­altԳու­ցէ այն­քան չեմ պաշ­տեր ա­պա­գան, որ­քան կ­՚ա­տեմ ան­ցեա­լը։ ­Պէտք է խզել ա­մէն կապ ան­ցեա­լին հետ. մեր­ժել, ու­րա­նալ զայն. այս է էա­կա­նը։
­Նո­ւաս­տա­ցու­ցիչ, ա­մօ­թա­լի բան մըն է խոր­հի­լը, թէ այ­սօր մե­ռել­նե­րով ու մի­միայն մե­ռել­նե­րով կ­՚ապ­րինք ու կը սնա­նինք մենք։

 

 

Ինչ որ ու­նինք՝ ի­մա­ցա­կա­նու­թիւն, բա­նա­կա­նու­թիւն, կրօնք, ի­մաս­տա­սի­րու­թիւն, ճա­շակ, գե­ղա­րո­ւեստ ու գրա­կա­նու­թիւն, դիակ­նե­րու ձեռ­քէն ըն­դու­նած ենք։

­Դա­րեր ա­ռաջ ապ­րած ու մե­ռած մար­դիկ են, որ մեզ կը կա­ռա­վա­րեն ի­րենց հաս­տա­տած օ­րէնք­նե­րո­վը, որ մեզ մտա­ծել կը սոր­վեց­նեն ի­րենց յղա­ցած տրա­մա­բա­նու­թեամ­բը եւ ի­մաս­տա­սի­րու­թեամ­բը, որ մեզ «կը բա­րո­յա­կա­նաց­նեն» ի­րենց հնա­րած կրօնք­նե­րո­վը, որ մեզ ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ կը շի­նեն ի­րենց գե­ղա­գի­տա­կան ըմբռ­նու­մո­վը։ Այս­պէս, մեր ամ­բողջ ինք­նու­թիւ­նը, գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, կեան­քը դիակ­նե­րով շա­ղուած, մո­միա­ցած, բրա­ծո­յի վե­րա­ծո­ւած է։

­Դիակ­նե­րու այս ճնշող, ան­բա­նաց­նող տի­րա­պե­տու­թեան դէմ պէտք է ընդվ­զիլ։ ­Պէտք է հե­ռու վա­նել այդ կմախք­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց գե­րեզ­ման­նե­րուն մէ­ջէն կը յա­մա­ռին տա­կա­ւին մեր ամ­բողջ կեանքն ու թռիչ­քը գե­րե­լու, ստրկաց­նե­լու։ ­Մաք­րա­գոր­ծող ու լափ­լի­զող կրա­կի մը շէկ բո­ցե­րուն մէջ պէտք է ա­ճիւ­նաց­նել, մո­խի­րի վե­րա­ծել այդ խա­փա­նիչ ջլա­տիչ ան­ցեա­լը եւ զայն ցիր ու ցան տարտղ­նել ան­մատ­չե­լի բարձ­րու­թիւն­նե­րու մէջ գո­ռա­ցող ամպ­րո­պի մրրկա­վար յոր­ձան­քին չորս հո­վե­րուն։

Անկ­ցի՛ն մե­ռել­նե­րը, թո՛ղ կորն­չի ան­ցեա­լը, ու այն ա­տեն մենք մեր կո­րո­վին, մեր ան­հա­տա­կան ճի­գին ու ինք­նա­յա­տուկ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան թո­ղո­ւած՝ պի­տի կրնանք շի­նել բո­լո­րո­վին նոր աշ­խարհն ու նոր մարդ­կու­թիւ­նը, այն ան­ժա­ռան­գեալ ձեռ­նե­րէց ու յան­դուգն ո­գի­նե­րու պէտք՝ ո­րոնք ի­րենց բախ­տին քմա­հա­ճոյ­քին ձգո­ւած՝ ի­րենք ի­րենց ձեռ­քով կը ստեղ­ծա­գոր­ծեն կեան­քեր­նին, մինչ ան­դին, իր հայ­րե­րէն ու պա­պե­րէն ժա­ռան­գած ծոյ­լը, դիւ­րին ու ան­ճիգ յափ­րա­ցու­մի մը մէջ, կը փճա­նայ ու կը մա­հա­նայ տխմա­րօ­րէն։

Ի՞նչ հարկ մեր մտա­ծու­մը թա­փո­ւած կա­ղա­պար­նե­րու մէջ ձու­լե­լու, մեր սլաց­քը մկրա­տե­լու զայն յար­մարց­նե­լու հա­մար ժա­ռանգ մնա­ցած հնա­մե­նի որդ­նա­լից շրջա­նա­կի մը։ Ին­չո՞ւ շղթա­յել ա­ւիւ­նը, որ­պէս­զի ինքն իր գլխուն չվե­րա­նայ ան­ծայ­րա­ծիր բարձ­րու­թիւն­նե­րու մէջ։

­Հե­րի՛ք ան­ցեա­լին խոր­տա­կիչ գար­շա­պա­րը մեր գլուխ­նե­րուն վրայ ճնշէ...
Ա՜հ, գի­տեմ, որ ա­ւան­դա­մոլ ա­պուշ­նե­րը, ան­ցեա­լին ստրուկ պա­հա­պան­նե­րը, քա­րա­ցած ու մգլո­տած ու­ղեղ­նե­րը, այ­սա­հար, լուս­նո­տի փրփրոտ բե­րան­նե­րով մե­զի դէմ պի­տի յար­ձա­կին «սրբապղ­ծու­թի՜ւն» ոռ­նա­լով ու գետ­նա­քարշ սո­ղոս­կում­նե­րով պի­տի ջա­նան մեր ոտ­քե­րը խած­նել ի­րենց ակ­ռա­նե­րո­վը, պաշտ­պա­նե­լու հա­մար նա­խա­տո­ւած կուռ­քե­րը։

­Բայց մենք, մեր ար­հա­մար­հան­քին բար­ձուն­քէն ծի­ծա­ղինք ի­րենց ճղակ­տոր գա­լա­րում­նե­րուն վրայ։
Ու յե­տոյ, մենք, ի­րենց հետ բան չու­նինք, ո՛չ ի­րենց, ո՛չ ալ ի­րենց կուռ­քե­րուն հետ։ ­Դիակ­նե­րու դէմ կռիւ չենք մղեր, այլ միայն հե­ռու կը փախ­չինք ա­նոնց­մէ։
­Թո՛ղ ի­րենց ըլ­լայ ամ­բողջ ան­ցեա­լը, ամ­բողջ այդ լճա­ցած ու ժան­տա­ւէտ ճա­հի­ճը, բո­լոր այդ փո­շոտ մա­գա­ղաթ­նե­րը, ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը «սրբու­թիւն»նե­րը, պատ­մու­թիւ­նը, գրա­կա­նու­թիւ­նը, գե­ղա­րո­ւես­տը. ի­րե՛նց թող ըլ­լայ այդ ա­ւե­րակ­նե­րուն փառքն ու պա­տի­ւը եւ թող շա­րու­նա­կեն՝ հո՛ն թա­ռած՝ ի­րենց բո­ւի վա­յիւ­նը կող­կո­ղե­լու։

­Մի՛ խռո­վիք, ձեր հան­գիս­տը չպի­տի խան­գա­րենք, ձեր ֆէ­թիհ­նե­րը չպի­տի յափշ­տա­կենք ձեր ձեռ­քէն։ ­Փաթ­թո­ւած մնա­ցէք ա­նոնց, մին­չեւ որ դուք ալ փտիք ու նե­խիք ա­նոնց պէս։
­Մենք ան­ցեա­լա­պաշտ­նե­րու հետ գործ չու­նինք, մենք մե­ռած ագ­ռաւ­նե­րու թե­ւե­րո­վը չպի­տի փոր­ձենք ցատկռ­տել, մենք մեր ստեղ­ծած կեն­դա­նի թե­ւե­րո­վը կ­՚ու­զենք ճախ­րել դէ­պի ա­պառ­նիին նոր ու ան­ծա­նօթ սահ­ման­նե­րը, ուր նոր մտա­ծու­մը պի­տի դարբ­նո­ւի՝ ան­ցեա­լին ա­ւեր­մուն­քի պղծու­թե­նէն ա­զատ։
­Դիակ­նե­րէն հե­ռո՜ւ, ա­հա մեր նշա­նա­բա­նը։

«­Յու­նա­հայ ­Տա­րե­գիրք» 1930 - «­Նոր Օր»
ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ