Մեր թերթի գործակից Մարգար Շարապխանեան հինգ մասերէ բաղկացած իր յօդուածաշարքին մէջ կÿանդրադառնայ Հայաստանի ներկայ իրավիճակին:
Ստորեւ կը հրատարակենք շարքի վերջին մասը:
ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅՈՒ ՄԸ ԱՉՔԵՐՈՎ
«ԽՕՍՔԸ ԱՌԱՆՑ ԳՈՐԾԻ ՄԵՌԵԱԼ Է»
(Հայաստանի ներկայ իրավիճակի մասին)
«Տակաւին չենք.
կը յուսանք ըլլալ»
Պասգալ
Ե.
Աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ, ինչ որ ալ եղած ըլլար իրենց հասարակական համակարգը, մտաւորականութիւնը առաջնակարգ դեր խաղացած է իրենց երկրի մտաւոր, հոգեկան ու ընկերային կեանքի բարելաւման ու զարգացման մէջ: Այս կարեւոր հարցի կապակցութեամբ անուններ շատ կան Յունաստանի, Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Ռուսաստանի եւ հարաւային այլ երկիրներու քաջասիրտ ու հայրենապաշտ մտաւորականներէն: Համայնավարութեան անկումէն ետք սակայն, մենք ալ, մեզի բախտակից միւս հանրապետութիւններուն նման, մեր գոյութեան ու մեր հետապնդած նուիրական նպատակներուն կողմնացոյցին սլաքը տարբեր ուղղութեամբ լարեցինք: Սկսանք փառքին ու դրամին գերին դառնալ: Մտաւորականի մը արժանի ու վայել կեցուածքը մոռցանք ու այդ պատճառաւ ալ գետին կորսընցուցինք ժողովուրդի ընդհանուր խաւերուն մէջ: Մարդիկ սկսան գրողները, մտաւորականները անտեսել եւ զիրենք չքաջալերել: Յարգանքն ու վստահութիւնը պակսեցաւ: Գրողները յատկապէս, ինքզինքնին զետեղեցին կեանքի լուսանցքին մէջ, փոխանակ կեանքին մէջտեղը ըլլալու ու անկէ ալ պայքարելու ու ժողովուրդին շահերը պաշտպանելու: Կծկուած ու ինքնանպատակ գրողներուն ու առհասարակ այսպիսի դիրք բռնող մարդոց, ժողովուրդը կարեւորութիւն չի տար ու չէ տուած երբեք: Իրենց ցուցաբերած խեղճութեան չի հանդուրժեր ան: Այս հարցին մէջ, գրողը, մտաւորականը ու ընդհանրապէս մշակոյթի մարդը, հպարտ պէտք է զգայ իր կատարած գործին համար եւ որուն միջոցաւ ինքնավստահութիւն ու մանաւանդ յանդգնութիւն պէտք է ցոյց տայ իր շրջապատին մէջ: Ու ազգային յանդգնութիւն, ազգային անկորնչելի արժէքներու փաստագրութիւն: Հայաստան, հայ ժողովուրդ, հայ լեզու, հայ մշակոյթ ըսելով, գրելով, տագնապելով եւ զանոնք համաշխարհային արժէքներու աստիճանին բարձրացնելու տենչով եւ ի շահ հայ ժողովուրդի յաւերժացման համար պէտք է ապրի եւ ստեղծագործէ ան, իր նախասիրած ասպարէզին մէջ:
Հայաստանի Գրողներու Միութիւնը, գրական ու մշակութային գործ տեսնող տասնեակ մը հաստատութիւններն ու հիմնադրամները, Հ.Հ. Մշակութային ու Կրթական նախարարութիւնները, Սփիւռքի նախարարութիւնը, այս կոտտացող ու տնտեսական բնոյթ ունեցող ցաւի բուժման համար շատ գործ ունին կատարելիք: Այս ուղղութեամբ հաւատք պէտք է ունենանք Մշակոյթի, Կրթական եւ Սփիւռքի նախարարութիւններուն, Գրողներու Միութեան, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան, Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ այլ նոյնանպատակ հաստատութիւններու կատարելիք գործին վրայ, պայմանաւ, որ անոնք արդարամիտ ու անշահախնդիր նպատակներով մօտենան այս նուիրական գործին լիիրաւ յաջողութեան, որպէսզի ան աւելի օգտաշատ դառնայ հասարակութեան համար:
Չմոռնանք, որ պատմութեան մէջ անժխտելի ճշմարտութիւն մըն է, թէ ժողովուրդներն ու ազգերը ճանչցուած են ու կը ճանչցուին տակաւին իրենց ունեցած մշակութային ու գրական արժէքներով: Եղան երկիրներ, որ մեզմէ աւելի բախտաւոր գտնուեցան: Չեխիան օրինակ, ունեցաւ Հավելը, որ համբաւ շահեցաւ մարդկային իրաւունքներուն ի նպաստ իր գրած ընկերային, քաղաքական ու թատերական գործերուն եւ ցուցաբերած յանդուգն գոդծունէութիւններուն միջոցաւ եւ որոնց պատճառաւ, ժողովուրդին կողմէ, իր երկրին ղեկավար ընտրուեցաւ: Մենք տակաւին կը սպասենք մեր Հավելին...:
Պէտք է ընդունինք, թէ որեւէ երկրի տնտեսական ու քաղաքական համակարգը փոփոխութեան ենթարկելը յարատեւ աշխատանքի ու մանաւանդ հաւատքի արդիւնք է, որ բնականաբար ժամանակի կը կարօտի: Մենք կրնանք սակայն մեր հայրենիքին վրայ նայելու եւ զայն հասկնալու մեր ունեցած դիրքը փոխել, զայն մերը ըլլալ ընդունիլ, որ բոլորովին անձնական հարց մըն է այս մէկը, որ կամ կը զգաս եւ կամ չես զգար: Ուրիշ ելք չկայ: Հոգեկան ու մտային ներդաշնակութիւն մը պէտք է գոյացնես հայրենիքիդ եւ ինքզինքիդ միջեւ: Ան պէտք է գրաւէ ու «խօսի» քեզի: Իսկ եթէ կարողացար հոգեկան վիճակդ հասցնել այս կէտին, հաւատայ, որ այն ատեն միայն պիտի կարենաս ուրախ ու երջանիկ զգալ ինքզինքիդ հետ, հայրենիքիդ մէջ: Այլապէս, մոռցիր: Բայց մէկ բան լաւ իմացիր, թէ օտարութեան յանձնուիլը իմաստուն լուծում մը չէ եւ ոչ ալ նպատակայարմար միջոց մը: Իսկ եթէ որոշած ես հայրենիքդ լքել ու երթալ, գնա՛ ... եւ Աստուած հետդ թող ըլլայ: «Թող գնան, թող գնան», կ՛ըսէր ինծի տարիներ առաջ, հայրանապաշտ մտաւորական ընկերս, «հայրենիքը էսպիսիներին կարիքը չունի: Նրանք չեն կարող իրենց ունեցած հակահայաստանեան զգացումներով հայրենիքին օգտակար դառնալ»:
Ներկայիս, դժբախտաբար, հայրենիքին հանդէպ իրենց ունեցած զգացումները շրթներով միայն արտայայտողներ շատ կան Հայաստանին եւ Սփիւռքին մէջ, որոնք ուղղակի մտահոգիչ են:
Մենք, այս օրերուն գործ յաջողցնող ու ժողովուրդին իրենց տուած խոստումներուն տէրը եղող ու հայրենիք կառուցող հայրենապաշտ մարդոց պէտք ունինք եւ ոչ թէ խօսքերով միայն հայրենասիրութիւն ծախողներու: Իրենց խօսքը գործի վերածողներ, կարդացածներուս ու մանաւանդ տեսածներուս համաձայն, թէ հայրենիքէն եւ թէ Սփիւռքէն, կան ու կը գործեն մեր երկրին մէջ, որոնք անկասկած արժանի են ամէն գնահատանքի ու քաջալերանքի, ընկերային կամ քաղաքական ո՛ր հոսանքին ալ պատկանին անոնք:
Մեծատաղանդ յոյն իմաստասէրը Սոկրատ, ըսած է ժամանակին, ղեկավարական, կառավարական ու հասարակական կեանքին մէջ «չնկատուած կեանք մը ապրիլը չ՛արժեր»: Իսկ որեւէ կեանք կը նկատուի անշուշտ, երբ ան բարութեան, արդարութեան, ազատութեան, ժողովուրդին ու հայրենիքին ծառայելու նուիրուած ըլլայ:
«Գործունէութիւնը պտուղ է», կ՛ըսէր մեր մեծագոյն իմաստասէրներէն Դաւիթ Անյաղթը: Իսկ աւելորդ է ըսել, թէ ժողովուրդը, կատարուած ու իր տեսած գործերուն կը հաւատայ եւ ոչ թէ իրեն ըսուած խօսքերուն:
Ուրիշներուն օգտակար ըլլալու համար նախ դուն անձիդ հետ ուրախ պէտք է ըլլաս ու համերաշխ: Իսկ եթէ ինքզինքդ չես ճանչնար եւ ուստի ուրախ չես, բնականաբար չես կրնար նաեւ ուրիշները ուրախացնել բարեգործութիւններ կատարելով: Դիւանագէտներն ու կղերականները, որոնք խօսքի սահմաններուն մէջ նոյնութիւն մը ունին, կը նախընտրեն իրենց հասարակական կեանքին մէջ վերացական ու բնազանցական խօսքերով խօսիլ ժողովուրդին հետ, զանազան անտեսանելի խոստումներ կատարելով անոնց եւ այդ ուղղութեամբ ալ հոգեշահ յորդորներ տալով, առանց անոնց տնտեսական ու ֆիզիքական խեղճ ու կրակ վիճակը գործնական կերպով բարելաւելու մասին մտածելու:
«Վստահ եղէք, որ պիտի օգնենք ձեզի», տարիներէ ի վեր կը կրկնեն անոնք: «Աղօթեցէք եւ պիտի ստանաք», կը թելադրեն կղերականները սովահար ու անգործ, իրենց կեանքը քաշքըշող զանգուածներուն: Եւ այս խեղկատակութիւնը, որ թատերական բնոյթ ունի, դեռ կը շարունակուի ոչ միայն Հայաստանին մէջ, այլ նաեւ բոլորիս ծանօթ շարք մը այլ երկիրներուն մէջ: Եւ անշուշտ անոնք, (խոստումներ տալու ճարպիկութիւնն ու սովորութիւնը ունեցող այս մարդիկը), ամէն գիշեր եւ ամէն օր, ճոխ ուտելիքներով լեցուն սեղաններուն շուրջը բոլորուած, յագեցած ստամոքսներով ու հաւատքով անշուշտ, Աստուծմէ կը խնդրեն, որպէսզի «յիշէ աղքատները ու անոնց ալ պարգեւէ այսպիսի ճոխ սեղաններ»: Ոչ միայն գիտակից մարդիկ, այլ Աստուած անգամ կը զարմանայ այս ձեւով ըսուած խօսքերուն վրայ: ¨Գոնէ իրենց ունեցած հարստութենէն, ճոխ սեղաններէն չնչին բաժին մը տային աղքատներուն¨վստահ կը մտածէ Ան, արդարացի կերպով:
Այս վայրկեանին ակամայ կը յիշեմ Գաբրիէլ Սունդուկեանին, այս իրապաշտ թատերագրին մէկ գործը, որուն հերոսը, Օսկան ՊԵտրովիչը, Սունդուկեան կը տանի դժոխք: Հոն, դժոխքին մէջ Օսկան զարմանքով կը տեսնէ իրեն ծանօթ անձնաւորութիւններ, որոնք երկրային կեանքին մէջ պատուաբեր կեանք մը կ՛ապրէին, բոլորին կողմէ յարգուած ու սիրուած...: Ու զարմացած եւ ապշահար հարց կու տայ անոնց. «Վա՜հ...ախար էստի ո՞ւր ին բերին ձեզ, թէ՞ վուր դուք ժամասէր ու աստծապաշտ էիք»: (Թիֆլիսի լեզուն պահած եմ: Մ.Շ.): Ու անոնք կը պատմեն Օսկանին, երկրին վրայ, ի վնաս ուրիշներուն իրենց ըրած անմարդկային ու անհաւատալի գործերու մասին ու ապա անոնցմէ մէկը կ՛աւելցնէ. «Բոլորս ալ այստեղ, դժոխքին մէջ է, որ կը նոյնանանք, մէկ գլուխ կը դառնանք»: Օսկան չի հաւատար իր տեսածներուն ու լսածներուն ու ափիբերան կը մնայ ու շլմորած, գլուխը ափերուն մէջ առած, ապշադէմ, իր պաղ աչքերը կը պտըտցնէ դժոխքին մէջ այրուող այս խաբեբայ ու խարդախ մարդոց վրայ, «Վա՜յ քեզ աշխարհ...վա՜յ քեզ աշխարհ...» շարունակ կրկնելով: Այս գիրքը, որուն տիտղոսն է «Օսկան Պետրովիչը էն կինքում», (այն կեանքում), կ՛արժէ կարդալ այս օրերուն: Անշուշտ կատակերգութիւն մըն է ան, բայց Սունդուկեան այս գործով կ՛ուզէ բաներ մը հասկցնել տակաւին ապրողներուս, խղճի հարց մը ստեղծելով: Չես գիտեր, քանի ուշ չէ դեռ, կրնայ շատերուն օգտակար ըլլալ ան: Ու ամէն տեղ անշուշտ: Եւ ոչ միայն Հայաստանին մէջ:
Հոս, նպատակս յո ռետես ըլլալ չէ: Աստուած չընէ: Այդ զգացումը շատ հեռու է ինծմէ: Գիտեմ, որ եղած են գործեր, եւ կ՛ըլլան տակաւին, որոնք ժողովրդանուէր են եւ ժողովուրդին մէկ որոշ մասին, կեանքի բարելաւում պարգեւած են: Սակայն գիտեմ նաեւ, որ կրնանք շատ աւելին ընել: Ու բոլորս, այդ աւելին տեսնել կը ցանկանք: Ուրիշ ոչինչ:
Հայաստանի մեր քաղաքական ու հասարակական ներկայ վարքագիծը ինչ պատկեր ալ ներկայացնէ, հիասթափուելու իրաւունք չունինք: Ինչ որ ալ ըլլայ, մե՛րն է ան: Պէտք է միասնական ճիգերով օգնենք իրեն, որպէսզի աւելի բարելաւուի ան: Յառաջադէմ ու քաղաքակիրթ կոչուած երկիրներն ու պետութիւնները դիւրաւ չեն կառուցուած: Նախապայման է, որ հաւատք ունենանք մեր հայրենիքին վրայ ու այդ հաւատքին հիման վրայ կեդրոնանալով, օգնենք անոր վերելքին ու ամրապնդման: Զայն կառուցող հայրենապաշտներ միշտ եղած են,կա՛ն ու կը հաւատամ, թէ անոնք պիտի յայտնուին նաեւ ապագային, անկասկած: Համբերենք ու մանաւանդ դրական գործ կատարենք: Ձեռնածալ չմնանք:
Ներկայիս Հայաստանին մէջ, բոլոր ասպարէզներուն ու բոլոր մակարդակներուն վրայ, բարելաւելիք եւ իրականացնելիք գործեր շատ կան տակաւին:
Մինչ այդ, Քրիստոսի ըսածը միշտ ի մտի ունենանք. «Խօսքը առանց գործի մեռեալ է»:
Մարգար ՇարապխանեանՈւշի-Երեւան
(Շար. 5, վերջ)