«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:
Կարդալու խնդիր
(Բ.)
Անշուշտ թերթի մը խմբագրին ու աշխատաւորներուն համար շատ կարեւոր է գիտնալ թէ թերթը որքա՞ն կը կարդացուի, քանի՞ հոգի կը կարդայ սա թերթը։ Բայց որքան որ կարեւոր է, այդքան ալ դժուար է յստակ գաղափար մը ունենալ այս հարցումին պատասխանին մասին։
Եթէ ինծի հարցուի թէ ինչպէս կը հասկնամ որ թերթը կը կարդացուի՞ թէ ոչ, բաւական անակնկալ պատասխան մը ունիմ։ Պիտի ըսեմ որ ատիկա կը հասկնամ թերթին մէջ գործուած կարեւոր սխալներէն։ Այս մէկը շատ հետաքրքրական խնդիր է։ Եթէ թերթին մէջ կարեւոր սխալ մը գործուի, իրիկունը բնակարանիս հեռաձայնը շարունակ հնչել կը սկսի։
Ընթերցողներն են որ զիս կը փնտռեն ու «կ'աւետեն» որ մենք այդ օր կարեւոր սխալ մը գործած ենք։ Ասիկա զիս չի ջղայնացներ, զիս նեղ կացութեան չի մատներ ընթերցողին դիմաց։ Ընդհակառակը, կþուրախանամ։ Մարդու բան չեմ ըսեր, բայց կþուրախանամ։ Որքան շատ հեռաձայն ստանամ, այդքան շատ կ'ուրախանամ։ Ասիկա ահաւասիկ առաջին փաստ մըն է այն մասին թէ թերթը կը կարդացուի եղեր։
-Ալօ, այսօր առաջին էջին վրայ այսինչ լուրին շարունակութիւնը չորրորդ էջին մէջ չկայ։ Մոռցեր էք դնել։
-Ալօ, այսօր առաջին էջի առաջին սիւնակին վրայ հրատարակուած լուսանկարին տակի անունը սխալ է։ Անունը այնինչ չէ, այսինչ է։
-Ալօ, գրած էք որ առաջին էջին վրայ հրատարակուած յօդուածին շարունակութիւնը չորրորդ էջին մէջ է, մինչդեռ երրորդ էջին մէջ դրած էք։
Այս ազնիւ ընթերցողներուն, որոնք չեն ծուլացած հեռաձայն մը բանալու եւ մեզ մեր սխալէն տեղեակ պահելու, ես ոչ միայն խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, այլ նաեւ գնահատանք մը կը ղրկեմ.
-Կը շնորհաւորեմ ձեզ որ այսքան ուշադրութեամբ կը կարդաք։ Մենք կը գնահատենք ձեզի նման ուշադիր ընթերցողները։
Դիմացինս կը կարծէ որ ես սխալի մատնանշումին համար է որ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, մինչդեռ ես ուրիշ փառաւոր պատճառ մըն ալ ունիմ շնորհակալութիւն յայտնելու համար։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ մասնաւորաբար անոր համար որ այդ հեռաձայնը փաստ մըն է թերթին կարդացուելուն մասին։ Ասիկա ինծի յատուկ գաղտնիք մըն է ահաւասիկ։ Ենթադրենք որ խորագրի կարեւոր սխալ մը ըրինք, խորագրի մը մէջ ուղղագրական կարեւոր սխալ մը գործեցինք, կամ հրատարակեցինք յօդուած մը որ շատերուն հաճոյ չթուեցաւ, կամ վերջապէս այսպիսի անճարակութիւն մը գործեցինք, ընթերցողները անմիջապէս կը հակազդեն, «Մենք հոս ենք» կþըսեն։ Անոնք երբեք մեզի հետ կապ պիտի չհաստատեն, երբեք իրենց գոյութենէն մեզ տեղեակ պիտի չպահեն եթէ թերթին մէջ բնաւ սխալ չգործենք։ Անթերի ու անսխալ թերթ մը հրատարակելը այս պատճառաւ շատ անպատեհ է։ Խելացի խմբագիրը չ'արտօներ որ թերթը անսխալ տպուի։ Անսխալ թերթ հրատարակող խմբագրին հե- ռաձայնը բնաւ չի հնչեր, կարծես մեռելային լռութիւն մը կը տիրէ իր եւ ընթերցողներուն միջեւ, եւ այն ատեն խմբագիրը կրնայ կարծել որ թերթը կարդացող չկայ։
Կարեւոր խնդիր կը ստեղծէ մեր ազգայիններուն բնակած թաղը։ Մեր բոլոր սիրելի ընթերցողները որոնք մօտաւորապէս քսան-երեսուն տարի առաջ կը բնակէին քաղաքին հայաշատ թաղերուն մէջ, հիմա կը բնակին նոր ու հեռաւոր «սիթէ»ներու մէջ, ուր հայերէն թերթ չի վաճառուիր։ Ամէն օր այդ «սիթէ»ներու բնակիչները մեզի հարց կուտան թէ թերթը ո՞ւրկէ կրնան ապահովել։ Ճար չկայ։ Չենք կրնար թերթ ղրկել այդ- քան հեռու ու մեկուսի տեղ մը։ Երբ մեր քթին տակ բնակողները թերթ չեն կարդար, հեռու բնակողները թերթ կարդալ կþուզեն։ Ասիկա ցաւալի է, բայց կրնա՞նք ըսել.
-Եղբայր, եթէ մեր թերթը կարդալ կ'ուզէիր, ինչո՞ւ գացիր ու այդ թաղին մէջ բնակութիւն հաստատեցիր։
Տարիներ առաջ նշաններ կային որոնք մեզի գաղափար կուտային թերթ կարդացողներուն մասին։ Օրինակ, իրիկունը եթէ Գնալը գացող շոգենաւի ճամբորդ էիր, շոգենաւին մէջ ամէն կողմ կը տեսնէիր հայեր որոնք թերթը հրապարակաւ կը կարդային։ Այս տեսարանը հաճելի էր մեզի համար։ Հիմա պատմութեան մէջ մնացած պատկեր մըն է այս։ Պատմութեան մէջ մնացած պատկեր է ո՛չ թէ անոր համար որ հայերը այլեւս կը խրտչին հրապարակաւ հայերէն թերթ կարդալէ, այլ անոր համար պարզապէս՝ չեն կարդար։ Մանաւանդ համայնքային մեր այն ազնիւ գործիչները, հոգաբարձուներ, խնամակալներ, թաղային խորհուրդներու անդամներ, ուսուցիչներ, որոնք անպայման Գնալը կը բնակին, անտարակոյս թերթ չեն կարդար։ Ոմանք չեն կարդար որովհետեւ հայերէն չեն գիտեր։ Ոմանք ալ չեն կարդար որովհետեւ չեն կարդար։ Իրենց հետ հաղորդակցելու միջոց գրեթէ չունինք, որովհետեւ գիտենք որ անոնք մեզ չեն կարդար։
Երէկ իրենց մասին ինչ գրեցինք, ինչ առաջարկեցինք, ինչ գովեստ շռայլեցինք, չեն գիտեր։ Բայց մենք իրենց հետ հաղորդակցելու մասնակի միջոց մը գտած ենք։ Իրենց լուսանկարը կը հրատարակենք։ Մեր ընթերցողներէն բազմաթիւ միամիտ ազգայիններ երբեմն կը զարմանան թէ խմբագիրը ինչու այսքան շատ լուսանկար կը հրատարակէ թերթին մէջ։ Պատասխանը այս է ահաւասիկ։ Որովհետեւ մեր հանրային գործիչները թէեւ հայերէն չեն կրնար կարդալ, բայց լուսանկար կրնան ճանչնալ։ Լուսանկարը միջազգային լեզու է եւ բոլորին կողմէ կը կարդացուի։ Ես որպէս հայ խմբագիր, լուսանկարի դէմ չեմ։ Բայց մէկ բան ինծի վախ կը պատճառէ։ Կը վախնամ որ մօտիկ ապագային հայերէն թերթը պիտի հրատարակենք միայն լուսանկարով, առանց հայերէն գրութեան։
(Վերջ)
Ռ. Հատտէճեան
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» - (Յուշատետր - 71)