Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­alt«­Վի­քի­մե­դիա ­Հա­յաս­տան»ի կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած հեր­թա­կան «Ո­ւի­քի ­Ճամ­բար­ներ»ու շար­քին՝ այս տա­րի ­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան հիմ­նար­կու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ ­Փոր­թու­կա­լի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն Ո­ւի­քի­փե­տիա­յի զար­գաց­ման նո­ւի­րո­ւած Ո­ւի­քի

­Ճամ­բար մը Օ­գոս­տոս 17էն 26։
Ե­րի­տա­սարդ­ներ՝ ­Հա­յաս­տա­նէն եւ սփիւռ­քի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէ, մաս­նակ­ցու­թեան փա­փաք յայտ­նե­ցին։ ­Մենք եւս՝ ­Յու­նաս­տա­նէն:

Օ­գոս­տոս 17ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 7ին հան­դի­պե­ցանք Ա­թէն­քի օ­դա­կա­յա­նը եւ մեկ­նե­ցանք դէ­պի ­Լիզ­պոն: ­Հոն մե­զի դի­մա­ւո­րե­ցին ճամ­բա­րի պա­տաս­խա­նա­տու ­Կիւլ­պէն­կեան հաս­տա­տու­թեան կող­մէ տի­կին ­Կար­մի­րեան եւ ­Լի­բա­նա­նի խում­բը: Ա­նոնք ա­ռա­ջին­ներն էին, ո­րոնց ծա­նօ­թա­ցանք: Ս­կիզ­բէն ստեղ­ծո­ւած ըն­կե­րա­կան մթնո­լոր­տը զար­գա­ցաւ ­Պոլ­սոյ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը սպա­սե­լու ա­տեն: ­Յե­տոյ բո­լորս միա­սին մեկ­նե­ցանք դէ­պի բա­նա­կա­վայր, որ կը գտնո­ւէր ­Լիզ­պո­նէն մէկ ժամ հե­ռու: ­Հոն ծա­նօ­թա­ցանք մնա­ցեալ բա­նա­կող­նե­րուն:

­Բո­լորս ե­րի­տա­սարդ­ներ՝ ­Յու­նաս­տա­նէն, ֆրան­սա­յէն, ­Պո­լի­սէն, ­Լի­բա­նա­նէն, ­Սու­րիա­յէն եւ ­Հա­յաս­տա­նէն հա­ւա­քո­ւած էինք ­Փոր­թու­կալ: ­Կիւլ­պէն­կեան հաս­տա­տու­թեան սփիւռ­քի նիւ­թե­րու տնօ­րէն պրն. ­Ռազ­միկ ­Փա­նո­սեան մեզ ող­ջու­նեց եւ յայ­տա­րա­րեց ճամ­բա­րի բա­ցու­մը: ­Մինչ ար­դէն ի­րի­կուն էր եւ տե­ղա­ւո­րո­ւած էինք սե­նեակ­նե­րէն ներս, խումբ մը եր­տա­սարդ­ներ հա­ւա­քո­ւած լճա­կին շուրջ, խան­դա­վա­ռո­ւած կ’եր­գէին: ­Միա­ցանք ա­նոնց:
«­Սար­դա­րա­պատ», «­Գե­տա­շէն» եւ այլ հայ­կա­կան եր­գեր կը հնչէին ամ­բողջ բա­նա­կա­վայ­րին մէջ: ­Հետզ­հե­տէ եր­գող­նե­րու խում­բը բազ­մա­ցաւ եւ խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը հա­սաւ գա­գաթ­նա­կէ­տին: ­Սահ­մա­նե­րը ա­նէա­ցան: ­Ցե­ղի ձայնն էր մեզ միաց­նո­ղը: ­Յայտ­նի էր, որ ճամ­բա­րը շատ հա­ճե­լի եւ բե­ղուն ըն­թացք պի­տի ու­նե­նար:

Ա­մէն ա­ռա­ւօտ նա­խա­ճա­շէն ետք ժա­մը 10:00ին կ’անց­նէինք գոր­ծի:
«­Վի­քի­մե­դիա ­Հա­յաս­տան» ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի հա­մա­կար­գող տի­կին Ազ­նիւ Ս­տե­փա­նեա­նը մե­զի ու­ղու­թիւն կու­տար նիւ­թե­րը զար­գաց­նե­լու եւ ամ­բող­ջաց­նե­լու զա­նա­զան ձե­ւե­րուն ու մօ­տե­ցում­նե­րուն մա­սին: Խմ­բագ­րե­լու այս դա­սա­պա­հը կը տե­ւէր եր­կու ժամ, որ­մէ ետք ա­զատ ժամ ու­նէինք: ­Ժա­մը 14:00ին ճա­շի պահն էր, որ­մէ ետք կը շա­րու­նա­կէինք աշ­խա­տան­քը: Այդ բո­լո­րէն վերջ մե­զի կը տրա­մադ­րո­ւէր ժա­մա­նակ զբա­ղո­ւե­լու զա­նա­զան մրցակ­ցա­կան խա­ղե­րով (ա­ղեղ­նաձ­գու­թիւն, մագլ­ցում եւ այլն), ո­րոնց կը յա­ջոր­դէր ընթ­րիք: Եր­բեմն օ­րը կ­՚ա­ւար­տէր կազ­մա­կեր­պո­ւած խա­րոյ­կա­հան­դէ­սով կամ երգ ու պա­րով եւ խա­ղե­րով:

Ար­դէն ճամ­բայ չե­լած մտա­հո­գու­թիւն մը ու­նէինք. մեր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը բա­ւա­րար էի՞ն ար­դեօք գո­հաց­նե­լու նման աշ­խա­տան­քի մը ակն­կա­լու­թիւ­նե­րը: Մ­տա­հո­գու­թիւն­նե­րը փա­րա­տե­ցան, երբ դա­սըն­թաց­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն անդ­րա­դար­ձանք, թէ յօ­դո­ւած­նե­րու շա­րադ­րու­մը սո­վո­րու­թեան եւ յա­րա­տեւ աշ­խա­տան­քի ար­դիւնք է: ­Նախ դիւ­րին մօ­տե­ցում­նե­րով, այ­սինքն՝ ար­տագ­րու­թիւն, թարգ­մա­նու­թիւն, ա­պա՝ ա­ւե­լի խրթին ու դժո­ւա­րին, ինչ­պէս շա­րադ­րու­թիւն, խմբագ­րու­թիւն:

Այդ ի­նը օ­րե­րու ըն­թաց­քին միայն խմբագ­րել չսոր­վե­ցանք: ­Հա­մո­զո­ւե­ցանք, որ մենք ծա­ռա­յե­ցինք ա­ւե­լի բարձր նպա­տա­կի մը՝ նպաս­տե­ցինք մեր լե­զո­ւի ա­նա­ղարտ պահ­պա­նու­մին, որ պի­տի սա­տա­րէ ի մաս­նա­ւո­րի սփիւռ­քի գո­յա­տեւ­ման:
­Մենք հոն խօ­սե­ցանք հա­յե­րէ՛ն, եր­գե­ցինք ու պա­րե­ցինք հա­յե­րէն:
­Մենք հոն մտա­ծե­ցինք հա­յե­րէն: Իսկ երբ վե­րա­դար­ձանք, ա­ւե­լի հա­րուստ էինք լե­զո­ւով, գի­տու­թեամբ, փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րով եւ սի­րե­լի նոր ըն­կեր­նե­րով:

Մա­նու­կեան Ե­րո­ւանդ, ­Լա­զա­րեան ­Գէորգ