Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­altՌիօ-2016 ո­ղիմ­պիա­կան ա­մառ­նա­յին 31րդ ­խա­ղե­րուն մաս­նակ­ցած, մէկ ոս­կի եւ ե­րեք ար­ծաթ շքան­շան­նե­րով ­Հա­յաս­տան վե­րա­դար­ձած մար­զիկ­նե­րը փա­ռա­հեղ ըն­դու­նե­լու­թեան ար­ժա­նա­ցան ­Զո­ւարթ­նոց օ­դա­կա­յա­նին մէջ:

 

 

­Բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք տեղ­ւոյն վրայ, պատ­կե­ռաս­փիւ­ռով թէ հա­մա­ցան­ցի մի­ջո­ցով, կրցան հե­տե­ւիլ Օ­գոս­տոս 27ին հայ­րե­նի ա­խո­յեա­նին եւ փոխ-ա­խո­յեան­նե­րուն ժո­ղովր­դա­յին ըն­դու­նե­լու­թեան, ի­րենց զգա­ցած յու­զու­մին, բա­ւա­րա­րու­թեան եւ հպար­տու­թեան ընդ­մէ­ջէն վստա­հա­բար ու­նե­ցան միեւ­նոյն մտա­ծու­մը՝ ար­ժա­նի են այդ փառք ու պա­տի­ւին եւ ա­ւե­լիի՛ն:

­Խա­ղե­րու կա­յաց­ման ըն­թաց­քին, ­Տէյ­վիտ Գ­լէյ ­Լարճ «­Ֆո­րէյն ­Փո­լի­սի» ամ­սա­թեր­թի կայ­քէ­ջին վրայ Օ­գոս­տոս 12ին հրա­տա­րա­կեց յօ­դո­ւած մը, որ լու­սար­ձա­կի տակ կ­՚առ­նէ Ո­ղիմ­պիա­կան ­Խա­ղե­րու ժո­ղովր­դա­կա­նու­թեան եւ յա­ջո­ղու­թեան գաղտ­նի­քը՝ ազ­գա­յին, ազ­գայ­նա­կան եւ մին­չեւ իսկ ցե­ղախմ­բա­յին-գլա­նա­կան, մէկ խօս­քով՝ հա­ւա­քա­կան ինք­նու­թեան ա­մե­նաբ­նազ­դա­յին եւ հիմ­նա­կան ո­գիին հրահ­րու­մը:

«Այդ­պէ՛ս էր,- կը գրէ «The Olympic Spirit is Unbrindled, Rabid Nationalism» յօ­դո­ւա­ծին հե­ղի­նա­կը,- երբ այդ խա­ղե­րուն ի­րա­րու դէմ կը մրցէին հին յու­նա­կան քա­ղաք­նե­րու մար­զիկ­նե­րը, ո­րոնք եր­բեմն ի­րենց կեան­քի գնով իսկ կը ձգտէին յաղ­թա­նա­կին: Երբ 1896ին ֆրան­սա­ցի ­Փիեռ ­Տը ­Գու­պեր­թէն վե­րա­կեն­դա­նա­ցուց մար­զա­կան ա­ւան­դու­թիւ­նը, որ­պէս հա­մաշ­խար­հա­յին հան­դէ­սի, ո­րուն նպա­տակն էր պան­ծաց­նել հա­մա­մարդ­կա­յին հա­մե­րաշ­խու­թեան եւ բա­րի-կա­մե­ցո­ղու­թեան ո­գին,- կը շա­րու­նա­կէ յօ­դո­ւա­ծա­գի­րը,- ե­թէ նոյ­նիսկ հրա­ւի­րո­ւած ըլ­լա­յին թուրք մար­զիկ­նե­րը, վստա­հա­բար պոյ­քո­թի պի­տի են­թար­կէին ի­րենց դա­րա­ւոր թշնա­միին՝ ­Յու­նաս­տա­նի կող­մէ հիւ­րըն­կա­լո­ւած այդ մար­զա­խա­ղե­րը: ­Նոյն հար­թա­կին վրայ՝ ազ­գայ­նա­կան հուն­գա­րա­ցի­ներ մեր­ժե­ցին Աւստ­րօ-հուն­գա­րա­կան ­Կայս­րու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նող խում­բին մաս կազ­մել եւ իր­լան­տա­ցի­նե­րը չու­զե­ցին խառ­նո­ւիլ անգ­լիա­ցի­նե­րուն՝ ­Միա­ցեալ ­Թա­գա­ւո­րու­թեան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան մէջ»:

Եւ այս­պէ՛ս, գրու­թեան ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, Գ­լէյ ­Լարճ վեր կ­՚առ­նէ անց­նող 120 տա­րի­նե­րու մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կան ի­րա­վի­ճակն ու տո­ւեալ պատ­մա­կան պա­հուն տի­րող լա­րո­ւա­ծու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք այս կամ այն ձե­ւով ար­ձա­գան­գած են ի­րե­րա­յա­ջորդ Ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րուն, յա­տուկ ու­շադ­րու­թիւն դարձ­նե­լով ա­նոնց­մէ ո­մանց. ինչ­պէս՝ 1936ին ­Նա­ցիա­կան ­Գեր­մա­նիոյ հիւ­րըն­կա­լած խա­ղե­րը եւ 1972ի ­Միւ­նի­խի մէջ իս­րա­յէ­լա­ցի մար­զիկ­նե­րու սպան­դը: Այս բո­լո­րով հան­դերձ, մար­զա­խա­ղե­րը պա­հած են ի­րենց գրաւ­չու­թիւ­նը, մար­զա­կան սխրանք­ներն ու ե­րե­ւոյթ­նե­րը, ինչ­պի­սին էին ­Ռիօ-2016ին ­Պոլթ եւ ­Ֆելփ, չեն կորսն­ցու­ցած ի­րենց պատ­ճա­ռած հմայ­քը, ի՛նչ ազ­գու­թեան ալ պատ­կա­նի հան­դի­սա­տե­սը:

­Ճիշդ է, որ մար­զիկ­նե­րը ի­րենք եր­բեմն ան­մասն չեն մնա­ցած մեղ­կու­թիւն­նե­րէ, ինչ­պէս օ­րի­նակ մրցու­մի ա­ւար­տին հա­կա­ռա­կոր­դին բա­րե­ւե­լու մեր­ժու­մը, բայց ընդ­հան­րա­պէս տի­րա­պե­տող ե­ղած է մար­զա­կան բարձ­րու­թեան վրայ մնա­լու ո­գին, եւ պար­տո­ւող­նե­րը յար­գան­քի տուրք գիտ­ցած են տալ ի­րենց­մէ լաւ ե­ղող­նե­րուն:

­Մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կան լա­րուա­ծու­թիւն­նե­րէն, ազ­գա­մի­ջեան հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րէն ան­կախ, Ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րը նաեւ յա­ճախ բեմ կը հան­դի­սա­նան ազ­գա­յին, ըն­կե­րա­յին թէ մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու խախ­տու­մի դէմ բո­ղոք­նե­րու ցու­ցա­կա­նու­թեան, բռնա­բա­րում­նե­րը տե­սա­նե­լի դարձ­նե­լու եւ պայ­քա­րող­նե­րուն ձայ­նը լսե­լի դարձնե­լու հա­մար: ­Խօս­քը չի վե­րա­բե­րիր ա­րիւ­նա­հե­ղու­թեան ու վայ­րա­գու­թեանց, ո­րոնք չեն կրնար ար­դար բո­ղո­քի ձայն ըլ­լալ եր­բեք, երբ ան­մեղ զո­հե­րու պատ­ճառ կը դառ­նան:

­Ռիօ-2016ի ա­ռի­թով լա­տին-ա­մե­րի­կեան յա­ռաջ­դի­մա­կան մա­մու­լը յի­շե­ցուց նա­խորդ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ի­տա­լա­ցի գրող ­Ռիք­քար­տօ ­Կաց­ցա­նի­կա­յի մէկ յօ­դո­ւա­ծը՝ ­Մեք­սի­քօ-1968ի խա­ղե­րուն ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րէն սե­ւա­մորթ մար­զիկ­ներ ­Թոմ­մի Ս­մի­թի եւ ­Ճոն ­Գար­լո­սի ան­մա­հա­ցած պատ­կե­րը՝ սեւ ձեռ­նոց­նե­րով, բռունցք­նին վեր, գլուխ­նին կախ եւ ո­տա­բո­պիկ՝ աշ­խար­հին յի­շեց­նե­լու սե­ւա­մորթ­նե­րու ըն­կե­րա­յին ի­րա­ւունք­նե­րուն հա­մար պայ­քա­րող­նե­րուն մա­սին: ­Սեւ ձեռ­նո­ցով բռունց­քը, յի­շեց­նենք, ­Մալ­քոլմ Էք­սի հիմ­նած ­Սեւ ­Յո­վազ­ներ կազ­մա­կեր­պու­թեան խորհր­դա­նիշն էր: ­Մար­զիկ­նե­րը այդ բո­ղո­քի ժես­թը (կե­ցո­ւած­քը) ը­նե­լու յանդգ­նու­թիւ­նը ու­նե­ցան, երբ շքան­շան­նե­րու բաշ­խու­մի ժա­մա­նակ կը հնչէր ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու քայ­լեր­գը:

Ն­ման ժեսթ, որ եր­բեք չկրկնո­ւե­ցաւ նման հան­դի­սու­թեան մը, օ­րին աշ­խար­հի ու­շադ­րու­թիւ­նը հրա­ւի­րեց, երկ­րոր­դա­կան մա­կար­դա­կի ան­ցան Ո­ղիմ­պիա­կանն ու բո­լոր շքան­շան­նե­րը, եւ աշ­խար­հով մէկ խօ­սո­ւե­ցաւ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ տի­րող ցե­ղա­պաշ­տու­թեան եւ խտրա­կա­նու­թեան շա­րու­նակ­ման մա­սին: Եր­կու մար­զիկ­նե­րը ար­տաք­սո­ւե­ցան երկ­րի Ո­ղիմ­պիա­կա­նի հա­ւա­քա­կա­նէն եւ տուն վե­րա­դառ­նա­լով են­թար­կո­ւե­ցան հա­լա­ծան­քի եւ մին­չեւ իսկ մա­հո­ւան սպառ­նա­լիք­նե­րու: Ի վեր­ջոյ սա­կայն, պատ­մու­թիւ­նը եր­կու մար­զիկ­նե­րուն տո­ւաւ ի­րենց ար­ժա­նի տե­ղը. ­Գա­լի­ֆոր­նիոյ ­Սան ­Խո­սէ ­Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նի քէմ­փը­սին (շրջա­փակ) մէջ զե­տե­ղո­ւած է սե­ւա­մորթ­նե­րու ար­ժա­նա­պատ­ւու­թիւնն ու ըն­կե­րա­յին ի­րա­ւունք­նե­րը ա­մէն բա­նէ վեր դա­սած եր­կու մար­զիկ­նե­րը ան­մա­հաց­նող ար­ձան մը:

Այդ ար­ձա­նին վրայ սա­կայն չկայ եր­րորդ ան­ձը, ան՝ որ 200 մեթր վազ­քին 19:78 երկ­վայր­կեա­նով մրցա­նիշ կոտ­րած ­Թոմ­մի Ս­մի­թէն յե­տոյ 20:06 երկ­վայր­կեա­նով ար­ծա­թեայ շքան­շա­նին ար­ժա­նա­ցած էր: ­Պատ­մու­թիւ­նը ընդ­հան­րա­պէս չի յի­շեր զինք՝ աւստ­րա­լիա­ցի մար­զիկ ­Փի­թըր ­Նոր­մը­նը, ո­րուն մա­սին է ­Կաց­ցա­նի­կա­յի յօ­դո­ւա­ծը: Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ­Նոր­մըն նոյն­քան ար­ժա­նա­պա­տիւ տեղ ու­նի այդ ար­դար բո­ղո­քի մարմ­նաց­ման մէջ, որ­քան եր­կու գլխա­ւոր դե­րա­կա­տար­նե­րը:

Այս­պէս, Ս­միթ եւ ­Գար­լոս բեմ բարձ­րա­նա­լէ ա­ռաջ մօ­տե­ցած են սպի­տա­կա­մորթ ­Նոր­մը­նին եւ հարց տո­ւած՝ ե­թէ կը հա­ւա­տար հա­ւա­սար ի­րա­ւունք­նե­րու: ­Քիչ մը զար­մա­ցած, ­Նոր­մըն ը­սած է, որ ա­յո՛, կը հա­ւա­տար: Ա­սոր վրայ եր­կու մար­զիկ­նե­րը ի­րեն յայտ­նած են ի­րենց մտադ­րու­թեան մա­սին: Ս­մի­թի վկա­յու­թեամբ, ­Նոր­մըն ան­մի­ջա­պէս զօ­րակ­ցած է ա­նոնց: Ա­ւե­լի՛ն, քա­նի որ Ս­միթ եւ ­Գար­լոս միայն մէկ զոյգ սեւ ձեռ­նոց ու­նէին, սկիզ­բը ո­րո­շած էին չգոր­ծա­ծել այն: ­Բայց ­Նոր­մը­նը ի­րենց ը­սած է, որ ետ­քայլ պէտք չէ ը­նեն եւ ա­ռա­ջար­կած՝ որ մէ­կը աջ ձեռ­քին ան­ցը­նէ ձեռ­նո­ցը, միւ­սը՝ ձախ: Այդ­պէս ալ կ­՚ե­րե­ւին Ս­միթ եւ ­Գար­լոս նկա­րին մէջ, մէ­կը աջ եւ միւ­սը ձախ բռունցք­նե­րը վեր, ո­տա­բո­պիկ որ­պէս խորհր­դա­նիշ ոչ միայն սե­ւա­մոթ­նե­րու խտրա­կա­նու­թեան դէմ բո­ղո­քի, այլ նաեւ ի պաշտ­պա­նու­թիւն բո­լոր ըն­չա­զուր­կե­րուն եւ շա­հա­գոր­ծո­ւող­նե­րուն:

­Սե­ւա­մորթ եւ տե­ղա­ծին բնակ­չու­թեան դէմ խտրա­կա­նու­թեան եւ հա­լա­ծան­քի եր­կար պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող աւստ­րա­լիա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, իր կար­գին, չնե­րեց ­Նոր­մը­նին: ­Մար­զի­կը ստի­պո­ւե­ցաւ հե­ռա­նալ աս­պա­րէ­զէ, վե­րա­ծո­ւե­ցաւ փա­րիա­յի, հա­լա­ծո­ւե­ցաւ, եւ ­Սիտ­նի-2000ին կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը երկ­րի բո­լոր մար­զիկ­նե­րուն յա­տուկ հրա­ւէր ուղ­ղեց, բա­ցի ­Փի­թըր ­Նոր­մը­նին: Լ­քուած ու ան­գործ, մոռ­ցո­ւած աշ­խար­հէն, ընկղ­մե­ցաւ ալ­քո­լա­մո­լու­թեան մէջ եւ մա­հա­ցաւ 2005ին: Ս­միթ եւ ­Գար­լոս ներ­կայ գտնո­ւե­ցան իր թաղ­ման եւ ա­ռա­ջին գի­ծի վրայ էին ­Նոր­մը­նի դա­գա­ղը ու­սամ­բարձ փո­խադ­րող­նե­րու կար­գին:

Ամ­բողջ այդ տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին, ­Նոր­մը­նի ուղ­ղա­կի թէ ա­նուղ­ղա­կի ձե­ւով դի­մում­ներ ե­ղած են զղջու­մի խօսք ը­սե­լու, ինչ որ եւ կրնար թե­րեւս ի­րեն վե­րա­դարձ­նել իր փառքն ու ա­ւե­լին, սա­կայն ան ա­մէն ան­գամ մեր­ժած է այդ նո­ւաս­տան­քին են­թար­կո­ւիլ եւ հաս­տատ մնա­ցած՝ իր հա­ւա­տա­ցած սկզբունք­նե­րուն վրայ: Ն­շենք, որ ­Կաց­ցա­նի­կա­յի յօ­դո­ւա­ծը յի­շե­ցու­ցած Ա­փոր­րէա կազ­մա­կեր­պու­թեան հա­մա­ցան­ցա­յին է­ջին վրայ ­Ռիօ-2016ին ամ­բողջ ըն­թաց­քին զա­նա­զան յօ­դո­ւած­ներ լոյս տե­սան քա­ղա­քին եւ երկ­րին մէջ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու դէմ բո­ղո­քի ցոյ­ցերն ու ե­լոյթ­նե­րը լռեց­նե­լու կո­չո­ւած մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն մա­սին...

Ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րու առն­չա­կից կա­րե­լի չէ մո­ռա­ցու­մի տալ ա­մե­նահ­զօր կա­պի­տա­լը (դրա­մագ­լու­խը) եւ ա­նոր ազ­դե­ցու­թիւ­նը: ­Նախ եւ ա­ռաջ յստակ է, որ Ո­ղիմ­պիա­կան կազ­մա­կեր­պող ո­րե­ւէ քա­ղա­քի հա­մար պատ­մու­թեան անց­նե­լու այդ պա­տի­ւը բազ­մա­մի­լիառ գու­մար­նե­րու ներդ­րու­մի կը նա­յի: Ան­կախ կազ­մա­կեր­պա­կան ա­մէն կար­գի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րէն, զուտ տնտե­սա­կան տե­սան­կիւ­նէ ճիշդ է, որ նման ներդ­րում աշ­խա­տա­տե­ղի կը ստեղ­ծէ, գո­նէ պա­րա­գա­յա­բար, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ սա­կայն քի­չեր կը յի­շեն, որ նման գու­մար­ներ ի­րենց հետ կը բե­րեն նաեւ փտտա­ծու­թիւն եւ ի­րա­ւունք­նե­րու բռնա­բա­րում: Աթ­լան­թա, ­Սիտ­նի եւ ­Լոն­տոն, զար­գա­ցած տնտե­սու­թիւն­ներ, այն­քան ալ բա­րա­ցու­ցա­կան չեն նման են­թադ­րու­թեան հա­մար:

­Բայց պէտք է յի­շեց­նել, որ ­Չի­նաս­տա­նի մէջ ամ­բողջ թա­ղա­մա­սեր փլու­զո­ւե­ցան, ա­ռանց շատ մտիկ ը­նե­լու ընդ­հան­րա­պէս հա­մեստ եւ աղ­քատ դա­սա­կար­գի տեղ­ւոյն բնա­կիչ­նե­րու բո­ղո­քը:
Եւ ար­դեօ՞ք ­Յու­նաս­տա­նի տնտե­սա­կան փլուզ­ման ու այ­սօ­րո­ւան տագ­նա­պին ար­մատ­նե­րը կու գան Ա­թէնք-2004էն: Ոս­տի­կա­նան վէ­պե­րու հե­ղի­նակ ­Փեթ­րոս ­Մար­գա­րիս առ­նո­ւազն շատ կաս­կած չու­նի այդ մա­սին: Ան­շուշտ, կա­րե­լի է ը­սել, որ ե­ղա­ծը գրա­կա­նու­թիւն է, ­Մար­գա­րիս տնտե­սու­թե­նէ չի հասկ­նար եւ ան­տե­սել, որ յա­ճախ տա­ղանդ ու­նե­ցող գրող­նե­րուն տես­լա­կա­նը ա­ւե­լի հա­րա­զա­տօ­րէն կ­՚ար­տա­յայ­տէ երկ­րի մը, ժո­ղո­վուր­դի մը եւ հա­սա­րա­կու­թեան մը ճշմար­տու­թեան մո­մեն­տը (պա­հը), քան ա­զատ շու­կա­յա­կա­նու­թեան ծա­նօթ յան­կերգ­նե­րու ար­տա­սա­նու­թեան թեկ­նա­ծու­նե­րը:

Գ­րա­կա­նու­թե­նէ հե­ռու, տնտե­սա­գի­տա­կան թէ հա­սա­րա­կա­գի­տա­կան բազ­մա­թիւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ կու գան փաս­տե­լու ­Մարք­սեան այն հա­մո­զու­մը, որ նիւ­թա­կան են­թա­կա­ռոյցն է, որ հա­սա­րա­կա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րու պատ­ճա­ռա­կան բա­ցատ­րու­թիւն կու տայ ո­րոշ չա­փով (այ­սինքն՝ այն­քան, որ­քան հա­սա­րա­կա­գի­տա­կան տե­սու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք մար­գա­րէու­թիւն­ներ չեն, թոյլ կու տան ի­մա­նա­լու) Ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րուն ա­մէ­նէն ա­ւե­լի շքան­շան­ներ ա­պա­հո­վող­նե­րու մա­սին:

Այս­պէ՛ս, ­Ռիօ-2016էն մէկ ա­միս ա­ռաջ, Փ­րայս Ո­ւա­թըր­հաուս ֆի­նան­սա­կան (ե­լեւմ­տա­կան) գոր­ծա­րարք­նե­րու խորհրդա­տո­ւա­կան գոր­ծառ­նու­թիւ­նը շրջա­գա­յու­թեան մէջ դրաւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն մը, որ որ­պէս մեկ­նա­կէտ ու­նե­նա­լով երկ­րի հա­մընդ­հա­նուր հում ար­տադ­րու­թիւ­նը եւ նա­խա­պէս Ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րուն ար­ձա­նագ­րած ար­դիւն­քը՝ կը նա­խա­տե­սէր ա­ռա­ւե­լա­գոյն շքան­շան­ներ ա­պա­հո­վող ա­ռա­ջին տա­սը եր­կիր­նե­րը՝ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ, ­Չի­նաս­տան, ­Ռու­սիա, ­Մեծն Բ­րի­տա­նիա, ­Գեր­մա­նիա, Աւստ­րա­լիա, Ֆ­րան­սա, ­Ճա­փոն, ­Հա­րա­ւա­յին ­Քո­րէա եւ Ի­տա­լիա: ­Տե­ղե­րու փոքր տար­բե­րու­թեամբ կան­խա­տե­սու­մը ճիշդ դուրս ե­կաւ:

­Նոյ­նան­ման ու­սում­նա­սի­րու­թիւն մը հրա­պա­րա­կած էր նաեւ ­Կոլտ­մըն ­Սաքս, որ կ­՚եզ­րա­կաց­նէր, թէ երկ­րի մը տնտե­սա­կան յա­ջո­ղու­թիւ­նը կը բա­րե­լա­ւէ Ո­ղիմ­պիա­կա­նին շքան­շան­ներ շա­հե­լու ա­նոր կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը: Այս պատ­ճա­ռա­կան ընդ­հա­նուր կա­պը չի ժխտեր այլ ազ­դակ­նե­րու դե­րը: Օ­րի­նակ՝ ­Զո­ւի­ցե­րիոյ նման զար­գա­ցած եր­կիր մը այն­քան ալ լաւ դիրք չգրա­ւեց շքան­շան­նե­րու տախ­տա­կին վրայ, մինչ ­Քե­նիա 13 շքան­շա­նի տի­րա­ցաւ: ­Հոս է, որ տար­բեր ազ­դակ­ներ կը մտնեն հա­շո­ւար­կի մէջ, ո­րոնց կար­գին՝ հո­ղա­տա­րա­ծու­թիւն եւ բնակ­չու­թեան թո­ւա­քա­նակ, մար­զա­կան ա­ւան­դու­թիւն, մաս­նա­գի­տու­թիւն ե­ւայլն: ­Փաս­տօ­րէն, ­Քե­նիա­յի շքան­շան­նե­րէն 12ը աթ­լե­թիզ­մի (մարմ­նա­մար­զու­մի) եւ վազ­քի կը վե­րա­բե­րին:
Այս ու­սում­նա­սի­րու­թեանց եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րը ճա­կա­տագ­րա­պաշ­տա­կան տո­ւեալ­ներ չեն ան­շուշտ, բայց կրնան ո­րե­ւէ երկ­րի ու­ղե­ցոյց ըլ­լալ ե՛ւ իր սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րը ի­մա­նա­լու, ե՛ւ նաեւ իր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը լա­ւա­գոյնս ար­ժե­ւո­րե­լու:

Այս­պէ՛ս, ­Հա­յաս­տան եւ Ատր­պէյ­ճան շատ հա­ւա­նա­բար խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րէն մնա­ցած հա­ման­ման մար­զա­կան ա­ւան­դու­թիւն ու­նին, բայց տնտե­սա­կան ա­ճի տար­բե­րու­թիւ­նը նկա­տի ու­նե­նա­լով՝ թե­րեւս հասկ­նա­լի ըլ­լայ, թէ ին­չո՛ւ Ատր­պէյ­ճան 18 շքան­շան շա­հե­ցաւ եւ ­Հա­յաս­տան՝ 4: ­Կա­րե­լի է են­թադ­րել, որ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ Ո­ղիմ­պիա­կա­նի պատ­րաս­տու­թեան հա­մար շատ ա­ւե­լի ներդրու­մի հնա­րա­ւո­րու­թիւն կար, քան՝ ­Հա­յաս­տա­նի: Այս տո­ղե­րը չեն են­թադ­րեր, որ ­Հա­յաս­տա­նի յա­ջո­ղու­թեան չա­փա­նի­շը Ատր­պէյ­ճա­նի թէ ո­րե­ւէ այլ երկ­րի հետ հա­մե­մա­տու­թիւնն է, ոչ ալ ար­դար է ան­տե­սել այն զո­հո­ղու­թիւ­նը, որ հա­զա­րու­մէկ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու դէմ յան­դի­ման գտնո­ւող պե­տու­թիւ­նը յանձն ա­ռած է 32 մար­զիկ­ներ ու­ղար­կե­լու ­Ռիօ: ­Պար­զա­պէս՝ անհ­րա­ժեշտ է քննար­կել, թէ հա­մա­պա­տաս­խան մար­մին­նե­րը կրնա՞ն ա­ւե­լին ը­նել, երբ տա­ղան­դը չէ, որ կը պակ­սի հայ­րե­նի մար­զիկ­նե­րուն մօտ:

­Մեր ու­րա­խու­թեան գի­նիին ջուր խառ­նել չէ, նաեւ, ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դարձ­նե­լը այն հա­մեստ պայ­ման­նե­րը, ո­րոնց մէջ կ­՚ապ­րին ու կը մար­զո­ւին շքան­շա­նա­կիր­նե­րը, որ­քան ալ վստա­հա­բար ա­նոնց պայ­ման­նե­րը բա­րե­լա­ւող եւ ա­պա­գայ ե­րաշ­խա­ւո­րող մե­կե­նաս­ներ պի­տի գտնո­ւին: Ող­ջու­նե­լով հան­դերձ այդ մար­դոց ան­կեղծ նա­խան­ձախնդ­րու­թիւ­նը, թոյլ թող տրո­ւի նաեւ մաղ­թե­լու, որ հա­մա­կար­գա­յին ար­մա­տա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րը յան­գին ա­նոր, որ մեր մար­զիկ­նե­րուն պայ­ման­նե­րը բա­րե­լա­ւուին շքան­շան­ներ շա­հե­լու հա­մար եւ ոչ թէ շքան­շան­ներ շա­հե­լու հե­տե­ւան­քով:
Ար­թուր Ա­լեք­սա­նեան իր յաղ­թա­նա­կը նո­ւի­րեց նա­հա­տակ ­Ռո­պերթ Ա­բա­ջեա­նին, Ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մի զո­հե­րուն եւ սահ­մա­նա­պահ զի­նո­ւոր­նե­րուն. ժեսթ մը՝ որ հա­մա­զօր է փոքր ազ­գի մը բո­ղո­քի ձայ­նին ընդ­դէմ Ար­ցա­խի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը ան­տե­սող մի­ջազ­գա­յին ա­նար­դա­րու­թեան:

­Թե­րեւս այն չու­նե­նայ այն մի­ջազ­գա­յին հնչե­ղու­թիւ­նը, որ Ս­մի­թի ու ­Գար­լո­սի բո­ղո­քի ցու­ցադ­րու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ ա­տե­նին: ­Բայց Ա­լեք­սա­նեան հա­զիւ թէ այդ յա­ւակ­նու­թիւ­նը ու­նե­ցած ըլ­լայ: Ի­րը նախ եւ ա­ռաջ սի­րոյ ու հայ­րե­նա­սի­րու­թեան պատ­գամ մըն է հայ ժո­ղո­վուր­դին, յար­գան­քի տուրք մը՝ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք վստա­հա­բար կրնա­յին ու կրնան փայ­լիլ մար­զա­խա­ղե­րու, գի­տու­թեան թէ ա­րուես­տի մէջ, բայց սահ­մա­նին ար­թուն պա­հա­պան­ներն են: Այդ պատ­գա­մը լա­ւա­գոյնս կ­՚ըն­կա­լուի, ե­թէ սահ­մա­նէն ներս ստեղ­ծո­ւին հա­մա­կար­գա­յին այն պայ­ման­նե­րը, ո­րոնք ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան, կեն­սա­մա­կար­դա­կի բա­րե­լաւ­ման եւ պայ­ծառ ա­պա­գա­յի յոյս ներշն­չեն Ա­լեք­սա­նեան­նե­րու սե­րուն­դին եւ ա­նոնց­մէ յե­տոյ գա­լիք բո­լոր հա­յոր­դի­նե­րուն:

Խ. ՏԷՐ-ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ