Print
Category: Յօդուածագրութիւն

alt1.- «Ա­կօս» հա­ղոր­դեց, որ ­Տեր­սի­մի ­Փեր­թիկ գա­ւա­ռին մէջ, հար­սա­նի­քի մը ըն­թաց­քին, քրտե­րէն եր­գեր կա­տա­րե­լու պատ­ճա­ռով ձեր­բա­կա­լո­ւած են ե­րաժշ­տա­կան խում­բի մը ան­դամ­նե­րը` «ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման քա­րոզ­չու­թիւն»ը կա­տա­րե­լու մե­ղադ­րան­քով: ­Գա­ւա­

ռի ոս­տի­կա­նու­թեան ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի բա­ժան­մուն­քին մէջ հար­ցաքն­նու­թեան ըն­թաց­քին ա­նոնց հարց տրո­ւած է, թէ ի­րենց կա­տա­րած եր­գե­րուն մէջ Քր­տա­կան Աշ­խա­տա­ւո­րա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան քա­րոզ­չու­թիւն կա­տա­րա՞ծ են, թէ՞ ոչ:
Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի պի­տա­կին տակ պայ­քար յայ­տա­րա­րո­ւած է քրտե­րէն եր­գե­րուն դէմ: Ոս­տի­կա­նու­թեան քայ­լը թե­րեւս բա­ցա­յայ­տումն է քրտե­րէն եր­գե­րը ար­գի­լե­լու չյայ­տա­րա­րո­ւած ո­րո­շու­մի մը: Այ­սու­հե­տեւ մար­դիկ պի­տի զգու­շա­նան ի­րենց հար­սա­նիք­նե­րուն կամ կազ­մա­կեր­պած հան­դէս­նե­րու ըն­թաց­քին քրտե­րէն եր­գե­րու կա­տա­րում պա­տո­ւի­րե­լէ, որ­պէս­զի ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը յան­կարծ չխա­փա­նէ ի­րենց հար­սա­նե­կան խնճոյ­քը կամ ձեռ­նար­կը: Ե­րա­ժիշտ­նե­րը ի­րենց կար­գին պի­տի զգու­շա­նան «գլխա­ցաւ պատ­ճա­ռող» այդ եր­գե­րը կա­տա­րե­լէ:

2.- «­Սի.Էն.Էն.­Թիւրք» հա­ղոր­դեց, որ թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ար­գի­լած են Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նի նախ­կին ան­դամ եւ տա­րի­նե­րէ ի վեր թրքա­կան կիւ­լէ­նա­կան «­Թու­տէյզ ­Զա­ման»ի սիւ­նա­կա­գիր ե­ղող Եուսթ ­Լա­կըն­տիյ­քի մուտ­քը ­Թուր­քիա, ուր ան իր թուրք կնոջ հետ կը բնա­կի եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր:
­Լա­կըն­տիյք նաեւ դա­սա­խօս էր 15 ­Յու­լի­սի յե­ղաշրջ­ման փոր­ձէն ետք իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու կող­մէ փա­կո­ւած ­Սիւ­լէյ­ման ­Շահ հա­մալ­սա­րա­նին մէջ:
Ա­սոնք կը նկա­տո­ւին «լրջա­գոյն յան­ցանք­ներ», ո­րոնց հա­մար այլ անձ մը տեղ­ւոյն վրայ պի­տի ձեր­բա­կա­լո­ւէր, սա­կայն շնոր­հիւ իր օ­տա­րահ­պա­տակ եւ Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նի նախ­կին ան­դամ ըլ­լա­լուն` ան փրկո­ւած է: Իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը բա­ւա­րա­րո­ւած են զայն ստի­պե­լով ­Պո­լի­սէն Ամս­թեր­տամ վե­րա­դառ­նա­լու:

3.- Ըստ թրքա­կան «Ե­նի Ա­քիթ» թեր­թի կայ­քին, ­Թուր­քիոյ տնտե­սու­թեան նա­խա­րար ­Նի­հաթ ­Զէյ­պեք­ճի յայտ­նած է, որ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ 15 ­Յու­լի­սի յե­ղաշր­ջու­մի փոր­ձը բռնագ­րաւ­ման փորձ մըն էր, ո­րուն նպա­տակն էր ­Թուր­քիոյ հո­ղե­րը բաժ­նել ու տալ եր­կու պե­տու­թիւն­նե­րու` ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Քիւր­տիս­տա­նի:
­Զէյ­պեք­ճիի այս ան­հե­թեթ յայ­տա­րա­րու­թեան նպա­տա­կը հան­րու­թեան լու­սա­բա­նու­մը կամ տե­ղե­կու­թեան մը բա­ցա­յայ­տու­մը չէ, այլ` իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը իբ­րեւ «փրկա­րար­ներ» ներ­կա­յաց­նելն ու ձեռ­նար­կո­ւած ար­շա­ւին ստա­լի­նեան հա­լա­ծանք­նե­րու եւ «վհուկ­նե­րու որս»ի մէկ դա­սա­կան օ­րի­նա­կը ըլ­լա­լու ի­րա­կա­նու­թիւ­նը նեն­գա­փո­խե­լը:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ