Print
Category: Յօդուածագրութիւն

«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը  հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:


Յոգնութեան խնդիր
Գ.

Սկզբնական այցելութիւններուս ցանկին մէջ Հայաստանը գրեթէ չկար, Հայաստանէն անձնական հրաւէր չէի ստանար: Յետոյ հրաւէր ստանալ սկսայ համագումարներու համար: Հայաստան-Սփիւռք համագումար: Հայաստանի գրողներու համագումար: Մէկ ազգ-մէկ մշակոյթ համագումար: Չարենցի հարիւրամեակ: Եւլն: Երկիրը թափ տուած էր համագումարներ կազմակերպելու գաղափարին: Ասիկա հրաշալի էր, որովհետեւ համագումարները իմ կարծիքով միշտ ունէին երկու տարբեր նպատակներ: Նախ առաջարկուած թէմաներու քննարկումը, առաջարկուած նիւթերու վրայ այլեւայլ զեկուցումներու հրապարակումը: Յետոյ կար երկրորդ նպատակ մը: Սփիւռքի հայ մարդոց ալ կարելիութիւն ստեղծել մասնակցելու, Հայաստանի մտաւորականութեան հետ հաղորդուելու, երկիրը տեսնելու, հայաշխարհի լայնածաւալ աշխարհագրութիւնը պզտիկցնելու ու հայ մարդիկը գոնէ պահ մը նոյն երկնքին տակ հաւաքելու: Ես կրնայի՞ չխանդա- վառուիլ այսպիսի առաջադրութեանց դիմաց:
Բոլորին համար ալ ջերմ հրաւէրներ կը ստանայի եւ ոչ միայն կը մտածէի որ ամօթ էր հրաւէրին ընթացք չտալը, այլ նաեւ շարժման կÿացնէի որպէսզի ամէնէն առջեւէն գացողը ըլլայի: Պատահեցաւ որ մէկ տարուան մէջ երեք համագումարի մասնակցիմ: Այս մասնակցութիւններն ալ նուազ յոգնեցուչիչ չէին: Չեմ խօսիր անպայման մարմնական յոգնութեան մասին, բայց կրնամ դարձեալ խօսիլ կզակի յոգնութեան մասին: Կզակս հոս ալ կը յոգնէր, որովհետեւ այս անգամ մեկուսի սրահներու կամ բեմերու վրայէն կատարուած խօսակցութիւններուն վրայ կÿաւելնային հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի կողմէ կատարուած հարցազրոյցները: Երբեք գանգատող չէի, միայն թէ հիւրամեծարներէն կը խնդրէի որ ինծի հանգչելու, կզակի ուժ հաւաքելու ժամանակ տային: Հիւրամեծարներս կը յարգէին զիս եւ այդ արտօնութիւնը սիրով կուտային: Յոգնիլը թէեւ հաճելի չէր, բայց աղէտ ալ չէր, որովհետեւ անցողակի էր: Քիչ մը կը հանգչէի եւ առաջուան խանդավառ եւ խօսուն մարդը կը դառնայի: Է՜հ, ի՞նչ կրնայի ընել: Յոգնիլը մարդկային էր ի վերջոյ, յոգնիլը բնաւ ամօթ չէր, նոյնիսկ կրնայի հպարտանալ որ յոգնած էի, որովհետեւ անգործ մարդն է որ չի յոգնիր, իսկ գործօն մարդը կը յոգնի:
Ուրեմն յոգնութիւն կոչուածն ալ երկար ժամանակ մաս կազմեց իմ բազմաթիւ հպարտութիւններուս ցանկին, լաւ գործ տեսնելու իմ լուռ յաւակնութիւններուս ցանկին: Միայն թէ հոս ալ հարց մը կար:
Օր մըն ալ յանկարծ անդրադարձայ որ ես շատ սխալ կÿընէի շարունակ յոգնութեան մասին խօսելով: Այո՛, յոգնութիւնը ինծի համար անպատեհ չէր, բնական ու անցողակի բան էր, նոյնիսկ հպարտութեան եւ յաւակնութեան շարժառիթ էր, բայց իմ մերձաւորներս այդպէս չէին մտածեր: Կինս, զաւակներս բոլորովին հակառակ ուղղութեամբ կը մտածէին: Անոնք կÿըսէին որ յոգնութիւնը անպատեհ էր, այս տարիքիս այլեւս նմանօրինակ յոգնութիւններէ հեռու պէտք է մնայի, այլ խօսքով՝ այլեւս պէտք է մերժէի ազգային գետնի վրայ ստացուած բոլոր հրաւէրները: Ալ կը բաւէր: Ուստի, ամէն անգամ որ հրաւէր մը կուգար, մերինները վրաս ամէն ճնշում կը բանեցնէին որպէսզի հրաւէրը մերժէի, չերթայի, չյոգնէի:
Արդիւնքն այն եղաւ որ յոգնութեամբս հպարտանալու երջանկութիւնն ալ առնուեցաւ ձեռքէս, որովհետեւ հիմա սկսած էի ստել, վարպետօրէն սուտ մը գլորել, օրինակ, կնոջս, տղոցս սապէս ըսել.
-Մի մտահոգուիք, ես բնաւ չեմ յոգնիր, այս պտոյտները այլեւս յոգնեցուչիչ չեն ինծի համար:
Բնաւ կասկած չկայ որ անոնք չէին որ կուլ պիտի տային այս սուտը, բայց հարցն այն է որ ես սաստիկ վախնալ սկսայ յոգնութեան մասին խօսելէ, հակառակ որ ասոր մէջ ոչինչ կար վախնալու ու մտահոգուելու: Լուրեր խմբագրելու աշխատանքս որ կը սկսէր առտուան ժամը վեցին, ժամը տասնին գրեթէ կը թեթեւնար, օրուան գործը իր ուղղութիւնը առած կÿըլլար այլեւս, մնացեալը կը թողէի գործընկերներուս, ու կը սիրէի պահ մը հանգչիլ սենեակիս խորունկ ու ցած բազկաթոռին մէջ: Այդ բազկաթոռը սարսափելի ծուղակ մըն էր ինծի համար, որովհետեւ յանկարծ կը զգայի որ քուն ունէի, քնանալ կÿուզէի: Հոգ չէ, պուտ մը կրնայի մրափել, կը մտածէի որ այս քունը մտքիս եւ ուղեղիս ինքնապաշտպանութեան ռազմավարութիւնն էր, քանի մը վայրկեան եթէ աչքերս գոցէի, արդէն միտքս կը թարմանար, ուղեղս կը վերակենդանանար: Միայն թէ հոս ալ հարց մը կար: Իմ պաշտօնակիցներս, կամ զաւակներս, որոնք սենեակէս ներս մտնելու համար կարծես կը սպասէին որ պահ մը քնանայի, երբ պիտի տեսնէին զիս, պիտի մտածէին որ ահաւասիկ դարձեալ շատ յոգնած էի, այսքանը շատ էր, այլեւս խուսափելու էի այսքան շատ աշխատելէ, եւալն եւայլն: Ուրեմն ճիգ վատնելու էի որպէսզի բազկաթոռիս մէջ նստէի, բայց չքնանայի:
Տարիներ առաջ մտաւորական բարեկամ մը ունէի, որ շաբաթը մէկ կամ երկու անգամ այցելութեան կուգար, բան մը կը բերէր, կամ բան մը կը խնդրէր: Խնդիր չկար: Միայն թէ հարց մը կար: Անիկա կուգար ճիշդ այն վայրկեանին երբ մենք չորս ժամուան մեր աշխատանքէն վերջ պահ մը հանգչելու համար կը նստէինք սեղանին շուրջ ու մեր սուրճը կը խմէինք: Ո՛չ հինգ վայրկեան առաջ, ո՛չ հինգ վայրկեան վերջ: Դուռը կը բանար եւ երբ կը տեսնէր որ հոն այդպէս պարապ նստած սուրճ կը խմենք, քթին տակէն կը խնդար.
-Օ՜խ, օ՜խ, ինչ աղուոր: Քէֆ կÿընէք, չէ՞:
(Մնացեալը յաջորդիւ)

«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» - Ռ. Հատտէճեան
(Յուշատետր - 71)