Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Գաղթական դարձանք մեր կամքէն անկախ,
նախնիները մեր ցիրուցան եղան,
ծեփերով պատուած տուներ շինեցին,
զիրար փնտռեցին ու պայքար տարին,
որ հա՛յ միշտ մնան:

Եւ այլասերիչ օտար հոսանքին
դէմ մաքառելով գոյատեւեցին,
ընտանիք դարձան:
Սակաւ առ սակաւ անոնք բազմացան
ու որոշեցին աւելի հզօր
եւ հուժկու դառնալ:
Թիթեղաբնակ երդիքներուն տակ
դպրոց հիմնեցին առաջին հերթին,
զի հաւատացին անոր ունեցած
ուժականութեան, ազգային ուժին:

Անոր մէջն էր, որ անոնք տեսան
տարագիր ազգին կերտիչ ապագան:
Հերթափոխութեամբ սերունդներ հասան,
սերունդներ արի ու հայավարի,
որոնց փոխանցուած ջահը հայ ազգին
անոնք վեր բռնած ու տոկուն կամքով
յառաջ միշտ տարին:

Պատասխան դարձան մեզ ոչնչացած
տեսնել տենչացող անգութ ոսոխին:
Դպրոցը դարձաւ իրենց միջնաբերդ,
գոյութեան կռուան, նաեւ սրբարան,
եւ նոյնիսկ Աստուած, երբ վերէն տեսաւ
թէ ինչ եռանդով անոնք կ՛աշխատին
իրենց սրբազան նպատակներուն
յաղթութեան համար, քիչ մը հիացաւ,
ու գորովագին օրհնեց Ան, բոլոր
նուիրեալներուն,
տալով աւելին իրենց սրտերուն...:
     
Ոտքի ենք դեռ մենք ու պիտի տոկանք,
պիտի միշտ գործենք, ուրիշ ելք չունինք,
իսկ թէ դպրոցին թիկունք մենք դառնանք,
հաւատացէք ինձ, յաւերժ կը մնանք:

Մարգար Շարապխանեան