Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­altՀա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման քսան­հին­գա­մեա­կին նա­խոր­դած շա­բա­թա­վեր­ջին՝ ­Սեպ­տեմ­բեր 18ին, ­Ռու­սա­կան ­Դաշ­նու­թեան տա­րած­քին տե­ղի ու­նե­ցան օ­րէնսդ­րա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ: Ա­նոնց ըն­թաց­քին նա­խա­գահ Վ­լա­տի­միր ­Փու­թի­նի իշ­խող ­Միա­ցեալ ­Ռու­

սիա կու­սակ­ցու­թիւ­նը նա­խա­տե­սո­ւա­ծին նման լայն յաղ­թա­նակ տա­րաւ՝ քո­ւէ­նե­րուն 54 տո­կո­սը շա­հե­լով, ինչ որ կը նշա­նա­կէ ­Դու­մա­յի 450 ա­թոռ­նե­րէն 343ը, այ­սինքն՝ 105 ա­թոռ ա­ւե­լի 2011 ­Դեկ­տեմ­բե­րի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն իր շա­հա­ծէն:

Ի տար­բե­րու­թիւն նա­խորդ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, սա­կայն, բո­ղո­քի ցոյ­ցեր տե­ղի չու­նե­ցան եւ ­Փու­թին «շատ լաւ» ո­րա­կեց ար­դիւնք­նե­րը: Ա­նով հան­դերձ՝ Ք­րեմ­լի­նի ղե­կա­վար­նե­րը՝ ­Փու­թին եւ ­Մետ­վե­տեւ հա­զիւ կրնա­յին զսպել ի­րենց մտա­հո­գու­թիւ­նը: ­Սո­ցիա­լա­կան ցան­ցե­րուն վրայ ընտ­րա­կեղ­ծի­քի ցայ­տուն փաս­տե­րը կը շրջա­գա­յէին՝ բա­ցա­յայ­տե­լով, թէ որ­քա՜ն ան­մա­քուր եւ ան­թա­փան­ցիկ ե­ղած էր քո­ւէար­կու­թիւ­նը: Այդ չէր նա­խա­գահ-վար­չա­պետ իշ­խա­նա­կար­գի նա­խա­տե­սու­մը, երբ 2011-2012 տա­րի­նե­րու հա­սա­րա­կա­կան բո­ղո­քի ա­լիք­նե­րը չէ­զո­քաց­նե­լու եւ ընտ­րա­խա­ւի կար­գա­պա­հու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար՝ ­Վիա­չես­լաւ ­Վո­լո­տի­նի վստա­հած էր քա­ղա­քա­կան ծրագ­րի մը, ա­ւե­լի ճիշ­դը՝ ընտ­րա­կար­գի ճար­տա­րա­գի­տու­թեան մը ձե­ւա­ւո­րու­մը:

«­Վո­լո­տի­նեան գա­րու­նը», ինչ­պէս ի պա­տիւ ի­րեն կո­չո­ւե­ցաւ կեան­քի կո­չուած ծրա­գի­րը, նպա­տակ ու­նէր փո­խա­րի­նե­լու ­Փու­թի­նի ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն այն ժա­մա­նակ նա­խա­գա­հա­կան վար­չա­խում­բի փոխ-ղե­կա­վար Վ­լաս­տիս­լաւ ­Սուր­քո­վի սահ­մա­նած «գե­րիշ­խան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն» յղաց­քը, որ­պէս քա­ղա­քա­կան ա­րե­ւե­լում: Յ­ղաց­քը դադ­րած էր գործ­նա­կան ըլ­լա­լէ, ոչ ալ հա­մո­զիչ էր՝ ա­ռանց նշե­լու, որ ար­տա­քին, յատ­կա­պէս ա­րեւմ­տեան, աշ­խար­հին հա­մար լա­ւա­գոյն պա­րա­գա­յին սո­փես­տու­թիւն մըն էր, որ ամ­բող­ջա­տի­րա­կան հա­մա­կար­գը ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան շպա­րով, ա­ւե­լի պարզ՝ ձե­ւա­կա­նու­թեամբ կը փոր­ձէր ծած­կել:

­Թէ ­Փու­թի­նի ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւ­նը կրնայ եւ շատ բարձր ըլ­լալ, կամ ե­ղած է նաւ­թի բաձի գի­նե­րու պա­րարտ գո­մէշ­նե­րու տա­րի­նե­րուն..., ա­ռան­ձին քննար­կո­ւե­լիք խնդիր է. բայց այդ մէ­կը չէր կրնար ար­դա­րաց­նել թէ­կուզ եւ փոք­րա­մաս­նա­կան ընդ­դի­մու­թեան բռնաճն­շու­մը, որ Ք­րեմ­լին գոր­ծադ­րեց թէ­կուզ ա­նուղ­ղա­կի ձե­ւով: Անհրա­ժեշտ դար­ձած էր ­Վո­լո­տի­նի ա­ւե­լի մեղմ տար­բե­րա­կը որ­դեգ­րել՝ ընդ­դի­մու­թեան տեղ տա­լով հա­մա­կար­գին մէջ եւ այդ ձե­ւով ա­պա­հո­վել ա­նոր չէ­զո­քա­ցու­մը:
Այս­պէս, անց­նող ե­րեք տա­րի­նե­րուն, քա­ղա­քա­կան դաշ­տը բա­ցո­ւե­ցաւ եւ ար­դէն ներք­նա­պէս պա­ռակ­տուած ընդ­դի­մու­թիւ­նը հա­մա­կար­գին մէջ մտնե­լով գրե­թէ լու­ծա­րո­ւե­ցաւ:

Ընտ­րու­թիւն­նե­րը ­Փու­թի­նին սկզբուն­քով տո­ւին գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թեան կա­մա­կա­տար ­Դու­մա մը, որ մին­չեւ 2018, նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու տա­րին, երկ­րին մէջ քա­ղա­քա­կան կա­յու­նու­թիւ­նը կ­՚ա­պա­հո­վէ: ­Կը մնայ, որ այս վեր­ջին ընտ­րու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցած քա­ղա­քա­ցի­նե­րու տո­կո­սը ե­ղաւ շատ ցած: ­Նոյ­նիսկ ­Մոս­կո­ւա­յի թէ ­Սան ­Փե­թերս­պուր­կի մէջ ընտ­րող­նե­րուն հա­զիւ ե­րե­սուն տո­կո­սը դի­մեց դէ­պի քո­ւէա­տուփ: Այ­սինքն՝ գո­նէ թէա­կա­նօ­րէն, ե­թէ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը չբա­ւա­րա­րէ հա­սա­րա­կու­թեան պա­հանջ­նե­րուն, փրօ-Ք­րեմ­լին ­Դու­մա մը հա­սա­րա­կա­կան ան­դոր­րը չի կրնար ե­րաշ­խա­ւո­րել...
Ան­ցեալ 15 Օ­գոս­տո­սի իր «Այս ան­կիւ­նէն» սիւ­նա­կով՝ Վ­րէժ-Ար­մէն դի­տել կու տար, որ մեր ճա­կա­տա­գի­րը սեր­տօ­րէն առն­չա­կից, այ­լեւ կա­պո­ւած կը թո­ւի ըլ­լալ ­Ռու­սիոյ մէջ իշ­խո­ղի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան՝ դե­ռեւս 1701էն, երբ Իս­րա­յէլ Օ­րի դի­մեց ­Մեծն ­Պետ­րո­սին՝ «ա­զա­տագ­րե­լու» հա­մար հա­յոց աշ­խար­հը:

­Պէտք է ը­սել թե­րեւս, որ ­Ռու­սիան մեր գլխուն վե­րեւ ­Դա­մոկ­լեան սուր մըն է, որ­մէ կա­խո­ւած է մեր ճա­կա­տա­գի­րը: Այդ մէ­կը շատ բա­ցա­յայտ էր խորհրդա­յին ամ­բող­ջա­տի­րու­թեան օ­րե­րուն, երբ, օ­րի­նա­կի հա­մար, ­Գոր­բա­չով առ ի պա­տաս­խան ­Ղա­րա­բա­ղեան շար­ժու­մին, ա­ւե­լի ճիշ­դը՝ ­Ղա­րա­բա­ղեան շար­ժու­մը շա­հա­գոր­ծե­լով, պա­հան­ջեց ­Փե­րեսթ­րոյ­քա­յի հետ ան­հաշտ եւ պրեժ­նե­ւեան «լճաց­ման» տա­րի­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ նկա­տո­ւած ­Կա­րէն ­Դե­միր­ճեա­նի հրա­ժա­րա­կա­նը եւ զայն փո­խա­րի­նեց ­Սու­րէն ­Յա­րու­թիւ­նեա­նով: ­Գոր­բա­չով ան­տե­սեց Ս­տա­լի­նի կող­մէ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քի վե­րա­կանգն­ման պա­հան­ջը եւ փոր­ձեց իր բա­րե­կար­գում­նե­րու ա­ռա­ջադր­մամբ նոր դաշ­նա­կից մը շա­հիլ:

1988 թո­ւա­կա­նը չենք ան­շուշտ: Չ­կան գո­նէ ձե­ւա­կա­նօ­րէն սահ­մա­նադ­րա­կան աշ­խա­տա­կարգ­ներ՝ ­Մոս­կո­ւա­յէն ո­րո­շե­լու հա­մար ­Հա­յաս­տա­նի թէ ո­րե­ւէ այլ նախ­կին խորհր­դա­յին հան­րա­պե­տու­թեան իշ­խա­նա­ւո­րը: Ան­կա­խու­թիւնն ու ազ­գա­յին գե­րիշ­խա­նու­թիւ­նը ա՛յս նշա­նա­կե­ցին ա­մէ­նէն ա­ռաջ: ­Բայց ան­կա­րե­լի է ժխտել ­Հա­յաս­տա­նի ­Ռու­սիա­յէն կա­խո­ւա­ծու­թեան ի­րո­ղու­թիւ­նը, որ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան/կա­ռու­ցա­յին բնոյթ ու­նի: Այդ­պէս էր նոյ­նիսկ ­Լե­ւոն ­Տէր-­Պետ­րո­սեա­նի օ­րե­րուն, երբ այն ժա­մա­նակ «պե­տա­կան մտա­ծո­ղու­թիւ­նը» «հայ­դա­տա­կա­նու­թեան» հա­կադ­րող Հ.Հ.Շ.ա­կան տե­սա­բան­նե­րը ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հիմ­նա­հար­ցը ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան օ­րա­կար­գէն դուրս ձգե­լու եւ ­Թուր­քիոյ հետ «ա­ռանց նա­խա­պայ­մա­նի» բա­րի-դրա­ցիա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը «նոր­մա­լաց­նե­լու» ի­րենց թե­զե­րը կը բա­ցատ­րէին, նաեւ՝ ­Թուր­քիոյ ճամ­բով դէ­պի Ա­րեւ­մուտք բա­ցո­ւե­լու եւ ­Մոս­կո­ւա­յէն կա­խո­ւա­ծու­թեան վերջ տա­լու ե­րե­ւու­թա­պէս տրա­մա­բա­նա­կան թե­զով:

­Հար­ցը, ան­շուշտ, ի­րենց միամ­տու­թիւնն էր չտես­նե­լու, որ ա­մէն զի­ջու­մի հան­դէպ թրքա­կան կող­մը նոր զի­ջում­ներ պի­տի պա­հան­ջէր, եւ մինչ ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին նա­խա­գա­հը սփիւռ­քի «նա­րինջ ու­տող­ներ»ուն հետ ազ­գա­մի­ջեան բա­ժա­նու­մի գի­ծե­րը կը բա­ցա­յայ­տէր, փո­խա­նակ զա­նոնք վերց­նե­լու՝ ա­նոնց եր­կայն­քին նոր պատ մը կը քա­շէր հա­յաս­տան­ցի քա­ղա­քա­ցի­նե­րը օ­տա­րերկ­րա­ցի հա­յե­րէն զա­տե­լու հա­մար, թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը կը վե­րա­սահ­մա­նէր փան­թուր­քիզ­մը եւ հայ­կա­կան կող­մէն իր զի­ջում­նե­րու պա­հան­ջը կը դնէր ի նպաստ Ատր­պէյ­ճա­նին...

­Պա­տե­րազմ էր այն ա­տեն եւ թէ­կուզ ­Մոս­կո­ւա աշ­խու­ժօ­րէն զէն­քի վա­ճա­ռա­կա­նու­թեամբ չէր զբա­ղեր եւ հա­կա­մար­տող եր­կու կող­մե­րը, հայ եւ ա­զե­րի, ի­րենց գիտ­ցա­ծին պէս «եո­լայ» կ­՚եր­թա­յին զէնք ու զի­նամ­թերք ճա­րե­լու հա­մար, բո­լո­րո­վին չէր մա­րած Ք­րեմ­լի­նի աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րու գնա­հատ­ման բնազ­դը՝ յստակ դարձ­նե­լու հա­մար, թէ ­Կով­կա­սեան բե­մա­հար­թա­կի վրայ ար­տա­քին, այս պա­րա­գա­յին՝ թրքա­կան ո­րե­ւէ մի­ջամ­տու­թիւն պա­տե­րազ­մի դուռ կը բա­նայ:

Ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մի յաղ­թա­նա­կը ռու­սա­կան հա­յան­պաստ կողմ­նո­րո­շու­մով ու մի­ջամ­տու­թեամբ չե­ղաւ: Ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ թե­րեւս ե­ղաւ ի հե­ճուկս հայ­կա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու ­Մոս­կո­վեան ի­րե­րա­յա­ջորդ «նիէթ»նե­րու: Ար­տա­տա­րած­քա­յին դե­րա­կա­տար­նե­րու մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րու ար­գի­լու­մով՝ ­Ռու­սիա իր ձեռ­քե­րուն մէջ կը պա­հէ, կ­՚ու­զէ պա­հել Ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մի հա­կա­մարտ կող­մե­րուն վրայ ճնշում բա­նեց­նե­լու ա­մէն լծակ­նե­րը, ընդ ո­րում՝ ան­շո՛ւշտ, զէն­քի մա­տա­կա­րա­րու­մը...

Ան­կա­խու­թեան քսան­հին­գա­մեա­կի զի­նո­ւո­րա­կան տո­ղանց­քին ցու­ցադ­րո­ւած «Իս­քան­տար» հրթիռ­նե­րը ա­մե­նա­ցայ­տուն խորհր­դա­նիշ­ներն են ­Հա­յաս­տա­նի ­Ռու­սիա­յէն կա­խո­ւա­ծու­թեան, ո­րուն եր­կու ե­րես­նե­րը հա­ւա­սա­րա­պէս նկա­տի պէտք է առ­նել. հայ­կա­կան անվ­տան­գու­թեան ե­րաշ­խիք ըլ­լա­լու ի­րո­ղու­թիւ­նը մէկ կող­մէ, եւ միւս կող­մէ ա­նոնց ձեռք­բեր­ման հա­մար ­Մոս­կո­ւա­յին պար­տա­պան ըլ­լա­լու բե­ռը... ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի անվ­տան­գու­թեան կա­խո­ւա­ծու­թիւ­նը ռու­սա­կան զէն­քէն եւ զի­նամ­թեր­քէն ե՛ւ իր անշր­ջան­ցե­լիու­թեամբ (գո­նէ ներ­կայ պայ­ման­նե­րուն մէջ), ե՛ւ ռու­սա­կան պայ­մա­նա­ւո­րում­նե­րով, քսան­հին­գա­մեայ ան­կա­խու­թեան հիմ­նա­կան տի­լե­մա­նե­րէն (եր­կընտ­րանք) է:

­Կա­խո­ւա­ծու­թեան միւս ազ­դա­կը, շատ ա­ւե­լի խոր­քա­յին, տնտե­սա­կան բնոյ­թի է: Ի դէպ, այն վեր­լու­ծա­բան­ներն ու յանձ­նա­ռու մտա­ւո­րա­կան­նե­րը, ո­րոնք ան­ցեալ դա­րու վաթ­սու­նա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն բա­նա­ձե­ւած էին կա­խո­ւա­ծու­թեան տե­սու­թիւ­նը՝ այն ժա­մա­նակ «Եր­րորդ Աշ­խարհ» կո­չուած եր­կիր­նե­րու մէջ դրա­մա­տի­րա­կան տնտե­սա­կար­գի հաս­տատ­ման պատ­մա­կան գոր­ծըն­թա­ցը ու­սում­նա­սի­րե­լով, նկա­տի ու­նե­ցած էին յատ­կա­պէս ծայ­րա­մա­սա­յին եր­կիր­նե­րու մէջ դրա­մագ­լու­խի կազ­մա­ւոր­ման պայ­մա­նա­ւո­րու­մը ար­տա­քին-մի­ջազ­գա­յին շու­կա­յի աշ­խու­ժու­թե­նէն՝ յա­ճախ ի գին տե­ղա­կան զար­գաց­ման ծրա­գիր­նե­րու եւ, ան­շուշտ, ի վնաս աշ­խա­տա­ւոր եւ ըն­չա­զուրկ դա­սա­կար­գե­րուն ու հա­տո­ւած­նե­րուն: Կ­՚են­թադ­րո­ւէր, որ հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցումն ու ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան փլու­զու­մը «Եր­րորդ Աշ­խարհ»ի հաս­կա­ցու­թիւ­նը իր բո­վան­դա­կու­թե­նէն կը պար­պէին: Տն­տե­սա­կան զար­գա­ցու­մը միայն մէկ բնորդ կրնար ու­նե­նալ՝ ա­զատ-շու­կա­յա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ՝ լես­սէ ֆէր, լես­սէ փաս­սէի ա­մէ­նէն նէօ-լի­պե­րալ (նոր-ա­զա­տա­կան) տար­բե­րա­կով:

­Պա­տա­հա­կան չէր, հե­տե­ւա­բար, որ խորհր­դա­յին բո­լոր տնտե­սու­թիւն­նե­րու ան­ցու­մա­յին գոր­ծըն­թա­ցը իր վե­րի­վայ­րում­նե­րով հե­տե­ւե­ցաւ ­Ռու­սիոյ մէջ ի գործ դրուած «շո­քա­յին» (ցնցու­մա­յին) բնոր­դին: Տն­տե­սու­թեան ա­զա­տա­կա­նաց­ման այս տար­բե­րա­կին կա­նաչ լոյս տո­ւած Հ.Հ.Շ.ա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը իր էու­թեամբ գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան էր, ո­րով եւ այն ժա­մա­նա­կո­ւան Հ­րանդ ­Բագ­րա­տեան­նե­րը հա­զիւ թէ հասկ­նա­յին մեծ դրա­մագ­լու­խի կազ­մա­ւոր­ման մաս կազ­մող այս ար­տա­քին կա­խո­ւա­ծու­թիւ­նը, ոչ ալ մտա­հո­գո­ւե­լու հա­մար ա­նոր հե­տե­ւանք­նե­րուն մա­սին: ­Հե­տա­գա­յին, երբ ­Քո­չա­րեա­նի օ­րով օ­լի­կար­գա­յին (ա­ռանձ­նաշ­նոր­հեալ­նե­րու) տնտե­սա­կար­գը հաս­տա­տագ­րո­ւե­ցաւ մե­նաշ­նոր­հա­յին դրա­մա­տի­րու­թեան ընդ­մէ­ջէն, եւ ո­րով­հե­տեւ դրա­մագ­լու­խի ա­մե­նա­հեշտ հոս­քը կու գար ­Ռու­սիա­յէն, տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին այդ կա­խո­ւա­ծու­թիւ­նը կա­ռու­ցա­յին այն­պի­սի բնոյթ մը ա­ռաւ, որ դժո­ւար չէ հասկնալ, թէ ին­չո՛ւ ­Փու­թին ­Սեպ­տեմ­բեր 2013ին այն­քան հեշ­տօ­րէն Եւ­րա­սիա­կան Տն­տե­սա­կան ­Միու­թիւ­նը ա­ռանց այ­լընտ­րան­քի պար­տադ­րեց ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նին...

Ան­կա­խու­թեան անց­նող քսան­հինգ տա­րի­նե­րը նաեւ ­Ռու­սիա­յէն ­Հա­յաս­տա­նի կա­խո­ւա­ծու­թեան այս կա­ռու­ցա­յին ի­րա­վի­ճա­կը ստեղ­ծե­ցին անվ­տան­գու­թեան եւ ա­զատ շու­կա­յա­կան տնտե­սու­թեան ան­ցու­մի զոյգ ազ­դակ­նե­րու ազ­դե­ցու­թեամբ: ­Կա­խո­ւա­ծու­թեան կա­ռու­ցա­յին բնոյ­թը կը յու­շէ, որ թէ­կուզ այն ժա­մա­նակ քա­ղա­քա­կան տար­բեր ո­րո­շում­նե­րով, օ­րի­նա­կի հա­մար, ա­զատ շու­կա­յա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ան­ցու­մը տնտե­սա­կան տար­բեր հա­մա­կարգ մը ստեղ­ծէր, կա­խո­ւա­ծու­թեան ա­ռա­ջաց­ման խոր­քա­յին պատ­ճառ­նե­րը պի­տի մնա­յին: ­Բայց կա­խո­ւա­ծու­թեան կա­ռու­ցա­յին բնոյ­թը ան­պայ­մա­նօ­րէն ճա­կա­տագ­րա­յին ըլ­լա­լու չէ: Ընդ­հա­կա­ռա­կը, զգաս­տու­թեան գի­տակ­ցում է եւ մար­տահ­րա­ւէր՝ ա­նոր անդ­րա­դար­ձը մեղ­մաց­նե­լու հա­մար: Ան­կա­խու­թիւնն ու ո­րո­շում­նե­րու կա­յաց­ման հա­մար ազ­գա­յին գե­րիշ­խա­նու­թիւ­նը, ինչ խօսք, ա­ռա­ջին կա­րե­ւոր ազ­դակն են:

Երկ­րորդ ազ­դա­կը, սա­կայն, ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան հա­մա­կար­գի ինք­նու­րոյ­նու­թիւնն ու ներ­քին հզօ­րու­թիւնն են:
Այս ի­մաս­տով է, որ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ իշ­խա­նա­կար­գի վե­րար­տադր­ման բա­ցա­ռու­մը ծայ­րա­մա­սա­յին փոքր երկ­րին կու տայ իր ինք­նու­րոյ­նու­թիւ­նը, ինս­տի­տու­ցիո­նալ (կա­ռու­ցա­յին) ինք­նու­թիւ­նը, որ մի­ջազ­գա­յին ո­լոր­տի մէջ զայն պի­տի տար­բե­րէ ­Ռու­սիա­յէն: ­Հա­յաս­տա­նը չու­նե­ցաւ «գե­րիշ­խան ժո­ղո­վր­դա­վա­րու­թեան» իր տար­բե­րա­կը, բայց ար­դեօ՞ք կոա­լի­ցիոն (հա­մախմբա­կան) ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը հայ­կա­կան «­Վո­լո­տի­վա­կա­նու­թիւն» մը չէր, ա­ռանց որ նա­խա­ձեռ­նող­ներն ու մաս­նակ­ցող­նե­րը ի­մա­նա­յին նոյ­նիսկ ռուս քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չի մա­սին...

­Հա­մա­կար­գա­յին փո­փո­խու­թիւն­նե­րը, զորս կը խոս­տա­նայ նոր սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը, ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նը պի­տի չվե­րա­ծեն նաեւ ­Ռու­սիա­յէն «ան­կա­խո­ւած» ­Հա­յաս­տա­նի, բայց պի­տի օգ­նեն շեշ­տե­լու եր­կու եր­կիր­նե­րու ինս­տի­տու­ցիո­նալ ինք­նու­թեան տար­բե­րու­թիւ­նը: ­Մի­ջազ­գա­յին ո­լոր­տին մէջ, ի մաս­նա­ւո­րի նկա­տի ու­նե­նա­լով սփիւռ­քեան ազ­դա­կի ռազ­մա­վա­րա­կան կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը, քիչ բան չէ այս մէ­կը:

Ան­շուշտ, որ­պէս­զի ու­նե­նան ի­րենց անդ­րա­դար­ձը, հա­մա­կար­գա­յին փո­փո­խու­թիւն­նե­րը պէտք է ա­պա­հո­վեն ժո­ղովր­դա­յին ա­ւե­լի շեշ­տո­ւած մաս­նակ­ցու­թիւն՝ ո­րո­շում­նե­րու կա­յաց­ման գոր­ծըն­թա­ցին մէջ: ­Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան կա­յաց­ման հա­մար այս մէ­կը ար­ժէք է ինք­նիր­մով: ­Հա­յաս­տա­նի պա­րա­գա­յին այդ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը պի­տի նպա­տա­կադ­րէ նաեւ հարս­տու­թեան ա­ւե­լի ար­դար բաշ­խում՝ մե­նաշ­նորհ­նե­րու ջնջու­մով եւ ա­նոնց վե­րա­կազ­մա­ւոր­ման բա­ցա­ռու­մով: Այս մէ­կը պէտք է ըլ­լայ գո­նէ ա­ռա­ջին քայլ, ո­րուն ե­տին անհ­րա­ժեշտ էր ձե­ւա­ւո­րել սո­ցիա­լա­կան (ըն­կե­րա­յին) ար­դա­րու­թեան պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը՝ որ­պէս հա­մա­կար­գա­յին փո­փո­խու­թիւն­նե­րու բա­ղադ­րիչ տարր: Այդ գոր­ծըն­թա­ցը սկսած էր զգու­շա­ւոր, բայց վճռա­կամ տնտե­սու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ: ­Յու­սանք, որ այդ նա­խա­րա­րու­թեան վեր­ցո­ւի­լը, ա­նոր վե­րա­նո­ւան­ման «շո­ւօ»ին ընդ­մէ­ջէն, մաս չի կազ­մեր հա­մա­կար­գա­յին փո­փո­խու­թիւն­նե­րու փա­թե­թին (ծրա­րին)...

Խ. ՏԷՐ-ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ