Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Մեր թերթի գործակից Մարգար Շարապխանեան հինգ մասերէ բաղկացած իր յօդուածաշարքին մէջ կ'անդրադառնայ Հայաստանի ներկայ իրավիճակին: Ստորեւ կը հրատարակենք շարքի Գ. մասը:


«ԽՕՍՔԸ ԱՌԱՆՑ ԳՈՐԾԻ ՄԵՌԵԱԼ Է»
(Հայաստանի ներկայ իրավիճակի մասին)
Գ.

«Տակաւին չենք.
կը յուսանք ըլլալ»
Պասգալ

Մեր նշանաւոր կղերականներէն Մխիթար Գոշ (113Օ-1Ձ1Յ) իր հեղինակած օրինագրքով, «Դատաստանագիրք», որուն մէջ սահմանած է օրէնքներ, որոնք կապ ունին, իր ժամանակին ի վնաս հայ ժողովուրդին գործադրուած անօրէնութիւններուն հետ: Այս արժէքաւոր գրքին մէջ ան կը խօսի տիրող անհաւասարութիւններու մասին, դասակարգային անարդար եղելութիւններու մասին, հասարակական անիրաւութիւններու մասին, իրաւունքի չարաշահութեան, բարձրաստիճան կրօնաւորներու ու քաղաքական իշխանաւորներու ընդունած կաշառակերութեան ու մարդկայնօրէն անընդունելի եղող անհաճոյ այլ հարցերու մասին: Գոշը, «...Օրէնքի եւ օրինականացման կողմնակից է, այսինքն տանուտիրական ինքնիշխանութեան, տիրող վերնախաւին կամայականութիւններուն բուռն սանձահարումներու կողմնակիցը», ինչպէս կ՛ըսեն զինք լրջօրէն ուսումնասիրողները: Գոշ ուրիշ կարեւոր աշխատութեան մը մէջ, «Առակք եւ ոտանաւոր խրատականք», կ'ըսէ հետեւեալը. «Գործերով պէտք է խրատել եւ ոչ խօսքով»: Ու կ'աւելցնէ դարձեալ. «Երբ իշխող դասակարգի այս կամ այն ներկայացուցչի խօսքի եւ գործի միջեւ կապ չկայ, երբ ան բան մը կ'ըսէ եւ իրականութեան մէջ իր ըսածին բոլորովին հակառակը կ'ընէ եւ կամ բնաւ չ'ըներ, այդ չընելով եւ կամ իր ըսածին հակառակը ընելով, ան միայն վնաս կը հասցնէ իր ժողովուրդին»:
Եւ քանի կը խօսինք մեր մեծերուն մասին, հոս կÿարժէ յիշել նաեւ մեր իմաստուն կաթողիկոսներէն Ներսէս Շնորհալին, որ ապրած է մօտաւորապէս Գոշի ապրած տարիներուն, որ իր ապրած ու գործած շրջապատէն ներշնչուած, իր հայրապետական ու սրտցաւ տպաւորութիւնները գրած է փոքրաթիւ ու փոքրածաւալ էջերու մէջ ամփոփուած «Թուղթ ընդհանրական»ին մէջ: Շնորհալին, իր այս եւ ուրիշ սրտահատորներուն մէջ, կը խօսի արական եւ իգական սեռին պատկանող աշխարհականներուն ու յատկապէս եկեղեցականներուն ապրած եւ մասնաւորաբար իրենց երկրային կեանքը ի՛նչպէս պէտք է ապրին, իրարու, ժողովուրդին ու հայրենիքին ի՛նչպէս կրնան օգտակար դառնալ եւ հասարակական այլ կարեւոր հարցերու մասին, որոնք շահագործման դրուած էին ու այլասերած վիճակ մը կը ներկայացնէին իր ապրած տարիներու ընթացքին:                                                                                    
Այս ծիրէն ներս կ՛արժէ ուսումնասիրել նաեւ մեր դարաւոր պատմութեան 1Օ-11րդ դարերու ժամանակաշրջանը, որուն քաղաքական ու կղերական բարոյական անկումներուն մէջ, իր կրօնակիցներէն հալածուած ու զրպարտուած Նարեկացին, որ իր ունեցած բանաստեղծաշունչ ու աստուածատուր հոգիով մեզի պարգեւեց «Նարեկ» անուանուած, Աստուածաբանական եւ իմաստասիրական բնոյթ ունեցող աղօթագիրքը, որ ուղղուած է « Գաղտնիքները տեսնող Տիրոջ»: Ու Նարեկացին իր շրջապատէն խորապէս ազդուած, ներամփոփ ու մենակեաց, գրի կ՛առնէ իր մտքերը եւ կը ստեղծագործէ պատմական արժէք ունեցող իր հատորը եւ զայն կը կոչէ «Մատեան Ողբերգութեան»: Իր «թախծոտ», «սասանած» ու «ճենճերող» (այրուող) «հոգիին», «մտքին», ու նաեւ «իղձերուն պտուղն» է ան, որ իր «կամքի բուրուառով», զայն կը ձօնէ բարեսիրտ Տիրոջ: Ափսոս, որ Նարեկացին իր բողոքն ու զայրոյթը, փոխանակ մարդոց ուղղելու Աստուծոյ կ՛ուղղէ եւ փրկութիւն կ՛ակնկալէ իրմէ: Թերեւս Նարեկացին, իր տարիներուն, «Աստուծոյ հետ ձեռքերդ ալ շարժէ: Ուղեղդ ալ գործածէ ու Ես, Աստուածդ, այն ատեն է որ քեզի օգնութեան կը հասնիմ» յունական խորաթափանց իմաստութեան ծանօթ  չէր, վասնզի իր ապրած շրջանի անբարեյոյս տարիները, նոյնիսկ հե- տագայ տարիներուն, հաւաքական ու ընդհանրական մեծ փոփոխութիւններ չարձանագրեցին ու մնացին գրեթէ նոյնը: Ալ չեմ խօսիր մեր Պատմահօր, Մովսէս Խորենացիին 5¨րդ դարուն գրած «Հայոց Պատմութիւն» արժէքաւոր հատորի մասին, որուն վերջաւորութեան, չորս¨հինգ էջերով, կը նկարագրէ ազգային անկում մը, զայն անուանելով պարզապէս «Ողբ»: Այս էջերով, մեր Պատմահայրը, հայոց աշխարհին մէջ, իր ժամանակաշրջանին տիրող, հասարակական ու քաղաքական շրջանակներէն ներս,բարոյական ներքին անկում մը կը յայտնաբերէ:  
Կ՛արժէ այս օրերուն այս գործերը կարդալ եւ ճշմարիտ կերպով հասկնալ զանոնք:
Ու այս բոլորը կարդալէ եւ ուսումնասիրելէ ետք այն եզրակացութեան կու գանք, թէ մեր բոլոր իշխանաւորներն ու կղերականները արդարամիտ ու սրբակեաց չեն եղած, այլ անխղճօրէն ժողովուրդը շահագործած են իրենց անձնական ու հաւաքական շահերուն համար: Եւ պէտք է ընդունինք նաեւ, թէ մենք, ազգերու պատմութեան մէջ առանձին չենք եղած, բոլոր ազգերն ալ ունեցած են եւ տակաւին ունին այսպիսի անձնաւորութիւններ ու դէպքեր, կարեւորը զիրենք ճանչնալն է եւ զանոնք դրսեւորելը:
Ներկայիս Հայաստանը կ'ապրի նաեւ ուրիշ ցաւալի ու ազգակործան տագնապ մը, որ անմիջական կապ ունի մեր ժողովուրդի ապրած կեանքին հետ, յաճախ իր տնտեսական վիճակին հետ, որ երբեմն հարցական է ինծի համար: Աւելին ունենալու, աւելիին տիրանալու տենչ մը կայ ժողովուրդի  այլազան խաւերուն մէջ, որ վերջ չունի եւ ոչ ալ պիտի ունենայ: Աւերիչ տենչ մըն է ան:
Մարդկային պատմութիւնը սորվեցուցած է մեզի, թէ անոնք որոնք իրենց տենչերը չեն կրնար հակակշռել ու անոնց վրայ տիրապետել, ուշ կամ կանուխ կը ձախողին ու դժբախտ եւ ապերջանիկ կը դառնան:   
Մարդիկ, որոնք քիչ թէ շատ լաւ ու խաղաղ կեանք մը կ՛ապրին  Հայաստանին մէջ, աւելի լաւ ու աւելի բարեկեցիկ կեանք մը ապրելու սիրոյն, կÿարտագաղթեն օտար երկիրներ, առանց լաւ ու բարեկեցիկ բառերուն ներփակած իրական իմաստներուն ծանօթ ըլլալու: Ու կÿիյնան այլազան նեղութիւններու մէջ, որոնք երբեմն ընտանեկան փորձանքներու ալ կ'առաջնորդեն զիրենք: Պէտք է ըմբռնենք, թէ կեանքին մէջ ամէն ինչ սահման մը ունի ու վերջ մը: Աւելին ու աւելին ունենալու ցանկութիւնը, որ յաճախ ագահութեան կ'առաջնորդէ մարդս, անվերջ ու վտանգաւոր զգացումներ են: Երջանկութիւն                    ըսուածը եւ կամ ուրախ կեանք մը ապրիլը, վստահօրէն դրամով չեն գնուիր: Ուրիշ զգացումներ են անոնք, որոնք յաճախ աննիւթական են ու կապ ունին ապրած կեանքիդ ընթացքին ունեցած հոգեկան ու մտային մօտեցումներուդ հետ:                                                                                  
Շատերու հետ իմ անձնական խօսակցութիւններէս դատած, անոնք կը կարծեն թէ, Հայաստանէն դուրս, օտարութեան մէջ, ամէն տեղ ուրախութիւն ու երջանկութիւն կը տիրեն ու կեանքը, եւ մանաւանդ «ռուբլին» եւ «տոլարը», իրենց համար պիտի հոսին խաղաղ ջուրի պէս ու իրենց կեանքը պիտի դարձնեն երջանկաբեր: Անոնք պէտք լաւ գիտնան սակայն, թէ ուրախութիւնն ու երջանկութիւնը երկիր փոխելով եւ օդին մէջէն առանձին չեն գար: Անոնց արժանանալու համար նախ եւ առաջ պէտք է գիտնաս թէ ի՛նչ է երջանկութիւնը ու մանաւանդ, ամէնէն կարեւորը, ինքզինքդ պէտք է ճանչնաս: Ապրած կեանքիդ իմաստը եւ նպատակը նախ պէտք է ճշդես: Արիստոտել ըսած է  տեղ մը, թէ «Երջանկութիւնը վիճաբանելի հարց մըն է, որ բացարձակապէս կապ չունի ունեցած նիւթականիդ հետ: Հոգեկան ու մտային գերբնական ու անտեսանելի հարց մըն է ան, որ անմիջական կապ ունի զգացումներուդ հետ, ներաշխարհիդ հետ, որ քեզի սուտ չ'ըսեր»:
Գաղթողներէն շատեր ինքզինքնին ուրախ ու երջանիկ եղած ըլլալ կը ձեւացնեն սակայն, յաճախ անիրական լուրեր ղրկելով երկիր, իրենց ընտանիքներուն, ազգականներուն ու բարեկամներուն: Անոնք յաճախ, ամէն առիթներով Հայաստանին դէմ  ալ կը խօսին, երբեմն նոյնիսկ կը վարկաբեկեն զայն ու անամօթաբար կ'աստուածացնեն իրենց գաղթած օտար երկիրները, իրենց կատարած անընդունելի արարքը մասամբ մը արդարացնելու նպատակով: Չեմ խօսիր իրենց ազգային ինքնութեան, իրենց զաւակներուն ունեցած հայեցի կրթութեան, դաստիարակութեան, աստիճանական անհետացման մասին: Իրենց համար աշխարհին մէջ լաւ կեանք մը ապրիլը բաւարար է, մնացածը  «պարապ  բաներ են», ինչպէս կ'ըսեն անոնք ինծի ու իմ դառն ու յանդիմանական  մեղադրանքներուն կ'արժանանան, որոնք հիմնուած կ'ըլլան իմ ունեցած փաստացի տուեալներուս վրայ:                    
Բնականաբար, ամէն մարդ ազատ է իր կեանքը իր ուզած ու նախընտրած ձեւով ապրելու աշխարհի ո՛ր անկիւնը որ ուզէ, բայց իրաւունք չունի իր բնօրրանը, իր հայրենիքը նսեմացնելու, վարկաբեկելու, անոր հասցէին անվայել ու անիրական խօսքեր ըսելու: (Այս մէկը անշուշտ, բարոյական ու բոլորովին անձնական, անգիր հասկացողութիւն մըն է): Սփիւռքը, այսպիսիներուն համար փրկութիւն մը չէ, այլ ազգային եւ ուրիշ այլազան հարցերու  կորուստ մը: Նաւաբեկում մը պարզապէս: Հոս, անարդար եղած պիտի ըլլամ եթէ բոլորն ալ նոյն ջուրով լուամ: Ես կը խօսիմ հայրենիքին մէջ, մեր ազգն ու հայրենիքը տկարացնող ու զայն այլասերող, այս օրերուն ընդհանրացած, ցաւալի երեւոյթի մը մասին: 
Արդարեւ, արտագաղթը, Հայաստանի սրտին վրայ ճնշող մեծ վէրք մըն է, մեր ազգային բունին վրայ իջած կացինի քանդիչ հարուած մը, որուն դէմ եթէ օր առաջ պետականօրէն չպայքարինք ու անոր հոսքը չնուազեցնենք, կրնանք մօտ ապագային մեր ազգային գոյութիւնը անել կացութեան մը առջեւ դնել: Նիկոլ Աղբալեանը, մեր մեծ մտաւորականն ու ազգային գործիչը, իր ժամանակին, հետեւեալ պատգանը տուած է մեզի, որ կը յարմարի նաեւ մեր օրերուն. «... Շրջապատուած ենք ահաւոր ու քանդիչ ուժերով: Հարկ է նոր ու մոլեռանդ հայութիւն ստեղծել, դիմագրաւելու համար այն ուժերը, որոնք ամէն կողմէ կը խուժեն հայը ոչնչացնելու համար»: 
Այս խոցելի տագնապին կապակցութեամբ, հասակ առնող սերունդին տրուած հայրենապաշտական դաստիարակութիւնը, անոնց պատրաստուած ասպարէզային այլազան գործերուն մէջ ընծայուած առիթները, ազատ ասպարէզներու մէջ պատրաստութիւն ունեցող երիտասարդներուն գործեր ապահովելը, այս ուղղութեամբ, կրնան դրական գործ կատարել անկասկած: Հայ ժողովրդի ապագան անոնք պիտի ամրապնդեն, վասնզի անոնք են մեր հայրենիքի գրաւականը, երաշխիքը: Ես կը հաւատամ ու յաճախ ականջալուր ու ականատես դարձած եմ Հայաստանի ներկայ երիտասարդութեան, մեծամասնութեան ունեցած քաղաքացիական առողջ ըմբռնումներուն ու հայեցի կեցուածքին, որոնք պէտք է խանդավառեն եւ յուսալից դարձնեն մեզ: Անոնք է որ  հայրենանպաստ ուղղութիւններով պիտի առաջնորդեն մեր ժողովուրդն ու մեր հայրենիքը: Հաւատք ունենանք Հայաստանի երիտասարդութեան վրայ ու առանց երկընտրանքի, անհատական կամ հաւաքական միջոցներով քաջալերենք զիրենք, սրտբացօրէն ու գործնական կերպով:

(Շար. 3)

Մարգար Շարապխանեան