altՍոյն գրու­թիւ­նը խտա­ցումն է Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի պատ­գա­մին, ար­տա­սա­նո­ւած՝ Ե­րե­ւա­նի ­Սուրբ Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ­Մայր ­Տա­ճա­րին մէջ, ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան վե­րա­կանգն­ման 25ա­մեա­կին առ­թիւ կա­տա­րո­ւած ­Հան­րա­պե­տա­կան ­Մաղ­թան­քի ըն­թաց­քին, 20 ­Սեպ­

տեմ­բեր 2016ին:

Այս սրբա­զան խո­րա­նէն քրիս­տո­նէա­կան ջերմ սի­րով ու ազ­գա­յին վառ ապ­րում­նե­րով կ’ող­ջու­նեմ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան 25ա­մեա­կը։ Կ­’ող­ջու­նենք ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վսե­մա­շուք նա­խա­գա­հը եւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վսե­մա­շուք նա­խա­գա­հը։ Եղ­բայ­րա­կան սի­րով կ’ող­ջու­նենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ­Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սը։ Կ­’ող­ջու­նենք մեր ժո­ղո­վուր­դի սի­րե­լի զա­ւակ­նե­րը՝ ի ­Հա­յաս­տան, յԱր­ցախ եւ ի սփիւռս աշ­խար­հի։

Մեր ժա­մա­նա­կա­կից պատ­մու­թիւ­նը լե­ցուն է մութ ու լոյս է­ջե­րով։ ­Պէտք չէ մոռ­նանք մեր ան­ցեա­լը։ Ա­պա­գան կեր­տե­լու հա­մար պէտք է նա­յիլ ան­ցեա­լին։
100 տա­րի­ներ ա­ռաջ ցե­ղաս­պա­նը փոր­ձեց բնաջն­ջել հայ ժո­ղո­վուր­դը. այ­սօր հայ ժո­ղո­վուր­դը ­Հա­յաս­տա­նի, ­Ղա­րա­բա­ղի ու Ս­փիւռ­քի մէջ ապ­րող ու գոր­ծող, ստեղ­ծա­գոր­ծող ու յա­նուն իր բռնա­բա­րո­ւած ի­րա­ւունք­նե­րուն պայ­քա­րող պա­հան­ջա­տէր ներ­կա­յու­թիւն է։

100 ­Տա­րի­ներ ա­ռաջ ցե­ղաս­պա­նը փոր­ձեց աշ­խար­հի քար­տէ­սէն ջնջել ­Հա­յաս­տա­նը. մեր ժո­ղո­վուր­դը իր քաջ զա­ւակ­նե­րու ա­րիւ­նով ու ­Սար­դա­րա­պա­տի յաղ­թա­նա­կով պաշտ­պա­նեց իր հայ­րե­նի­քը։ Այ­սօր ­Հա­յաս­տա­նը ազ­գե­րու ըն­տա­նի­քին մէջ ներ­կա­յու­թիւն է, իր իւ­րա­յա­տուկ տե­ղը ու դե­րը ու­նի։
Հե­տե­ւա­բար, այ­սօր աշ­խար­հի դի­մաց կանգ­նած հայ ժո­ղո­վուր­դը վե­րա­նո­րոգ հա­ւատ­քով ու ա­ռա­ւել վճռա­կա­մու­թեամբ ան­մա­հա­նուն բա­նաս­տեղ­ծին բա­ռե­րով կ’ը­սէ.- «­Կանք, պի­տի լի­նենք ու դեռ շա­տա­նանք»։

Որ­պէս­զի ըլ­լանք հզօր, պէտք է հզօ­րաց­նենք ­Հա­յաս­տա­նը։
Սաղ­մո­սեր­գուն, Աս­տու­ծոյ ուղ­ղե­լով իր խօս­քը, կ’ը­սէ՝ ­Տէր ցոյց տուր ին­ծի այն ճամ­բան ուր­կէ պէտք է քա­լեմ։ Այ­սօր, սաղ­մո­սեր­գո­ւին բա­ռե­րով կը խնդրենք Աս­տուծ­մէ, որ ցոյց տայ այն ճամ­բան, որ մեզ կ’ա­ռաջ­նոր­դէ դէ­պի մեր հայ­րե­նի­քին, ­Ղա­րա­բա­ղին ու ազ­գին ա­ռա­ւել ծաղկ­ման եւ բար­գա­ւաճ­ման։

Հա­յաս­տա­նը իւ­րա­քան­չիւր հա­յուն ու ամ­բողջ հա­յու­թեան տունն է։ ­Պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին բազ­միցս գե­րո­ւած ու ա­ւե­րո­ւած այս սրբա­զան տու­նը դար­ձեալ մերն է, ա­զատ է ու ան­կախ։ ­Մենք ենք սե­փա­կա­նա­տէ­րը դա­րա­ւոր այս տան ու մեր նո­ւի­րա­կան ու ա­ռաջ­նա­հերթ պար­տա­կա­նու­թիւ­նը այս տու­նը ա­մուր ու ա­ռողջ պա­հելն է։

Այ­սօր եւս, մեր տան շուրջ զօ­րեղ քա­մի­ներ կը փչեն, յա­ճախ փո­թոր­կա­լից ա­լիք­ներ կը մօ­տե­նան։ ­Վա՜յ մե­զի, ե­թէ ան­տար­բեր գտնո­ւինք մեր հա­ւա­քա­կան տան նկատ­մամբ։ ­Վա՜յ մե­զի, ե­թէ մեր պա­պե­րուն կող­մէ որ­պէս նուի­րա­կան ժա­ռանգ մե­զի փո­խան­ցո­ւած այս տու­նը լքենք եւ հե­ռա­նանք…։
Մենք կո­չո­ւած ենք այս սրբա­զան տու­նը ա­մուր ժայ­ռի վրայ վե­րա­շի­նե­լու, որ­պէս­զի, ինչ­պէս Ա­ւե­տա­րա­նը կ’ը­սէ՝ երբ հե­ղեղ­ներն ու փո­թո­րիկ­նե­րը զար­նո­ւին այս տան, չկա­րե­նան զայն խոր­տա­կել։

Մեր սրբա­զան պա­պե­րուն ա­ղօթ­քով ու ա­րիւ­նով թրծո­ւած այս տու­նը ա­մուր կրնանք պա­հել՝ երբ հա­մախմ­բո­ւինք ա­նոր շուրջ, սի­րենք զայն նո՛յ­նիսկ իր թե­րու­թիւն­նե­րով ու մեր բո­լոր կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը ի սպաս դնենք ա­նոր ա­ռա­ւել հզօ­րաց­ման։
Տա­րի­նե­րու փո­թո­րիկ­նե­րուն դի­մաց կան­գուն մնա­ցած այս տու­նը, մեր տու­նը, կրնանք ա­ւե­լի հզօ­րաց­նել ու ծաղ­կեց­նել, երբ ա­կան­ջա­լուր կ’ըլ­լանք հայ­րե­նաբ­նակ մեր ժո­ղո­վուր­դի ցա­ւե­րուն ու կա­րիք­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ՝ գործ­նա­պէս մաս­նա­կից կը դարձ­նենք Ս­փիւռ­քի հա­յու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան ամ­րապնդ­ման ու պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րու ամ­րաց­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն։

Մեր հե­րոս­նե­րու «ի­մա­ցեալ մա­հով» պաշտ­պա­նո­ւած այս նո­ւի­րա­կան տու­նը կրնանք նոր օ­րե­րու տե­սա­նե­լի եւ ան­տե­սա­նե­լի թշնա­մի­նե­րուն ու չա­րիք­նե­րուն դէմ պաշտ­պա­նել, երբ բա­րո­յա­կան, հո­գե­ւոր ու ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րը, մեր ընդ­հան­րա­կան եւ գե­րա­գոյն շա­հե­րը ժա­մա­նա­կա­ւոր շա­հե­րէն ու ան­հա­տա­կան հա­շիւ­նե­րէն գե­րի­վեր դա­սենք. երբ ­Հա­յաս­տան, ­Ղա­րա­բաղ եւ Ս­փիւռք գոր­ծեն միաս­նա­բար ու ներ­դաշ­նա­կօ­րէն, որ­պէս մէկ, ան­բա­ժան ու ան­բա­ժա­նե­լի ամ­բող­ջու­թիւն։

Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան 25ա­մեա­կը ա­ռիթ է խոր ցնծու­թեան ու ար­դար հպար­տու­թեան։ Ան նաեւ ու մա­նա­ւա՛նդ հրա­ւէր է ինք­նաքն­նու­թեան ու ինք­նասրբագ­րու­մի՝ ի­րա­պաշտ ո­գիով, ա­պա­գա­յա­տե­սիլ հա­յեաց­քով ու նպա­տա­կաս­լաց յանձ­նա­ռու­թեամբ։
Դէ­պի ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ւե՛լ հզօ­րա­ցում։
Ա­հա՛ պատ­գա­մը 25ա­մեա­կին։ 25ա­մեա­կը ճշմար­տօ­րէն ար­ժե­ւո­րած կ’ըլ­լանք, երբ ա­նոր պատ­գա­մը կեան­քի ու գոր­ծի վե­րա­ծենք։
Տէ՜ր, կե­ցո՛յ դու զհայս.
Տէր, կե­ցո՛յ զհայ­րե­նիքն մեր։

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ