­altՊո­լիս գտնո­ւի­լը շատ հե­տաքրք­րա­կան կող­մեր ու­նի, մա­նա­ւանդ այս օ­րե­րուն։ Որ­պէս մէ­կը, որ կը հե­տե­ւի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ մաս­նա­ւո­րա­պէս մի­ջազ­գա­յին ու տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ան­ցու­դար­ձին, նիւ­թի պա­կաս չկայ, փառք Աս­տու­ծոյ։ ­Սա­կայն ա­ւե­լի ա­ռօ­րեայ տե­սան­

կիւ­նէն, ու­րախ եմ որ ժա­մա­նակ կ­՚անց­նեմ այս քա­ղա­քին մէջ, քան­զի ա­ռի­թը կ­՚ըն­ծա­յէ թրքե­րէն սոր­վե­լու։

Թր­քե­րէ­նի հետ կապս շատ հե­ռու չէ, ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։ Ըն­տա­նի­քիս ա­կունք­նե­րը ­Մա­րա­շին մէջ կը գտնո­ւին, ուս­տի ման­կու­թեանս յա­ճախ լսած եմ թրքե­րէն, մա­նա­ւանդ մե­ծե­րուն կող­մէ։ Ա­կանջ­ներս լե­ցո­ւած են ո­րոշ բա­ռա­պա­շա­րով մը։ ­Նոյ­նիսկ շարք մը բա­ռեր հա­յե­րէն կը կար­ծէի պզտիկ ե­ղած ա­տենս։ Վս­տահ եմ շատ սփիւռ­քա­հա­յեր այդ փոր­ձա­ռու­թիւ­նը կը կի­սեն։

Ե­րի­տա­սար­դու­թեանս ջանք թա­փած եմ թրքե­րէն ինք­նու­րոյն սոր­վե­լու, իսկ ա­ւե­լի վեր­ջերս դա­սե­րու գա­ցած եմ (Ե­րե­ւան ալ, հոս ալ)։ Ե­թէ ան­կեղծ ըլ­լամ, այ­սօ­րո­ւան թրքե­րէ­նէն ա­ւե­լի պի­տի նա­խընտ­րէի նախ­նի­նե­րուս խօ­սած լե­զուն սոր­վիլ։ ­Բայց այդ դա­րը ե­րե­ւի թէ ան­ցած հա­շո­ւենք։
­Քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ ա­մառ մը ան­ցու­ցած եմ ­Պո­լիս։ Ա­ռա­ջին ան­գամս էր հոս եւ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով թրքե­րէ­նին հետ առն­չու­թիւն ու­նե­ցայ որ­պէս ան­մի­ջա­կան, կեն­դա­նի լե­զո­ւի մը։ Եւ չա­փա­զանց խնդա­լիք էր։

Ես իմ վրաս կը խնդամ, թէ ինչ­քան ծի­ծա­ղե­լի կը գտնէի ա­մէն ինչ։ Ին­չո՞ւ։ Ո­րով­հե­տեւ ին­ծի հա­մար թրքե­րէ­նը ե­ղած է ոչ թէ միայն տան մէջ սահ­մա­նա­փա­կո­ւած, ոչ-կա­տա­րեալ լե­զու մը, այ­սինքն՝ փո­ղոց­նե­րուն վրայ, թեր­թե­րու մէջ, կամ ու­րիշ տե­ղեր եր­բեք չգտնո­ւող լե­զու մը, այ­լեւ՝ մե­ծա­հա­սակ­նե­րու, ը­սենք, խո­հա­նո­ցա­յին կամ բամ­բա­սան­քի կամ ալ հայ­հո­յե­լու լե­զու ըլ­լա­լով գի­տէի միայն։ Ան քիչ մը կոշտ, քիչ մը գեղ­ջկա­կան ե­ղած է միշտ միտ­քիս մէջ։ ­Յե­տոյ, խօ­սակ­ցա­կան ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով ե­թէ վերց­նենք, օ­րի­նակ, թէ ինչ­պէս հար­ցում մը կը տրո­ւի - «­Կու գա՞ս կոր մը» - ե­կուր եւ տես, որ խօ­սակ­ցա­կան ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը պաշ­տօ­նա­կան թրքե­րէ­նէն շատ չի տար­բե­րիր. «­Կէ­լիեօ՞ր մու­սուն»։

­Փոքր-մոքր բա­ներ, ա­մե­նա­սո­վո­րա­կան ե­րե­ւոյթ­ներ խնդա­լի­քիս ե­կած են ­Պո­լիս։ ­Վար­սա­վի­րա­նոց­ներ մեծ գի­րե­րով կը յայ­տա­րա­րեն.- «Էր­քէք ­Քո­ւա­ֆէօ­րիւ»։ Ին­ծի հա­մար «էր­քէք»ը պար­զա­պէս «տղա­մար­դ» ը­սել չէ, այլ՝ «տղա­մա՛րդ», այ­սինքն՝ «Էր­քէք մէկն է, հա։ ­Յան­կարծ ե­թէ խո­շին չի գաս նէ…»։ Ու­րեմն, նի­հար-մի­հար, հեզ տղա­մար­դիկ ո՞ւր պի­տի կտրել տան մա­զեր­նին։ (­Վեր­ջերս ալ սոր­վե­ցայ, որ թրքե­րէ­նով խոշ ե­կող­ներ չկան, այլ՝ գա­ցող­ներ։ ­Թէրս։)

­Հա­մա­կար­գի­չի մը առ­ջեւ նստե­ցայ, կը յի­շեմ։ Ս­խալ բան մը ը­րի, շտկե­լու հա­մար ե­րեք տար­բե­րակ կու տար՝ «է­վէթ, հա­յըր, վազ կէչ»։ «­Վազ կէ՛չ»։ Ես ե՞րբ հա­մա­կար­գի­չէ վազ ան­ցած եմ որ։ Ան հէչ, երբ լաւ չհասկ­ցայ կա­ցու­թիւ­նը, «Եար­տըմ» կո­ճա­կը տե­սայ նոյն հա­մա­կար­գի­չին մէջ։ «Եար­տը՛մ»։ ­Նէ­նէս կ­՚ը­սէ.- «Աս­տո­ւած եար­տըմ ը­նէ, ճա­նըմ»։ ­Նէ­նէս ո՞ւր, հա­մա­կար­գի­չը ո՞ւր։ ­Չա­փա­զանց խնդա­լիք պահ մըն էր ան, ինչ­քան ալ ան­հա­ւա­տա­լի թո­ւայ բնիկ թրքա­խօս ըն­թեր­ցո­ղին։

Ու­րիշ օ­րի­նակ մը. «պէ­յին» բա­ռը ա­ռանց խնդա­լու չեմ կրնար ը­սել կամ լսել։ Ին­չո՞ւ։ ­Շատ սո­վո­րա­կան բառ մը պէտք է որ ըլ­լայ։ Ին­ծի հա­մար ան ոչ թէ մէկ բառ է սոսկ, այլ ո­րոշ բա­ռա­կա­պակ­ցու­թեան մը ա­ռա­ջին մա­սը։ ­Հօրս սի­րած հայ­հո­յանքն էր ժա­մա­նա­կին, միշտ կ­՚ու­զեմ «պէ­յին»ը շա­րու­նա­կել, ա­ւելց­նել... ու­ղեղս լե­ցուն է ար­դէն, փաս­տօ­րէն։

Ն­մա­նա­պէս «ե­թէր» բա­ռը։ Օր մը բան մը գնե­ցի, գու­մա­րը կլոր թիւ մըն էր, վրա­յէն քա­նի մը ղրուշ ալ կար։ Ես այդ ման­րադ­րամ­նե­րը կը հա­նէի դրա­մա­պա­նա­կէս, խա­նութ­պա­նը «Ե­թէր, էֆ­ֆէն­տիմ» ը­սաւ։ Ես կեան­քիս մէջ հան­գիստ, հան­դարտ, պարզ ձե­ւով չէի լսած այդ բա­ռը. «ե­թէր»՝ պար­զա­պէս «կը բա­ւէ, շնոր­հա­կա­լու­թիւն»։ ­Միշտ «ու­լան, ե­թէ՛ր» ե­ղած է ան. «ալ կը բա­ւէ՛ ծօ»ի ի­մաս­տը կրած է։ Ի­րադ­րու­թիւ­նը ա­մէն բան կը փո­խէ։

Թր­քե­րէ­նիս մա­կար­դա­կը տա­կա­ւին բարձր չէ։ Ան­շուշտ թէ խօ­սած ա­տենս միտ­քիս մէջ կը թարգ­մա­նեմ։ ­Սա­կայն ան­պայ­ման ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նէ կը թարգ­մա­նեմ։ ­Ռու­սե­րէն ալ սոր­ված եմ, եւ նոյն­պէս կա­տա­րեալ չեմ խօ­սիր։ Ա­նոր ժա­մա­նակ յա­ճախ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նէ կը թարգ­մա­նեմ։ ­Հե­տաքրք­րա­կան հան­գա­մանք­ներ են, չէ՞։ ­Պա­տա­հա­կա­նու­թիւն­ներ չեն, ի հար­կէ։ ­Տո­ւեալ լե­զու­նե­րը ազ­դո­ւած են, ի­րենց քե­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը, շա­րադ­րու­թիւն­նե­րը, եւ այլն, ա­ւե­լի հա­մա­հունչ դար­ձած են տի­րող լե­զո­ւին։ ­Պատ­մու­թիւ­նը այդ­պէս դա­սա­ւո­րած է։

­Քիչ մը ա­ւե­լի գի­տա­կան մօ­տեց­մամբ եւ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քով, կը կար­ծեմ որ թրքե­րէ­նը եր­թա­լէն ա­ւե­լի բնա­կա­նիս պի­տի գայ, ա­ւե­լի պի­տի վար­ժո­ւիմ։ ­Լե­զո­ւին այդ հո­գե­բա­նա­կան կա­պակ­ցու­թիւն­նե­րը հետզ­հե­տէ կը յղկո­ւին կամ այլ ձեւ պի­տի ստա­նան, հա­ւա­նա­բար։ ­Մինչ այդ, լե­զո­ւա­կան ար­կա­ծախնդ­րու­թիւն­ներս կը շա­րու­նա­կո­ւին։ ­Յու­սամ ո­րոշ ճար­տա­րա­խօ­սու­թեան չա­փի մը կը հաս­նիմ նախ­քան մեկ­նիլս։ Կ­՚ըլ­լա՞յ մը, ա­ճա­պա։ Ա­նանկ մը կ­՚ըլ­լա՛յ քի։

ՆԱՐԵԿ ՍԷՖԷՐԵԱՆ «Ա­կօս»