Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altԱ­մա­ռը բա­ւա­կան տաք ե­ղաւ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ քա­ղա­քա­կան ա­ռու­մով։
­Խումբ մը հա­յեր, ո­րոնք այ­լա­պէս մե­ծա­պէս յար­գո­ւած զի­նո­ւոր­ներն էին Ար­ցա­խի դա­տին, ոս­տի­կա­նա­տուն գրա­ւե­ցին, պա­տանդ­ներ

բռնե­ցին, ա­պա հետզ­հե­տէ պա­տանդ­նե­րը ար­ձա­կե­ցին, ի վեր­ջոյ՝ տեն­դա­գին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէ ետք յանձ­նո­ւե­ցան։
Գ­րա­ւող­նե­րը նախ պա­հան­ջե­ցին ­Ժի­րայր ­Սէ­ֆի­լեա­նի ա­զատ ար­ձա­կու­մը, ա­պա դրին կարգ մը այլ պա­հանջ­ներ, ինչ­պէս՝ հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի հրա­ժա­րա­կա­նը ե­ւայլն։
­Պա­հանջ­նե­րը ի­րա­տե­սա­կան չէին, բայց մա­նա­ւանդ՝ պա­հան­ջե­լու ձե­ւը ա­նըն­դու­նե­լի էր։

Որ­քան որ ալ Ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մի հե­րոս­ներ ըլ­լա­յին այս ա­րար­քի հե­ղի­նակ­նե­րը, պատ­կա­ռե­լի ան­ցեալ ու­նե­նալ չի նշա­նա­կեր ա­մէն ինչ ը­նե­լու ար­տօ­նո­ւած ըլ­լալ։ Ի­րենց պա­հանջ­նե­րը ա­նի­րա­կա­նա­նա­լի էին, ո­րով­հե­տեւ ե­թէ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ըն­դա­ռա­ջէին եւ տե­ղի տա­յին, վտան­գա­ւոր նա­խըն­թաց պի­տի ստեղ­ծո­ւէր եւ ա­մէն օր պի­տի ու­նե­նա­յինք այս­պի­սի դէպ­քեր, զա­նա­զան ու զար­մա­նա­զան պա­հանջ­նե­րով։

­Ժո­ղո­վուր­դը ա­ռա­ջին օ­րո­ւը­նէ տա­տամ­սե­ցաւ թի­կունք կանգ­նե­լու, ո­րով­հե­տեւ յար­ձակ­ման պա­հո՛ւն իսկ ոս­տի­կան մը զո­հո­ւե­ցաւ, յան­ցան­քի հան­գա­ման­քը ամ­բող­ջո­վին փո­խե­լով, իսկ ա­ւե­լի ուշ՝ զո­հո­ւած ոս­տի­կան­նե­րու թի­ւը հա­սաւ ե­րե­քի։ ­Բայց նաեւ՝ ո­րով­հե­տեւ ­Սաս­նայ Ծ­ռե­րը ծրա­գիր չու­նէին։ Ի­րենց պա­հանջն էր ­Ժի­րայր ­Սէ­ֆի­լեա­նը ա­զա­տել եւ նա­խա­գա­հը հե­ռաց­նել։
­Յե­տո՞յ, ի՛նչ։

­Թէեւ յա­ջոր­դող օ­րե­րուն եւ շա­բաթ­նե­րուն ­Սաս­նայ Ծ­ռե­րու հա­մա­խոհ­նե­րու թի­ւը սկսաւ հա­մե­մա­տա­բար շատ­նալ, այդ մէ­կը գա­ղա­փա­րա­կան նե­ցու­կէ եւ հա­մա­խո­հու­թե­նէ ա­ւե­լի՝ ար­դիւնք էր իշ­խա­նու­թեան հան­դէպ ժո­ղո­վուր­դի հա­մա­տա­րած դժգո­հու­թեան եւ ա­տե­լու­թեան։
Այ­սու­հան­դերձ՝ այս ա­րար­քը չվե­րա­ծո­ւե­ցաւ ժո­ղովր­դա­կան շար­ժու­մի եւ չա­պա­հո­վեց լայն զան­գո­ւած­նե­րու նե­ցու­կը։
Ո­մանք ա­ճա­պա­րե­լով ա­րար­քը ո­րա­կե­ցին ա­հա­բեկ­չու­թիւն եւ կա­տա­րող­նե­րը՝ ա­հա­բե­կիչ­ներ։

­Հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար այս բա­ռե­րը ոչ միայն ժխտա­կան ի­մաստ չու­նին, այլ կա­պո­ւած են հե­րոս­նե­րու եւ սրբու­թիւն­նե­րու, ո­րով­հե­տեւ հայ­կա­կան ա­հա­բեկ­չու­թիւն ը­սե­լով՝ մեր առ­ջեւ կու գան Ք­րիս­տա­փո­րէն սկսեալ մին­չեւ ­Թեհ­լի­րեան­ներն ու մին­չեւ ­Լիզ­պո­նի տղա­քը. փա­ղան­գը՝ այն սրբա­զան ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն, ո­րոնք ի­րենց ար­դա­րա­հա­տոյց բա­զու­կով պատ­ժե­ցին թուրք ա­րիւ­նար­բու ճի­ւաղ­նե­րը եւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան շուրջ հիւ­սո­ւած լռու­թեան պա­տը քան­դե­ցին։
Իսկ ներ­կա­յիս աշ­խար­հի գլխուն փոր­ձանք ե­ղած ՏԱՀԵ­Շի կամ իս­լա­մա­կան այլ ծայ­րա­յեղ խմբակ­նե­րու ա­հա­բեկ­չու­թեան եւ կու­րօ­րէն մահ սփռե­լու ե­րե­ւոյ­թին հետ կա­րե­լի չէր բաղ­դա­տել ­Սաս­նայ Ծ­ռե­րու ա­րար­քը, ո­րով­հե­տեւ այդ պա­րա­գա­յին ի­րենց նպա­տա­կը պի­տի ըլ­լար կա­րե­լի ե­ղա­ծին չափ շատ կեան­քեր... հնձել։

­Ճիշդ է, «­Զէն­քով եւ բռնու­թեամբ հար­ցեր չեն լու­ծո­ւիր»,- ինչ­պէս կ­՚ը­սէ նա­խա­գա­հը։ Ո­րե­ւէ երկ­րի մէջ այս­պի­սի ա­րարք մը ան­պայ­ման պի­տի դա­տա­պար­տո­ւէր բո­լո­րին կող­մէ եւ օ­րէն­քի ա­մե­նայն խստու­թեամբ պի­տի պատ­ժո­ւէին յան­ցա­գործ­նե­րը։
­Բայց միւս կող­մէ՝ ո­րե­ւէ երկ­րի մէջ այս­պի­սի իշ­խա­նու­թիւն­ներ չէին կրնար գո­յա­տե­ւել, երբ ժո­ղո­վուր­դը ա­րիւ­նա­քամ կը հե­ռա­նայ երկ­րէն շա­րան-շա­րան, իսկ երկ­րի ղե­կա­վար­նե­րը կը դի­զեն ու կը դի­զեն ի­րենց մի­լիառ­նե­րը։

­Միայն լա­տին-ա­մե­րի­կեան, ափ­րի­կեան եւ ա­րա­բա­կան կարգ մը եր­կիր­նե­րու մէջ կա­րե­լի է գտնել այն­պի­սի հա­մա­կարգ, ուր մե­ծա­հա­րուստ դառ­նա­լու, մի­լիոն­ներ ու մի­լիառ­ներ դի­զե­լու ա­մե­նա­դիւ­րին ճամ­բան կը հան­դի­սա­նայ նա­խա­րար կամ պատ­գա­մա­ւոր, գե­նե­րալ կամ ոս­տի­կա­նա­պետ, հար­կա­յին կամ մաք­սա­յին պաշ­տօ­նա­տար ըլ­լա­լը։ Իսկ գիտ­նա­կան­ներն ու բժիշկ­նե­րը, ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներն ու դա­սա­խօս­նե­րը գո­յա­տե­ւե­լու հա­մար օ­տար պար­տէզ­նե­րու մէջ ձի­թապ­տուղ կամ գետ­նախն­ձոր հա­ւա­քե­լով, հե­ռա­ւոր ա­փե­րու վրայ շէն­քե­րու շի­նու­թեան հա­մար ա­ղիւս­ներ ու եր­կաթ­ներ կրե­լով կը մա­շեց­նեն ի­րենց կեան­քը՝ յա­նուն պա­տառ մը հա­ցի։

­Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան տար­րա­կան հի­մե­րէն մէկն է ընտ­րու­թիւն­նե­րու հա­մա­կար­գը, իսկ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ չե­ղան ընտ­րու­թիւն­ներ ա­ռանց կեղ­ծիք­նե­րու։ ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման 25 տա­րի­նե­րու 3 նա­խա­գահ­նե­րը երկ­րորդ շրջա­նի հա­մար «վե­րընտ­րո­ւե­ցան» ճիշդ այն­պէս, ինչ­պէս «վե­րընտ­րո­ւած» էին ­Հիւս­նի ­Մու­պա­րա­քը, ­Հայ­տար եւ Իլ­համ Ա­լիեւ­նե­րը, ­Հա­ֆէզ եւ ­Պաշ­շար Ա­սատ­նե­րը… ու դեռ կը շա­րու­նա­կեն «օ­դում կա­խո­ւած մնալ» այն­պի­սի յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ, որ ­Հա­յաս­տա­նը ­Լի­բա­նան կամ ­Սու­րիա չէ…։

­Սաս­նայ Ծ­ռե­րու ա­րար­քը իր ձե­ւով ա­նըն­դու­նե­լի է, բայց նաեւ խոր­քո՛վ ա­նըն­դու­նե­լի է, ո­րով­հե­տեւ սկիզ­բը ա­րար­քը կապ չու­նէր ­Հա­յաս­տա­նի ըն­կե­րա­յին վի­ճա­կին հետ, պա­հան­ջը մէկ էր՝ ա­զատ ար­ձա­կել ­Ժի­րայր ­Սէ­ֆի­լեա­նը։ ­Յե­տոյ էր, որ ա­ւել­ցան այլ պա­հանջ­ներ, հա­ւա­նա­բար ի­րենց շար­ժու­մին մէջ ներ­քա­շե­լու հա­մար ժո­ղո­վուր­դը։ ­Յա­մե­նայն դէպս, ա­նար­դա­րու­թեան եւ չքա­ւո­րու­թեան մէջ հիւ­ծող ժո­ղո­վուր­դը ա­մէն պատ­ճառ ու­նի դժգո­հե­լու գոր­ծո­ւող ա­նի­րա­ւու­թիւն­նե­րուն դէմ։ ­Պե­տու­թեան գլխա­ւոր գոր­ծը պէտք է ըլ­լայ վերց­նել այն պատ­ճառ­նե­րը, ո­րոնք կը մղեն մար­դոց դի­մե­լու յու­սա­հատ քայ­լե­րու։

ԳՐԻԳՈՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ