Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Պոլսոյ մեր պաշտօնակից «Մարմարա» թերթի խմբագրութիւնը, վերջերս առիթը ունեցած է իր գրասենեակէն ներս ընդունելու հայրենի երգիչ Անտրէի այցելութիւնը: Այս առիթով թերթի խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեանը եւ փոխ խմբագիր Մաքրուհի Յակոբեանը (լուսանկար) տեսակցութիւն մը ունեցած են այցելուներուն հետ:

Անտրէ ըսած է որ Թեսաղոնիկէ պիտի այցելէ, մասնակցելու համար բարեսիրական ծրագրի մը իրականացման նպատակով վիտէօ-քլիփի մը ներկայացման:
Ստորեւ կը հրատարակենք «Մարմարա»ի գրութիւնը:

Տարիներ առաջ Եւրովիզիոնի մէջ Հայաստանը առաջին անգամ ներկայացնող Հայաստանի նշանաւոր երգիչ Անտրէն խմբագրատուն այցելեց, Յունաստանի Թեսաղոնիկէ քաղաքը իր այցելութեան առիթով եւ տեղեկացնելով թէ քլիփ մը պիտի ներկայացնէ ու երկու երգ պիտի երգէ:
Երգիչ Անտրէ «Մարմարա»ի խմբագրատունը առաջնորդուած էր երգչուհի Սիպիլ Փէքթորոսօղլուի կողմէ: Ան Վարդանանց երգչախումբի արժէքաւոր մենակատարներէն մէկն էր հինէն ի վեր, բայց վերջերս երգարուեստի կալուածէն ներս նոր ոստում մը ըրած էր հրապարակ հանելով նախ շատ հաճելի ձայնապնակ մը, ապա այդ ձայնապնակը ներկայացնող քլիփ մը՝ ամբողջովին հայերէն: Այս քլիփը կը դառնար առաջին հայերէն քլիփը որ կը հեռարձակուէր թրքական հեռատեսիլի կայանի մը կողմէ: Սիպիլի ձայնապնակն ու երգերը ամենակարճ ժամանակի մէջ նշանաւոր դարձան Թուրքիոյ մէջ, իրեն հետ կատարուեցան բազմաթիւ հարցազրոյցներ հեռատեսիլէն կամ մամլոյ սիւնակներէն: Իր համբաւը հասաւ նաեւ մինչեւ Հայաստան: Նշանաւոր երգիչ ու երիտասարդներու կուռք՝ Անտրէ եւս լսեց Սիպիլի համբաւը ու շնորհաւորական կապ հաստատեց անոր հետ, ատոր փոխարէն ալ Սիպիլ, լսելով որ այս օրերուն Յունաստան պիտի երթայ ան, առաջարկեց որ երկու օրուան համար Պոլիս երթայ ու անկէ անցնի Յունաստան:
Երկու արժէքաւոր երգիչներուն կÿընկերանար նաեւ Հայաստանցի մը՝ Տիանա Հայրիեան, որ միջոցէ մը ի վեր հաստատուած է Պոլիս եւ արդէն մօտիկ բարեկամուհի մըն է Անտրէի:
Անտրէ ծնած է 8 Յուլիս 1979-ին, Ղարաբաղ, Ստեփանակերտի մէջ: Երեք տարեկանին, իր մեծ մայրիկը տեսած է որ Անտրէ (Յովնանեան) օժտուած է ձայնային աստուածատուր շնորհով: Փոքր տարիքէն ան իր ներաշխարհին մէջ գիւտը ըրած է նախախնամութեան հրաշազօր ուժին եւ ինքզինք պատրաստած է որպէս թունդ հաւատացեալ մը: Ինը տարեկանին, Աստուածաշունչի նկարներու ներշնչումով գրի առած է «Աղօթքս» ոտանաւորը, այս ոտանաւորին վրայ կատարելով նաեւ իր առաջին յօրինումը: Հետաքրքրական է որ Անտրէ տակաւին անտիպ կը պահէ այս երգը:
15 տարեկան էր երբ Երեւանի երգի պետական թատրոնի ղեկավար Արթիւր Գրիգորեան Ղարաբաղ գնաց եւ անդրադարձաւ Անտրէի ձայնային կարողութիւններուն: Գրիգորեան Երեւան հրաւիրեց այս խոստոմնալից երիտասարդը: Անտրէի ծնողքը համամիտ գտնուեցան առաջարկը ընդունելու եւ 1997-ին Երեւան ղրկեցին իրենց որդին: Անտրէ Երեւանի մէջ հետեւեցաւ Կոմիտասի երաժշտանոցի դասընթացքներուն ուրկէ վկայուեցաւ ստանալով նաեւ մագիստրոսի վկայական:
Ղարաբաղի պատերազմին զոհ գացած են իր ընտանիքէն երկու անդամներ. հօրեղբայրն ու մօրեղբայրը, բայց ընտանիքը պատերազմի օրերուն իսկ կապուած է հողին եւ չէ լքած իր ծննդավայր հողերը:
Անտրէ Յովնանեան, հակառակ իր երիտասարդ տարիքին, կողմնակից է լուրջ արուեստի մատուցման: Երգարուեստի մէջ «հարսանիքի ոճ», «շուկայական աղաւաղում» կÿորակէ երգի տափակ երանգաւորումները: Կը պաշտպանէ այն տեսակէտը, թէ փոխանակ արուեստը ժողովուրդին իջեցնելու, պէտք է ժողովուրդը բարձրացնել արուեստի կատարելութեան: Եօթը հոգիէ բաղկացեալ երաժիշտներու մնայուն խումբ մը ունի իր շուրջ, մինչեւ այսօր հրապարակ հանած է հինգ Սի-Տի-ներ եւ Հայաստանի ու արտերկրի մէջ սարքած է բազմաթիւ երգահանդէսներ:
Հակառակ որ ան ծանօթ է որպէս փոփ կամ էսթրատային կոչուած երաժշտութեան վարպետ, Անտրէն անմահ Կոմիտասի ջերմ սիրահար է եւ Կոմիտասեան երգերու կարող մեկնաբան մը: Ան ներկայիս կը պատրաստէ Կոմիտասի երգերով ձայնասկաւառակ մը: Մօտաւոր ապագային Զուարթնոց Տաճարի մէջ հայաստանցի նշանաւոր երգչուհի Ֆլորա Մարտիրոսեանի հետ պիտի սարքէ համերգ մը, զուգերգներով եւ առանձին երգերով: Պիտի երգէ Կոմիտասի «Քէլէր Ցոլեր», Ռոպերթ Ամիրխանեանի «Կարմիր Ծաղիկ», Գուսան Շահէնի «Ուշ գիշեր» երգերը:
Անտրէ Թեսաղոնիկէի մէջ պիտի մնայ չորս օր, ուր պիտի մասնակցի Հայաստանի մէջ քաղցկեղային դարմանումի տակ գտնուող 300 մանուկներու ի նպաստ կազմակերպուած մարդասիրական ձեռնարկի մը: Այս հիւանդ մանուկները ու Յունաստանի ձեռնարկը կը գտնուին Հայաստանի առաջին տիկնոջ տիկ. Սարգսեանի հովանաւորութեան ներքեւ: Հիւանդ երեխաներուն մասին բանախօսութիւն պիտի սարքուի, պիտի ներկայացուի հիւանդ աղջնակի մը մասնակցութեամբ դարձուած շատ յուզիչ քլիփ մը: Սոյն քլիփին մէջ Անտրէ, որ նշանաւոր է իր երկար մազերով, իր մազերը կը կտրէ որպէս իր համեստ նուէրը եւ զոհողութեան պատրաստակամութիւնը հիւանդ երախաներուն համար: Ան երկու երգերով պիտի բերէ իր նպաստը մարդասիրական ձեռնարկին:
Անտրէի Կոմիտասեան երկու քլիփներուն մէջ անծանօթ նոր Անտրէ մը կը ներկայանայ: Կոմիտասեան ուժեղ մեկնաբան է ան, եւ դարձուած քլիփները իրենց ներշնչումը կÿառնեն հայ շինականներու ու չարքաշ աշխատաւորներու կենցաղէն: Կոմիտասեան բամբ աղաղակ մըն է որ կը բարձրանայ Հայաստանի լեռներէն ուերաշտ հողերէն:
Անտրէ, բացի իր ձայնային կարողութիւններէն, ունի նաեւ նորաձեւոութեան տարազաձեւերու ստեղծագործական կարողութիւն, հակում մը՝ որ հոպի մըն է իրեն համար: Կը ծրագրէ իր անունով՝ պլուճին տաբատներ կամ հագուստներ արդիւնաբերել, իր անունը յաւերժացնելու համար նաեւ նորաձեւութեան աշխարհէն ներս: