Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Յաղթանակներով կամ մեծ ու փոքր յաջողութիւններով կարելի է խանդավառուիլ, կարելի է պահ մը գինովնալ, յոխորտալ: Այսպիսի պահ ապրեցանք վերջերս, երբ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը Թուրքիոյ քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց կալուածները վերադարձնելու բանաձեւը վաւերացուց:


Այսօր ալ, հաւանաբար, այդպիսի պահ մը շնորհուի մեզի Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ՝ վաւերացնելով Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացողները քրէական պատիժի ենթարկելու բանաձեւը:
Ոգեւորութիւնը, յաղթանակի պատճառած ցնծութիւնը, ուժի նոր աղբիւրի վերածելու մտասեւեռումով՝ մեր քաղաքական գործիչները յաճախ կը յիշեցնեն, որ մեր դիմացը տակաւին կան հսկայական մարտահրաւէրներ, պայքարի թէժ ճակատներ, որոնց համար պէտք է տիւ ու գիշեր պատրաստուիլ:
Այսպիսի յիշեցում մըն ալ երէկ կատարուեցաւ Մեքսիքայէն, ուր երկրին Ծերակոյտը վաւերացուց Ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ բանաձեւ մը (այս մասին միայն ատրպեճանական մամուլը անդրադարձած է), ուր որդեգրած էր ատրպեճանական պետական քարոզչութեան բառամթերքը:
Արդարեւ, երէկ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածած է լուր մը, ըստ որուն՝ Մեքսիքայի Ծերակոյտը որդեգրած է Ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման վերաբերեալ բանաձեւ մը, ուր ներմուծուած է ակնարկ մը՝ Խոջալուի մէջ «իրենց ազգային պատկանելութեան պատճառով սպաննուած հարիւրաւոր ազերիներ»ու մասին, որոնք «զոհ գացած են հայկական զինեալ ուժերու յարձակումներուն»: Դարձեալ ըստ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան, Մեքսիքայի Ծերակոյտին բանաձեւը Խոջալուի մէջ պատահածը բնութագրած է իբրեւ «ցեղասպանութիւն»:
Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման պայքարին պատմութիւնը նենգափոխելու եւ շինծու վերագրումներով արատաւորելու այս նոր փորձը, յատկապէս այս օրերուն, լաւագոյն յիշեցումն է, թէ մէկ ակնթարթ իսկ պէտք չէ ձեռնածալ մնալ:

 

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ