Ֆրանսայի Ծերակոյտէն ներս, Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէական արարք դարձնող եւ յանցաւորները դատական հետապնդումի ու տուգանքի ենթարկելու բանաձեւի թեր ու դէմ կարծիքներու հանդիսադրումի պահուն, ոեւէ մէկը չգտնուեցաւ որ կասկածի տակ առնէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը. նոյնիսկ դէմ արտայայտուողները՝ Ֆրանսայի շահերը գերադասելու եւ «մթնոլորտը չխանգարելու» մտահոգութեամբ տարուած էին եւ որեւէ ձեւով կասկածի տակ չառին պատմական փաստի մը կապակցութեամբ արդարութիւն հատուցանելու պարագան:
Հայութեան հաստատակամ ու պայքարունակ կեցուածքը եւ երկար տարիներու իր պահանջատիրութիւնն էր, որ յանգեցուց Ֆրանսայի Սենատի որոշումին, որքան ալ ըսուի, որ Ֆրանսայի մէջ նախընտրական պայքարի շրջանն էր որ օգնեց բանաձեւի որդեգրման:
Իրաւ է որ պատմութիւնը կը գրուի փաստաթուղթերով եւ դէպքերով, բայց ուր որ անոնք միտումնաւոր կերպով հարցականի տակ կÿառնուին, արդար է նաեւ դատախազի միջամտութիւնը: Եւ յետ այսու այսպէս պիտի ըլլայ Ֆրանսայի մէջ: Բացառուած պիտի ըլլան ոեւէ թուրք կամ ազերի քաղաքական դէմքի կողմէ Ցեղասպանութիւնը ժխտող ելոյթները. աւելի՛ն, մամլոյ ասուլիսներու կամ հրապարակային ելոյթներու ընթացքին, երբ լրագրողներ Ցեղասպանութեան մասին հարց պիտի տան Թուրքիոյ ներկայացուցիչներուն, անոնք քրէական յանցանքի ենթարկուած պիտի ըլլան, եթէ որեւէ ձեւով մերժեն պատմական փաստը: Անցեալին բազմաթիւ անգամներ ականատես եղած ենք թուրք գործիչներու հռետորական ելոյթներուն, երբ անոնք ատելութիւն սերմանելով հրահրած են բազմութիւնները եւ Թուրքիոյ պետական վարչակարգի տեսակէտով «հարբեցուցած» են թուրք ազգութեամբ զանգուածները: Բայց ինչպէս ըսինք՝ ասոնք կը պատկանին անցեալին...
Թուրքիոյ կողմէ հակահայ զօրաշարժը, Ֆրանսայի դէմ անտրամաբանական ու թշնամական կեցուածքը՝ հարցը վերածեցին միջազգային բեմին վրայ տրուած հայ-թրքական քաղաքական ճակատումի, որ աւարտեցաւ հայութեան փայլուն յաղթանակով:
Ֆրանսական հասկացողութեամբ laissez-aller-ը արդարութեան եւ ազատութեան գաղափարներու յաղթանակին ծառայեց այս անգամ, շրջանցելով պետական շահերը: Ակնկալենք, որ Ֆրանսայի փայլուն օրինակին հետեւորդները շուտով կը տեսնենք:
Հռիփսիմէ Յարութիւնեան