Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Բրիտանական «Օքսֆորդ անալիտիկա» հետազօտական կեդրոնը հրատարակեց Հայաստանի զինուած ուժերուն վերաբերող հրապարակում մը, որուն վերլուծութեան ենթարկած է բանակի մէջ տիրող իրավիճակը:

Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան
եւ Գլխաւոր շտապի պետ Եուրի Խաչատուրով

«Զինծառայողներու՝ ոչ մարտական պայմաններու մէջ արձանագրուող մահուան դէպքերը կը շարունակեն քայքայիչ ազդեցութիւն ունենալ Հայաստանի բանակի վրայ, եւ նորակոչիկներուն ստորացման, ծաղրուծանակի ենթարկելու, ինչպէս նաեւ անընդունելի վարքագիծի այլ դրսեւորումները հանրութեան մէջ մտահոգութիւն կ'առաջացնեն՝ կապուած զինուորական կարգապահութեան անկման եւ հրամանատարութեան ոչ պատշաճ գործելաոճի հետ». - վերլուծութիւնը այս արձանագրմամբ կը սկսի «Օքսֆորդ անալիտիկա»ն՝ բխեցնելով, թէ այս խնդրի լուծման՝ իշխանութիւններու ակնյայտ անկարողութիւնը կարող է ազդեցութիւն ունենալ ինչպէս Հայաստանի պաշտպանութեան համակարգի բարեփոխման՝ արդէն իսկ սկսած գործընթացի, այնպէս ալ առհասարակ՝ տարածաշրջանին մէջ ուժերու հաշուեկշռին վրայ:  
Զինծառայողներու մահուան փաստերը, վերլուծական կեդրոնի մատուցմամբ, Հայաստանի հանրութեան շրջանին մէջ բուռն եւ զգայական բանավէճերու տեղ տուած են:
«Ու մինչ հանրային զայրոյթն ու քաղաքական ճնշումն ահագնանում է, Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը իսկապէս կը պայքարի  խնդրի լուծման համար», - կը նշէ զեկոյցը՝ աւելցնելով, թէ ի լրումն այս ամէնի, խնդիրը տարակարծութիւններու տեղ տուած է նախարարութեան ներս, որը  կը դրսեւորուի երկու հակառակորդ   խմբաւորումներու առկայութեամբ: 
Այդուհանդերձ, «Օքսֆորդ անալիտիկա»ն կþընդգծէ, որ խնդիրը ցայտուն դարձած է  նախարար Օհանեանի որդեգրած՝ առաւել թափանցիկ, բաց եւ բարեփոխական գործելաոճի արդիւնքով:
«Իրականութեան մէջ ոչ մարտական պայմաններու մէջ մահացութիւններու ընդհանուր թիւը այժմ աւելի քիչ է, քան անցած տարի: 2011 թուականին մահուան միայն 26 դէպք արձանագրուած է, մինչդեռ 2011-ին այդ թիւվը 43 էր», - կը փաստէ  «Օքսֆորդ անալիտիկա»ի վերլուծութիւնը:
Անդրադարձ կայ նաեւ բանակի, այսպէս կոչուած, պահպանողական թեւին, ուր կը գերակշռեն հին սերունդի զինուորականները: Այդ թեւի ներկայացուցիչները, ըստ զեկոյցի հեղինակներուն, դէմ են ցանկացած իրական բարեփոխման, քանի որ ատիկա կարող է քայքայել կամ վտանգել Հայաստանի ռազմական կառոյցին մէջ  վերջիններուս ազդեցութիւնն ու իշխանութիւնը: Անոնք ալ, ըստ զեկոյցի, կը խոչընդոտեն բարեփոխումներու ընթացքը, եւ վտանգ կայ, որ Սէյրան Օհանեանը կարող է դառնալ իր իսկ որդեգրած թափանցիկ գործունէութեան զոհը:
Հրապարակման մեջ խնդիրը կը դիտարկուի նաեւ առաջիկայ ընտրութիւններուն համատեքստով. - «Այժմ հարց է՝ նախագահ Սերժ Սարգսեանը պաշտպանութեան նախարարին կը ցուցաբերէ՞ անհրաժեշտ աջակցութիւն  այս լուրջ մարտահրաւէրը յաղթահարելու համար», - կը հարցադրէ «Օքսֆորդ անալիտիկա»ն եւ կ'աւելցնէ, որ հակառակ պարագային Մայիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւի ընթացքին այս խնդիրը կարող է շարժի մէջ դնել  բազմաթիւ ուժերու՝ սկսած աջ ազգայնականներէն մինչեւ ազատական-դեմոկրատները:
Համաձայնելով «Օքսֆորդ անալիտիկա»ի գնահատականներուն՝ Տարածաշրջանային ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն Ռիչարդ Կիրակոսեանը «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հետ զրոյցին նշեց, որ այդ հրապարակումը յատկապէս կարեւոր է այն առումով, որ հայկական բանակի բարեփոխման յաջողութիւնը մեծապէս կը պայմանաւորէ «առհասարակ Հայաստանի պետական քաղաքական համակարգի դեմոկրատացման համար մղուող պայքարի յաջողութիւնը»:
Կիրակոսեանը չի կասկածիր, որ Հայաստանի պաշտպանական համակարգով ի վերջոյ յաղթանակ կը տանեն երիտասարդ, բարեփոխական զինուորականները՝  նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորութեամբ:
«Ապագան նրանցն է՝ չնայած առկայ մարտահրաւէրներուն», - կ'ըսէ քաղաքագէտը ու կ'աւելցնէ. - «Հայաստանն ու հայկական բանակը ճգնում են առաջ գնալ, ոչ թէ յետընթաց ապրել»:

«Ազատութիւն»