Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Կիրակի, 3 Յուլիս 2011-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագին ընթացքին տեղի ունեցաւ հայրապետական մաղթանք՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 16-րդ տարեդարձին առիթով:  Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն, որուն ընթացքին միաբան հայրեր յատկապէս ընտրուած աւետարանական հատուածներ ընթերցեցին եւ աղօթքներ կարդացին՝ բարւոք ծառայութիւն եւ արեւշատ օրեր մաղթելով վեհափառին եւ անսասանութիւն՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան:


Պատարագիչ Արտակ աբղյ. Արապեան իր քարոզին մէջ  օր-ւան խորհուրդը ներկայացնելէ ետք վեր առաւ վեհափառի նուիրեալ ծառայութեան բազում երեսները՝ քաջ հովուապետի պատկերին մէջ: Պատարագէն անմիջապէս ետք, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն՝ Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 16-րդ տարեդարձին նուիրուած: Դպրեվանքի երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Մակար վրդ. Աշգարեանի, կատարեց հայրապետական իշխանութեան  ծաղկման խորհուրդը ունեցող շարականներ: Ապա, Նորայր եպս. Աշըգեան ասմունքեց այն արձակ բանաստեղծութեամբ գրուած ուղերձը, զոր լիբանանահայ գրագիտուհի Շահանդուխտը յատկապէս այս առիթով ձօնած էր Արամ Ա. կաթողիկոսին:
Վեհափառը նախ իր գնահատանքը յայտնեց իր անձին նկատմամբ արտայայտուած բոլոր բարեմաղթանքներուն համար: Անցնող տարիներուն կատարուած աշխատանքին եւ իրագործուած բոլոր ծրագիրներուն պատիւը ընծայեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: Ան յատկապէս իրարու միազանգուած տեսաւ աթոռն ու աթոռակալը, որոնք զիրար կ՛ամբողջացնեն: «Աթոռն ու աթոռակալը իրարմէ տարբեր չեն կրնար ըլլալ: Աթոռակալին նպատակը ո՛չ թէ աթոռով բարձրանալն է, այլ աթոռը բարձրացնելը: Մեր Ս. աթոռին բոլոր աթոռակալներն ալ ապրեցան, գործեցին, ծառայեցին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսական Ս. աթոռը բարձրացնելու համար: Անոնց աշխատանքը եղաւ հաւատքով, նախանձախնդրութեամբ լեցուն ու ծառայութեամբ արժեւորուած: Եւ այս ծառայական երթը կը շարունակուի հաւաքական աշխատանքով: Մենք աթոռ ըսելով միայն աթոռակալը չենք հասկնար, այլեւ միաբանութիւնը, ժողովական կառոյցները, թեմերը եւ կազ-մակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ աթոռին շուրջ համախմբուած ամբողջ ժողովուրդը», ըսաւ վեհափառը: Ապա, խօսքը ուղղելով ներկայ ժողովուրդին, ըսաւ. «Դուք էք մեր եկեղեցին: Եկեղեցին ժողովուրդն իսկ է: Անցնող 16 տարիներուն Մենք նոյն հաւատքով, նոյն նուիրումով շարունակեցինք Մեր առաքելութիւնը: Եւ Աստուած ինչքան որ կեանք տայ Մեզի, նո՛յն նուիրումով պիտի շարունակենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսական Ս. աթոռը առաւել եւս ծաղկեցնել մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ» ըսաւ վեհափառը:
«Ամէն հայի» եւ «Կիլիկիա» երգերու, ինչպէս նաեւ «Ի վեհ բարձանց» հայրապետական մաղթերգի կատարումներէն ետք, Արամ Ա. կաթողիկոս պահպանիչով օրհնեց ներկաները:
Ապա բոլորը աջահամբոյրով իրենց շնորհաւորութիւնները եւ բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին վեհափառին: