Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­altՉը­սինք բա­րե­փո­խում, այլ ը­սինք փո­փո­խու­թիւն։ Էա­պէս տար­բեր բա­ներ են։ Ո­րով­հե­տեւ ա­մէն փո­փո­խու­թիւն ան­պայ­ման բա­րե­կար­գում, կամ բա­րե­փո­խու­թիւն կրնայ չնշա­նա­կել։

 

 

Այս յօ­դո­ւա­ծը գրո­ւե­լու պա­հուն, ար­դէն յստակ էին Հ.Հ. վար­չա­պետ ­Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի հրա­ժա­րա­կա­նը եւ այդ պաշ­տօ­նի նոր թեկ­նա­ծուն՝ ­Կա­րէն ­Կա­րա­պե­տեան։

Ան ե­ղած է ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ռու­սա­կան կա­զի ըն­կե­րու­թեան նա­խա­գահ, ա­պա կարճ ա­տե­նո­ւան հա­մար՝ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ։
Իր մա­սին ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն լսո­ւող գո­վա­սա­նա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն մէջ ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն կան «մար­քե­թինկ»ի տար­րեր (ծա­խու ապ­րանք մը գո­վա­բա­նե­լու տրա­մա­բա­նու­թեամբ)։ ­Սա­կայն ե­թէ մէկ­դի դնենք այդ տար­րը, տա­կը կը մնայ ան­վի­ճե­լի մէկ բան, որ նո­րան­շա­նակ վար­չա­պե­տը տնտե­սա­կան աս­պա­րէ­զի մէջ ու­նի կա­ռա­վար­ման փոր­ձա­ռու­թիւն եւ հա­մա­պա­տաս­խան շրջա­նակ՝ ա­ռա­ւե­լա­բար ռու­սա­կան մի­ջա­վայ­րէն ներս։

Ա­սոնք անհ­րա­ժեշտ յատ­կա­նիշ­ներ են ­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նը վա­րե­լու հա­մար։ Անհ­րա­ժեշտ, սա­կայն՝ ոչ բա­ւա­րար։ ­Կայ նաեւ այս պաշ­տօ­նա­վար­ման միւս ե­րե­սը, որ կ’առն­չո­ւի քա­ղա­քա­կան կամ­քին։ ­Կամ՝ առ­հա­սա­րակ կամ­քին։
­Բա­ցատ­րենք մեր միտ­քը։

­Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան հիմ­նա­կան խնդի­րը մե­նաշ­նոր­հա­յին ան­պաշ­տօն հա­մա­կարգն է, որ պա­րա­նի նման փաթ­թո­ւած է երկ­րին եւ հե­տե­ւա­բար նաեւ՝ ամ­բողջ բնակ­չու­թեան վի­զին։ Այս հա­մա­կար­գը թոյլ չի տար, որ մի­ջին ու փոքր գոր­ծա­րար, նա­խա­ձեռ­նող մար­դը շունչ քա­շէ. ­Թոյլ չի տար, որ նոյն այս խա­ւը ար­ժա­նա­պա­տիւ կեան­քի իր ի­րա­ւուն­քը բնա­կան ու ար­դար ձե­ւով վա­յե­լէ։ Տն­տե­սա­կան մե­նաշ­նորհ­նե­րը կ’ար­գե­լա­կեն ա­մէն ձե­ւի յա­ռաջ­խա­ղացք, կ’ար­գե­լա­կեն մի­ջին խա­ւին բնա­կան ա­ճը ու այդ ձե­ւով ալ՝ դուռ կը բա­նան ըն­կե­րա­յին ու տնտե­սա­կան ան­բա­րեն­պաստ մթնո­լոր­տի։

­Տիե­զե­րա­կան ճշմար­տու­թիւն է, որ երկ­րի մը կա­յու­նու­թեան հիմ­նա­կան ե­րաշ­խի­քը իր ու­ժեղ եւ տո­կո­սա­յին տրա­մա­բա­նու­թեամբ՝ մեծ մի­ջին խաւն է։ ­Տո­կո­սա­յին ա­ռու­մով ինչ­քան մեծ­նայ այդ խա­ւը, այդ­քան կը նպաս­տէ երկ­րի թէ՛ կա­յու­նու­թեան եւ թէ՛ զար­գա­ցու­մին։ Եւ հա­կա­ռա­կը, երբ այդ խա­ւը կը սկսի փոք­րա­նալ, կը սկսի բարձ­րա­նալ վտան­գին տա­րո­ղու­թիւ­նը։
Այս ժխտա­կան մթնո­լոր­տին մէջն է, որ կը հա­սուն­նան ժո­ղովր­դա­յին դժգո­հու­թիւն­նե­րը (բազ­մա­տե­սակ ու բազ­մա­շերտ), ո­րոնք ի­րենց կար­գին դուռ կը բա­նան պայ­թու­մի վտան­գին։ Իսկ նման «պայ­թում­նե­րու» պա­հուն, դուր­սի ու­ժե­րը միշտ ալ հա­ճոյ­քով կը սկսին շփե­լու ի­րենց ձեռ­քե­րը…

­Կայ նաեւ հար­ցին միւս ե­րե­սը. երբ եր­կի­րը կը տո­ւայ­տի տնտե­սա­կան թե­րի կամ ա­րա­տա­ւոր հա­մա­կար­գի պար­տադ­րած կա­պանք­նե­րուն մէջ, այ­լեւս քա­ղա­քա­ցին կը խոր­թա­նայ պե­տա­կան հա­մա­կար­գէն, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը կը պար­պո­ւի իր էու­թե­նէն եւ նոյն քա­ղա­քա­ցին այ­լեւս ա­զատ չի զգար իր իսկ սե­փա­կան հայ­րե­նի­քէն ներս։ Տն­տե­սա­կան կաշ­կան­դում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ, ի՞նչ «ա­զատ զգա­լու» մա­սին խօ­սիլ։ Իսկ իս­կա­կան ժո­ղովր­դա­վար հա­մա­կար­գի մը մէջ, մի­միայն ա­զա՛տ քա­ղա­քա­ցին է, որ ա­տակ է մաս կազ­մե­լու իշ­խա­նու­թիւն ստեղ­ծե­լու գոր­ծըն­թա­ցին, որ ի դէպ՝ չի նշա­նա­կեր միայն քա­նի մը տա­րին ան­գամ մը քո­ւէար­կել։

­Մէկ խօս­քով, ­Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան բնա­գա­ւա­ռը մի­միայն չ’առն­չո­ւիր քա­ղա­քա­ցիին կեն­սա­մա­կար­դա­կին՝ բա­ռին նեղ ի­մաս­տով։ ­Սա­կայն տրո­ւած ըլ­լա­լով, որ տնտե­սա­կան մե­նաշ­նորհ­նե­րէ ձեր­բա­զա­տո­ւի­լը օ­րի­նա­կան բա­րե­կար­գում կ’են­թադ­րէ, այ­սինքն՝ օ­րէն­քի գե­րիշ­խա­նու­թիւն, ուր բո­լո­րը հա­ւա­սար են նոյն այդ օ­րէնք­նե­րուն առ­ջեւ, հոս կը ծա­գի նոյն այս օ­րէնսդ­րա­կան հա­մա­կար­գի բա­րե­կար­գու­մի խնդի­րը։
­Կայ ու­րիշ հարց մը, նոյն­քան կա­րե­ւոր։

Անց­նող ­Յու­լի­սի կէ­սե­րուն, ոս­տի­կա­նա­կան կեդ­րո­նի մը գրա­ւու­մը, 3 զո­հե­րը եւ այս գրա­ւու­մին յա­ջոր­դած հան­րա­յին ար­ձա­գանգ­նե­րը ստեղ­ծե­ցին ներ­քին ան­խու­սա­փե­լի եւ սուր լա­րո­ւա­ծու­թիւն մը։ Ա­ռանց դրա­կան կամ ժխտա­կան գնա­հա­տա­կան­նե­րու, պէտք է հաս­տա­տել այն ցա­ւա­գին փաս­տը, որ ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան «մար­մի­նին» վրայ վէրք մը բա­ցո­ւե­ցաւ։ Այս վէր­քը դար­մա­նե­լու խնդիր կայ. ո­րով­հե­տեւ կա­րե­լի չէ վի­րա­ւոր վի­ճա­կի մէջ ընտ­րու­թիւն­նե­րու եր­թալ։ ­Շատ ժխտա­կա­նու­թիւն կայ կու­տա­կո­ւած եւ այս ժխտա­կա­նու­թե­նէն պէտք է լից­քա­թա­փո­ւի ­Հա­յաս­տա­նը։

Եւ գաղտ­նիք ալ չէ, որ յա­ռա­ջի­կայ տա­րի ­Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ազ­դան­շա­նը պի­տի հան­դի­սա­նան երկ­րին մէջ «ըն­կե­րա­յին նոր պայ­մա­նագ­րի» մը ստեղ­ծու­մին։ Այդ ընտ­րու­թիւն­նե­րը մի­միայն քո­ւէա­տու­փին մէջ քո­ւէ նե­տե­լու պար­զու­նա­կու­թե­նէն դուրս հա­նե­լու, հան­րա­յին ա­ռողջ քննար­կում­նե­րու ճամ­բով քա­ղա­քա­ցիին ընտ­րանք­ներ հրամց­նե­լու խնդիր կայ, որ­պէս­զի կազ­մո­ւե­լիք իշ­խա­նու­թիւ­նը վա­յե­լէ կա­րե­լի ե­ղա­ծին չափ լայն ժո­ղովր­դա­յին խա­րիսխ եւ քա­ղա­քա­ցին ինք զգայ, որ իր կամ­քով է, որ նոր իշ­խա­նու­թիւ­նը պի­տի կազ­մո­ւի՝ բա­ռին ա­մէ­նէն բո­վան­դա­կա­յին ա­ռու­մով։

Այն­պէս որ, նո­րան­շա­նակ վար­չա­պե­տը հիմ­նա­կա­նին մէջ այս խնդիր­նե­րը պէտք է կա­րե­նայ լու­ծել, կամ առ­նո­ւազն՝ լուծ­ման ըն­թաց­քի մէջ դնել։
Եւ ճիշդ հոս է, որ դեր պի­տի խա­ղայ նո­րան­շա­նակ վար­չա­պե­տին ցու­ցա­բե­րե­լիք քա­ղա­քա­կան կամ­քը՝ իր վար­չա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն եւ տնտե­սա­կան կա­ռա­վար­ման փոր­ձա­ռու­թեան կող­քին։

­Մեր երկ­րին մէջ թե­րա­հա­ւա­տու­թիւ­նը լայ­նա­ծա­ւալ է, հասկ­նա­լի եւ շատ ան­գամ հիմ­նա­ւոր պատ­ճառ­նե­րով։ Ե­թէ ­Կա­րէն ­Կա­րա­պե­տեան ցու­ցա­բե­րէ այս քա­ղա­քա­կան կամ­քը, մեծ է հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը, որ ի­րեն գոր­ծակ­ցող­նե­րու ծի­րը կրնայ աս­տի­ճա­նա­բար ընդ­լայ­նիլ ժո­ղովր­դա­յին մա­կար­դա­կի վրայ եւ եր­կի­րը կրնայ աս­տի­ճա­նա­բար մտնել հա­մընդ­հա­նուր զար­գաց­ման նոր փուլ։

Եւ այս մեծ «Ե­թէ»էն կա­խեալ պի­տի ըլ­լայ այն, որ ­Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի հրա­ժա­րու­մով ­Կա­րէն ­Կա­րա­պե­տեա­նի նշա­նա­կու­մը պարզ փո­փո­խու­թի՞ւն էր, թէ՞ իս­կա­կան բա­րե­փո­խում։
Այս յօ­դո­ւա­ծա­գի­րը, բո­լոր սրտցաւ հա­յոր­դի­նե­րու նման, պի­տի ու­զէ երկ­րոր­դը տես­նել։

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ