«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:
Մահազդի խնդիր
Աւելի քան քառասուն տարի հայատառ թերթի մը խմբագիրը ըլլալու պատիւին արժանանալէ եւ այսպիսի պատիւի մը պաղն ու տաքը, գիշերն ու ցերեկը, մութն ու լոյսը ապրելէ ետք, այսօր եւս այդ քառասունէ աւելի տարիներուն վրայ երբեմն կրնամ նայիլ երգիծանքով: Երգիծանքով ու ժպիտով: Ճիշդ է որ խմբագրին կեանքը լեցուն է դժուարութիւններով, բայց ճիշդ է նաեւ որ կեանքի մէջ գրեթէ բոլոր դժուարութիւնները, անգամ մը որ անցնին, կրնան յիշուիլ ժպիտով, երգիծանքով, կատակով: Օրինակ, երբեք չեմ կրնար մոռնալ թէ ես կեանքիս ամէնէն տառապալից մէկ շրջանը ապրած էի երբ մեր թերթին տպագրութիւնը նախկին դրութենէն փոխած էի օֆսէթ կոչուած դրութեան: Ահաւոր դժուարութիւններու ու անկարելիութիւններու հետ դէմ յանդիման մնացած էի, ո՛չ մէկը կրնար օգնական ըլլալ ինծի, մինչեւ գիշերուան ութը, ինը կÿաշխատէի յուսահատօրէն, անօրինակ յոգնութեամբ տուն կÿերթայի, կոտտացող ոտքերս հանգստացնելու համար զանոնք տաք ջուրի մէջ կը դնէի: Եւ մարմնական յոգնութեանս վրայ կÿաւելնար նաեւ տառապանքը մտածելու թէ ընթերցողները բնաւ գաղափար չունէին թէ որքան կը յոգնէի, որքան կը տառապէի ամէն օր թերթը իրենց հասցնելու համար:
Այսօր խնդալով կրնամ յիշել այդ օրերը: Խնդալով կրնամ յիշել նաեւ այն շրջանները երբ մեր ազգային խնդիրներէն ներս ապրեցանք ծանր հարցեր ու տագնապներ: Խնդալով կրնամ յիշել այն կռիւները զորս ունեցած էինք ուրիշ խմբագիրներու կամ գրողներու հետ: Խնդալով կրնամ յիշել մեր պաշտօնեաներէն ոմանց հետ իմ ունեցած վիճաբանութիւնները, հոսկէ հոնկէ լուրեր ստանալու համար մեր կատարած աճպարարութիւնները, եւ դեռ ով գիտէ ինչեր:
Բայց հարց մը կայ, որ երգիծանքի չի կրնար հանդուրժել, կատակի նիւթ չի կրնար դառնալ, տարիներ ալ անցած ըլլայ, կը յիշուի այնքան տխրութեամբ որքան դիմաւորուած էր առաջին օրը: Իմ խմբագրի կեանքիս ամէնէն տխուր էջն է այդ եւ այդ էջը այսօր ալ բաց է, այսօր ալ կը կոտտացնէ սիրտս:
Մահազդներու մասին է որ կը խօսիմ: Երբեմն կրնամ նստիլ ու հաշուել թէ քսան տարուան մէջ, քսանհինգ տարուան մէջ քանի՞ յօդուած գրեցի, կրնամ հաշուել թէ օրական քանի՞ տող գրեցի որպէս գրականութիւն կամ լրատուութիւն, բայց չեմ կրնար հաշուել թէ քանի հոգիի մահուան բօթը լսեցի տակաւին առտուան կանուխ ժամերուն, երբ դեռ յիսուն տող իսկ չէի գրած:
Խմբագրի ճակատագիրս էր: Առաւօտ կանուխ հեռաձայնը կը հնչէր: Խնդիր չէր, որովհետեւ հեռաձայնը միշտ կը հնչէր: Բայց երբ ընկալուչը կը վերցնէի, յանկարծ դիմացս կը գտնէի յուղարկաւորութեան կազմակերպիչ մը: Անմիջապէս կը հասկնայի որ դարձեալ մէկու մը մահուան բօթը պիտի լսէի: Օ՜ այդ մէկը կամ երկու երկվայրկեանը, որու ընթացքին կարծես կայծակնային արագութեամբ ես ինծի կը հարցնէի.
-Արդեօք ո՞վ է: Արդեօք որո՞ւն անունը պիտի լսեմ:
Աշխարհի վրայ շատ քիչեր գիտեն թէ այդ մէկ կամ երկու երկվայրկեանը որքան երկար կրնայ տեւել երբեմն եւ որքան յղի է աղիտալի լուրով մը: Ես այդ վայրկեանին գիտեմ որ պիտի լսեմ լուր մը որ զիս պիտի ցնցէ: Եթէ յուղարկաւորութեան կազմակերպիչը ուղղակի զիս կը փնտռէ, փոխանակ իր մահազդը վարը՝ թերթիս քարտուղարութեան յանձնելու, կը նշանակէ որ այդ օր ալ մեզի ծանօթ ու սիրելի դէմք մը կորսնցուցինք եւ իմ մասնաւոր ուշադրութիւնը պիտի հրաւիրուի այդ կորուստին վրայ: Այդպէս է: Այդ անունը կը հնչէ իրաւ ալ: Երբեմն որքան ալ մօտիկ ու սիրելի անձի մը անունն է այդ:
-Ա՜խ, մը կÿարձակուի սրտիս խորերէն:
Եւ որովհետեւ հասած ենք այնպիսի տարիքի մը, որ մեր բոլոր սիրելիներուն մահը քիչ մըն ալ մեր մահն է, ինծի այնպէս կը թուի որ այդ պահուն թել մը եւս կը փրթի կեանքիս լարերէն: Ո՛չ մէկ ուժ պիտի կարենայ նորոգել այդ փրթած լարը: Գնաց: Վերջացաւ: Մէկ հոգի եւս պակսեցաւ կեանքիս մէջէն: Մեր ընկերային կեանքին մէջէն: Մեր ազգային կեանքին մէջէն: Մեր մտաւորական կեանքին մէջէն: Մէկ հոգի եւս պակսեցաւ: Այդ հեռաձայնի զանգը բան մը եւս փոխեց կեանքիս մէջ:
-Բայց ի՞նչպէս պատահեր է:
-Ե՞րբ պատահեր է:
Եւ ամէնէն վերջը ամէնէն ճակատագրական հարցումը.
-Քանի՞ տարեկան էր:
Հարցումները, որքան ալ կարեւոր ըլլան, անոնք անկարեւոր ըլլալ կը թուին այն միւս ճշմարտութեան քով թէ ես սա պահուն լսեցի մահուան բօթ մը, որ տակաւին հազիւ քանի մը հոգիի ծանօթ է այդ պահուն:
Գուցէ ինձմէ տասն անգամ աւելի մերձաւոր մարդիկ ունէր այդ սիրելի ողբացեալը, բայց անոնցմէ առաջ ե՛ս եմ որ պիտի լսեմ այդ բօթը, որովհետեւ ես ո՛չ միայն պիտի ցաւիմ այդ կորուստին համար, այլ նաեւ այդ կորուստէն տեղեակ պիտի պահեմ հազարաւոր մարդիկ, այդ հազարաւոր մարդոց պիտի պատմեմ կամ պիտի յիշեցնեմ թէ ով էր այն պատուական մարդը կամ կինը որ այսպէս առաւօտ կանուխ կը բաժնուէր մեզմէ:
Ասիկա ճակատագիր մըն է, գիտեմ: Յուզուած եմ, բայց պարտականութիւն ունիմ: Պահ մը սիրտս ու միտքս կը բանամ այդ սիրելի անձէն եկած վերյիշումներու, ետ կը կանչեմ ինչ ինչ մոռցուած պատահարներ ու գործեր, յետոյ մէկդի կÿընեմ բոլոր գործերը, ու կը սկսիմ գրել այն քանի մը տխուր տողերը, որոնցմով ես ու բոլոր ընթերցողներս հրաժեշտ պիտի տանք օրուան ողբացեալին:
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» - Ռ. Հատտէճեան
(Յուշատետր - 71)