ԼՂՀ նախագահի գլխաւորած պատուիրակութեան
ուրախառիթ այցելութեան առիթով
Եռօրեայ այցելութեան ծրագրով, Ուրբաթ 10 Փետրուարի կէսօրին Աթէնք ժամանեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
ԼՂՀ նախագահի պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Արցախի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան եւ ԼՂՀ զինուորական ու քաղաքական ներկայացուցիչներ։
Նախագահ Բակօ Սահակեանի առաջին այցելութիւնը Յունաստան տեղի կ'ունենայ թէ՛ զոյգ երկիրներուն՝ Յունաստանի եւ Արցախի համար, թէ միջազգային ու շրջանային քաղաքական խմորումներու առումով զգայուն մէկ պահու։
Ծանօթ է, որ Յունաստան կþապրի իր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն սուր տնտեսական ճգնաժամը, որ ծանրագոյն պարտքի տակ դրած է յոյն ժողովուրդը ու անոր հետագայ սերունդը։ Ժողովուրդը իր բուռն ընդդիմութիւնը կը յայտնէ համախոհական կառավարութեան կողմէ առնուող որոշումներուն՝ ընդվզելով ու ըմբոստանալով անգոյ եւ անբաւարար կառավարման դէմ։ Այս ընդդիմութեան արտայայտութիւնն են երեք օրերէ ի վեր շարունակուող ցոյցերը եւ գործադուլը, ինչպէս նաեւ երէկ գիշերուան բազմամարդ ցոյցը Աթէնքի խորհրդարանի շէնքին առջեւ։
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը իր կարգին տագնապներ կը դիմագրաւէ՝ ըլլա՛յ Ատրպէյճանի հետ սահմանային գիծին վրայ հրադադարի գրեթէ ամէնօրեայ խախտումներով, ըլլա՛յ Ատրպէյճանի կողմէ մթնոլորտը հրահրելու ռազմաշունչ անվերջ յայտարարութիւններով, եւ այս բոլորը ա՛յն պահուն, երբ Արցախի ժողովուրդին ընկերային ու տնտեսական կեանքի պայմանները բարելաւելու մեծ ճիգեր կը կատարուին։
Օտարի տիրապետութեան դիմադրելու Արցախի ժողովուրդին ամուր կամքը եւ ազատ ապրելու հաստատակամութիւնը ոսկեայ դասեր ունին տալիք բոլորին, նաեւ՝ Յունաստանի ժողովուրդին։ Ազգային հպարտութեան գերագոյն զգացումն է, որ ազատ ու անկախ Արցախի կայացման պայքարով կը փոխանցուի եւ հոգեհարազատ հաղորդակցութիւն կը ստեղծէ մեր երկու ազգերուն միջեւ։
Նշենք, որ միջազգային ու շրջանային քաղաքական խմորումներու իմաստով եւս զգայուն է ներկայ պահը։ Մինչ աշխարհի տարածքին հետզհետէ կþաւելնան ազգերու արդար դատերը պաշտպանող ձայները եւ միջազգային ընտանիքը նորովի ճիգեր կը թափէ պատմական անարդարութեանց սրբագրումին համար, նոյն պահուն Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կամայական ամէն քայլի կը դիմեն տարածաշրջանին վրայ իրենց լուծը տարածելու եւ անօրինական ուժը պարտադրելու համար՝ փորձելով խոչընդոտել Արցախի իրաւական ճանաչման ուղղուած ջանքերը։
Զգայուն այս ժամանակամիջոցին աւելի քան ուրախառիթ է ԼՂՀ նախագահին Աթէնք այցելութիւնը, որ յունահայ գաղութին եւ գործող կառոյցներուն հետ ծանօթացման պատեհութիւնը ստեղծեց՝ մտքերու փոխանակման եւ իրարմով վերանորոգուելու հետաքրքրական ու արդիւնաւէտ պահեր տրամադրելով։
Կը մաղթենք, որ աւելի յաճախակի դառնան Յունահայութեան եւ Արցախի մեր ժողովուրդին միջեւ կապերու ամրացման նուիրուած այսպիսի՛ պահերը, համագործակցութեան նոր հեռանկարներ բանալով բոլորիս առջեւ։