Print
Category: Յօդուածագրութիւն

rober-haddejian_11-7-11«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը  հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:


Կարդալու խնդիր
Ա.

Իր պաշտօնին գիտակից ու նախանձախնդիր հայ խմբագրին անյագուրդ երջանկութիւններէն մէկն է հանդիպիլ մէկու մը կամ ընդունիլ մէկը որ թերթին հաւատարիմ մէկ ընթերցողն է։ Միայն խմբագիր պէտք է ըլլաք, որպէսզի հասկնաք թէ ինչպիսի երջանկութիւն մըն է ասիկա։
Իր պաշտօնին գիտակից ու նախանձախնդիր նոյն հայ խմբագրին համար անտանելի ու անբացատրելի տառապանքներէն մէկն ալ հանդիպիլ է կամ ընդունիլ է մէկը որ բնաւ թերթը չի կարդար եւ ոչինչ գիտէ թերթին մէջ խմբագրին կամ միւսներուն գրածներուն մասին։ Միայն խմբագիր պէտք է ըլլաք որպէսզի կարենաք հասկնալ թէ ինչպէս յանկարծ անոր մտածել կուտայ թէ իր ըրածը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ օդին մէջ պարապ ու անօգուտ շարժումներ ընել։
Գալով ինծի, անշուշտ որ ես այն խմբագիրն եմ որ ամէն օր քանիցս կþապրի այս երկու փորձառութիւնները։ Այս երկու փորձառութիւնները մէկ կողմէ բան մը կը կառուցանեն հոգւոյս մէջ, մէկ կողմէ ալ բան մը կը քանդեն։ Եւ կը վախնամ ըսելու, բայց ճշմարտութիւնն այն է, որ ամէն օր ներաշխարհիս մէջ քանդուածը աւելի շատ է քան թէ կառուցուածը։
Բայց ես որպէս խմբագիր, ունիմ նաեւ յատկութիւն մը որ չեմ գիտեր թէ ինծի համար մեծ բարեբախտութի՞ւն է թէ ոչ մեծ անբախտութիւն։ Հարցն այն է որ ես ամէնէն շատ հինգ վայրկեանի մէջ կը հասկնամ որ դիմացինս թերթ կարդացո՞ղ է, թէ չէ, հաւատարիմ ընթերցո՞ղ մըն է թէ ոչ մէկն է որ թերթին երեսն անգամ չի նայիր։ Երկու կամ երեք վայրկեանի խօսակցութիւն մը կը բաւէ որ ես անդրադառնամ այս կէտին, առանց որ դիմացինս նշմարէ կամ հասկնայ ամէն ինչ։ Կրկնեմ, չեմ գիտեր թէ իմ այս յատկութիւնը բարեբախտութի՞ւն է, թէ ոչ անբախտութիւն է։
Ասիկա երբեմն շատ ծիծաղաշարժ տեսարաններ կը պարզէ խմբագրատան մէջ, տեսարաններ որոնք իրականութեան մէջ բնաւ ալ ծիծաղաշարժ չեն։ Ահաւասիկ օրուան այցելուն է մէկը որ գիտեմ թէ ազգային գործերու նախանձախնդիր մարդու համբաւ կը վայելէ։ Գիտեմ թէ այդ մարդը քանի մը բախտորոշ պաշտօններ կը վարէ համայնքէն ներս։ Մեծ յարգանք կը ցուցաբերէ տակաւին առաջին վայրկեանէն եւ ես ալ տակաւին առաջին վայրկեանէն կը մտածեմ որ անիկա հաւատարիմ ընթերցող մըն է որ պիտի խօսի մեզի ծանօթ խնդրի մը մասին։ Սխալ չէ։ Հիւրը կարեւոր հարցի մը մասին խօսք կը բանայ ահաւասիկ։ Բայց ի՞նչ է այդ։ Ինծի կը սկսի բացատրել բան մը, կամ կը սկսի ինծի կարծիք տալ բանի մը մասին որուն շուրջ ես տակաւին երէկուան թերթին մէջ գրած եմ։ Առաջին ակնթարթին կը կարծեմ որ երէկուան գրածս կարդացած է եւ այդ մասին խօսելու համար է որ եկած է։ Բայց մէկ վայրկեան վերջ ահաւասիկ կը պարզուի ծիծաղաշարժ ողբերգութիւնը։ Կը հասկնամ որ ան լուր անգամ չունի որ ես նախորդ օր այդպիսի բան մը գրած եմ եւ հիմա եկած է այդ մասին քարոզ մը կարդալու ինծի։ Կարծես կը սառիմ, սիրտս կը սեղմուի, չեմ գիտեր թէ պէտք է զայրանա՞մ այս անձին անհեռատեսութեան կամ անբախտութեան համար, թէ ոչ պէտք է զայրանամ ամէն բանէ առաջ ոչ թէ թերթ չկարդալուն համար, այլ անոր համար որ առանց թերթը կարդալու եկած է բան մը քարոզելու ինծի։
Բայց ո՞րն է այս խնդրին մէջ իմ ամենամեծ դժբախտութիւնը։ Այն է որ ի վերջոյ բաւական քաղաքավար մարդ եմ եւ կը նողկամ դիմացինս, մանաւանդ ինծի այցելութեան եկած հիւրը նեղ կացութեան մատնելէ։ Աստուած իմ, այդ վայրկեանին ինծի համար որքան հաճելի կամ որքան տհաճ պիտի ըլլար նայիլ մարդուն աչքերուն մէջ եւ անոր ըսել.
-Բարեկամ, սա քու ըսածին մասին ես տակաւին երէկ գրած էի։ Յայտնի է որ չես կարդացեր։ Կը գնահատեմ քու բծախնդրութիւնը, բայց անկէ առաջ կը յանձնարարեմ որ թերթ կարդաս եթէ այսքան բծախնդիր ես։
Բայց հո՛ս է ահաւասիկ որ ծիծաղաշարժը ողբերգութեան կը փոխուի։ Քաղաքավար մարդ եմ ու հիմա բացարձակապէս պիտի չկարենամ մարդուն ըսել այն ինչ որ կը մտածեմ այդ պահուն։ Ընդհակառակը, որպէսզի ան նեղ կացութեան չմատնուի, որպէսզի ամօթով չմնայ, պիտի լռեմ, բան պիտի չըսեմ, կամ կլոր խօսք մը պիտի ընեմ պարզապէս.
-Իրաւունք ունիք, այս մասին մենք ալ արդէն գրած ենք եթէ կարդացած էք, եւայլն։
Այս ըսելու ընթացքին ալ առաւելագոյն ճիգը պիտի վատնեմ որպէսզի չվիրաւորեմ, որպէսզի մարդը չզղջայ եկած ըլլալուն համար։ Արդէն գիտեմ թէ ինչ պիտի պատահի եթէ համարձակութիւնը ունենամ ըսելու թէ ես երէկ մանրամասն գրած էի այդ մասին, ուրեմն ինք չէ կարդացեր զայն։ Գիտեմ թէ ինչ պիտի պատահի։ Մարդը իբրեւ թէ ցաւ պիտի յայտնէ.
-Իրա՞ւ, պիտի ըսէ, մեղք որ երէկ թերթը չէինք ստացած։ Ցրուիչը թերթ չբերաւ երէկ։
Պաշտօնապէս պարտաւոր եմ հաւատալու այս սուտին։ Պարտաւոր եմ նաեւ այնպէս ձեւացնելու որ հաւատացի այդ սուտին։ Բայց հարց մըն ալ հոս կայ։ Ես շատ սխալած կþըլլայի եթէ կարծէի որ դիմացինս պիտի անհանգստանար լսելով որ ես երէկ արդէն գրած էի այդ մասին, որովհետեւ պատուական հիւրս բնաւ կարեւորութիւն պիտի չտար այս մերկացումին ու պիտի շարունակէր քարոզ կարդալ ինծի։

(Շարունակութիւնը յաջորդիւ)

Ռ. Հատտէճեան
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» -
(Յուշատետր - 71)