Print
Category: Յօդուածագրութիւն

alt18-25 Օ­գոս­տո­սին, ­Փոր­թու­կա­լի ­Քա­տա­վա­լի շրջա­նին մէջ, կա­յա­ցած է «­Վի­քի­մե­տիա Ար­մե­նիա»ի կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած «­Վի­քի­ճամ­բար 2016» մի­ջո­ցա­ռու­մը, որ վա­յե­լած է նոյն երկ­րին մէջ հաս­տա­տո­ւած «­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կու­թեան հո­վա­նա­ւո­

րու­թիւ­նը։ ­Շուրջ 50 մաս­նա­կից­ներ, ա­ռա­ւե­լա­բար պա­տա­նի­ներ ու ե­րի­տա­սարդ­ներ, նաեւ՝ հա­մալ­սա­րա­նա­կան­ներ ու քա­նի մը տա­րեց­ներ, ճամ­բար ժա­մա­նած են զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու տար­բեր քա­ղաք­նե­րէն (­Պո­լիս, Ա­թէնք, ­Պէյ­րութ, ­Հա­լէպ, ­Լիոն, ­Մար­սէյլ, ­Փա­րիզ, Ե­րե­ւան)։

Այդ օ­րե­րու ըն­թաց­քին ա­նոնք սոր­ված են յօ­դո­ւած­ներ գրել, խմբագ­րել ու տե­ղադ­րել «­Վի­քի­փե­տիա»ի ա­զատ հան­րա­գի­տա­րա­նի ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի բաժ­նին վրայ, ինչ­պէս նաեւ՝ զա­նա­զան յղում­նե­րով հետզ­հե­տէ զար­գաց­նել ի­րենց կամ այ­լոց գրու­թիւն­նե­րը։ Ուղ­ղա­կիօ­րէն գործ­նա­կան աշ­խա­տանք մըն էր կա­տա­րո­ւա­ծը, ինչ որ ա­նու­րա­նա­լի կեր­պով զար­գա­ցուց մաս­նա­կից­նե­րուն ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով գրե­լու կամ ար­տա­յայ­տո­ւե­լու ու­նա­կու­թիւ­նը։

­Մէկ շաբ­թո­ւան յա­ջող ճամ­բա­րը ա­ռիթ դար­ձաւ, որ­պէս­զի զրու­ցենք «­Վի­քի­մե­տիա Ար­մե­նիա» կազ­մա­կեր­պու­թեան ղե­կա­վար ­Սու­սան­նա Մկրտ­չեա­նի եւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի բաժ­նի հա­մա­կար­գող Ազ­նիւ Ս­տե­փա­նեա­նի հետ։

­Սու­սան­նա Մկրտ­չեան տե­ղե­կա­ցուց, որ «­Վի­քի­մե­տիա Ար­մե­նիա» կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը հիմ­նադ­րո­ւած է 2013ին։ ­Մինչ այդ հա­յե­րէ­նը (խօս­քը հիմ­նա­կա­նին կը վե­րա­բե­րի ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նին) կը գրա­ւէր 73րդ ­տե­ղը «­Վի­քի­փե­տիա»ի մէջ։ Իս­րա­յէ­լի մէջ «­Վի­քի­փե­տիա»ի մի­ջազ­գա­յին ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­լէ ետք, Մկրտ­չեան ստա­ցած է հա­մա­կար­գո­ղի դեր եւ ­Հա­յաս­տան վե­րա­դառ­նա­լէ ետք լծո­ւած է երկ­րին մէջ կազ­մա­կեր­պե­լու «­Վի­քի­փե­տիա»ի աշ­խա­տանք­նե­րը. կա­յա­ցած են վար­ժա­նիստ­ներ, աշ­խա­տա­նոց­ներ։ «­Մի­ջոց մը ետք դի­մե­ցինք ­Հա­յաս­տա­նի մէջ գի­տա­ժո­ղով մը կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մար։

Ե­րե­ւա­նի «Ար­մե­նիա» պան­դո­կին մէջ կա­յա­ցաւ այդ ժո­ղո­վը, որ ու­նե­ցաւ 200 մաս­նա­կից։ ­Նոյ­նիսկ՝ այդ ժա­մա­նա­կո­ւան հո­գա­բար­ձու­թեան նա­խա­գահն ու այլ պաշ­տօ­նա­տար­ներ ե­կած էին»։ Այդ յա­ջող ժո­ղո­վի ար­դիւն­քով ­Հա­յաս­տա­նին ի­րա­ւունք տրո­ւած է ու­նե­նա­լու ա­ռան­ձին կազ­մա­կեր­պու­թիւն։ Մկրտ­չեան կա­րե­ւոր ձեռք­բե­րում մը կը նկա­տէ ա­սի­կա, քա­նի որ մին­չեւ ­Հա­յաս­տան՝ նման ի­րա­ւունք չէր տրո­ւած չորս տա­րիէ ի վեր, եւ ­Հա­յաս­տա­նէ ետք ալ տրո­ւե­ցաւ միայն ­Պել­ճի­քա­յին։ 2013էն ետք, երբ պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­ցո­ւած է «­Վի­քի­մե­տիա Ար­մե­նիա»ն՝ զու­գա­հե­ռա­բար թափ տրո­ւած է նաեւ «­Վի­քի­փե­տիա»ի վրայ ­Հա­յաս­տա­նի ու հայ ժո­ղո­վուր­դի վե­րա­բե­րեալ հան­րա­գի­տա­րա­նա­յին տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու տե­ղադր­ման։

«­Վի­քի­մե­տիա Ար­մե­նիա» սկսած է հա­մա­գոր­ծակ­ցիլ դպրոց­նե­րու հետ։ Ա­ռա­ջի­նը ե­ղած է «Այբ» դպրո­ցը, որ ինչ­պէս կը տե­ղե­կաց­նէ Մկրտ­չեան, կը հա­ւա­տայ «­Վի­քի­մե­տիա»ի ա­ռա­քե­լու­թեան։ «­Վի­ճա­կագ­րու­թիւ­նը ցոյց տուաւ, որ ա­շա­կերտ­նե­րը ո­գե­ւո­րո­ւած են եւ մենք մտա­ծե­ցինք զա­նոնք ա՛լ ա­ւե­լի ո­գե­ւո­րե­լու ու­ղի­նե­րուն մա­սին»։ Այս հան­գա­մանքն ալ խթան հան­դի­սա­ցած է, որ­պէս­զի սկսին աշ­խա­տանք­նե­րը պա­տա­նե­կան, ե­րի­տա­սար­դա­կան ճամ­բա­րի մը հա­մար՝ միշտ «­Վի­քի­փե­տիա»ի հա­մաշ­խար­հա­յին կա­ռոյ­ցի հո­վա­ւո­րու­թեամբ։ ­Կա­յա­ցած է եր­կու ճամ­բար՝ ամ­րան ու ձմրան։ «Ար­դիւնք­նե­րը հո­յա­կապ էին։ Ո՛չ միայն յօ­դո­ւած­նե­րու խմբագ­րում կը կա­տա­րէին մաս­նա­կից­նե­րը, նաեւ՝ պաս­քեթ­պո­լի, ֆութ­պո­լի նման մար­զա­խա­ղե­րով եւ այլ ձեռ­նարկ­նե­րով ի­րենց ա­ռօ­րեան կը գու­նա­ւո­րէին»,- պատ­մած է Մկտ­չեան։

Այս ճամ­բա­րը 2014ին «­Վի­քի­փե­տիա»ի ­Լոն­տո­նի ժո­ղո­վին կող­մէ հռչա­կո­ւած է «­Լա­ւա­գոյն նա­խա­գիծ»։ Այս ի­րա­դար­ձու­թե­նէն ետք նման ճամ­բար­ներ ա­մե­նա­մեայ դարձ­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ ակն­կա­լիք մը ա­ռա­ջա­ցած է։ «­Տա­րին ու­նինք չորս ճամ­բար՝ եր­կու­քը ամ­րան, եր­կու­քը՝ ձմրան։ ­Ճամ­բար­նե­րու մի­ջեւ ե­ղած շրջա­նին կը հա­շո­ւենք ճամ­բա­րա­կան­նե­րու ներդ­րու­մը՝ տես­նե­լու հա­մար, թէ ո­րո՞նք կը շա­րու­նա­կեն աշ­խա­տիլ։ ­Մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ե­թէ շա­րու­նա­կա­կան չէ՝ ու­րեմն մենք ձա­խո­ղած կը հա­մա­րենք այդ մէկ ճամ­բա­րը»,- կը յայտ­նէ ­Սու­սան­նա Մկրտ­չեան։

«­Վի­քի­փե­տիա»ն ­տա­րա­ծե­լու հա­մար ստեղ­ծո­ւած են ա­կումբ­ներ ­Հա­յաս­տա­նի զա­նա­զան բնա­կա­վայ­րե­րուն մէջ։ Ա­ռա­ջին վի­քի-ա­կում­բը հիմ­նադ­րո­ւած է ­Կիւմ­րիի մէջ։ Մկրտ­չեան կը հա­ղոր­դէ, որ բա­րե­րար­ներ ալ կը բե­րեն ի­րենց նպաս­տը՝ հա­մա­կար­գիչ­ներ տրա­մադ­րե­լով, հա­մա­ցան­ցի կապ ա­պա­հո­վե­լով մա­նա­ւանդ հե­ռա­ւոր գիւ­ղե­րու բնա­կիչ­նե­րուն։ Ն­ման ձեռ­նարկ մըն է վի­քի-ա­կում­բի մը հիմ­նադ­րու­մը ­Վա­նա­ձո­րի Ա­րե­ւա­ծագ գիւ­ղին մէջ։ ­Հե­տե­ւած են այլ գիւ­ղեր, ինչ­պէս՝ ­Լեռ­նա­պա­տը։
Ծ­րա­գի­րը հետզ­հե­տէ կ­՚ընդգր­կէ նաեւ սահ­մա­նա­մերձ շրջան­նե­րը, մին­չեւ Ար­ցախ։

­Սու­սան­նա Մկրտ­չեան մտա­դիր է շար­ժու­մը տա­րա­ծե­լու բո­վան­դակ երկ­րի մէջ։
Ն­ման ճամ­բար­ներ տա­րին եր­կու ան­գամ կը կազ­մա­կեր­պո­ւին նաեւ ու­սու­ցիչ­նե­րու հա­մար, որ­պէս­զի ա­նոնք ալ սոր­վին եւ ի­րենց սոր­ված­նե­րը փո­խան­ցեն ա­շա­կերտ­նե­րուն։
­Բո­լոր այս աշ­խա­տանք­նե­րէ ետք, ան­ցեա­լին 97րդ ­կար­գի վրայ գտնո­ւող ­Հա­յաս­տա­նը, «­Վի­քի­փե­տիա»ի մէջ, ներ­կա­յիս բարձ­րա­ցած է 38րդ ­տե­ղը։ ­Կը բա­րե­լա­ւո­ւի նաեւ ո­րա­կը։

­Հե­տա­գայ ծրա­գիր­նե­րու մա­սին խօ­սե­լով՝ ­Սու­սան­նա Մկրտ­չեան կը տե­ղե­կաց­նէ, որ պի­տի ձեռ­նար­կեն «­Վի­քին կը սի­րէ գի­տու­թիւն» ար­շա­ւին, քա­նի որ, ի տար­բե­րու­թիւն այլ եր­կի­րնե­րու, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ «­Վի­քի­փե­տիա» կը խմբագ­րեն պա­տա­նի­ներ ու ե­րի­տա­սարդ­ներ, ո՛չ թէ չա­փա­հաս մար­դիկ՝ գիտ­նա­կան­ներ, մաս­նա­գէտ­ներ, հա­մալ­սա­րա­նա­կան դա­սա­խօս­ներ։ ­Հե­տե­ւա­բար կա­րե­ւոր է կրթել սե­րուն­դը՝ զու­գա­հե­ռա­բար ներգ­րա­ւե­լով տա­րեց­ներ ալ։
«­Վի­քի­փե­տիա» մի­ջազ­գա­յին հա­մայն­քին հա­մար­կե­լու աշ­խա­տանք­նե­րը կը շա­րու­նա­կո­ւին։ Ան­ցեալ տա­րի ­Սու­սան­նա Մկրտ­չեան հռչա­կո­ւած էր «­Թիւ մէկ ­Վի­քի­փե­տիսթ», իսկ ­Հա­յաս­տա­նի ա­կումբ­ներն ալ՝ «­Լա­ւա­գոյն նա­խա­գիծ»։
­Բո­լո­րո­վին վեր­ջերս, 27-29 Օ­գոս­տո­սին, ­Դի­լի­ջա­նի մէջ կա­յա­ցած է «­Վի­քի­փե­տիա»ի մի­ջազ­գա­յին ժո­ղո­վը, ­Մի­ջազ­գա­յին դպրո­ցին մէջ, մաս­նակ­ցու­թեամբ «­Վի­քի­փե­տիա» հիմ­նադ­րա­մի նո­րան­շա­նակ տնօ­րէն ­Քեթ­րին ­Մա­յը­րի։

­Սու­սան­նա Մկրտ­չեան կը յայ­տա­րա­րէ, որ կայ նաեւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն «­Վի­քի­փե­տիա»ն ­զար­գաց­նե­լու յա­տուկ ծրա­գիր։
­Շու­տով ար­դէն ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէնն ալ պի­տի ստա­նայ ա­ռան­ձին լե­զո­ւի կար­գա­վի­ճակ ու պի­տի ու­նե­նայ իր յա­տուկ բա­ժի­նը։ Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով յօ­դո­ւած­նե­րու ա­ռա­տու­թիւ­նը վստա­հա­բար պի­տի նպաս­տէ նման ո­րո­շու­մի մը շու­տա­փոյթ ըն­դուն­ման, մա­նա­ւանդ որ ա­րեւմ­տա­հայ մտա­ւո­րա­կան­ներ ստո­րագ­րա­հա­ւաք մըն ալ կա­տա­րած էին այս ուղ­ղու­թեամբ։

«Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի հետ կա­պուած մե­զի մեծ օգ­նու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէ «­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կու­թիւ­նը։ ­Լի­բա­նա­նի ու­սու­ցիչ­նե­րուն հա­մար ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ը­րած էինք վի­քի-դա­սըն­թացք մը, ո­րու ըն­թաց­քին սոր­վե­ցան «­Վի­քի­փե­տիա»ի հետ աշ­խա­տիլ»։ ­Սու­սան­նա Մկրտ­չեան կը նշէ, թէ ան­ցեալ տա­րի կազ­մա­կեր­պած էին նաեւ վի­քի-ճամ­բար մը՝ ­Պէյ­րու­թի մեր­ձա­կայ Զմ­մա­ռու վան­քին մէջ, ո­րուն մաս­նակ­ցած են լի­բա­նա­հայ վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը։ «­Լա­ւա­գոյն ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րա­ւունք շա­հե­ցան մաս­նակ­ցե­լու նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­յա­ցած ճամ­բա­րին։ Ա­նոնք ի­րենց վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ ստեղ­ծե­ցին նաեւ ա­կումբ­ներ»,- կը հա­ղոր­դէ ­Սու­սան­նա Մկրտ­չեան՝ մաղ­թե­լով, որ նոյ­նը ըլ­լայ նաեւ ­Փոր­թու­կա­լի ճամ­բա­րէն ետք։

«­Վի­քի­մե­տիա Ար­մե­նիա»ի ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի հա­մա­կար­գող Ազ­նիւ Ս­տե­փա­նեան, որ այժմ Ե­րե­ւան հաս­տա­տո­ւած հա­լէ­պա­հայ ու­սուց­չու­հի մըն է, վա­րած է ­Փոր­թու­կա­լի ճամ­բա­րին դա­սըն­թաց­քը։ Ան տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ 2014ին սկիզբ ա­ռած է ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն «­Վի­քի­փե­տիա»ի նա­խա­գի­ծը։ Այդ թո­ւա­կա­նին ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած վի­քի-ճամ­բա­րի մը մաս­նակ­ցած էին սու­րիա­հայ մա­նուկ­ներ։

«­Քա­նի մը ա­միս ետք ար­դէն, 2015ին, «­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ, որ­պէս տա­րե­կան ծրա­գիր պաշ­տօ­նա­պէս սկսաւ այս նա­խա­գի­ծը»,- կը տե­ղե­կաց­նէ Ս­տե­փա­նեան՝ տե­ղե­կու­թիւն­ներ տա­լով ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի հա­մար կազ­մա­կեր­պո­ւող ու­սու­ցիչ­նե­րու, լրագ­րող­նե­րու ու ա­շա­կերտ­նե­րու ճամ­բար­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ, ­Հա­յաս­տա­նի թէ Ս­փիւռ­քի տա­րած­քին։
Ազ­նիւ Ս­տե­փա­նեան կը տե­ղե­կաց­նէ, որ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով յօ­դո­ւած­նե­րուն թի­ւը 800ի չափ էր սկզբնա­կան շրջա­նին, իսկ հի­մա հա­սած է ա­ւե­լի քան 4300ի։

ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐ

Ա­րազ Այ­վա­զեան (­Սու­րիա/­Հա­յաս­տան).- Ա­ւե­լի դժո­ւար բան մը կը սպա­սէի, ա­ւե­լի խիստ պայ­ման­նե­րու տակ։ ­Կը վախ­նա­յի, որ գլուխ պի­տի չհա­նեմ։ ­Բայց հի­մա ա­ւե­լի պարզ է, ա­ւե­լի հան­գիստ, դիւ­րին։ ­Պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը լաւ բա­ցատ­րե­ցին։ ­Կը զգամ, որ այս աշ­խա­տան­քը կը զար­գաց­նէ հա­յե­րէնս, մա­նա­ւանդ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէնս, քա­նի որ ­Հա­յաս­տան կ­՚ապ­րիմ եւ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի հետ շատ կը խառ­նեմ։

­Մա­նէ Անդ­րէա­սեան (Ֆ­րան­սա).- Դ­րա­կան փոր­ձա­ռու­թիւն մըն էր։ Զ­գա­ցի, որ բա­ռամ­թերքս զար­գա­ցաւ, քա­նի որ թարգ­մա­նե­լը դժո­ւար աշ­խա­տանք մըն է եւ ա­մէն պահ պէտք ու­նէի բա­ռա­րան բա­նա­լու։ ­Կա­մաց-կա­մաց ո՛չ միայն բա­ռա­պա­շա­րը, նաեւ քե­րա­կա­նու­թիւնս ալ բա­րե­լա­ւո­ւե­ցաւ։ ­Լե­զուս զար­գաց­նե­լու ար­դիւ­նա­ւէտ մի­ջոց մըն էր։

­Գէորգ ­Լա­զա­րեան (­Յու­նաս­տան).- ­Շատ սի­րե­ցի վի­քի-ճամ­բա­րը։ ­Հոս գա­լէ ա­ռաջ ա­ռա­ջին մտա­ծումս հա­յե­րէնս զար­գաց­նելն էր։ Ու­րեմն ե­կայ եւ փոր­ձե­ցի բան մը սոր­վիլ հա­յե­րէ­նով։ ­Շաբ­թո­ւան մը ըն­թաց­քին ա­հա­գին զար­գա­ցու­ցի լե­զուս, ու­րեմն ե­թէ շա­րու­նա­կեմ՝ կրնամ շատ գե­ղե­ցիկ բա­ներ ը­նել։ Ա­ռիթ ըլ­լայ՝ կ­՚ու­զեմ ան­պայ­ման նո­րէն գալ։

Ա­րատ Եըլ­տը­րըմ (­Թուր­քիա).- Այս ճամ­բա­րը լե­զուս զար­գաց­նե­լու մի­ջոց մը ե­ղաւ։ ­Նոր ըն­կե­րու­թիւն­ներ ալ կազ­մե­ցի։ Խմ­բագ­րել պի­տի շա­րու­նա­կեմ նաեւ ­Պոլ­սոյ մէջ։

Ա­սա­տուր ­Պաս­մա­ճեան (­Լի­բա­նան).- ­Չոր­րորդ ճամ­բարս էր, որ ե­ղաւ լա­ւա­գոյ­նը։ ­Ծա­նօ­թա­ցանք եւ ըն­կե­րա­ցանք սփիւռ­քա­հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հետ։ Ի­րա­րու օգ­նե­լով՝ խմբագ­րե­ցինք ա­րեւմտա­հա­յե­րէն յօ­դո­ւած­ներ, ու­նե­նա­լով նպա­տա­կը զար­գաց­նե­լու ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն «­Վի­քի­փե­տիա»ն­ եւ տա­րա­ծե­լու հա­մաշ­խար­հա­յին ա­զատ հան­րա­գի­տա­րա­նը աշ­խար­հով մէկ։

Ծ. Խ. «­­Վի­քի­փե­տիա»յի աշ­խա­տանք­նե­րուն՝ ­Փոր­թու­կա­լի մէջ, ­Յու­նաս­տա­նէն ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին Ե­րո­ւանդ ­Մա­նու­կեան եւ ­Գէորգ ­Լա­զա­րեան:

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ