ՜ն ուրեմն, իբրեւ օրահրամանի՝  ընդառաջենք դիմումին եւ միացնենք մեր հնարաւորութիւնները:
Միասնական ջանքով եւ նպատակի յստակութեամբ կ’երաշխաւորուի գաղութի ներկան ու ապագան:
Վերաշխուժացնենք տոկալու մեր ջիղը: Վերակենդանացնենք մեր «սրբազան յամառութիւնը»:

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ