Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Գիւմրիի «Վերածնունդ» փառատօնին նուիրուած գրութիւն մը «Ազատ Օր»ի խմբագրութեան ուղարկեց Մարսէյլի մշակութային կեդրոնի տնօրէն
պրն. Խաչիկ Եըլմազեանը: Այսօր կը հրատարակենք գրութեան երկրորդ մասը.-


Ինչպէս նախանցեալ փառատօներու առիթով, նոյնպէս ալ այս երրորդին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն հայրական սիրով իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքներն ուղղարկած էր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին երկրորդը: Սոյն գիրը կարդաց Երեւանի պետական համալսարանի աստուածաբանութեան բաժանմունքի տեքան, Տ. Անուշավան եպիսկոպոս Ժամկոչեանը:


Վեհափառը կը գրէր ի միջի այլոց. «…Մշակութասէր մեր զաւակներու համար գեղեցիկ առիթ է համաշխարհային երաժշտարուեստի բարձրաճաշակ գործերը ունկնդրել երիտասարդ երգիչներու ու երաժիշտներու կատարմամբ, որ կը նպաստէ նոր տաղանդներու յայտնաբերմանը, նաեւ ժողովուրդներու մերձեցմանը, փոխադարձաբար հարստացմանը…»
«Վերածնունդ 2011ը» առանձնայատուկ դարձաւ  նաեւ անոր համար, որ ան կը համընկնէր համաշխարհային հռչակ վայելող հայ ականաւոր երգահան, դասական ամբողջ ազգի եւ աշխարհի երաժշտասէր հասարակութեան եւ մեզի սիրելի Էտուարդ Միրզոյեանի 90 ամեակին: Ան թեւ դիկունք եղած է այս փառատօնին եւ պատուոյ նախագահն է, միաժամանակ: Շիրակի մարզպետի տեղակալ Յասմիկ Կիրակոսեան ջերմ խօսքերով վեր առաւ Է. Միրզոյեանի տարիներու վաստակը, բազմակողմանի արժանիքները եւ ըսաւ. «Դուք ապրող յուշարձան մըն էք եւ կը խոնարհիմ ձեր առջեւ Պրն. Էտուարդ Միրզոյեան, ապրող առասպել…»:
Այս բացառիկ հանդիսութեան բարձրորակ արուեստով գեղարուեստական բաժնի իրենց մասնակցութիւնը բերին. միջազգային մրցոյթներու դափնեկիրներ՝ երգիչ Վահրամ Թադէոսեանը, դաշնակահար Վազգէն Վարդանեանը, Թիֆլիսէն դաշնակահարուհի Մարիկա Կելաշվիլին, Պելառուսէն ֆիւլիթիսթ Շչասնովիչ Յուլիան, 2007 ի մրցոյթի մրցանակակիր դաշնակահարներ (Երեւանէն) Հռիփսիմէ Աղաքարեան, Էտիդա Յակոբեան, Ռոզա Թանտիլեանը, եւ «Վերածնունդ 2010»ի բացարձակ յաղթող, «մեծ մրցանակ»ի ար-ժանացած Թիֆլիսէն Լիզա Ռամաշվիլը, եւ փոքրիկ ջութակահար Մարիամ Վարդանեանը, որ Երեւանի Չայկովսկիի անուան դպրոցի սան է, իր տարիքէն շատ վեր հասունութեամբ սքանչելիօրէն մեկնաբանեց Կոմիտասի «Կռունկ»ը: Վստահաբար Մարիամը մօտ ատենէն աստղի մը նման պիտի փայլի ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ համայն աշխարհի երաժշտական երկնակամարին վրայ:
Վերջաւորութեան հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական լարային նուագախումբը, որ կատարողական աչքառու արուեստով հիացուց մեզի, եւ վստահաբար բոլոր ներկաները:
Արդեօք չափազանցութի՞ւն կ’ըլլայ, եթէ նշենք, թէ այսքան էնթոնասիոնի մաքրութեամբ, խոր զգայնութեամբ, մեկնաբանողական արուեստի ճոխ երանգաւորումներով եւ մոցարեան ճշգրիտ շեշտաւորումներով եւ շունչով, ոչ Պոլիս, ոչ Գերմանիա եւ ոչ ալ Ֆրանսա, չէինք ունկնդրած Մոցարի «Տիվէրթիսմէն»ը եւ Ասլամազեանի հայկական կտորները: Կ’արժէ այս անսամպլը քաջալերել ամէն գինով…:
Հանդիսութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին ՀՀ մշակոյթի նախարարուհի Յասմիկ Պօղոսեանը, մարդկային կարողութիւններու զարգացման «Փիւնիկ» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհրդի նախագահ, Երեւանի պետական     համալսարանի հայ եկեղեցւոյ պատմութեան եւ եկեղեցաբանութեան ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Լեւոն Սար-գըսեանը, Շիրակի մարզպետ Աշոտ Գիզիրեանը, Գիւմրիի քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեանը, Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի ռեքթէօր փրոֆ. Սերկէյ Սարաճեանը, հանրածանօթ երգահան Էտուարդ Միրզոյեանը. բնականօրէն  Գիւմրիի  երաժշտանոցի բոլոր ուսուցիչները, գլխաւորութեամբ ժրաջան տնօրէնուհի Կարինէ Աւտալեանի, եւ բազմաթիւ այլ անձնաւորութիւնները՝ քաղաքական, մշակութային կամ բարեսիրական բնագաւառներէն:

Մրցոյթ-Փառատօնի
Նպատակն ու Գործընթացը

Ինչպէս նախանցեալ տարիներու մրցոյթ-փառատօները, նոյնպէս ալ այս երրորդը կը հետապնդէր բազմաթիւ եւ բազմատեսակ նպատակներ: Մեր քաղած բանաւոր թէ գրաւոր տեղեկութեանց հիման վրայ, զանոնք կրնանք ամփոփել հետեւեալ կէտերուն մէջ. համախմբել ոչ միայն Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի, այլ նաեւ Սփիւռքի զանազան երկիրներու տաղանդաւոր պատանի-երիտասարդ երաժիշտները եւ առիթ ընծայել անոնց, ինչպէս դասական, այնպէս ալ ժողովրդական երաժշտութեան բոլոր ճիւղերուն մէջ հանդէս գալ հեղինակաւոր բեմի վրայ: Ոգեշնչել թէ մեծերուն եւ թէ փոքրերուն, որպէսզի այս մրցոյթը դառնայ աւելի լաւին, աւելի գեղեցիկին ձգտելու եւ յաղթանակի հասնելու լուսատու ճանապարհ մը: Իր ամբողջ պատմութեան ամենաճակատագրական եւ սեւ օրերուն մէջ իսկ աննկուն կամք ցուցաբերող հայ ժողովուրդը աշխարհին ներկայանայ մշակութային-ոգեղէն արժէքներով: Կարելիութիւններ ստեղծել միջմշակութային փոխառնչութիւններու, մշակութային երկխօսութեան, ինքնադրսեւորման եւ ինքնաբացայայտման: Դասական, ազգային մեղեդիներով, հոգեւոր-մշակութային կենսաւիշով,  ազգային համամարդկային արժէքներով լեցնել  պատանի-երիտասարդ կատարողներու մատղաշ  հոգիները, բարի, ազնիւ, ողջամիտ եւ արուեստի նուիրուած նոր սերունդներ պատրաստելու համար: Հաստատել շփումներ, հետաքրքիր եւ օգտաշատ, ծանօթութիւններ, մշակութային հաղորդակցութիւն   բոլոր մասնակիցներու, տեղւոյն եւ տարբեր երկրներէ  ժամանած արուեստագէտներու, ինչպէս նաեւ յանձնաժողովներու անդամոց միջեւ:
Մենք ուրախութեամբ կը հաստատենք, թէ այս փառատօնը մեզի առիթ տուաւ, ճանչնալու ոչ միայն Հայաստանի, Գիւմրիի, այլ նաեւ Կովկասեան երկիրներու եւ Սփիւռքի մեծ կամ փոքր տաղանդաշատ արժէքները ճանչնալու, ստեղծագործական ծրագրեր մշակելու, եւ յատկապէս բարեկամական կապեր հաստատելու համար:
Գործընթացը.
Նախ շեշտենք, թէ մրցոյթ-փառատօնը տեղի ունեցաւ եօթը մասնաճիւղերու մէջ.
Դաշնամուր-լարային գործիքներ (ջութակ, ալթօ, թաւջութակ, կոնթրապաս-բամբջութակ, կիթառ) - փողային գործիքներ (փայտեայ կամ պղնձեայ) - մեներգեցողութիւն – Սենեկային երաժշտութիւն – ժողովըրդական երգեցողութիւն:
Իւրաքանչիւր մասնաճիւղի յանձնաժողովը կազ-մուած էր տարբեր երկիրներէ ժամանած մօտ տասը արհեստավարժ ուսուցիչ-երաժշտագէտներէ, որոնք Կիւմրիի զանազան երաժշտական կամ արուեստի դպրոցներուն մէջ, 5 օր շարունակ, հաճոյքով, ուշադրութեամբ ունկնդրեցին կատարող-երաժիշտները, անոնց տալու իրենց արդար գնահատականները:
Մրցոյթի մրցանակային բաշխումը կը պարզէր հետեւեալ պատկերը. Առաջին, եկրորդ, երրորդ դափնեկիրներ եւ տիբլոմակիրներ (չորրորդ, հինգերրորդ): Բացի այս դափնեկիրներէն փառատօնի մասնակցողներուն շնորհուեցաւ յատուկ մրցանակներ, շարք մը անուանակարգերուն մէջ, այսպէս.
«Հայ յօրինողի ստեղծագործութեան լաւագոյն կատարող», «Ազգային յօրինողի (հայ կամ այլազգի) ստեղծագործութեան լաւագոյն կատարող», «Վիր-թիւօզ կատարող», «Հայ հոգեւոր երգերու լաւագոյն կատարող», «Մասնագիտական յանձնաժողովի խրախուսական», «Հանդիսատեսի համակրանք», «Բեմական հմայք», «Լավագոյն կոնցերթմայսթըր» եւ «Կրտսեր մասնակից»:
Թող ներուի մէզի, եթէ հակիրճ ձեւով ծանրանանք «մեներգեցողութիւն» մասնաճիւղի վրայ, քանի որ մենք մաս կը կազմէինք անոր յանձնաժողովին եւ ապրեցանք անմոռանալի երաժշտական պահեր, ի դէմս պատանի-երիտասարդներու բարձրորակ եւ  հիանալի կատարողական արուեստին:
Մեներգեցողութեան աւելի քան 120 մասնակիցներէն իւրաքանչիւրը մեկնաբանեց երեք կտորներ՝ պարոք, դասական եւ իր ազգային երգերէն:
Մեներգեցողութեան յանձնաժողովը կազմուած էր՝  Գիւմրիի երաժշտանոցի ձայնական-տեսական ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Սիլվարդ Վարդանեանի գլխա-ւորութեամբ հետեւեալ անձերէ. Երաժշտանոցի վե-րոյիշեալ ամպիոնի տոցենթ Ռիթա Աղաեանէ, երա-ժըշտանոցի ձայնական-տեսական ամպիոնի դասախօս Վահագն Յովհաննէսեանէ, Երեւանի երաժշտանոցի ձայնամարզութեան ուսուցիչ եւ ազգային օբերայի թատրոնի յայտնի մեներգչուհի փրոֆ. Գայիանէ Գեղամեանէ, Գիւմրիի երաժշտանոցի դաշնամուրի դասախօս Նարինէ Այվազեանէ, Գիւմրիի Ն. Տիգրանեանի անուան արուեստի դպրոցի փոխ  տնօրէն Ռիթա Մատոեանէ, Պարսկաստանի ֆիլհարմոնիկ  երգչախումբի գեղ. ղեկավար Նեյժատ Ալիռեզա Շաֆախէ, Վրաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արդիսթ, ակադեմիկոս, Կութաիսիի օպերայի  մեներգիչ փրոֆ. Կէորկի Լոմտաձէէ եւ Մարսէյլի Սահակ-Մեսրոպ մշակոյթի տնօրէն, համանուն՝ եւ Նիսի (երբեմնի)  Սայաթ-նովա երգչախումբերու գեղ. ղե-կավար Խաչիկ Եըլմազեանէ:
Ընդգծենք թէ պատանի-երիտասարդ երգիչ-երգչուհիները իրենց կատարողական բարձրորակ արուեստով խոր տպաւորութիւն թողուցին մեր բոլորին վրայ եւ պատճառ եղան, որ արցունքոտ աչքերով հետեւինք իրենց երգեցողութեան: Իննամեայ փոքրիկ մը՝ Գիւմրիի Ն. Տիգրանեանի անուան արուեստի դպրոցէն երգեց Կոմիտասէն եւ Ռ. Մելիքեանէ երգեր   սըրտայոյզ երաժշտականութեամբ, յստակ առոգանութեամբ: Երգի մէջ անցնող «վայ»երը մենք չենք լսած այնքան սիրտը խոցող շեշտերով ուրիշ շատ մը արհեստավարժ անուանի երգիչ-երգչուհիէ, որքան այս հրեշտակային շնորհ եւ ձայն ունեցող պզտիկ աղջնակէն: Անշուշտ, կային աւելի համեստ կարողութիւն ունեցողներ, որոնք, վստահաբար, տեսնելով  եւ ապրելով շատ լաւերը, բարի նախանձով կը բարելաւեն իրենց մակարդակը:

ԽԱՉԻԿ ԵԸԼՄԱԶԵԱՆ