Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altՆա­խորդ գրա­ռու­մովս կ­‘ը­սէի .- «Ս­պա­սե­լի է, որ հի­մա ը­նե­լիք ու­նե­նան դաշ­նակ­ցա­կան նա­խա­րար­նե­րը»:
Կը միա­նամ Հ.Յ.Դ.ի այն ան­դամ­նե­րուն, ո­րոնք կը հա­ւա­տան, թէ ի­րենց կու­սակ­ցու­թեան մաս­նակ­ցու­թիւ­նը Հ.Հ.ի կա­ռա­վա­րա­կան

կազ­մին, ան­պայ­մա­նօ­րէն ի­րեն յա­տուկ դրոշ­մը պէտք է թո­ղու կա­ռա­վար­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն վրայ: Այդ­պէս ե­ղած է միշտ, յա­տուկ դրոշմ կրած է ­Դաշ­նակ­ցու­թեան պատ­մու­թիւ­նը՝ բո­լոր հանգ­րո­ւան­նե­րուն եւ ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէու­թեան բո­լոր մար­զե­րուն մէջ:

Խոս­տո­վա­նինք, որ նա­խորդ գոր­ծակ­ցու­թե­նէն մնա­ցած ա­մէ­նէն յատ­կան­շա­կան հետ­քը Հ.Յ.Դ.ին խզու­մը ե­ղաւ նա­խա­րա­րա­կան գոր­ծըն­կե­րու­թե­նէն՝ ­Հա­յաս­տան-­Թուր­քիա ծա­նօթ ար­ձա­նագ­րու­թեանց պատ­ճա­ռով, ին­չը տա­կա­ւին չե­ղեալ չէ յայ­տա­րա­րո­ւած, այլ պար­զա­պէս առ­կա­խո­ւած է ­Թուր­քիոյ կող­մէ:
Թե­րեւս այն ժա­մա­նակ նա­խա­պա­տո­ւու­թիւ­նը կը խլէին սփիւռ­քա­հա­յե­րուն քա­ղա­քա­ցիու­թիւն շնոր­հե­լու, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան գոր­ծօ­նի վե­րա­ծե­լու եւ այլ խնդիր­ներ:

Այ­սօր սա­կայն, կ’են­թադ­րեմ, թէ ­Ղա­րա­բա­ղեան հար­ցին առն­չո­ւող դի­ւա­նա­գի­տա­կան ոչ-հա­յան­պաստ նո­րա­գոյն զար­գա­ցում­նե­րը, ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան, ըն­կե­րա­յին ու տնտե­սա­կան կա­ցու­թեան ա­ւե­լի վատ­թա­րա­ցու­մը, ինչ­պէս նաեւ ­Սաս­նայ Ծ­ռե­րու զի­նեալ գոր­ծո­ղու­թեան գտած ըն­դու­նե­լու­թիւ­նը քա­ղա­քա­ցի­նե­րու լուրջ հա­տո­ւա­ծի մը կող­մէ եւ այդ հա­տո­ւա­ծին աշ­խու­ժա­ցու­մը եր­կի­րը հաս­ցու­ցած են այն­պի­սի աս­տի­ճա­նի, ուր ա­ռաջ­նա­հերթ ու ան­յե­տաձ­գե­լի կը դառ­նայ պե­տու­թեան հետ սեր­տա­ճած մե­նաշ­նոր­հեալ­նե­րուն հաշուե­տուու­թիւն պար­տադ­րե­լու անհրա­ժեշ­տու­թիւ­նը:

Այս տե­սա­կէ­տէն, յան­դուգն ու վճռա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով ի’ր­ ու իր կու­սակ­ցու­թեան վրայ դրո­ւած գրա­ւը ար­դա­րաց­նե­լու ծան­րա­գոյն պար­տա­կա­նու­թիւ­նը յատ­կա­պէս կ­‘իյ­նայ ու­սե­րուն վրայ տնտե­սա­կան նոր նա­խա­րա­րին, որ ուղ­ղամ­տու­թեամբ ծա­նօթ անձ­նա­ւո­րու­թիւն մըն է, տես­լա­կա­նով ա­ռաջ­նոր­դո­ւող քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ է, նաեւ զերծ է՝ ա­սե­կո­սէ­նե­րու, ը­սի-ը­սաւ բամ­բա­սանք­նե­րու, սուտ-ի­րաւ «մեղ­քե­րու» բե­ռէն, ին­չը ի­րեն կու տայ ան­կաշ­կանդ գոր­ծե­լու յանդգ­նու­թիւն:

Մե­նաշ­նոր­հեալ այդ մար­դոց ու­ժը, միա­ժա­մա­նակ տկա­րու­թիւ­նը կը գտնուին ի­րենց դի­զած հարս­տու­թեանց մէջ:
Ի՜նչ խօսք, որ այդ ու­ժին պի­տի չտի­րա­նա­յին ա­նոնք, ե­թէ ի­րենց գոր­ծա­կից-շա­հա­կից չու­նե­նա­յին այն պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը, ո­րոնք ստանձ­նած են երկ­րի տնտե­սա­կան ո­լոր­տին վրայ վե­րահս­կե­լու պար­տա­կա­նու­թիւ­նը: Այս կը նշա­նա­կէ, թէ ներ­կայ պայ­ման­նե­րու մէջ, դժուար թէ կա­րե­լի ըլ­լայ ա­նա­չառ հե­տաքն­նու­թիւ­նը՝ բա­ցա­յայ­տե­լու հա­մար այդ մար­դոց տկա­րու­թիւ­նը. Ուր­կէ՞, ինչ­պէ՞ս եւ ի՞նչ դրա­մագ­լու­խով տէր դար­ձան ի­րենց այժ­մու հարս­տու­թեան, ստացուածք­նե­րուն:

Կա՛յ ­հե­տաքն­նու­թեան օ­րէն­քի ու­ժը, կա՛յ ­նաեւ հա­շո­ւե­տո­ւու­թեան պար­տադ­րան­քը, բայց հա­ւա­նա­բար տե­ղի վրայ դժո­ւար է գտնել ան­կա­շառ, ան­կողմ­նա­կալ եւ այդ­պի­սի խոր հե­տաքն­նու­թեան փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ու­նե­ցող քաջ հե­տաքննիչ­ներ: Ա­հա հոս, այս կէ­տին, ի­մաս­տակ մը (wise guy) հա­մա­րո­ւե­լու գնով, ան­կա­րե­լի է դի­մա­նալ յի­շե­ցու­մի կար­գով ցուց­մունք կա­տա­րե­լու փոր­ձու­թեան, թէ՝ ի հար­կին պէտք է դի­մուի մի­ջազ­գա­յին վար­կա­նի­շով auditingի հա­մա­պա­տաս­խան օ­տար հաս­տա­տու­թեանց...: Օ­րէն­քին յե­նած եւ հա­սա­րա­կու­թեան նե­ցու­կը վա­յե­լող նման քայ­լի մը դժո­ւար թէ ո­րե­ւէ հե­ղի­նա­կու­թիւն կա­րե­նայ ընդ­դի­մա­նալ, երբ մա­նա­ւանդ գոր­ծադ­րո­ւե­լիք այդ ո­րո­շու­մը յայ­տա­րա­րո­ւի, հան­րու­թեան սե­փա­կա­նու­թիւ­նը դառ­նայ:

Այ­լա­պէս, մե­նաշ­նորհ­նե­րը սահ­մա­նա­փա­կե­լու նպա­տա­կով մշա­կո­ւած ու մշա­կո­ւե­լիք նոր օ­րէնք­նե­րը թե­րեւս նոր յար­դա­րանք­ներ բե­րեն հի­նե­րուն վրայ, բայց կ­‘են­թադ­րեմ, թէ ի վեր­ջոյ այդ նո­րերն ալ են­թա­կայ պի­տի դառ­նան նախ­կին­նե­րու ճա­կա­տագ­րին, օ­րէնս­գիր­քը պի­տի զար­դա­րեն պար­զա­պէս:
Այս տո­ղե­րը գրո­ղը կ­’անդ­րա­դառ­նայ, թէ նման յան­դուգն քայլ մը յօ­դո­ւած գրե­լու չի նմա­նիր: Ա­նի­կա խո­չըն­դոտ­նե­րով ու վտանգ­նե­րով լե­ցուն ա­կա­նա­պա­տուած ճամ­բա­յէ մը պի­տի անց­նի: ­Սա­կայն նոյն­պէս վտան­գա­ւոր է քա­ղա­քա­ցիա­կան ընդվ­զու­մը, կամ՝ ար­տա­գաղ­թը: Ի վեր­ջոյ ար­մա­տա­կան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րով ար­մա­տա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու սկիզբ մը պէտք է դրո­ւի, որ­պէս­զի ­Հա­յաս­տա­նի մէջ հաս­տա­տո­ւի օ­րէն­քի, ի­րա­ւուն­քի ու ար­դա­րու­թեան գե­րիշ­խա­նու­թիւ­նը եւ ­Հա­յաս­տա­նի ըն­կե­րա­յին կար­գու­սար­քի, ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ու ազ­գագ­րա­կան ա­պա­գան ե­րաշ­խա­ւո­րուի:
«­Հա­յաս­տա­նը ­Պէյ­րու­թի չվե­րա­ծե­լու» Հ.Հ. նա­խա­գա­հի ու­ղեր­ձին զգու­շա­ցու­մը ա­պա­հո­վա­բար ուղ­ղո­ւած չէր ­Ժի­րայր ­Սէ­ֆի­լեա­նի սոս­կա­կան ան­ձին ու ա­նոր քա­նի մը ըն­կեր­նե­րուն, այլ ա­նի­կա, կ­‘են­թադ­րեմ, թէ յղում մըն էր հետզ­հե­տէ ա­ճող ու վտան­գա­ւոր քա­ղա­քա­ցիա­կան տրա­մադ­րու­թեան մը, ո­րու չքաց­ման հա­մար, նոյ­նինքն նա­խա­գա­հը կը հա­մա­րէր, որ «անհ­րա­ժեշտ է ա­րա­գաց­նել ար­մա­տա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րի գոր­ծըն­թա­ցը...»:
Ս­խալ պի­տի ըլ­լայ՝ բիրտ ու­ժի ա­պա­ւի­նած՝ ան­տե­սել-ար­հա­մար­հել հա­սա­րա­կու­թեան մէջ սո­ղոս­կած վտան­գա­ւոր այդ տրա­մադ­րու­թիւ­նը:

Այդ տրա­մադ­րու­թիւ­նը յա­ռա­ջաց­նող պատ­ճառ­նե­րուն յաղ­թա­հա­րումն է ճիշդ ու ար­դիւ­նա­ւոր ու­ղին:
Հ.Հ. նա­խա­գա­հին խոս­տա­ցած ու հո­վա­նա­ւո­րած «ար­մա­տա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րը» ան­պայ­ման կ­‘ի­րա­կա­նա­նան, այդ ճամ­բուն վրայ բո­լոր գոյ խո­չըն­դոտ­նե­րը կը հար­թո­ւին, ա­կան­նե­րը կը չէ­զո­քա­ցո­ւին, պայ­մա­նաւ սա­կայն, որ հա­սա­րա­կու­թեան մէջ նո­րո­վի վե­րա­յայտ­նո­ւած քա­ղա­քա­ցիա­կան ա­րիու­թիւ­նը իբ­րեւ դաշ­նա­կից օգ­տա­գոր­ծո­ւի նոր ­Հա­յաս­տա­նի կեր­տու­մին հա­մար, ոչ թէ ա­նի­կա նկա­տո­ւի իբ­րեւ խո­չըն­դոտ ու չէ­զո­քա­ցո­ւե­լիք սպառ­նա­լիք:

Ա­կա­նա­պա­տո­ւած այդ ճամ­բուն մէջ մտնե­լու ու ա­նի­կա ա­կա­նա­զեր­ծե­լու քա­ջու­թեամ­բը պի­տի դրոշ­մո­ւի իշ­խա­նու­թեան հետ Հ.Յ.Դ.ի գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը:
Դա­տա­պար­տե­լի է ան­շուշտ ­Սաս­նայ Ծ­ռե­րու զի­նեալ գոր­ծո­ղու­թիւ­նը սե­փա­կան հայ­րե­նի­քի սրտին վրայ:

Նոյն­պէս, ե­րիցս դա­տա­պար­տե­լի են՝ սե­փա­կան հայ­րե­նի­քի հա­սա­րա­կա­կան կեան­քի բո­լոր մար­զե­րուն մէջ 25 տա­րի­նե­րէ ի վեր ա­նար­գել շա­րու­նա­կո­ւող չա­րա­շա­հում­նե­րը, ո­րոնք պատ­ճառ դար­ձան ­Սաս­նայ Ծ­ռե­րու յու­սա­հա­տա­կան ա­րար­քին:
Ո­րե­ւէ պա­րա­գա­յի, վա­րա­գոյ­րը ընդ­միշտ ի­ջած պէտք է մնայ ­Սաս­նայ Ծ­ռե­րու զի­նեալ գոր­ծո­ղու­թեան վրայ:

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Ա­թէնք, 8-11 Օ­գոս­տոս 2016