Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսը 2012ը յայտարարած է ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՏԱՐԻ:
2012ը 50ամեակն է Բագինի հրատարակութեան:
Հայոց գիրը եւ հայ գիրքը առաջին օթեակի մէջ:
Եթէ այդ ձեւականութիւն չըլլայ:


Բայց ի՞նչ բանի կը ծառայէ առաջին օթեակի ուշադրութիւն հրաւիրող այդ հանգստաւէտ դիրքը:
Օթեակներու մէջ երեւելիութիւններ իրենք զիրենք կը ցուցադրեն եւ կամ կը քնանան:
Քանի մը օր, շարունակաբար, իրենց դարակներէն վար առի Բագինի հաւաքածոներու գեղակազմ հատորները. 1962, 1963, 1964 … Ժողովի մեծ սեղանի մը վրայ փռեցի զանոնք, -քանի որ փոքրիկ գրասեղանի մը վրայ անոնցմով կարելի չէ զբօսնուլ-, դարձուցի էջերը մէկ առ մէկ: Կեանքի տարիներ, որոնք մնացած են հոն, կողքի եւ գրադարանի մութին մէջ:
Հաւանօրէն այդպէս ալ պիտի շարունակուի, եթէ հրաշք չպատահի:
Այս պարագային հրաշքը ոչ երկինքէն պիտի իջնէ եւ ոչ ալ պիտի ժայթքէ հողի ընդերքէն:
1965, 1966, 1967… բանակ մը անուններ եւ բանակ մը էջեր անուններու մասին, որոնք անհետացած են կամ կÿանհետանան: Փոխարինումը «թոշակառուներու» սիրով եւ մսող խանդավառութեամբ տեղի չի կրնար ունենալ:
1968, 1969, 1970… Հարցեր արծարծուած են, նոյն եւ տարբեր: Համայնավարութեան եւ խորհրդային կարգերու յառաջացուցած հետեւանքներու մասին գրած են շատեր, երկարաշունչ, անհաւասար արժէքներով, բայց՝ վկայութիւն ժամանակաշրջանի մը խռովքներուն: Այդ էջերէն ոմանք այլեւս պիտի չկարդացուին: Այդպէս են գրական հանդէսները, անոնք կը նմանին գիտաշխատանոցի, ուր բոլոր փորձերը անպայման չեն յաջողիր: Էջեր՝ մեր կեանքը յուզող քաղաքական-գրական տագնապներու, որոնց համար սուղ վճարած ենք:
Պատահա՞ծ է, որ թերթատէք տասնամեակներու վրայ փռուած Հայրենիք ամսագիրները: Հոն ալ կը գտնէք, Կոստան Զարեանի, Վազգէն Շուշանեանի եւ այլոց կողքին, քառեակ թխողներ: Անուններ՝ որոնք չեն յիշուիր, որոնք պէտք էին, որպէսզի գրականութիւնը ապրէր: Վերջինները կը շարունակեն յաջորդներ ունենալ, բայց անոնք չեն փոխարիներ առաջինները:
Տասնամեակներու երկայնքին, ականատես եղանք եւ կÿըլլանք հետզհետէ ծաւալած եւ հեղձուցիչ դարձած իրապաշտութիւններու եւ գործնապաշտութիւններու. ազգի հարազատութեամբ վերականգնումի եւ որպէս այդպիսին լինելութեան հարցերով չենք զբաղիր այլեւս, խորքը կը փոխարինուի կեղեւով: Տեսա՞ծ էք բնաւ գրադարանի մը              մէջ գեղեցիկ հատորներ, որոնք միայն կողք են, հեղինակին էջերը աւելորդ համարուած են, չկան: Այդպէ՞ս պիտի ըլլայ հայերէն գիրքը:
Ի՞նչ պատահած է եւ կը պատահի, եւ ո՞ւր կրնանք երթալ:
Ճկոյթի ետին թաքնուիլ մեզ չի խաբեր, նաեւ կամաւոր կուրութիւնը իրականութիւնները չի ծածկեր, չÿանհետացներ:
Առանց հեռանկարի բնական կը համարուի տեղքայլը, մինչեւ որ ան ալ կանգ առնէ:Այդ տեղքայլը զարգացուցած է, եթէ բառը պերճանք չէ, հայերէնի տեղատուութիւնը բնական համարելու վարդապետութիւն մը, եւ հուսկ՝ անոր փոխարինումը այլ լեզուով մը, քանի որ ան սոսկ հաղորդակցական միջոց է, ինչպէս կÿըսեն, եւ ծափահարող առաջնորդներ ալ կը գտնեն՝ վասն մարդորսութեան:
Եւ բնական կը դառնայ լատինական տառերու որդեգրումը, յանուն յառաջդիմութեան, փոխանցման շրջանի մը համար, մինչեւ որ կորսուի նաեւ բառը: Եւ «ղեկավարութիւններ»ը ոչ մէկ ազգային կամք ցուցաբերեցին եւ կը ցուցաբերեն աղէտը կասեցնելու, քանի որ իրենք ալ կը գտնուին տեղատուութեան նոյն հոսանքին մէջ, միշտ յանուն «գործնական» ըլլալու (չ)իմաստութեան:
Եթէ այդպէս է, ի՞նչ բանի համար է «ղեկավարելու ցանկութիւնը»: Ան ա՞զգը ունի նկատի, թէ աւեր գործած եւ գործող դիրքապաշտութիւնները, որոնք կը ծառայեն շահախնդրութիւններու:

ՑԱՄՔՈՂ ՀԱՅԵՐԷՆՈՎ  ՀԱՅ ԳԻՐՔ ԵՒ  ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԿÿԱՊՐԻ՞

Հայերէնը հետզհետէ կը դադրի, շատ մը տեղեր դադրած է, ԱՌՕՐԵԱՅ հաղորդակցական միջոց ըլլալէ, յաջողութեան եւ աշխատանքի համար պայման չըլլալով, հետեւաբար ընթերցողներու թիւը հալած է, ինչպէս բարալիկ մեղրամոմերը կը հալին Աստուածամօր պատկերին առջեւ: Կը բաւէ փչել, վերջին լոյսն ալ կը մարի:
Այդպէս կÿըլլայ, երբ դպրոց եւ թերթեր կը փակուին, երբ հանգամանք ունեցողներ կը փչեն եւ կը մարեն: Այս նաեւ հոն՝ ուր կը շարունակուին «հայկական» համարուած աղմկարարութիւնները:
Բագինի անուննե՞րը. Կարօ Սասունի, Եդուարդ Պօյաճեան, Բաբգէն Փափազեան, Վահէ Օշական, Արամ Գառօնէ, Արամ Հայկազ, Համաստեղ, Պօղոս Սնապեան, Բիւզանդ Կռանեան, Գեղարդ, եւ բիւր ուրիշ անուններ… Եկած են նոր անուններ, ոմանք մնացած են սոսկ խոստումներ, եւ այդ ալ բնական է:
Եթէ ընթերցողները կը հալին կամ պարզապէս հալած են, ո՞ւր պիտի փնտռենք գրողը: Անապատին մէջ միայնակ պտըտող քարոզիչ չէ գրողը, ան ընթերցողի պէտք ունի, ընթերցող սերունդի, գիրքը գնող եւ տուն բերողի, գրական հանդէսի մէջ ինքզինք տեսնողի ճիգ ընողի, ոչ միայն յիշատակ պահող թոշակառուներու, որոնց համար տառերը մեծ պէտք է ըլլան, որպէսզի կարենան կարդալ:
Ընթերցողները կը հալին, այդ ընթացքին հետ կը հաշտուինք, բնական կը համարենք հարթող գլանին տակ ճզմուելով այլ բան դառնալու հակավերածնունդը, զայն կը տնտեսենք, որպէսզի գէթ «ծագումով հայ» ըլլալու ինքնախաբէութիւնը շարունակուի, գործնապաշտ (չ)իմաստութեամբ կÿըսենք, որ «ասկէ լաւ չÿըլլար», գրենք եւ խօսինք աղճատ հայերէնով մը, որուն մէջ հետզհետէ հայերէն բառերը մոմով պիտի փնտռենք, անգլերէնի, արաբերէնի, սպաներէնի, ֆրանսերէնի եւ մօտ օրէն չինարէնի (Չինաստան ալ հայ համայնք սկսած է կազմուիլ) խառնուրդով որբացած հայերէնի ապուրին մէջ:
Զաւե՞շտ թէ ողբերգութիւն:

Յակոբ Պալեան
(Գրութեան Բ. մասը կը հրատարակենք
Երկուշաբթի օրուայ մեր թիւով)