Print
Category: Յօդուածագրութիւն

«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը  հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:

Յոգնութեան խնդիր

Դ.

Յոգնութիւնը յարաբերական բան է։ Ոմանք հարիւր մեթր եթէ քալեն, կը յոգնին,  ուրիշներ քանի մը քիլոմեթր կը քալեն ու չեն յոգնիր։ Ոմանք ծայր աստիճան չարքաշ են, ամէնէն ծանր գործէն չեն խրտչիր, ուրիշներ ալ ամէն  ինչ կþընեն որպէսզի իրենց թանկագին մարմինը չյոգնեցնեն։ Ճանչցած եմ մարդիկ որոնք օրը տասներկու ժամ քար կրելու չափ կը յոգնին, ճանչցած եմ նաեւ մեծահարուստներ, որոնք կէս քիլօ ծանրութեամբ փոքրիկ ծրար մը տասը քայլ անդին տանելու համար իրենց ծառան կը կանչեն։
Չեմ գիտեր թէ մարդիկ այս աշխարհէն հեռանալէ վերջ ինչ նիւթերու շուրջ քննութիւն կուտան արքայութեան դրան առջեւ, հրեշտակները մարդոց ի՞նչեր կը հարցնեն որպէսզի ստուգեն թէ անոնք արքայութեան արժանի՞ են թէ չեն։ Կ'երեւի թէ ամէն մարդ այդ դրան կը ներկայանայ իրեն հետ բերելով ծանր թղթածրար մը։ Այդ թղթածրարին մէջ ո՜վ գիտէ ինչ բարի գործեր, ինչ հրաշալի իրագործումներ, մարդասիրական ինչ զեղումներ կան։ Վստահ եմ որ հրեշտակները շատ կը հետաքրքրուին այս բարի գործերով։ Բայց նոյնքան վստահ եմ նաեւ որ անոնք բնաւ խելք չեն ըներ մարդոց հարցնել.
¬Որքա՞ն յոգնեցար կեանքիդ մէջ։
Մինչդեռ ասիկա կարեւոր հարցում է։
Անշուշտ յոգնիլ կայ եւ յոգնիլ ալ կայ, բայց յայտնի է թէ ինչ տեսակ յոգնութեան մասին է որ կը խօսիմ հիմա։ Կը խօսիմ յոգնութեան սուրբ տեսակին մասին։ Հրեշտակները արդեօք կը հարցնե՞ն, կամ պէտք չէ՞ արդեօք որ հարցնեն.
¬Եկուր տեսնենք, չափենք անգամ մը թէ ամբողջ կեանքիդ մէջ որքան յոգնեցար ազնիւ նպատակի մը համար, որքան յոգնեցար ուրիշներու ի նպաստ բան մը ընելու համար։
Ես համեստօրէն կամ մեծխօսիկօրէն կրնամ յաւակնիլ որ շատ յոգնեցայ ուրիշներուն բան մը տալու համար, բայց թէ որքա՞ն յոգնեցայ, ատոր հաշիւը բռնած չեմ, եւ չէի ալ կրնար բռնել։ Հիմա եթէ փորձեմ չափել թէ որքան յոգնեցայ, չեմ կրնար, որովհետեւ սա պահուն, երբ կը գրեմ այս տողերը, բնաւ յոգնած չեմ, ոչինչ մնացած է ապրուած յոգնութիւններէն, բոլոր յոգնութիւնները ցնդած գացած են կարծես։ Եւ այս պատճառաւ ալ կը վախնամ որ, օր մը եթէ ներկայանամ արքայութեան բարի հրեշտակներուն, անոնք պիտի տեսնեն որ բնաւ ալ յոգնած չեմ, բարենիշ մը պիտի չտան այն յոգնութիւններուն համար զորս կեանքիս մէջ ապրեցայ կամաւոր նուիրումով։
Հարց չէ։ Այս բոլորին փոխարէն, կրնամ ընդգծել ուրիշ կէտ մը։ Ամէն մարդ, առաւել կամ նուազ չափով, հպարտութեան արժանի գործ մը կը տեսնէ անցողական իր կեանքին մէջ, բան մը կþաւելցնէ աշխարհի ժառանգութեան վրայ։ Ես պիտի ամչնա՞մ ըսելու որ ես ալ բաներ մը աւելցուցած եմ աշխարհի, աւելի ճիշդ՝ հայաշխարհի ժառանգութեան վրայ։ Մամուլի խոշոր վաստակ ունիմ,  հարիւր գիրք գրած եմ, ըրած եմ անհամար բանախօսութիւններ որոնք արձանագրուած են։ Դեռ չեմ գիտեր ու չեմ յիշեր ինչ։ Բայց այս վաստակին վրայ ես միշտ պիտի ուզէի աւելցնել յոգնութեան վաստակը։ Յոգնութեան վաստակ կþըլլա՞յ։ Այո, կþըլլայ։ Որքան ալ տակաւին ստեղծուած չըլլայ կշիռ մը, գործիք մը որ չափէ մարդոց յոգնութեան վաստակը, ես պիտի ըսեմ որ յոգնութեան վաստակ մը կայ աշխարհի վրայ։ Գիրք գրած ըլլալու, մամլոյ աշխատանք տարած ըլլալու վաստակին քով՝ մարդոց համար յոգնած ըլլալու վաստակը։   Ես այդ վաստակով ալ կրնամ հպարտանալ որքան կը հպարտանամ իմ գրականութեամբ։ Միայն թէ հոս ալ հարց մը կայ։
Գիրքերս կրնան մնալ ինձմէ վերջ, հրատարակած թերթերս ու յօդուածներս կրնան մնալ ինձմէ վերջ, բանախօսութիւններս սկաւառակներու վրայ կրնան մնալ ինձմէ վերջ, բայց յոգնութիւնս, որով նոյնքան հպարտ եմ, պիտի չմնայ ինձմէ վերջ։ Այսքան երկար տասնամեակներու վրայ փռուած սա յոգնութենէս ոչինչ պիտի կարենամ թողուլ մարդկութեան, որպէս փաստ։
Բայց քիչ մըն ալ շփոթահար եմ եւ հարցում մը կը տանջէ միտքս։ Ես ո՞ր յոգնութեան մասին կը խօսիմ։ Քիչ մը ամօթով է որ կþուղղեմ այս հարցումը, որովհետեւ սանկ անգամ մը եթէ խուզարկեմ ներաշխարհս, պիտի տեսնեմ որ  սա պահուն ոչ յոգնած եմ, ոչ ձանձրացած եմ, ոչ յագեցած եմ, ոչ ուժաթափ եղած եմ։ Եւ երբ կþըսեմ թէ բնաւ յոնգած չեմ, չկարծուի որ կը ստեմ, այնպէս ինչպէս կը ստէի կնոջս կամ զաւակներուս, երբ անոնց կ'ըսէի թէ «մի՛ մտահոգուիք, ես չեմ յոգնիր»։ Ո՛չ։ Կþերեւի թէ իսկապէս յոգնած չեմ։ Որքան ալ նայիմ դէպի անցեալ, կամ որքան ալ ջանամ լաւատեսօրէն նայիլ դէպի ապագայ, անվարան պիտի կարենամ ըսել որ ես բնաւ չյոգնեցայ յոգնելէ, բնաւ չյոգնեցայ «յոգնեցայ  բայց կազդուրուեցայ» ըսելէ։
Ուրեմն չեմ գիտեր թէ իրաւունք ունէի՞ այսքան երկար խօսելու յոգնութիւններուս մասին, մանաւանդ կզակի, կամ ատոր առընթեր յիշողութեան, ոտքի, ձեռքի, մանաւանդ համակարգիչիս վրայ պտըտկող երկու հրաշագործ մատներուս՝ ձախակողմեան ու աջակողմեան ցուցամատերուս յոգնութեան մասին։
Չեմ գիտեր։ Բայց սրտիս խորերէն աղօթք մը ունիմ։
Բարին Աստուած թող արտօնէ որ քիչ մը ժամանակ եւս կարելիութիւնն ունենամ կուշտ ու կուռ յոգնելու։


(Վերջ)

Ռ. Հատտէճեան
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» -
(Յուշատետր - 71)