Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­altԹուր­քիոյ մէջ յե­ղաշրջ­ման փոր­ձէն եր­կու օր ա­ռաջ` ­Յու­լիս 13ին, ­Պոլ­սոյ ­Սա­պան­չի հա­մալ­սա­րա­նի փրո­ֆե­սոր ­Հա­լիլ ­Պերք­թայ պա­տաս­խա­նած էր ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ Ս­պա­նիոյ խո­շո­րա­գոյն «էլ ­Փա­յիս» թեր­թին ներ­կա­յա­ցու­ցած վեց գրա­ւոր

հար­ցե­րուն: ­Սա­կայն երբ «էլ ­Փա­յիս»ը չհրա­պա­րա­կեց ա­նոր պա­տաս­խան­նե­րը, դոկտ. ­Պերք­թա­յը ո­րո­շեց Օ­գոս­տոս 15ին իր հար­ցազ­րոյ­ցը տե­ղադ­րել թրքա­կան «­Սեր­պես­թի­յէթ» կայ­քին մէջ` «­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ե­ղած է եւ կը մնայ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն` յե­ղաշր­ջու­մով կամ ա­ռանց ա­նոր» վեր­նա­գի­րով:

Ա­զա­տա­միտ թուրք մտա­ւո­րա­կան Փ­րոֆ. ­Պերք­թայ յայտ­նած է «էլ ­Փա­յիս» թեր­թին, որ 2002էն սկսեալ ինք բազ­միցս ճանչ­ցած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: Ան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը բնու­թագ­րեց իբ­րեւ «օս­մա­նեան հա­յե­րու գրե­թէ ամ­բող­ջա­կան բնաջն­ջում եւ ոչն­չա­ցում»: ­Դոկտ. ­Պերք­թայ խոս­տո­վա­նե­ցաւ, որ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ իր ան­կեղծ տե­սա­կէտ­նե­րուն հա­մար, «մա­նա­ւանդ 2002էն ա­ռաջ եւ նոյ­նիսկ ան­կէ ետք (թէեւ այ­լեւս ո՛չ կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ), ին­ծի պէս մար­դոց վրայ ե­ղած է հսկա­յա­կան ծա­ւա­լի ոչ-պաշ­տօ­նա­կան, ա­նօ­րի­նա­կան ճնշում, շան­թաժ, սպառ­նա­լիք­ներ կամ այլ տե­սա­կի հո­գե­բա­նա­կան ա­հա­բեկ­չու­թիւն, ո­րուն ես եւ միւս­նե­րը ստիպուած ե­ղած ենք դի­մա­կա­յե­լու»:

­Պա­տաս­խա­նե­լով «էլ ­Փա­յիս»ի այն հար­ցին, թէ «ին­չո՞ւ ­Թուր­քիան կը հրա­ժա­րի վե­րա­նա­յե­լէ ան­ցեա­լը»,- դոկտ. ­Պերք­թայ պա­տաս­խա­նած է. «դեռ 1980ա­կան­նե­րուն եւ 90ա­կան­նե­րուն… ան­ցեա­լի ժխտո­ղա­կա­նու­թիւ­նը հիմ­նո­ւած էր Unionismին կամ ա­թա­թուր­քիզ­մին նկատ­մամբ նախ­նի­նե­րու պաշ­տա­մուն­քին կամ գա­ղա­փա­րա­կան նո­ւի­րո­ւա­ծու­թեան վրայ:

Այն, ինչ տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­յե­րու հետ 1915 թո­ւա­կա­նին, կը դի­տար­կո­ւէր իբ­րեւ սեւ բիծ՝ թուրք ազ­գայ­նա­կա­նու­թեան հա­մար: ­Բա­ցի այդ, քա­նի որ ա­նի­կա չէր ի­րա­գոր­ծո­ւած քե­մա­լա­կան հան­րա­պե­տու­թեան կող­մէ կամ ա­նոր ներ­քոյ, քա­նի որ հան­րա­պե­տու­թիւ­նը ժա­ռան­գած էր հա­յե­րէն ցե­ղա­կան մաք­րազ­տում­նե­րով իւ­րա­ցո­ւած տա­րած­քին պա­տաս­խա­նատ­ւու­թիւ­նը, ա­նի­կա իր բնոյ­թով ան­թոյ­լատ­րե­լի կեղտ էր քե­մա­լա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան բաղ­ձա­լի ան­բա­սիր օ­րի­նա­կա­նու­թեան հա­մար: Ուս­տի, թա­պու (ար­գելք) դրո­ւե­ցաւ ա­նոր վրայ. ա­նի­կա դար­ձաւ ար­գի­լո­ւած եւ անքն­նար­կե­լի:

­Միայն այս­տեղ ու այն­տեղ, մաս­նա­ւո­րա­պէս ար­տերկ­րի մէջ ապ­րող եւ աշ­խա­տող քա­նի մը մտա­ւո­րա­կան­ներ խօ­սե­ցան ա­տոր մա­սին. ձայն բար­բա­ռոյ յա­նա­պա­տի»: Փ­րոֆ. ­Պերք­թայ ա­ւել­ցու­ցած է.- 2000էն սկսեալ «ա­մէն ինչ սկսաւ փո­խո­ւիլ»` ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին խօ­սող թուրք մտա­ւո­րա­կան­նե­րու թի­ւի ա­ճին հետ կա­պո­ւած:

­Դոկտ. ­Պերք­թա­յի հար­ցազ­րոյ­ցին ա­ռա­ւել հե­տաքրք­րա­կան հա­տո­ւա­ծը այն է, ուր ան կը նշէ պատ­ճա­ռը, թէ ին­չո՛ւ թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը չի փա­փա­քիր ճանչ­նալ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը.- «­Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը չի գի­տեր, թէ ի՛նչ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ, ե­թէ ա­նոնք ը­սեն, որ ա­յո՛, ա­սի­կա ցե­ղաս­պա­նու­թիւն էր: Ի՞նչ պի­տի ը­նէ կամ ի՞նչ պի­տի պա­հան­ջէ ­Հա­յաս­տա­նը: Ար­դեօք ան կը պատ­րաս­տո­ւի պա­հան­ջե­լո՞ւ նիւ­թա­կան հա­տու­ցում կամ նոյ­նիսկ հո­ղե՞­րը:

Ա­տի­կա այն է, ինչ կ­՝ը­սեն բո­լոր հայ ար­մա­տա­կան ազ­գայ­նա­մոլ դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րը: Ինչ­պէս ա­նոնք կ­՝ար­տա­յայ­տո­ւին` ե­րեք Rեր` (անգ­լե­րէ­նով` Recognition, Reparation, Restitution) ճա­նա­չում, հա­տու­ցում, վե­րա­կանգ­նում (հո­ղե­րու): Ի հար­կէ, վեր­ջի­նը ո՛չ մէկ թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն հնա­րա­ւոր է, որ կա­րե­նայ զի­ջիլ: Ուս­տի, շատ հա­ւա­նա­կան է, որ ո­րե­ւէ քայլ ձեռ­նար­կե­լէ ա­ռաջ, ա­նոնք պի­տի ու­զեն ի­մա­նալ ­Հա­յաս­տա­նի մտադ­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին: ­Միւս կող­մէ, քա­նի դեռ ­Հա­յաս­տա­նը կը շա­րու­նա­կէ չբա­նալ իր խա­ղա­քար­տե­րը, ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը իբ­րեւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն դեռ եր­կար կը տե­ւէ»:

Ճ­րո­ֆե­սո­րին վե­րոն­շեալ յայ­տա­րա­րու­թեան ու­շա­դիր ըն­թեր­ցու­մը ցոյց կու տայ, որ ան կը կար­ծէ, թէ ­Թուր­քիոյ կող­մէ հո­ղե­րուն վե­րա­դար­ձը ­Հա­յաս­տա­նին հնա­րա­ւոր չէ, սա­կայն չի բա­ցա­ռեր հա­տու­ցում­նե­րը: Իմ կար­ծի­քով, մինչ հա­յե­րը ի­րա­ւա­ցիօ­րէն կը պա­հան­ջեն ի­րենց պատ­մա­կան հո­ղե­րը, ա­նոնք պատ­րաստ են հա­տու­ցու­մը ըն­դու­նե­լու իբ­րեւ նախ­նա­կան քայլ:

Փ­րոֆ. ­Պերք­թա­յի պա­տաս­խան­նե­րուն մէջ թե­րեւս ա­ռա­ւել վի­ճա­յա­րոյց տե­սա­կէ­տը ա­նոր բա­ցատ­րու­թիւնն է, թէ ին­չո՞ւ ­Թուր­քիան կը հրա­ժա­րի ա­ռե­րե­սո­ւե­լէ իր կեղ­տոտ ան­ցեա­լին հետ.- «­Բա­խո­ւե­լով ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ա­ռանձ­նա­յա­տուկ մար­տահ­րա­ւէ­րին, թրքա­կան հա­սա­րա­կու­թեան լայն հա­տո­ւած­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ Ար­դա­րու­թիւն եւ ­Բար­գա­ւա­ճում կու­սակ­ցու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կեն հարց­նել.- Ին­չո՞ւ մենք: Իսկ ին­չո՞ւ միայն մենք:

Ար­դեօք միւս բո­լոր պե­տու­թիւն­նե­րէն եւս կը պա­հան­ջե՞ն քա­ւել ի­րենց ան­ցեա­լի մեղ­քե­րը այս­պի­սի խստու­թեամբ, թէ՞ միայն ­Թուր­քիա­յէն: Իսկ ի՞նչ պի­տի ը­սէք այն մա­սին, թէ ի՞նչ ը­րին «ա­նոնք» ա­ռա­ջին հեր­թին «մեր» հետ: Ե­թէ մենք ճանչ­նանք ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, ար­դեօք ա­նոնք, եր­բե­ւէ, թէ­կուզ թե­թե­ւա­կիօ­րէն պի­տի ճանչ­նա՞ն Կ­րե­տէի, ­Յու­նաս­տա­նի, ­Պուլ­կա­րիոյ կամ ­Սեր­պիա­յի մահ­մե­տա­կան թուր­քե­րու ող­բեր­գա­կան վի­ճա­կը: Ո՞վ ձայն կը բարձ­րաց­նէ թուր­քե­րու հա­մար: Ար­դեօք մենք ո­րե­ւէ բա­րե­կամ ու­նի՞նք աշ­խար­հի մէջ»:

­Թէեւ ես հա­մա­ձայն չեմ փրոֆ. ­Պերք­թա­յի ո­րոշ բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րուն հետ, սա­կայն չեմ կրնար ակն­կա­լել, որ ան ին­ծի պէս պէտք է միեւ­նոյն դիր­քո­րո­շու­մը ու­նե­նայ հայ­կա­կան հար­ցե­րուն վե­րա­բե­րեալ: Ի վեր­ջոյ ան թուրք է, բայց ար­դա­րա­միտ թուրք, ին­չը չենք կրնար ը­սել թուրք ղե­կա­վար­նե­րու եւ թրքա­կան հա­սա­րա­կու­թեան լայն հա­տո­ւած­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք մինչ օրս կը շա­րու­նա­կեն ժխտել ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կան փաս­տե­րը…

Փ­րոֆ. ­Պերք­թա­յը մեծ վտան­գի դի­մած է՝ հրա­պա­րա­կե­լով ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին իր պա­տաս­խան­նե­րը հա­մա­ցան­ցի վրայ, յատ­կա­պէս յու­լի­սեան յե­ղաշրջ­ման փոր­ձէն ետք՝ երկ­րին մէջ ներ­կա­յիս տի­րող դա­ժան մթնո­լոր­տի պայ­ման­նե­րուն մէջ, երբ տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր ան­մեղ թուրք քա­ղա­քա­ցի­ներ ձեր­բա­կա­լո­ւած եւ նե­տո­ւած են բան­տեր…

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ - «­Քա­լի­ֆոր­նիա ­Քու­րիըր»