Արտաքին ուժերու Սուրիոյ պատերազմին միջամտութիւնը այնքան ալ ուղղուած չէ ահաբեկչութեան դէմ այնպէս, ինչպէս կը փորձեն ներկայացնել հակամարտող արտաքին ուժերը։ Անիկա առաւելաբար ուղղուած է դէպի տարածաշրջանի մէջ ուժանիւթի հան
քերու շահագործման կամ կազատար խողովակներու գործարկման։
Վերլուծաբաններ կը նշեն, թէ Սուրիոյ մէջ ամենադաժան բախումները տեղի կ՚ունենան այնպիսի վայրերու մէջ, ուր յետ-պատերազմեան շրջանին կը նախատեսուի նոր կազատար խողովակներ հաստատել՝ տարածաշրջանի քարիւղն ու կազը արտահանելու արտաքին աշխարհ, մանաւանդ՝ Եւրոպա։ Հետեւաբար արտաքին ուժերու պայքարի ողջ էութիւնը կազատար խողովակներու լաւագոյն դիրքերուն տիրանալու պայքարն է։
Տնտեսագէտներ ուսումնասիրելէ ետք սուրիական պատերազմի քարտէսը նկատած են, որ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին միայն այն վայրերուն մէջ, ուր կը բանին կամ կը նախատեսուի բանեցնել երկրի հիմնական կազամուղներն ու քարիւղամուղները։
Երկրի երկու կարեւորագոյն քարիւղատար խողովակները կ՚անցնին Սուրիոյ Մունպուճ եւ Պապ քաղաքներէն, որոնք Հալէպ նահանգին կը պատկանին։ Երկու քաղաքներու տարածքէն կ՚անցնի այն կազատար խողովակաշարը, որ կազ եւ քարիւղ կը փոխադրէ Իրաքէն Սուրիա, մինչեւ Իտլիպ նահանգ։ Նոյն խողովակաշարը կ՚անցնի Հալէպ քաղաքի տարածքէն։
Հետեւաբար ա՛ն, որ կը տիրէ Մունպուճին, իր հսկողութեան տակ կ՚առնէ Սուրիոյ մէջ կազատար եւ քարիւղատար խողովակներու համակարգի կարեւոր մէկ բաժինը։
Նոյնը կարելի է ըսել Հալէպ նահանգի արեւմտեան շրջանի Իտլիպ քաղաքին համար. նման խողովակաշար մը կ՚անցնի նաեւ Սուրիոյ արեւելեան շրջանի Տէր Զօր եւ Ռաքքա քաղաքներէն։
Իրաքէն մատակարարուող քարիւղի առաջին խողովակաշարը Իրաքի Մուսուլ քաղաքէն կը հասնի Տէր Զօր՝ անցնելով Սանճարի շրջանէն, իսկ երկրորդը՝ Իրաքի ալ Քայմ քաղաքէն դէպի Տէր Զօր։
Թուրքիա, Սուրիոյ մէջ հակամարտութիւնը հրահրելով հանդերձ, ցարդ չէ յաջողած երկրի կազատար խողովակներու համակարգին վրայ անուղղակի հսկողութիւն հաստատելու իր նկրտումներուն մէջ, այդուհանդերձ ան կը ջանայ հասնիլ այդ համակարգին՝ Մունպուճի մէջ իր ազդեցութեան ենթակայ զինեալ խմբաւորումներ տեղաւորելով, այնպէս ինչպէս ըրաւ Ճարապլուսի մէջ, այդպէսով գէթ հնարաւորութիւն ունենալով «կարկանդակէն իր բաժինը ստանալու»։
Ամէն պարագայի այն ուժը, որ իր հսկողութեան տակ կ՚առնէ Հալէպ նահանգը, կը տիրէ կազատար եւ քարիւղատար խողովակներու համակարգի հիմնական բաժինին։
Ահա թէ ինչո՛ւ Հալէպի ճակատամարտը, Սուրիոյ շարունակուող հակամարտութեան մէջ, կը դիտարկուի որպէս առաւել որոշիչ դեր ունեցող ճակատամարտ։
Այս տուեալներու լոյսին տակ կարելի է ըմբռնել, թէ ինչո՛ւ Սուրիոյ մէջ պատերազմող կողմերուն միջեւ ամենաբուռն մարտերը կ՚ընթանան կազատար եւ քարիւղատար խողովակներու առանցքային կէտերուն վրայ, յատկապէս Ռաքքայի, Տէր Զօրի, Հալէպի, Իտլիպի, Մունպուճի, Հասիչէի, Այն Իսայի, Պուքամալի եւ Պապի մէջ։
Իր կարգին Ռուսաստան իր հսկողութեան տակ կը փորձէ պահել Հոմս քաղաքը ընդգրկող Իրան-Իրաք-Սուրիա կազատար խողովակներու տարածքը, որուն համար ամէն ջանք ի գործ կը դնէ՝ Հոմսը զերծ պահելու ծայրայեղ իսլամականներու ազդեցութենէն։
Սուրիոյ հակամարտութեան քարտէսը ցոյց կու տայ, որ Միացեալ Նահանգները իրենց կարգին կը ջանան հսկողութեան տակ պահել Սուրիոյ արեւելեան շրջանը՝ աչքաթող չընելով ռուսամէտ Իրան-Իրաք-Սուրիա կազատար խողովակներու ծրագիրը, մինչ Ռուսաստան Սուրիոյ արեւմտեան շրջանին մէջ կը փորձէ ազդեցութիւն ունենալ՝ աչքաթող չընելով դէպի Եւրոպա կազ արտահանելու համար նախատեսուող կազատար խողովակներու հաստատման ծրագիրը այդ շրջանին մէջ։
Տնտեսական ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան նաեւ, որ Ա.Մ.Ն. կը ծրագրէ նոր կազատար խողովակներ հաստատել Արաբական ծոցէն դէպի հիւսիսային Իրաք եւ ապա Սուրիոյ հիւսիսէն դէպի Թուրքիա՝ Իրաքի կազն ու քարիւղը արտահանելու համար դէպի Արեւմուտք։ Այս վերջինին իրագործումը աւելի դիւրին պիտի դառնար Իրաք-հիւսիսային Սուրիա քրտական անցքի մը հաստատումով։
Ռուսաստան բնականաբար դէմ պիտի ըլլար նման անցքի մը հաստատման, որովհետեւ ամէն գնով պիտի ջանար պահել ուժանիւթի իր գլխաւոր գնորդը՝ Եւրոպան եւ ուժանիւթի եւրոպական շուկային մէջ մրցակիցներ չունենալ։
Տնտեսական այս մրցակցութեան պատճառով՝ համաձայնութիւնները կ՚առկախուին, բանակցութիւնները կը խափանուին ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարի պիտակին տակ արտաքին ուժեր կ՚երկարաձգեն Սուրիոյ պատերազմը՝ արիւնաքամ դարձնելով տանջահար ժողովուրդը։
Մինչ սուրիական բանակն ու պետութիւնը իրենց դաշնակիցներուն գործակցութեամբ կը ջանան տարածքներ ազատագրել, ահաբեկչութեան դէմ միակ ու ճշմարիտ պայքարողը մնալով, որուն կողքին վերջերս թափ կու տան ազգային հաշտութեան ծրագիրին, մէկէ աւելի վայրերու մէջ զինաթափելով եւ դարձի բերելով իրենց հայրենիքը վաճառքի հանած ու շահագործուած զինեալները։
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»