Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Մանկացած ենք կրկին տարուան վերջին օրերուն  հետ ու անմեղութիւն մը կը ժպտի կարծէք մեր դէմքերուն վրայ ու անկեղծութիւն մը կը փորձէ ծաղկիլ մեր հոգիներուն խորը։ Գիտենք, որ Նոր Տարուայ սեմին ոչ ոք կայ այնտեղ, բայց մեզի այնպէս կը թուի, որ անծանօթ մը կեցած է հոն, որ կուգայ մոռցնել տալու մեզի մեր դառնութիւններն ու հիասթափութիւնները ու իր աղօթական քաղցրութեամբ տաքցնելու ցրտահար մեր հոգիները։


Հին ու նոր, մեկնող ու ծնող տարուայ րոպէական համբոյրին մէջ, այսօր կը փորձենք հաւատալ, որ մեկնողը իր հետ կրնայ տանիլ չարը ու եկողին փոխանցել բարին, բարիի զգացումը, բարեգոյնին հասնելու ձգտումը։
Դաժան հաշուեյարդարի եւ խոկումի պահն է Նոր Տարին։ Կը գիտակցի՞նք արդեօք, որ երկրորդ կեանք մը գոյութիւն ունի մեր էութենէն ներս, տարուան վերջին օրերուն հետ յառնող իսկութիւն մը, որ թէեւ քանի մը ժամ միայն կ'ունենայ շնչելու, բայց մեզ կը մղէ առնուազն անդրադառնալու թէ տկար եւ ունայնասէր մարդիկ ենք, թէ մեր կաւէ անօթին մէջ հոգեկան աշխարհ մը ունինք ու մեր մարմնեղէն գոյութեան մէջ աննիւթական իրականութիւն մը պահուած է։ Իր մէջ Աստուծոյ շունչը որոնող մարդը կþանդրադառնա՞յ թէ որբութիւնը յատուկ չէ միայն անոնց, որոնք հայր ու մայր չեն ունեցած։ Կայ հոգիի եւ հոգեկանի որբացումը...։
Մեզմէ քանի՞ հոգի ճիգ կþընէ թէ հողանիւթ երկայութիւն մըն է ինք այս անցաւոր աշխարհին մէջ։ Նշմարէ՛ մանաւանդ, որ տարի մը առաջուայ մարդը չէ ինք այլեւս ու Նոր Տարուան հետ շեշտակիօրէն զգայ իր անցաւոր էակ մը ըլլալու ճակատագիրը։ Կը գիտակցի՞նք, թէ տօնական խրախճանքներէն ետք, մեր ներքին էութեան հետ խոստովանանքի պահն է, որ կը սկսի, երբ Նոր Տարին կը սեւեռի մեր աչքերուն, հարց տալու համար, թէ մեր ուրախութիւններէն ի՞նչ բաժին հանեցինք դժբախտին ու չքաւորին, աղքատին ու կարօտեալին...։
Ինչո՞ւ «նոր»ի փնտռտուքը եւ անվերջ կրկնութիւնը բարեմաղթութիւններու։ Եթէ պատրանքներով օրօրուեցանք ու հիասթափութիւններով կը փակենք տարին, պատճառը այս է թերեւս, որ ուրիշներէն յուսացինք գալիք օրերու պայծառութիւնն ու քաղցրութիւնը եւ չենք անդրադառնար, որ կեանքը մեզմով միայն կրնայ փոխուիլ ու մեզմէ ամէն մէկուն ներքին վերանորոգումով միայն իր «նոր»ութիւնը կրնայ գտնել։ Եթէ հինն է, որ կուգայ խառնուելու նորին ու եկողը տարբերութիւն չունենար մեկնողէն, յանցաւոր մենք ենք դարձեալ։ Կեանքի աններդաշնակութիւններու աղբիւրը մեր եսասիրութիւնն է։
Եթէ «նոր»ութիւն մը ողջունելու ծարաւն ու ձգտումը կայ իսկապէս Նոր Տարուայ խորհուրդին մէջ, եկէþք մենք ալ մոգերուն հետ միասին քալենք Բեթղեհէմի ճամբայով դէպի աստղին լոյսը, դէպի աստուածայայտնութեան աւանդական խորհուրդը, որ մեզ կը մղէ սեւեռելու մարդկային կեանքի յաւիտենական ճշմարտութիւններուն եւ գեղեցկութիւններուն վրայ, սիրոյ անանձնական ու անխաթար իմացումին, բարութեան աստուածային ինքնութեան, գիտակցելով, որ վաղը դարձեալ պիտի վերադառնանք մարդկային դիմակահանդէսին, կեղծ ժպիտներու, խաբեպատիր խօսքերու ու բարոյական վսեմ սկզբունքներու տակ պարտկուած նկատումներու։
Քիչեն կþընդունին Նոր Տարին։ Այդ քիչերը անոնք են, որոնք դիմակ չունին իրենց դէմքերուն ու կեանքի բեմին վրայ շրջած են լուսաւոր աչքերով, փնտռելով միշտ ազնուութիւնը, բարութիւնն ու անկեղծութիւնը։ Իմաստութեան ծիրանիները չեն կրցած ծածկել մեր հոգեկան մերկութիւնը ու հակառակ այս տրտմութեան, Նոր Տարին կուգայ ըսելու մեզի, որ յուսախաբութիւնները պատճառ չեն յուսահատելու...
Քսան եւ աւելի դարերու հեռաւորութիւն մը մեզ կը բաժնէ ծննդեան Աստղին յայտնութենէն, որով մոգերը գտան իրենց ճամբան երթալ տեսնելու համար հրաշք-մանուկը, որովհետեւ Նազովրեցիի ծնունդը Բեթղեհէմի անշուք գոմին մէջ կոչ մըն է մարդկային էութեան ազնուացման, պատմականացումը մեր երազներու յաւիտենութեան եւ վերջապէս յոյսը՝ ողջունելու համար մարդ էակին եւ մարդկային հաւաքականութեան անկեղծ ձգտումը դէպի բարիին, դէպի աստուածայինին։
Շնորհաւո՜ր Նոր Տարի, գալուստը բարի...

 

ՎԱՐԱԳ Ա. ՔՀՆՅ. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ