Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Գրած ենք ասկէ առաջ, անգամ մը եւս կը կրկնենք, որ գաղութային բոլոր գործօնները պաշտպանական բերդի պարիսպներ են, իսկ վարժարանները մեր գլխաւոր ու ամէնէն վստահելի ապաւէնն է՝ համազօր միջնաբերդի: Ճակատագրական հանգրուանին ահազանգ կը տրուի. որպէսզի բոլոր ուժերը միջնաբերդ կեդրոնանան՝‘տոկալու եւ վերապրելու մարտը հոնկէ շարունակելու համար:

Ազգային Վարչութիւնն ու առաջնորդ սրբազանը արդէն ահազանգած են այն մասին, որ գաղութին միջնաբերդը, այսինքն ազգային մեր վարժարանները պիւտճէական տեսակետէ կը գտնուին ճակատագրական հանգրուանի մէջ եւ իրենց հրապարակած կոչերով ազդանշանը կու տան, որպէսզի իբրեւ գաղութ ու ազգային հաւաքականութիւն՝ մեր ուժերը մէկտեղենք ու լարենք, հաւաքաբար մասնակից դառնալու համար տոկալու  մարտի մը, որ ի խնդիր հայակրթութեան դրամահաւաքն է եւ որու յաջողութիւնը  պայմանաւորուած է գոյանալիք գումարէն:
Աւելորդ է ընդգծել, որ նոյնիսկ անվտանգ միջավայրերու մէջ եւ խաղաղութեան ժամանակներուն, ազգի մը ապահովութիւնը կը մնայ գերագոյն նպատակ ու բոլոր առաջնահերթութեանց գերիվերը: Այս է պատճառը, որ հարուստ թէ աղքատ, բարգաւաճ թէ թերաճ ամէն երկիր ազգային իր եկամուտին մեծ բաժինը կը յատկացնէ պաշտպանութեան պիւտճէին:
Գաղութի ներկան ու ապագան առաւելաբար խարսխուած է հայկական վարժարանին վրայ: Անիկա այն հանգոյցն է, որ ամէնօրեայ կապուածութեամբ իրարու կը հանգուցէ մէկ կողմէ՝ ծնողքն ու աշակերտը եւ  միւս կողմէն՝ ազգը: Ամէն առտու երբ ծնողքը իր զաւակը դպրոցին կը պատրաստէ ու յետ միջօրէին անոր վերադարձին կը սպասէ կամ երեկոյեան կը զբաղի  դասերով, արդէն իսկ ծնողքին ու զաւկին եւ ընտանիքին  ենթագիտակցութեան մէջ ամէն օր ինքնաբերաբար կը վերակենդանանայ  ազգային պատկանելիութիւնը եւ կ'ամրանայ հայութեան հետ անոնց կապուածութիւնը:
Ահա թէ ինչու հայկական վարժարանը ունի միջնաբերդի բնոյթը եւ անոր յատկացուած գումարները՝ ազգային պաշտպանութեան նպատակին տրամադրուած գումարներու, յատկապէս սփիւռքի տարածքին:
Կը հետեւի ուրեմն, որ առաջնահերթութեանց մէջ առաջնակարգը հայ դպրոցն է , հայակրթութիւնը:
Անցնող տարիներու ընթացքին հայ դպրոցը առաջնահերթը նկատելու պարտաւորութեան մէջ հետեւողական եղա՞նք արդեօք, թէ՝  չեղանք:
Հարցումին պատասխանը դժբախտաբար միանշանակ չէ: Կարելի չէ հաստատօրէն արձանագրել, թէ այո՛, հետեւողական եղանք: Այս ճակատին վրայ եւս ունեցանք դեդեւկոտութեան, անտարբերութեան, ոտքի վրայ կատարուած  կարգադրութիւններով բաւարարուած ըլլալու տկարութեան պահեր: Բայց,
Հետեւողական եղանք գաղութի կազմաւորման հետ, այդ օրերու հնարաւորութեանց մէջ թիթեղածածկ դասարաններով վարժարան ունենալու եւ զանոնք մինչեւ այսօր մատակարարելու պարտաւորութեան մէջ,
Հետեւողական եղանք թիթեղածածկ վարժարանները արդիական կառոյցներու վերածելու գործին մէջ,
Հետեւողական եղանք նախակրթութեան մակարդակը միջնակարգի հասցնելով,
Հետեւողական եղանք պետական օրէնքի  ապահովման հետապնդումին մէջ, որու շնորհիւ  գրեթէ երաշխաւորուեցաւ վարժարանական պիւտճէի հաւասարակշռութիւնը,
Եւ վերջապէս, հետեւողական եղանք չտկարանալով զոհողութեանց պահանջքի դիմաց, մինչեւ այսօր պահելու համար մեր վարժարանները:
Եւ կասկածէ վեր է, որ զոհողութիւններու մէջ մեծ բաժին ունեցան անցեալի թէ ներկայի ծնողները եւ մանաւանդ…աշակերտները, որոնցմէ շատեր հայկական վարժարան գալու համար օրական  երկուքուկէսէն-երեքուկէս ժամ տրամադրեցին ու կը տրամադրեն ուղեւորութեան: Պատկերացուցէք դեռահաս աշակերտներ, որոնք ամէն օր Աթէնքէն-Վօլօ կամ Լամիա ճամբայ կը կտրեն եւ այն ալ՝ ոչ հանգստաւէտ անձնական փոքր ինքնաշարժով: Նաեւ կրթաթոշակ կը վճարեն, երբ իրենց բնակավայրին կից հանրակրթարանները անվճար են: Այս զոհողութեան բաղդատմամբ, որոշ գումարով մը հայակրթութեան դրամահաւաքին մասնակցիլը նուազագոյնն է, որ պիտի ընէ ամէն մէկ ազգային:   
Ոչ: Կարելի չէ գաղութ պատկերացնել առանց վարժարանի: Մանաւանդ մեր՝ յունահայ գաղութը:
Պիտի պահենք  վարժարանները, ազգային մեր ջերմանոցը, ուր ամէն օր  քով-քովի կու գան հայ տղաքն ու աղջիկները իրարու հետ եւ իրարմով սննդաւորուելու համար:
Մեր նախնիները մարտի պատրաստուողին նշանաւոր պատգամ մը կու տային.
«Վահանով կամ վահանին վրայ, բայց երբեք՝ առանց վահանի»:
Այնքան ատեն որ պաշտպանութեան համար վահանը ձեռքիդ է, կը նշանակէ թէ պայքարը կը շարունակես: Պարտուողներն են, որ վահանը լքած փախուստ կու տան մարտի դաշտէն…
Վարժարանները պաշտպանութեան մեր վահաններն են:
Գաղութը միշտ վահանով: Երբեք՝ առանց վահանի:

Միհրան Քիւրտօղլեան