23 Յունուարին առողջական պատճառով տան մէջ բանտարկուած էի, երբ Փարիզի սրտին վրայ հաւաքուած էին հայեր՝ անձկութեամբ սպասելով, որ ծերակոյտը քննէ եւ քուէարկէ Հայոց ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրէնքի նախագիծը:
Պատմութեան ընթացքին յաճախ հարուածուած հայութիւնը յաղթանակի ծարաւ ունեցած է եւ ունի, այն աստիճան, որ պարտութիւններն անգամ հոգեփոխութեան կÿենթարկենք եւ ճառ կը ճառենք՝ «բարոյական յաղթանակ» պանծացնելով: Յիշենք Վարդանանքը…
Յունուար 2001-ին Ֆրանսայի Ազգային ժողովը բացած էր դուռը եւ քուէարկած՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը: Կիսաբոլորակ ժողովասրահին մէջ ներկայ եղած էի եւ հետեւած‘ վիճարկումներուն եւ սրահէն յաճախ դուրս գալով՝ զեկուցած էի սրտատրոփ սպասող հայերուն:
Իրարու յաջորդած էին երեսփոխանները՝ հիմնաւորելով իրենց տեսակէտները եւ ապա՝ քուէարկած: Ճանաչման յաղթանակ մըն էր, բարոյական յաղթանակ մը, բայց ոչ՝ յափշտակուած իրաւունքի ճանաչման:
Սրահէն ելքին երէց ազգային մը իր ուրախութիւնը եւ յուզումը արտայայտելով՝ ըսած էր, երբ կը քալէինք կողք կողքի, որ «ֆրանսահայութիւնը հասած էր իր նպատակին»: Ժողովուրդի տրամաբանութեան մէջ, երբ կը բացակայի յստակութիւնը, հան- գրուանը կը շփոթուի նպատակին հետ: Այդ էր ազնիւ հայրենակիցի միտքին մէջ եղած շփոթը: Հետագային Ծերակոյտը իր կարգին, բազմաթիւ խուսանաւումներէ ետք, քուէարկած էր ճանաչումը՝ իր պարզացուած եւ պարզագոյն տարազաւորումով, ըստ որուն «Ֆրանսան կը ճանչնար 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը», եւ հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը՝ Ժաք Շիրաք եւ Լիոնէլ Ժոսփեն, ստորագրած էին ըն դունուած որոշումը օրէնքի վերածող հրամանագիրը:
Տասը տարի ետք, ցեղասպանութեան ենթարկուած միւս ժողովուրդին հանդէպ որդեգրուած լրացման օրէնքին հետեւութեամբ, որ պատժելի կը դարձնէր ուրացումը, հայութիւնը հետապնդեց, որ իր կարգին եւս ուրացումը դասուի քրէական յանցանքի գլխուն տակ:
Չէի կրցած ներկայ ըլլալ զօրակցութեան ցոյցին, սակայն չիք չարիք առանց բարիքի. շնորհիւ հեռատեսիլի բարիքին հետեւեցայ Ծերակոյտի նիստի մեծ մասին եւ բազմաթիւ ծերակուտականներու արտայայտութեան: Օգտակար պիտի ըլլայ պատմութեան համար այդ ելոյթները, դէմ եւ թեր, հրատարակել, հայերէնով, ֆրանսերէնով, անգլերէնով, արաբերէնով, սպաներէնով եւ թրքերէնով:
Յաճախ ըսած եւ գրած եմ, որ Ցեղասպանութիւնը ընթացքի մէջ է, կը շարունակուի: Մեծ գոհունակութեամբ լսեցի այս հարցով արտայայտուող ծերակուտականները, երբ անոնք կÿընդգծէին, որ իրենց հողէն հեռացուածները, ապաստանելով տարբեր երկինքներու տակ, կը կորսնցէին իրենց լեզուն: Ըսուեցաւ, որ լեզուն ինքնութեան պահպանութեան առանցքն էր: Եթէ լեզուն կորսուի, Ցեղասպա- նութիւնը կը շարունակուի եւ կը հասնի իր եզրայանգման:
Այս շարունակուող Ցեղասպանութիւնը ուրացումէ աւելին է, բայց անոր քրէականացման համար ո՞ւր եւ որո՞ւ պէտք է բողոքել: Կÿենթադրեմ, որ պէտք է նայիլ հայելիին մէջ:
Երբ հանրապետութեան նախագահը եւ վարչապետը օրէնքի հրամանագիրը ստորագրեն, մենք, ազգովին, պիտի ընդգրկուի՞նք երրորդ հանգրուանի աշխատանքին մէջ՝ վերականգնելու համար բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի աքսորական աշխարհաբարը, որուն համար կÿըսուի, թէ անհետացման վտանգ կÿապրի:
Երրորդէն ետք չորրորդ կամ զուգահեռ հանգրուաններ ալ կան, որոնք առաջիններուն հետ առաջին պէտք էր որ մնացած ըլլային: Դադրեցանք իւրաքանչիւր նախաձեռնութեան ընկերացնելէ հիմնական եւ պարզագոյն հարցումը՝ «Ինչո՞ւ Ցեղասպանութիւն գործուեցաւ» եւ անոր շեշտակի պատասխանը՝ «Հողի համար»: Այլ խօսքով, հանգրուանը պէտք չէ շփոթել նպատակին հետ, եւ ինչպէս ֆրանսացին կÿըսէ մեծ իմաստութեամբ, որ «Ծառը պէտք չէ ծածկէ անտառը»:
Լրագրողը բազմաթիւ կարճատեւ հարցազրոյցներ ունեցաւ ծերակուտականներու հետ: Արտայայտուեցան դէմ եւ թեր կարծիքներ: Ընդունուած իրողութիւն է, որ Ծերակոյտը աւանդականօրէն իմաստուններու խորհուրդ մըն է:
Բայց ինչպէս ամէնուրեք, հոն եւս կան բացառութիւններ:
Խորապէս ցաւեցայ, երբ ծերակուտական մը բացատրեց, որ քննուող օրէնքը անտեղի է, քանի որ «հարիւր տարի անցած է արդէն եւ Ֆրանսան կարիք ունի Թուրքիոյ՝ որպէս առեւտրական գործընկերոջ»… Մարդն ու մարդկային օրէնքը կարելի՞ էր այս աստիճան ստորադասել օրացոյցին եւ նպարավաճառատան: Ծերակոյտի բարոյական հեղինակութիւնը նսեմացնող արտայայտութիւններուն դէմ օրէնք կա՞յ…
Հանդիսութեան մը ընթացքին քիւրտ մը մտաւորական մը իրեն ընծայուած պատիւը ընդունելու պահուն ըսած էր. «Կը յուսամ, որ այս չի տրուիր որպէս ընդհանուր հաշուեփակ»: Մենք ալ, այսօր իսկ, պիտի ըսե՞նք համայն աշխարհին, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), որ ուրացման քրէականացումը «ընդհանուր հաշուեփակ» չէ, solde de tous compte… Է՞, թէ՞ ոչ: Ի՞նչ պիտի ըսենք մենք:
Ո՞ր պատասխանին համար:
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ